Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շնորհակալ ենք Եհովա

Շնորհակալ ենք Եհովա

Երգ 212

Շնորհակալ ենք Եհովա

(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18)

1. Շնորհակալ ենք Տէր, որ մեզ կու տաս լոյս,

Չես թողուր անտէր, լքուած ու անյոյս։

Շնորհակալ ենք Եահ, որ մեզ կը լսես,

Ո՛վ Տէր, մենք հող ենք, դուն մեր բրուտն ես։

2. Շնորհակալ ենք Տէր, տուիր քու Որդին.

Ան յաղթեց մահուան, տիրեց Հատէսին։

Շնորհակալ ենք որ կ’օրհնես ջանքը մեր,

Որ քեզ ծառայենք ցորեկ ու գիշեր։

3. Շնորհակալ ենք որ տուիր եղբայրներ.

Հաւատարիմ, ճշմարիտ ընկերներ։

Շնորհակալ ենք որ տուիր սուրբ հոգիդ,

Անով կը հասնինք քու մրցանակիդ։

4. Շնորհակալ ենք որ մեզի կը պատուես,

Քեզ ծառայելու պատիւն կ’ընծայես։

Շնորհակալ ենք որ յաւիտենական

Թագաւորութեանդ անսացողներ կան։