Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակեցէք նախ Թագաւորութիւնը փնտռել

Շարունակեցէք նախ Թագաւորութիւնը փնտռել

Երգ 172

Շարունակեցէք նախ Թագաւորութիւնը փնտռել

(Մատթէոս 6։33)

1. Տէրոջ աչքին շատ թանկագին,

Սուրբ Թագաւորութիւնը

Ամէն բան կարգի պիտ’ դնէ

Ու անունն իր սրբացնէ։

Հաւատքով շատ մարգարէներ

Ողջունեցին զայն հեռուէն.

Անոնց նման ըլլալու

քաջալերութիւն տրուած է։

(Կրկներգ)

2. Մեզ համար մեծ պատիւ մըն է

Քարոզել անոր մասին.

Բոլոր սրտով զայն հռչակենք,

Միասնաբար աշխատինք։

Իսկ ուտել խմելու համար

Բնաւ չմտահոգուինք.

Թագաւորութիւնը փնտռենք,

Ու մեծապէս օրհնուինք։

(Կրկներգ)

3. Հին աշխարհին վերջը մօտ է,

Նորը գալու վրայ է։

Շուտով երկրային Դրախտը

Աստուած պիտի հաստատէ։

Ուստի տարածենք պատգամը

Որ ‘ոչխարները’ տեսնեն,

Որ մարդկութեան միակ յոյսն է

Այս Թագաւորութիւնը։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Նախ փնտռենք Աստուածն ճշմարիտ,

Եւ Թագաւորութիւնը։

Մնանք իր անուան հաւ’տարիմ,

Սիրենք ծառայութիւնը։