Աստուած չար մարդիկը դարձեալ պիտի կործանէ՞
Աստուած չար մարդիկը դարձեալ պիտի կործանէ՞
22 Ներկայիս ալ մարդիկ շատ չար են։ Հոս, ի՞նչ չար բաներ տեղի կ’ունենան։
23 Ոմանք զիրար կը սպաննեն։ Աստուած կ’ըսէ թէ ասիկա պէտք չէ ընէք։—Ելից 20։13. Ա. Յովհաննու 3։11, 12
24 Ոմանք կը գողնան։ Աստուած կ’ըսէ թէ պէտք չէ գողնաք։—25 Ոմանք մէկէ աւելի կիներու հետ կ’ամուսնանան։ Ուրիշներ երկու կամ երեք կիներու հետ կ’ապրին տարբեր տուներու մէջ։ Իսկ ուրիշ զոյգեր իրարու հետ կ’ապրին առանց ամուսնութեան։ Այս բոլորը Աստուածաշունչի ըսածներուն հակառակ են։—Մատթէոս 19։4-6. Ա. Կորնթացիս 7։1-4. Ա. Տիմոթէոս 3։1, 2
26 Կը յիշէ՞ք որ Աստուած Ադամի միայն մէ՛կ կին տուաւ։—Ծննդոց 2։22, 24
Ելից 20։4, 5. Եսայեայ 44։9-17. Ա. Յովհաննու 5։21
27 Ոմանք արձաններ կը պաշտեն։ Աստուած կ’ըսէ թէ պաշտամունքի մէջ արձաններ կամ պատկերներ պէտք չէ գործածէք։—28 Եհովա պիտի կործանէ այն չարերը որոնք չեն փոխուիր։—Սաղմոս 37։9, 10. Ղուկաս 13։5. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10