Աստուած չար աշխարհ մը կը կործանէ
Աստուած չար աշխարհ մը կը կործանէ
18 Ադամի սերունդը բազմացաւ։ Անոնք նաեւ շատ չարացան։ Աստուած որոշեց զանոնք կործանել։—Ծննդոց 6։1, 5, 7
19 Բայց բարի մարդ մը կար որու անունը Նոյ էր։—Ծննդոց 6։8, 9
Եհովա Աստուած անոր պատուիրեց որ մեծ նաւ մը շինէ, որու միջոցաւ ինք ու իր ընտանիքը պիտի փրկուէին երբ չար մարդոց կործանումը գար։ Այս նաւը մեծ տուփի մը նման էր։ Անիկա տապան կը կոչուէր։—Ծննդոց 6։13, 14
20 Անոնք տապանին մէջ բազմաթիւ անասուններ մտցուցին։—21 Եհովա շատ զօրաւոր անձրեւ մը բերաւ։ Բոլոր չար մարդիկը մեռան։ Տապանին մէջ եղողները փրկուեցան։ Գիտէ՞ք ինչու։—Ծննդոց 6։17. 7։11, 12, 21. Ա. Պետրոս 3։10-12