Եհովա մեզի Փրկիչ մը կու տայ
Եհովա մեզի Փրկիչ մը կու տայ
29 Աստուծոյ շինած առաջին հոգեղէն անհատը իրեն համար անդրանիկ որդիի մը պէս էր։
Աստուած զինք շատ կը սիրէ եւ զինք պիտի գործածէ չարերը կործանելու եւ հնազանդները ազատելու համար։—Յովհաննու 3։16, 36
30 Եհովա իր Որդին ղրկեց, որպէսզի երկրի վրայ ծնի։ Ան Յիսուս կոչուեցաւ։ Անոր մօրը անունը Մարիամ էր։—Ղուկաս 1։30-35
31 Երբ Յիսուս մեծցաւ ան շատ բարի բաներ սորվեցուց։ Ան սորվեցուց թէ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածն է։—Մարկոս 12։29, 30
Յիսուս ըսաւ թէ միայն Եհովան պէտք է պաշտենք։—Մատթէոս 4։10. Յովհաննու 4։23, 24
Ան նաեւ մարդոց սորվեցուց Եհովայի Թագաւորութեան մասին։—Ղուկաս 17։20, 21
Գործք 10։38. Ա. Պետրոս 2։21, 22
32 Յիսուս հիւանդները բժշկեց եւ բազմաթիւ բարի բաներ ըրաւ։ Ան չար բաներ չըրաւ։—Բայց ան ի՞նչպէս մեզ մեղքէն ու մահէն պիտի փրկէր։
33 Բարի մարդիկը փրկելու համար, ան Աստուծոյ զոհ մը պիտի մատուցանէր։ Անցեալին, Աստուած մարդոց պատուիրած էր որ իրենց մեղքերուն համար անասուններ զոհէին։—Եբրայեցիս 7։25, 27
34 Յիսուս անասուններ չզոհեց։ Ան իր անձը մեզի համար որպէս զոհ մատուցանեց։—Մատթէոս 20։28. Եբրայեցիս 10։12
Գիտէ՞ք ինչու։