Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրագործուի
Հատուած 7
Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրագործուի
1, 2. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած քայլեր պիտի առնէ, ամբարշտութեան ու տառապանքին վերջ դնելու համար։
1 Թէեւ մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, Աստուած երկար ժամանակ թոյլատրած է անկատարութիւնը եւ տառապանքը, բայց ան թոյլ պիտի չտայ որ այս գէշ վիճակները անվերջ շարունակուին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած ձգած է որ որոշ ժամանակ մը այս բաները գոյատեւեն։
2 «Ամէն բանի ատենը կայ»։ (Ժողովողի 3։1) Երբ ամբարշտութիւնը եւ տառապանքը թոյլատրելու Աստուծոյ որոշած ժամանակը վերջ գտնէ, այն ատեն ան մարդոց գործերուն պիտի միջամտէ։ Ան վերջ պիտի դնէ ամբարշտութեան եւ տառապանքին եւ դրախտանման պայմաններու ներքեւ ամբողջական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն վայելող մարդկային կատարեալ եւ ուրախ ընտանիքով երկիրը լեցնելու իր սկզբնական նպատակը պիտի իրագործէ։
Աստուծոյ Դատաստանները
3, 4. Առակաց գիրքը Աստուծոյ միջամտութեան հետեւանքին մասին ի՞նչ կ’ըսէ։
3 Աստուածաշունչի բազմաթիւ մարգարէութիւններէն միայն քանի մը հատը նկատի առէք, որոնք կը նշեն թէ Աստուծոյ միջամտութիւնը, ուրիշ խօսքով իր դատաստաններուն հետեւանքները, ինչ պիտի նշանակեն մարդկային ընտանիքին համար։
4 «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։—Առակաց 2։21, 22
5, 6. 37–րդ Սաղմոսը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ինչ պիտի պատահի, երբ Աստուած միջամտէ։
5 «Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, . . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը Սաղմոս 37։9-11
պիտի ուրախանան»։—6 «Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։ Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ, իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ»։—Սաղմոս 37։34, 37, 38
7. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ ողջամիտ խրատներ կու տայ։
7 Հետեւաբար, ամենակալ Արարիչին իշխելու իրաւունքը ընդունողներուն վրայ գալիք այս հոյակապ ապագային ի տես, մեզի յորդոր տրուած է. «Քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն»։ Արդարեւ, յաւիտենական կեանք պիտի շնորհուի անոնց, որոնք իր կամքը կը կատարե՛ն։ Անոր համար Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ մեզ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։—Առակաց 3։1, 2, 5, 6
Աստուծոյ Իշխանութիւնը՝ Երկինքէն
8, 9. Աստուած ի՞նչ միջոցաւ պիտի մաքրէ այս երկիրը։
8 Աստուած երկրին այս մաքրագործութիւնը պիտի իրագործէ, լաւագոյն կառավարութեամբ մը, որ մարդկութիւնը մինչեւ հիմա տեսած չէ։ Անիկա կառավարութիւն մըն է որ երկնային իմաստութիւն կ’արտացոլացնէ, քանի որ անիկա Աստուծոյ առաջնորդութեան ներքեւ երկնքէն կ’իշխէ։ Իսկ այդ երկնային Թագաւորութիւնը մարդկային ամէն ձեւի իշխանութիւն պիտի վերցնէ երկրէն։ Մարդիկ անգամ մը եւս Աստուծմէ անկախ իշխելու փորձ ընելու պատեհութիւն պիտի չունենան։
9 Այս մասին Դանիէլ 2։44–ի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Այն թագաւորներուն [ներկայ կառավարութիւններուն] օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը [երկնային] պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի [անգամ մը եւս մարդոց առիթ պիտի չտրուի որ Աստուծմէ անկախ իշխեն]։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները [որ հիմա գոյութիւն ունին] պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Տես նաեւ՝ Յայտնութիւն 19։11-21. 20։4-6
10. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ներքեւ, անգամ մը եւս իշխանութեան մէջ ապականութիւն պիտի չըլլայ։
10 Այս կերպով, մարդիկ բնաւ ապականած վարչաձեւեր պիտի չունենան, քանի որ Աստուած այս դրութիւնը իր վախճանին բերելէ ետք, իրմէ անկախ մարդկային իշխանութիւն Մատթէոս 6։10
բնաւ գոյութիւն պիտի չունենայ։ Իսկ երկնքէն իշխող Թագաւորութիւնը պիտի չապականի, քանի որ Աստուած է անոր Հեղինակը եւ Պահպանիչը։ Անիկա իր մարդկային հպատակներուն լաւագոյն բարիքին պիտի ծառայէ։ Այն ատեն, Աստուծոյ կամքը համայն երկրի վրայ պիտի ըլլայ, ինչպէս՝ երկինքը։ Անոր համար Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Ո՞րքան Մօտ Ենք
11. Աստուածաշունչի ո՞ր մարգարէութիւնները մեզի կ’օգնեն գիտնալու թէ այս դրութեան վախճանին ո՛րքան մօտեցած ենք։
11 Իրերու այս անգոհացուցիչ դրութեան վախճանին եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին սկիզբին ո՞րքան մօտ ենք։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը յստակօրէն կը պատասխանէ։ Օրինակ, Յիսուս նախագուշակեց թէ ի՛նչ բաներ կրնանք ակնկալել, որպէսզի՝ ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «աշխարհի վերջին» կապակցաբար մեր դիրքը որոշենք։ Անիկա արձանագրուած է Մատթէոս 24 եւ 25, Մարկոս 13 եւ Ղուկաս 21–րդ գլուխներուն մէջ։ Նաեւ, ինչպէս արձանագրուած է Բ. Տիմոթէոս 3–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց ժամանակաշրջանի մը մասին որ «վերջին օրեր» պիտի կոչուէր, երբ յաւելեալ իրադարձութիւններ պիտի ստուգէին թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք։
12, 13. Յիսուս եւ Պօղոս ի՞նչ կ’ըսեն վերջին ժամանակին մասին։
12 Յիսուս ըսաւ որ այս ժամանակաշրջանը պիտի սկսէր հետեւեալ դէպքով. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր . . . ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ (Մատթէոս 24։7) Ղուկաս 21։11–ը ցոյց կու տայ որ ան նաեւ ‘տեղ տեղ մահտարաժամներ’ յիշեց։ Նաեւ զգուշացուց «անօրէնութեան շատնալուն» նկատմամբ։—Մատթէոս 24։12
13 Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր։ Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13
14, 15. Քսաներորդ դարու իրադարձութիւնները ի՞նչպէս կը հաստատեն որ մենք արդարեւ վերջին օրերուն մէջ ենք։
14 Յիսուսի ու Պօղոսի նախագուշակած բաները մեր ժամանակին մէջ տեղի ունեցա՞ծ են։ Անշո՛ւշտ։ Առաջին Աշխարհամարտը, մինչ այդ մղուած ամենասոսկալի պատերազմն էր։ Անիկա առաջին համաշխարհային պատերազմն էր եւ արդի պատմութեան մէջ դարձակէտ մը եղաւ։ Այդ պատերազմին հետ միատեղ ուտելիքի պակաս, համաճարակային հիւանդութիւններ եւ ուրիշ պատուհասներ եղան։ 1914–էն ի վեր պատահող այս դէպքերը Յիսուս կոչեց «ցաւերուն սկիզբ»ը։ (Մատթէոս 24։8) Անոնցմով սկսաւ «վերջին օրեր» կոչուած նախագուշակուած ժամանակաշրջանը, վերջին սերունդին սկիզբը, որու ընթացքին Աստուած տակաւին թոյլ պիտի տար որ ամբարշտութիւն եւ տառապանք գոյութիւն ունենային։
15 Հաւանաբար ձեզի ծանօթ են քսաներորդ դարու իրադարձութիւնները։ Գիտէք թէ ինչպիսի քաոսային վիճակ գոյացած է։ Շուրջ 100 միլիոն մարդիկ մեռած են պատերազմներէ։ Հարիւր միլիոնաւոր ուրիշներ անօթութենէ ու հիւանդութենէ մահացած են։ Երկրաշարժները անհամար կեանքեր խլած են։ Կեանքի ու ստացուածքի հանդէպ անտարբերութիւնը կը շատնայ։ Ոճիրի վախը առօրեայ կեանքին մէկ մասը դարձած է։ Բարոյական չափանիշներ անտեսուած են։ Բնակչութեան պոռթկումը խնդիրներ յարուցանած է, որոնք անլուծելի կը մնան։ Ապականութիւնը կեանքի որակը կը վատթարացնէ եւ նոյնիսկ զայն կը վտանգէ։ Արդարեւ, 1914–էն ի վեր վերջին օրերուն մէջ ենք եւ մեր ժամանակին կապակցաբար Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն բարձրակէտին կը մօտենանք։
16. Վերջին օրերը ո՞րքան երկար ժամանակաշրջան մը կը պարփակեն։
16 Այս վերջին օրերուն երկարութիւնը ո՞րքան պիտի ըլլայ։ 1914–էն ի վեր «ցաւերուն սկիզբ»ը տեսնող ժամանակաշրջանին մասին Յիսուս ըսաւ. «Այս սերունդը չանցած՝ ասոնք Մատթէոս 24։8, 34-36, Անթիլիաս) Ուստի, վերջին օրերու բոլոր երեսակները պէտք է տեղի ունենան սահմանափակ ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Յայտնութիւն 12։12–ը կ’ըսէ թէ Սատանան երկրի շրջակայքը նետուելէն ետք, միայն քիչ ժամանակ մը պիտի ունենար։
բոլորը պիտի պատահին»։ (17, 18. Ո՞ր մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ թէ այս աշխարհի վախճանը շա՛տ մօտ է։
17 Պօղոս առաքեալ այս դրութեան վախճանին շատ մօտ ըլլալուն մասին ուրիշ մարգարէութիւն մը տուաւ, ուր նախագուշակեց. «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի . . . ու պիտի չազատին»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3. տես նաեւ՝ Ղուկաս 21։34, 35
18 Ներկայիս Պաղ Պատերազմը վերջացած է եւ այլեւս միջազգային պատերազմը մեծ սպառնալիք մը չէ։ Ուստի ազգերը կրնան խորհիլ որ դէպի նոր համակարգ մը կ’ուղղուին։ Բայց երբ խորհին որ իրենց թափած ջանքերը յաջողելու վրայ են, ճիշդ հակառակն է որ տեղի պիտի ունենայ, քանի որ անիկա վերջին ազդանշանն է որ Աստուծոյ կողմէ այս դրութեան կործանումը վերահաս է։ Մի՛ մոռնաք որ քաղաքական համաձայնութիւններն ու դաշինքները որեւէ իրական փոփոխութիւն պիտի չբերեն մարդոց մէջ։ Անոնք պատճառ պիտի չըլլան որ մարդիկ զիրար սիրեն։ Իսկ աշխարհի առաջնորդները չեն կրնար ոճիրը կասեցնել, ոչ ալ հիւանդութիւնը ու մահը մէջտեղէն վերցնել։ Ուստի, խաղաղութեան ու ապահովութեան մարդկային որեւէ կարգադրութեան վրայ մի՛ դնէք ձեր վստահութիւնը, խորհելով որ աշխարհը իր խնդիրները լուծելու վրայ է։ (Սաղմոս 146։3) Այսպիսի աղաղակ մը միայն պիտի նշանակէ որ այս աշխարհը իր վախճանին մօտենալու վրայ է։
Բարի Լուրը Քարոզել
19, 20. Վերջին օրերուն քարոզչութեան մասին ո՞ր մարգարէութեան կատարումը կը տեսնենք։
19 Ուրիշ մարգարէութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ 1914–էն ի վեր վերջին օրերուն մէջ ենք, Յիսուս ինք տուաւ. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։ (Մարկոս 13։10) Կամ ինչպէս Մատթէոս 24։14–ը կ’ըսէ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։
20 Ամբողջ պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա է որ այս աշխարհի վախճանին եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ դրախտանման նոր աշխարհին վաղահաս ըլլալուն բարի լուրը համայն երկրի մէջ կը քարոզուի։ Որո՞նց կողմէ։ Միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներու կողմէ։ Անոնք երկրագունդի բոլոր երկիրներուն մէջ կը քարոզեն։
21, 22. Մասնաւորաբար ի՞նչ բան Եհովայի Վկաները կը բնորոշէ որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ։
21 Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելէ զատ, Եհովայի Վկաները այնպէս մը կը վարուին, որ զիրենք կը բնորոշէ որպէս Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները, քանի որ ան ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ Այս կերպով, Եհովայի Վկաները սիրոյ անբեկանելի կապով համերկրային եղբայրակցութեան մէջ եկած են։—Յովհաննու 13։35. տես նաեւ՝ Եսայեայ 2։2-4. Կողոսացիս 3։14. Յովհաննու 15։12-14. Ա. Յովհաննու 3։10-12. 4։20, 21. Յայտնութիւն 7։9, 10
22 Եհովայի Վկաները կը հաւատան ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Անոնք բոլոր երկիրներու Վկայ հաւատակիցները կը նկատեն որպէս իրենց հոգեւոր եղբայրները եւ քոյրերը, առանց նկատի ունենալու անոնց ցեղը կամ մորթին գոյնը։ (Մատթէոս 23։8) Իսկ այն իրողութիւնը թէ այսպիսի համերկրային եղբայրութիւն մը գոյութիւն ունի աշխարհին մէջ, յաւելեալ ապացոյց մըն է որ Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրագործուի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 26]
Աստուծոյ կատարեալ երկնային Թագաւորութիւնը նոր աշխարհին մէջ մարդկութեան միակ իշխանութիւնը պիտի ըլլայ