Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր անուան համաձայն ապրինք

Մեր անուան համաձայն ապրինք

Երգ 34

Մեր անուան համաձայն ապրինք

(Եսայեայ 43։10-12)

1. Հզօր Տէր Եհովա, յաւիտենական,

Սիրով կատարեալ, արդար, անարատ։

Անհատնելի աղբիւր ես իմաստութեան,

Իշխանութիւնդ՝ վսեմ, գերագոյն։

Միլիոնաւորներ քեզի կը ծառայեն,

Ձեռքիդ գործերն ալ քեզ կը գովեն։

Եհովայի Վկաներ մեզ կոչեցիր.

Ջանանք արժանի ըլլալ այդ անուան։

2. Օգնէ մեզ, ո՛վ Եահ, որ ամէն առիթով

Անունդ գովենք հեզ անհատներու։

Քու ‘ոչխարներդ’ կերակրելու մէջ, Տէր,

Որդւոյդ օրինակին միշտ հետեւինք։

Ուշադրութիւն կ’ընենք միշտ մեր վարմունքին,

Որ քու անունդ չարատաւորենք։

Առանձնաշնորհում է անունդ կրել.

Արժանի ըլլանք զայն յաւէտ պահել։

3. Կենսատու գործդ պիտի շարունակենք,

Խաղաղ, միասնաբար եւ համարձակ։

Աստուածպաշտութեան մէջ բաժին պիտ’ բերենք,

Պիտի հրճուինք երբ կը բազմանանք։

Մեզի տուած անունովդ միշտ ապրինք,

Կեանքի ճամբան մարդոց ջանանք ցոյց տալ։

Քեզ ուրախացնել ըլլայ մեր փափաքը,

Տիեզերքի Գերիշխան Եհովա։