Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան մեր Ապաստանն է

Եհովան մեր Ապաստանն է

Երգ 85

Եհովան մեր Ապաստանն է

(Սաղմոս 91։1, 2)

1. Եհովա դուն մեզ համար

Ամուր ապաստան ես,

Թեւերուդ շուքին ներքեւ

Դուն մեզ կը պաշտպանես։

Ո՛վ Տէր լարուած ծուղակներէն,

Դուն կը պահես անհատներն հեզ։

Դուն ամուր վէմ կը դառնաս

Անոր որ կը հաւ’տայ քեզ։

2. Հազարներ պիտի իյնան

Կ’ըսէ Տէր Եհովա,

Դուն ոտքի պիտի մնաս,

Միայն թէ հաւատայ։

Չարիքներէ զերծ պիտ’ ըլլաս,

Եթէ դուն միշտ կառչած մնաս

Եհովայի խօսքերուն,

Պիտի ըլլաս միշտ անվնաս։

3. Աստուծոյ սուրբ հրեշտակներ

Պիտ’ հսկեն քու վրադ,

Աղէտներէ քեզ պահեն,

Քեզ պահպանեն հաստատ։

Կոռիւններ պիտի կոխկռտես,

Իժերու վրայ պիտի քալես։

Ծառայէ բոլոր սրտովդ,

Պիտ’ կ’ազդուրուիս հոգեպէս։

4. Իր տուած բարիքներուն

Համար Եահը օրհնենք,

Չխոտորինք իր ճամբէն,

Զինք ընդօրինակենք։

Բոլոր սրտով մենք նուիրուած

Իր անունը սրբացնենք։

Պատուենք Իր սուրբ անունը,

Զայն մեր յոյսը դարձնենք։