Մեղքէն ու մահէն ի՞նչպէս կը փրկուինք
Մեղքէն ու մահէն ի՞նչպէս կը փրկուինք
35 Կը յիշէ՞ք թէ առաջին մարդը՝ Ադամ մեղանչեց։ Ան կեանքն ու դրախտը կորսնցուց. բոլորս ալ կը մեռնինք քանի որ իր զաւակներն ենք։—Հռովմայեցիս 5։12. 3։23
36 Կրնանք այս կատարեալ կեանքը վերստանալ, եթէ ուրիշ կատարեալ մարդ մը իր կեանքը մեզի համար տայ, կամ մեզ մահուընէ փրկէ։—Ա. Կորնթացիս 15։45. Հռովմայեցիս 5։19, 21
37 Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր։ Ան կատարեալ մարդ մըն էր ու մեղք չգործեց։—Եբրայեցիս 5։9. 7։26
38 Ան թոյլ տուաւ որ Աստուած չսիրող մարդիկ զինք սպաննեն։—Գործք 2։23
Այս կերպով իր կեանքը մեզի համար զոհեց։—Ա. Տիմոթէոս 2։6
39 Յիսուս փորուած քարայրի մը կամ գերեզմանի մը մէջ թաղուեցաւ։ Ան երեք օր մեռած մնաց։ Ապա Աստուած անոր յարութիւն տուաւ։—40 Ան երկինք վերադարձաւ։ Այժմ ան կրնայ Աստուծմէ խնդրել որ Իրեն հնազանդողներուն օգնէ։—Եբրայեցիս 9։24. Ա. Յովհաննու 2։1, 2