Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ Աստուծոյ կը նուիրուինք

Երբ Աստուծոյ կը նուիրուինք

Երգ 13

Երբ Աստուծոյ կը նուիրուինք

(Ելից 39։30)

1. Փառք ու պատիւ տանք Աստուծոյ,

Ինք մեր Արարիչն է։

Իրն է երկինքն ու երկիր.

Փառքի արժանի է։

Մարդ արարածին տուաւ կեանք,

Բանէ մը չզրկեց։

Իր ծառաներուն նուիրումին,

Արժանի ըլլալ փաստեց։

2. Հին Հրեաներն ըսին Իրեն.

‘Միայն քեզ կը պաշտենք

Եւ քու օրէնքդ սիրելով,

Միշտ անով կը քալենք’։

Կոտրեց անոնց կապանքները,

Զանոնք ազատագրեց։

Որպէս ազգ Աստուծոյ նուիրուիլ,

Ժողովուրդը որոշեց։

3. Արդարութեան ենթարկուելով,

Քրիստոս մկրտուեցաւ։

Տիրոջ կամքը կատարելով,

Մարմնով ներկայացաւ։

Սուրբ հոգին գալով իր վրայ,

Ան եղաւ Օծեալ մը։

Ու ծառայեց Աստուծոյ, որպէս

Հաւատարիմ Որդի մը։

4. Քու առջեւդ կու գանք, ո՛վ Հայր,

Ու մենք մեզ կ’ուրանանք։

Լման սրտով քեզ պաշտելով,

Մեր ‘Եսը’ կը մոռնանք։

Դուն քու Որդիդ, մէկ հատիկդ,

Տէր չի խնայեցիր։

Կ’ուզենք հաւ’տարիմ մնալ քեզի,

Քանզի դուն մեզ սիրեցիր։