Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարութեան ուրախութիւնը

Յարութեան ուրախութիւնը

Երգ 102

Յարութեան ուրախութիւնը

(Յայտնութիւն 20։13)

1. Ղազարոս կը ննջէ

Ցուրտ դամբանին մէջ,

Կը սգան քոյրերը,

Չկայ փրկող մը։

Բարեկամը Յիսուս

Եթէ հոն ըլլար,

Հիւանդը չէր իյնար

Հատէսին կողմը։

Յետոյ Յիսուս կանչեց

Ու բարձր ձայնով,

‘Ղազարո՛ս, դուս եկուր’,

Ըսաւ ննջողին։

Հնազանդեց Ղազարոս,

Թէեւ պատանքով,

Ո՜հ, ի՜նչ ուրախութիւն,

Հնազանդողին։

2. Կը յուսային մօտ է

Ազատութիւնը,

Բայց երբ Յիսուս մեռաւ,

Շատ վհատեցան։

Յիսուսը վշտագին

Դրին գերեզման,

Յուսահատ սրտերով

Տուն վերադարձան։

Բայց Հատէսին դռներն

բռնել չկրցան,

Երրորդ օրը Աստուած

Յարուց Հատէսէն։

Աշակերտներն տեսան,

Շատ ուրախացան։

Հատէսին բանալին

Տրուեցաւ իրեն։

3. Ադամ բերաւ մեր վրայ

Մեղքն ու մահը,

Բայց Քրիստոսով եղաւ

Ետ կեանքի գալը։

Հատէսին գերիներ,

Պիտ’ լսեն ձայնը,

Ցնծութեամբ պիտի գան

Վայելել կեանքը։

Ճերմակ գահին առջեւ,

Պիտ’ դատուին իրաւ,

Գործերուն համաձայն

Արդարանալով։

Կենաց գրքին մէջը

Գրուած անուններն,

Խաղաղ երկրի մէջ պիտ’

Ապրին յաւիտեան։