Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ի՞նչ պէտք է ընէք

50 Այդ գեղեցիկ դրախտին մէջ կը փափաքի՞ք յաւիտեան ապրիլ։

Ուրեմն, Աստուծոյ ըսածներուն մասին աւելի սորվեցէք։ Ջանք ըրէք որ Աստուածաշունչը կարդալ սորվիք։—Յովհաննու 17։3. Յայտնութիւն 1։3

51 Յիսուսի մասին աւելի՛ սորվեցէք։—Բ. Օրինաց 18։18, 19. Յովհաննու 3։16. Գործք 3։19-23

52 Ջանացէք միայն բարի բաներ ընել ու Եհովայի հնազանդիլ։—Հռովմայեցիս 6։17, 18, 22

53 Յիշեցէք՝ Եհովա կ’ըսէ թէ մարդ պէտք չէ սպաննենք։—Ելից 20։13. Ա. Յովհաննու 3։11, 12

54 Ուրիշներուն պատկանող բաները պէտք չէ առնենք։—Ելից 20։15. Եփեսացիս 4։28

55 Մարդ մը կնոջ մը հետ պէտք չէ ապրի եւ պառկի, բացի երբ անիկա իր կինն է։—Ելից 20։14, 17. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3

56 Կը յիշէ՞ք Աստուած ամուսնի մը քանի կին առնել կ’արտօնէ։ Ամուսին մը իր կնոջ հետ որքա՞ն ժամանակ պէտք է մնայ։—Ծննդոց 2։22, 24. Մատթէոս 19։5, 6. Ա. Կորնթացիս 7։2,

57 Չմոռնաք նաեւ որ միայն Եհովան պէտք է պաշտենք։—Մատթէոս 4։10. Ա. Կորնթացիս 8։6

58 Արձանները եւ պատկերները չեն կրնար մեզի օգնել։ Ինչո՞ւ։—Ա. Կորնթացիս 8։4

Արձաններ ունենալը լա՞ւ բան մըն է։—Բ. Օրինաց 27։15. Ա. Յովհաննու 5։21

59 Ինչո՞ւ սխալ է հմայեակներ ունենալ եւ ճուճու գործածել։—Բ. Օրինաց 18։10-13. Յայտնութիւն 21։8

60 Չար հրեշտակները, կամ դեւերը, Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան։ Անոնք բախտագուշակներ կը գործածեն մարդիկը մոլորեցնելու համար։—Գործք 16։16

61 Աստուծոյ պէտք է աղօթենք։ Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ հետ խօսիլ, իրեն ըսել թէ մենք կ’ուզենք իրեն ծառայել, եւ իրմէ խնդրել որ մեզի օգնէ։Փիլիպպեցիս 4։6, 7

62 Յիսուսի պէտք է հնազանդինք եւ իր վրայ հաւատք ընծայենք։—Եբրայեցիս 5։9. Յովհաննու 3։16

63 Մի՛ մոռնաք որ ան մեռաւ որպէսզի մեզ փրկէ։—Հռովմայեցիս 5։8

64 Յիշեցէք թէ Յիսուս մեր անտեսանելի Թագաւորն է։ Իրեն պէտք է հնազանդինք։—Փիլիպպեցիս 2։9-11. Յայտնութիւն 19։16

65 Յիսուս ըսաւ որ ձեր սորված լաւ բաներուն մասին ուրիշներուն պէտք է խօսիք եւ թէ Աստուծոյ ծառայել ուզողները պէտք է մկրտուին։—Մատթէոս 28։19, 20. Յովհաննու 4։7-15

66 Հետեւաբար, ձեր բարեկամներուն կրնաք խօսիլ այս լաւ բաներուն մասին։—Մատթէոս 10։32

67 Եթէ լաւ կարդալ սորվիք, աւելի շատ բաներ կրնաք սորվիլ. նաեւ պիտի կարենաք ուրիշներուն աւելի լաւ կերպով օգնել։—Բ. Տիմոթէոս 2։15

68 Յիսուս մանուկներուն ալ սորվեցուց որ Աստուծոյ հնազանդին։ Անոնց հետ խօսելու համար միշտ ժամանակ տրամադրեց։—Մատթէոս 19։13-15

69 Ծնողներ իրենց զաւակներուն միշտ պէտք է սորվեցնեն որ Աստուծոյ հնազանդին եւ զինք սիրեն։—Բ. Օրինաց 6։6, 7. Առակաց 6։20-22. Եփեսացիս 6։4

70 Իրարմէ տարբեր շատ եկեղեցիներ կան։ Անոնցմէ շատերուն ուսուցումները Աստուածաշունչէն չեն։ Եհովա կ’ըսէ թէ ճշմարտութիւնը չսորվեցնող կրօնքները լքենք։—Յայտնութիւն 18։4. Յովհաննու 4։23, 24

71 Եհովա երկրի վրայ ժողովուրդ մը ունի, որ կրնայ ձեզի իր մասին աւելի սորվեցնել։ Գիտէ՞ք ով է այդ ժողովուրդը։—Գործք 15։14. Հռովմայեցիս 10։14, 15

72 Անոնք Եհովայի Վկաներն են։ Անոնք իրարու մէջ խաղաղութիւն ունին։ Գիտէ՞ք ինչու։ Որովհետեւ զիրար կը սիրեն։—Եսայեայ 43։10-12. Յովհաննու 13։34, 35

73 Իսկ քանի որ Եհովան կը սիրեն, անոնք մկրտուած են։ Այս կերպով է որ հանրապէս ցոյց կու տան թէ իրենց չար ապրելակերպը ձգած են ու կը փափաքին իրենց կեանքը Աստուծոյ ծառայութեան յատկացնել։—Գործք 2։41

74 Եհովայի Վկաները կը յուսան գեղեցիկ նոր դրախտին մէջ ապրիլ։—Սաղմոս 37։9-11, 29

Ի՞նչ կրնաք ընել որպէսզի անոնց հետ այդ դրախտին մէջ ապրիք։—Յակոբու 1։22, 25. 2։20-26

75 Անոնց միացէք որպէսզի Եհովայի ծառայել սորվիք։ Անոնք Եհովան ու Քրիստոս Յիսուսը կը սիրեն ու անոնց կը հնազանդին։ Զանոնք կը սիրէ՞ք։ Կը փափաքի՞ք ուրիշներուն օգնել որ Աստուծոյ մասին սորվին։—Յովհաննու 6։45-47

76 Եհովա եւ Քրիստոս Յիսուս ձեզ կը սիրեն եւ կ’ուզեն որ դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիք։—Յովհաննու 3։16

Այս գրքոյկին պատկերներուն ու բովանդակած տեղեկութիւններուն միջոցաւ ձեր սորված բաները, վստահաբար ձեր մէջ երկրի վրայ կեանքը յաւիտեան վայելելու փափաքը արթնցուցին։ Եթէ կ’ուզէք ասոր մասին աւելի սորվիլ, կը թելադրենք որ ձեր մօտակայքը գտնուող Եհովայի Վկաներէն մէկուն հետ խօսիք։ Կամ՝ կրնաք նամակ գրել՝ կամ ուրիշ մը ձեր տեղ գրէ՝ ձեզի ամենամօտիկ եղող գրասենեակին, այս գրքոյկին երկրորդ էջին վրայ գտնուող հասցէներէն մէկը գործածելով։