Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Ցնծացէ՛ք, ո՛վ ազգեր’

‘Ցնծացէ՛ք, ո՛վ ազգեր’

Երգ 14

‘Ցնծացէ՛ք, ո՛վ ազգեր’

(Հռովմայեցիս 15։10)

1. Ցնծացէ՛ք ազգեր, ժողովուրդներ,

Եհովա կը տիրէ։

Քրիստոս Սիօն լերան վրայ է,

Ի՜նչ մեծ ցնծութիւն է։

Անցան եօթը Ժամանակները,

Քրիստոս հիմա կ’իշխէ.

Ցնծացէ՛ք ազգեր, ժողովուրդներ,

Ան միշտ պիտի տիրէ։

2. Ցնծացէ՛ք ազգեր, ժողովուրդներ,

Վախճանը հասած է։

Արմագեդոնի պատերազմը,

Շատ աւելի մօտ է։

Մարդիկ կը պաշտեն կեղծ կուռքերը

Եւ կը մերժեն Տէրը.

Մենք կ’ողջունենք հզօր Իշխանը,

Բերկրութեամբ կը գովենք։

3. Ցնծացէ՛ք ազգեր, ժողովուրդներ,

Պատմելով դռնէ դուռ։

Թագաւորութեան բարի լուրը,

Տանելով ամենուր։

Քրիստոս Հօրը արդարութիւնով,

Պիտի թագաւորէ։

Ցնծացէ՛ք ազգեր, ժողովուրդներ,

Եհովա կը տիրէ։