Ողղամտութեամբ քալել
Երգ 160
Ողղամտութեամբ քալել
1. Դուն դատէ զիս, Բարձրեալ Տէր Եհովա,
Քեզի կը վստահիմ, ճամբաս դու միշտ ուղղէ։
Ո՜հ քննէ զիս ու փորձի ենթարկէ,
Օրէնքիդ տենչացող, Դուն իմ հոգիս մաքրէ։
(Կրկներգ)
2. Ամբարիշտէն բնաւ չեմ ախորժիր,
Ճշմարտութիւնդ ատողներէն ես կը զզուիմ։
Մի՛ դատեր զիս անօրէն մարդոց հետ,
Մի՛ կորսնցներ հոգիս, նենգաւորներուն հետ։
(Կրկներգ)
3. Ես կը սիրեմ փառքդ անվերջ գովել,
Քու խորանիդ շուրջը անվերջ քեզ ծառայել։
Քու անարատ պաշտամունքդ, ո՛վ Տէր,
Սիրտս կը ցնծացնէ, կ’ուզեմ քեզ միշտ պաշտել։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Կ’ուզեմ քալել
Անարատութեան մէջ,
Ո՛վ Տէր, ոտքերս ուղղէ,
Քու ճշմարտութեանդ մէջ։