Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկինքէն եկած հացը

Երկինքէն եկած հացը

Երգ 150

Երկինքէն եկած հացը

(Յովհաննու 6։51)

1. Ո՛վ Հայր մեր որ երկինքն ես,

Անփոփոխ յաւիտենապէս,

Գոհութեան երգերով մենք

Սուրբ անունդ փառաբանենք.

Ատեն մը խնամեցիր

Սիրող Հովիւի պէս,

Ոչխարանման ազգիդ,

Հաց տուիր երկինքէն.

Ժայրէն ջուր ժայթքեցնելով,

Իրենց ծառաւն յագեցուցիր,

Որպէս կուշտ ուրախ հօտ մը,

Քանանու երկիրը բերիր։

2. Իրենց կերած մանանան

Նախաշուքն էր Յիսուսի,

Որ իր երկնային փառքը

Թողուց, մարդիկն ազատելու.

Ինքն է հացը երկինքէն

Մարմինն իր տուաւ ձրի

Զոհ մը բոլոր մարդկութեան

Մեղքերէն Փրկելու.

Աստուծոյ տուած հացին,

Հաւատքով մենք կը մասնակցինք.

Ամէն օր զայն ճաշակենք,

Որ պարկեշտութիւնով ապրինք։

3. Երկինքէն եկած հացը

Սոված մարդոցմէ չպահենք,

Այլ ամէն առիթներով,

Բարի լուրով մենք կերակրենք.

Երբ ուրիշներ արդարութիւնը դեռ կը փնտռեն,

Օգնենք որ փրկուելու,

Օրհնութիւնը գտնեն.

Յետոյ Արմագեդոնի

Պատերազմը երբ վերջանայ,

Աստուած պիտ’ փառաբանենք,

Եւ խոստումին ըլլանք վկայ։