Մարդը ինչո՞ւ կը մեռնի
Մարդը ինչո՞ւ կը մեռնի
8 Եհովա Աստուած ուզեց որ մարդը բոլոր երկիրը գեղեցիկ՝ բոլորին համար հաճելի դրախտ մը ընէ։—Ծննդոց 1։28
Մարդիկ կրնային յաւիտեան ապրիլ, եթէ Ադամն ու Եւան Եհովայի հնազանդէին։ Անոնց ըսուած էր որ բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն չուտէին։—Ծննդոց 2։15-17
9 Հրեշտակ մը չարացաւ եւ օձ մը գործածելով Ադամն ու Եւան Աստուծոյ անհնազանդ դարձուց։—Ծննդոց 3։1-6
10 Եւան խաբող հրեշտակը կոչուեցաւ՝ ‘այն առաջուան օձը, Բանսարկու ու Սատանայ’։—Յայտնութիւն 12։9
11 Եհովա այդ անհնազանդ զոյգը դրախտէն դուրս վտարեց։—12 Ադամն ու Եւան զաւակներ ունեցան, բայց ամբողջ ընտանիքը ուրախ չէր։—Ծննդոց 3։17, 18
13 Անոնք Եհովայի ըսածին համաձայն պիտի ծերանային ու մեռնէին։—Ծննդոց 3։19. Հռովմայեցիս 5։12
14 Ուստի անոնք անասուններուն նման մեռան։
Երկրի վրայ եղող բոլոր շնչաւոր հոգիները կը մեռնին։—Ժողովողի 3։18-20. Եզեկիէլ 18։4