Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Տունէ–տուն’

‘Տունէ–տուն’

Երգ 32

‘Տունէ–տուն’

(Գործք 20։20)

1. Միշտ տունէ տուն եւ դռնէ դուռ

Պատգամը տարածենք.

Միշտ գիւղէ գիւղ ու դաշտէ դաշտ

«Ոչխարներն» կերակրենք։

Արքայութեան բարի լուրը

Զոր Յիսուս գուշակեց,

Համայն աշխարհ կը քարոզեն,

Վկաներն՝ փոքր ու մեծ։

2. Միշտ տունէ տուն եւ դռնէ դուռ

Փրկութիւն հռչակենք.

Տէրն կը շնորհէ անոնց որ իր

Անունը կը կանչեն.

Բայց ի՞նչպէս կանչեն անունը

Անոր որ չեն ճանչնար։

Ուստի, Սուրբ Անուան ճանաչման

Հրաւէրն է յարմար։

3. Անշուշտ, ամէն տուն չենք գտներ

Մեզ լսող ականջներ։

Յաճախ մեզի կը նախատեն

Ու մտիկ չեն ըներ։

Յիսուսի օրով նոյնն էր.

Շատեր մտիկ չ’ըրին։

Ըսաւ՝ ‘ոչխարներն’ կը լսեն.

Արդ չյուսահատինք։

4. Ուստի յառաջ, միշտ դռնէ դուռ

Իր անուան խօսնակներ,

Թող մարդիկ դիրքերնին յայտնեն՝

‘Այծեր’ թէ ‘ոչխարներ’։

Այսպէս Եհովայի անուան

Փառքը յայտարարենք։

Արդ, մինչ կ’երթանք, մենք դռնէ դուռ

Ոչխարներ պիտ’ գտնենք։