Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հազարաւոր եղբայրներ

Հազարաւոր եղբայրներ

Երգ 127

Հազարաւոր եղբայրներ

(Յայտնութիւն 7։9)

1. Հազարաւոր եղբայրներ,

Կայնած են մեր կողքին

Եւ ճշմարիտ Աստուծոյ

Վկաներն են անգին։

Հազարներ կը մասնակցին

Դաշտի ծառայութեան,

Ամէն ազգերէն դուրս գալով

Կ’օրհնեն Եահը երգով։

2. Հազարաւոր եղբայրներ,

Գահին առջեւ կանգնած,

Կ’ողջունեն Թագաւորը,

Ծառայելով անկաց։

Հազարներով ցնծութեամբ,

Կը յայտնեն բերկրութեամբ

Որ փրկութիւնը կը պարտին,

Եահին եւ Գառնուկին։

3. Հազարաւոր եղբայրներ,

Անվերջ կը քարոզեն,

Որ խաղաղ ու միաբան

Աշխարհ մը կը սպասեն։

Երբ զիրենք կը հալածեն

Ու երբ կը չարչրկեն,

Բարի Հովիւին կը դիմեն

Եւ ոյժ կը վեր’գտնեն։