Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հիմա է ժամանակը

Հիմա է ժամանակը

Երգ 129

Հիմա է ժամանակը

(Մարկոս 13։10)

1. Հիմա է ժամանակը

Սուրբ Գիրքը քարոզելու,

Հակառակութեան դիմաց

Ճշմարտութիւնը պաշտպանելու։

Եհովա մեզի կը պատուիրէ,

Որ դուրս գանք Մեծն Բաբելոնէն,

Որպէսզի մենք բաժին չունենանք

Անոր վրայ գալիք հարուածէն։

Ըստիպողական է քարոզել։

2. Ժամանակն է ցոյց տալու

Սէր ու հաւատարմութիւն,

Նաեւ մեր եղբայրներուն

Ժամանակն է տալու օգնութիւն։

Լման սրտով ծառայենք Եահին,

Պաշտպանելով ճշմարտութիւնը,

Աստուածապաշտ մեր ընթացքովը

Կրնանք շահիլ իր հաճութիւնը։

Ըստիպողական է քարոզել։

3. Եահի փառաւոր Արքան,

Շուտով գործի պիտ’ լծուի,

Պատերազմին վերջ տալով,

Վերածէ երկիրը դրախտի։

Այն ատեն մահուան գերիները,

Յիսուսով ետ կեանքի պիտ’ բերուին.

Մահ եւ աղաղակ ու տառապանք,

Յաւիտեան պիտ’ բնաջնջուին։

Ըստիպողական է քարոզել։