Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչու կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ

Ի՛նչու կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ

Ի՛նչու կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ

Աստուածաշունչը արժանահաւատ չէ, կ’ըսեն կարգ մը անհատներ։ Անոնց այս կարծիքը լայն ընդունելութիւն գտած է։ Հետեւաբար, ներկայիս շատեր կը մերժեն Աստուածաշունչին պատգամը որպէս կասկածելի։

Միւս կողմէն, Աստուծոյ մատուցած աղօթքի մը մէջ, Յիսուս Քրիստոսի սա խօսքերը վստահութիւն կը ներշնչեն. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ Իսկ Աստուածաշունչը նոյնինքն կը հաստատէ Աստուծմէ ներշնչուած ըլլալ։—Յովհաննու 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16

Իսկ դուք ի՞նչ կը խորհիք ասոր մասին։ Աստուածաշունչին վստահելու համար հաստատ հիմ մը կա՞յ։ Կամ իրապէս ապացոյց մը կա՞յ թէ Աստուածաշունչը արժանահաւատ չէ, թէ անիկա ինքզինք կը հակասէ եւ թէ անիկա աններդաշնակ է։

Անիկա Ինքզինք կը Հակասէ՞

Մինչ ոմանք կը դաւանին թէ Աստուածաշունչը ինքզինք կը հակասէ, սակայն անոնցմէ ոեւէ մէկը ձեզի հակասութեան իրական օրինակ մը բնաւ ցոյց տուա՞ծ է։ Մենք օրինակ մ’իսկ չենք գտած, որ կարենայ քննութեան դիմանալ։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչի որոշ պատմութիւններու մէջ կրնան երեւութական հակասութիւններ ըլլալ, բայց հարցը սովորաբար այդ ժամանակուան որոշ մանրամասնութիւններու եւ պարագաներու մասին սխալ հասկացողութիւնն է։

Օրինակի համար, կարգ մը անհատներ ուշադրութիւն պիտի հրաւիրեն Աստուածաշունչին մէջ այն ինչ որ, կը կարծեն, հակասութիւն մըն է, հարցնելով. ‘Կայէն ո՞ւրկէ առաւ իր կինը’։ Անոնք կ’ենթադրեն թէ Կայէն եւ Աբէլ Ադամի ու Եւայի միակ զաւակներն էին։ Սակայն այս ենթադրութիւնը կը հիմնուի Աստուածաշունչի ըսածին սխալ հասկացողութեան մը վրայ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ որ Ադամ «տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ»։ (Ծննդոց 5։4) Հետեւաբար, Կայէն իր քոյրերէն կամ հաւանաբար իր եղբօրաղջիկներէն մէկուն հետ ամուսնացաւ։

Յաճախ քննադատներ միայն հակասութիւններ կը փնտռեն եւ այս կերպով թերեւս առարկեն. ‘Աստուածաշունչը գրող Մատթէոս կ’ըսէ որ հարիւրապետ մը Յիսուսի եկաւ շնորհք մը խնդրելու, մինչ Ղուկաս կ’ըսէ որ խնդրելու համար ներկայացուցիչներ ղրկուեցան։ Այս երկուքէն ո՞ր մէկը շիտակ է’։ (Մատթէոս 8։5, 6. Ղուկաս 7։2, 3) Սակայն ասիկա իրապէս հակասութի՞ւն մըն է։

Երբ մարդոց գործունէութիւնը կամ գործը կը վերագրուի մէկու մը՝ որ իրապէս անոր պատասխանատուն է, մտացի անհատ մը չի պնդեր թէ հակասութիւն մը կայ։ Օրինակի համար, սխա՞լ կը նկատէք տեղեկագրութիւն մը՝ որ կ’ըսէ թէ քաղաքապետ մը ճամբայ մը շինեց, նոյնիսկ երբ անոր երկրաչափները եւ գործաւորները իրապէս շինեցին ճամբան։ Անշուշտ ո՛չ։ Նմանապէս, Մատթէոս աններդաշնակ չէ ըսելով որ հարիւրապետ մը Յիսուսի խնդրանք ներկայացուց, թէեւ, ըստ Ղուկասին, այսպիսի խնդրանք մը մատուցուեցաւ որոշ ներկայացուցիչներու կողմէ։

Երբ աւելի մանրամասնութիւններ կը գիտցուին, Աստուածաշունչին մէջ երեւութական հակասութիւնները կ’անհետանան։

Պատմութիւն եւ Գիտութիւն

Ատեն մը, Աստուածաշունչին պատմական ճշգրտութիւնը մեծապէս կասկածի տակ դրուեցաւ։ Քննադատներ, զոր օրինակ, հարցի տակ կը դնէին Աստուածաշունչի կարգ մը անձնաւորութիւններու գոյութիւնը, ինչպէս՝ Ասորեստանի Սարգոն Թագաւորը, Բաբելոնի Բաղտասարը եւ Հռովմէացի կուսակալ Պոնտացի Պիղատոսը։ Սակայն վերջերս կատարուած յայտնագործութիւններ Աստուածաշունչի պատմութիւնները մէկը միւսին ետեւէն հաստատած են։ Ուստի, պատմաբան Մոշէ Փըրլման հետեւեալը գրեց. «Սկեպտիկներ, որոնք կը կասկածէին Հին Կտակարանին նոյնիսկ պատմական բաժիններուն վրայ, յանկարծ սկսան վերաքննել իրենց տեսակէտները»։

Աստուածաշունչին վստահելու համար, անիկա գիտական հարցերու մէջ ալ ճշգրիտ պէտք է ըլլայ։ Արդեօք այդպէ՞ս է։ Վերջին տարիներուն, գիտնականներ, Աստուածաշունչին հակասելով, կը պնդէին թէ տիեզերքը սկիզբ մը չունեցաւ։ Սակայն, աստղագէտ Ռապըրթ Ճէսթրօ վերջերս աւելի նոր տեղեկութիւններու մատնանշեց, որոնք այս գաղափարը կը հերքեն, բացատրելով. «Հիմա կը տեսնենք թէ աստղագիտութեան ապացոյցը ի՛նչպէս աշխարհին ծագման նկատմամբ սուրբ գրային տեսակէտի մը կ’առաջնորդէ։ Մանրամասնութիւնները կը տարբերին, բայց աստղագիտութեան եւ Ծննդոցի սուրբ գրային պատմութիւններուն մէջ հիմնական տարրերը նոյնն են»։—Ծննդոց 1։1

Մարդիկ նաեւ փոխած են երկրին ձեւին նկատմամբ իրենց տեսակէտները։ Համայնագիտարան մը կը բացատրէ. «Յայտնագործութեան ճամբորդութիւնները ցոյց տուին որ աշխարհը կլոր է, ոչ թէ տափակ՝ ինչպէս շատ մը անհատներ հաւատացած էին»։ (The World Book Encyclopedia.) Սակայն Աստուածաշունչը սկիզբէն իսկ ճշգրիտ էր։ Այս ճամբորդութիւններէն աւելի քան 2,000 տարիներ առաջ, Եսայի ըսաւ (40։22). «Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը», կամ ինչպէս ուրիշ թարգմանութիւններ կ’ըսեն, «երկրի գունդին» (Douay Version), «Կլոր երկրին» (Moffatt)։

Ուստի մարդիկ որքան աւելի սորվին, այդքան աւելի ապացոյց կ’ունենան որ կրնան Աստուածաշունչին վստահիլ։ Բրիտանական Թանգարանին նախկին Տնօրէն՝ Սըր Ֆրետերիք Գէնյըն՝ գրեց. «Արդէն ձեռք ձգուած արդիւնքները կը հաստատեն ի՛նչ որ հաւատքը կը թելադրէ, թէ յաւելեալ գիտութիւն մը կրնայ միմիայն նպաստել Աստուածաշունչին»։

Աստուածաշունչը Ապագան կը Նախագուշակէ

Սակայն, կրնա՞նք իրապէս վստահիլ ապագայի նկատմամբ Աստուածաշունչի նախագուշակութիւններուն, ի ներառեալ արդար «նոր երկնքի ու նոր երկրի մը» մասին իր խոստումները։ (Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։3, 4) Լաւ, Աստուածաշունչին վստահելի ըլլալը ի՞նչ կերպով փաստուած է անցեալին։ Շատ անգամներ, նոյնիսկ հարիւրաւոր տարիներ առաջ տրուած մարգարէութիւններ ճշգրի՜տ մանրամասնութեամբ կատարուած են։

Օրինակի համար, Աստուածաշունչը նախագուշակեց հզօր Բաբելոնի տապալումը շուրջ 200 տարիներ առաջ։ Իրականութեան մէջ, անիկա ծանուց որ Մարերը, որոնք Պարսիկներուն դաշնակիցները եղան, նուաճողները պիտի ըլլային։ Իսկ Կիւրոսին՝ Պարսիկ թագաւորին՝ նոյնիսկ ծնունդէն շատ առաջ, Աստուածաշունչը նախագուշակեց որ այս նուաճումին մէջ ան գերակշիռ դեր մը պիտի խաղար։ Անիկա ըսաւ որ Բաբելոնի պահպանիչ ջուրերը, Եփրատ Գետը, ‘պիտի ցամքէին’ եւ որ ‘[Բաբելոնի] դռները բնաւ պիտի չգոցուէին’։—Երեմեայ 50։38. Եսայեայ 13։17–19. 44։27–45։1

Այս մասնայատուկ մանրամասնութիւնները կատարուեցան, ինչպէս պատմաբան Հերոդոտոս տեղեկագրեց։ Աւելին, Աստուածաշունչը նախագուշակեց որ Բաբելոնը վերջապէս ամայի աւերակներու դէզ մը պիտի ըլլար։ Ճիշդ ատիկա է որ պատահեցաւ։ Այսօր Բաբելոնը աւերակներու դէզ մըն է։ (Եսայեայ 13։20–22. Երեմեայ 51։37, 41–43) Իսկ Աստուածաշունչը լեցուն է ուրիշ մարգարէութիւններով որոնք հոգեցունց կատարումներ ունեցած են։

Ուստի Աստուածաշունչը ի՞նչ կը նախագուշակէ իրերու ներկայ աշխարհի դրութեան մասին։ Անիկա կ’ըսէ. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասնզի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, ... աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–5

Մենք ասոր կատարումը վստահօրէն կը տեսնենք ներկայիս։ Բայց Աստուածաշունչը այս աշխարհին «վերջին օրեր»ուն մասին նաեւ կը նախագուշակէ հետեւեալը. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ... պիտի ըլլան»։ Աւելին. «Տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու ... մահտարաժամներ»։—Մատթէոս 24։7. Ղուկաս 21։11

Արդարեւ, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը կատարուին մեր օրերուն։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել տակաւին կատարուելիք խոստումներուն մասին, ինչպէս. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին», նաեւ. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր ... պիտի շինեն։ ... Ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։—Սաղմոս 37։29. Եսայեայ 2։4

‘Ասիկա շատ լաւ է ճշմարիտ ըլլալու համար’, թերեւս ըսեն ոմանք։ Սակայն, իրականութեան մէջ, մեր Ստեղծիչին խոստումներուն վրայ կասկածելու ոչ մէկ պատճառ ունինք։ Կրնանք Իր Խօսքին վստահիլ։ (Տիտոս 1։2) Յաւելեալ ապացոյցներ խորապէս քննելով, դուք աւելի պիտի համոզուիք ասոր մասին։

Եթէ յիշեցում չըլլայ, Աստուածաշունչի բոլոր մէջբերումները Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Աշխարհաբար Թարգմանութենէն են։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

«Արդէն ձեռք ձգուած արդիւնքները կը հաստատեն ի՛նչ որ հաւատքը կը թելադրէ, թէ յաւելեալ գիտութիւն մը կրնայ միմիայն նպաստել Աստուածաշունչին»