Գերագոյն իմաստութեան միակ Աղբիւրը
Հատուած 3
Գերագոյն իմաստութեան միակ Աղբիւրը
1, 2. Ինչո՞ւ պէտք է քննենք Աստուածաշունչը։
1 Աստուածաշունչը այդ գերագոյն իմաստութեան արձանագրութի՞ւնն է։ Անիկա մեզի կեանքի նպատակին հետ առնչուած կարեւոր հարցումներու մասին շիտակ պատասխաններ կրնա՞յ տալ։
2 Վստահաբար Աստուածաշունչը քննութեան արժանի գիրք մըն է։ Պատճառներէն մէկը այն է որ ան ցարդ կազմուած ամենէն արտասովոր գիրքն է, որեւէ գրքէ շատ տարբեր ըլլալով։ Հետեւեալ իրողութիւնները նկատի առէք։
Ամենահին, Ամենէն Ընդարձակ Շրջաբերութիւն Ունեցող Գիրքը
3, 4. Աստուածաշունչը ո՞րքան հին է։
3 Աստուածաշունչը գրուած ամենահին գիրքն է, անոր կարգ մը մասերը շուրջ 3,500 տարիներ առաջ գրուած են։ Անիկա սրբազան նկատուած միւս գիրքերէն դարեր առաջ է։ Անոր 66 գրքերուն առաջին մասը Պուտտայէն եւ Կոնփիւկիոսէն շուրջ հազար տարի առաջ, իսկ Մուհամմէտէն մօտ երկու հազար տարի առաջ գրուած էր։
4 Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած պատմութիւնը կ’երթայ մինչեւ մարդկային ընտանիքին սկիզբը, եւ կը բացատրէ թէ ինչպէս հոս՝ երկրի վրայ գտնուեցանք։ Անիկա նոյնիսկ մեզ կը տանի մինչեւ մարդուն ստեղծագործութենէն առաջ, երկրի կազմութեան մասին իրողութիւններ ներկայացնելով։
5. Աստուածաշունչի քանի՞ հին ձեռագիրներ գոյութիւն ունին, համեմատած աշխարհիկ հին գրութիւններուն հետ։
5 Կրօնական՝ եւ ոչ–կրօնական՝ ուրիշ գիրքերէն միայն քանի մը ձեռագիրներ մնացած են։ Սակայն, Աստուածաշունչի, կամ անոր կարգ մը մասերէն, մօտաւորապէս 11,000 ձեռագիր արտագրութիւններ գոյութիւն ունին Եբրայերէն եւ
Յունարէն լեզուներով, որոնցմէ քանի մը հատը անոնց նախնական գրութեան ժամանակին շատ մօտ են։ Անոնք վերապրած են հակառակ Աստուածաշունչին դէմ կատարուած մարդու երեւակայութենէն դուրս եղող կատաղի յարձակումներուն։6. Աստուածաշունչը ո՞րքան ընդարձակօրէն շրջաբերութիւն ունեցած է։
6 Աստուածաշունչը պատմութեան մէջ ամենէն ընդարձակ շրջաբերութիւն ունեցող գիրքն ալ է։ Շուրջ երկու միլիառ Աստուածաշունչեր կամ անկէ մասեր բաշխուած են, մօտ երկու հազար լեզուներով։ Կ’ըսուի որ մարդկային ընտանիքին 98 տոկոսը իր լեզուով Աստուածաշունչ կրնայ ձեռք ձգել։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք նոյնիսկ կրնայ մօտենալ անոր շրջաբերութեան թիւին։
7. Աստուածաշունչի ճշգրտութեան մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։
7 Ասկէ զատ, վաղեմի գիրքերէն ոչ մէկը կրնայ համեմատուիլ Աստուածաշունչի ճշգրտութեան հետ։ Գիտնականներ, պատմաբաններ, հնախոյզներ, երկրաբաններ, լեզուագէտներ եւ ուրիշներ շարունակաբար կը ստուգեն Աստուածաշունչի պատմութիւնները։
Գիտական Ճշգրտութիւն
8. Գիտական հարցերու մէջ Աստուածաշունչը ո՞րքան ճշգրիտ է։
8 Օրինակ, թէեւ Աստուածաշունչը որպէս գիտական դասագիրք գրուած չէ, բայց երբ գիտական հարցերու մասին կը խօսի, անիկա ճշգրիտ գիտութեան հետ ներդաշնակ է։ Բայց սրբազան նկատուած ուրիշ մատեաններ գիտական առասպելներ, անճիշդ բաներ եւ բացայայտ ստութիւններ կը պարունակեն։ Աստուածաշունչի գիտական ճշգրտութեան բազմաթիւ օրինակներէն միայն չորսը նկատի առէք.
9, 10. Փոխանակ իր ժամանակի ոչ–գիտական տեսակէտները արտացոլացնելու, Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսաւ երկրի յենարանին մասին։
9 Երկիրը ի՛նչպէս պահուած է անջրպետին մէջ։ Անցեալին, երբ Աստուածաշունչը կը գրուէր, անջրպետի մէջ երկրին պահուած ըլլալուն մասին բազմաթիւ ենթադրութիւններ կային։ Ոմանք կը հաւատային որ երկիրը կը կենար ծովու մեծ կրիայի մը վրայ կայնած փիղի մը վրայ։ Արիստոտէլ, Հ.Դ.Ա. չորրորդ դարու Յոյն իմաստասէր եւ գիտնական մը, սորվեցուց որ երկիրը բնա՛ւ չէր կրնար պարապ անջրպետին մէջ կախուած ըլլալ։ Ճիշդ հակառակը, ան սորվեցուց որ երկնային մարմինները հաստատուն, թափանցիկ գունդի մը վրայ հաստատուած էին, իւրաքանչիւր գունդ ուրիշ գունդի մը մէջ մտած ըլլալով։ Կ’ենթադրուէր որ երկիրը ներքնագոյն գունդին մէջ կը գտնուէր, իսկ ամենէն հեռու գունդին վրայ կը գտնուէին աստղերը։
10 Սակայն, փոխանակ իր գրութեան ժամանակ գոյութիւն ունեցող անիրական, ոչ–գիտական տեսակէտները արտացոլացնելու, Աստուածաշունչը (Հ.Դ.Ա. 1473–ի ատենները) պարզապէս կը նշէր. «[Աստուած] երկիրը ոչինչի վրայ կը կախէ»։ (Յոբայ 26։7) Բնագիր Եբրայերէնի մէջ գործածուած «ոչինչ» բառը կը նշանակէ «ոչ մէկ բան», եւ հոս միակ տեղն է որ այս բառը կը պատահի։ Անոր ներկայացուցած պարապ անջրպետով շրջապատուած երկիր մը ուսումնականներուն կողմէ ընդունուած է որպէս անոր ժամանակին համար ուշագրաւ կանխատեսութիւն մը։ Հին Կտակարանի Աստուածաբանական Բառագիրք–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Յոբայ 26։7–ն ուշագրաւօրէն կը պատկերացնէ այն ատենուան գիտցուած աշխարհը որպէս անջրպետին մէջ կախուած՝ կանխելով ապագայ գիտական յայտնագործութիւնը»։
11, 12. Մարդիկ ե՞րբ հասկցան Յոբայ 26։7–ի պարունակած ճշմարտութիւնը։
11 Աստուածաշունչին տուած ճշգրիտ բացատրութիւնը Արիստոտէլէն աւելի քան 1,100 տարի առաջ է։ Սակայն, Արիստոտէլի տեսակէտը որպէս իրողութիւն շարունակուեցաւ ուսուցուիլ մինչեւ իր մահուընէ շուրջ 2,000 տարի ետք։ Վերջապէս, Հ.Դ. 1687–ին, Սըր Իսահակ Նեւտոն հրատարակեց իր գիւտը, թէ երկիրը երկնային միւս մարմիններուն կապակցաբար անջրպետին մէջ կը կենար փոխադարձ քաշողութեամբ, որ է ձգողութիւնը։ Բայց ասիկա երկիրը «ոչինչ»էն կախուած ըլլալուն մասին Աստուածաշունչը վեհաշուք պարզութեամբ նշելէն մօտաւորապէս 3,200 տարիներ ետքն էր։
12 Այո, մօտաւորապէս 3,500 տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն նշած էր որ երկիրը տեսանելի յենարան մը չունի, իրողութիւն մը, որ տակաւին վերջերս հասկցուած ձգողութեան եւ շարժումի օրէնքներուն հետ ներդաշնակ է։ Ուսումնական մը հարցուց. «Յոբ ի՞նչպէս գիտցաւ ճշմարտութիւնը. հարցում մը, որ հեշտութեամբ չի լուծուիր Սուրբ Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալը ուրացողներուն կողմէ»։
13. Դարեր առաջ, մարդիկ երկրի ձեւին մասին ի՞նչ գաղափար ունէին, բայց ի՞նչ բան փոխեց իրենց միտքը։
13 Երկրին ձեւը։ Ամերիքանա Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Երկրի մասին գիտցուած ամենավաղ պատկերը այն էր որ անիկա տիեզերքի կեդրոնը՝ տափակ, կարծր հարթայատակ մըն էր։ . . . Գնդանման երկրի մը գաղափարը համընդունուած բան մը չէր մինչեւ Վերածնունդի շրջանը»։ Նախկին նաւագնացներէն ոմանք նոյնիսկ կը վախնային որ տափակ երկրին ծայրերէն կրնային իյնալ։ Ապա, կողմնացոյցը եւ ուրիշ յառաջդիմութիւններ ովկիանոսի աւելի երկար ճամբորդութիւնները կարելի դարձուցին։ Ուրիշ համայնագիտարան մը կը բացատրէ որ այս «յայտնագործական ճամբորդութիւնները ցոյց տուին որ աշխարհը կլոր էր եւ ոչ թէ տափակ, ինչպէս շատեր կը հաւատային»։
14. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկարագրէ երկրին ձեւը եւ ասիկա երբէ՛ն ի վեր։
14 Սակայն, այսպիսի ճամբորդութիւններէ շատ առաջ, շուրջ 2,700 տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը ըսած էր. «Ինքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը»։ (Եսայեայ 40։22) Հոս «շրջանակ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կրնայ նաեւ նշանակել «գունդ», ինչպէս բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ կը նշեն։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւններ կ’ըսեն՝ «երկրագունդ» (Տուէյ) եւ «կլոր երկիր»։—Մոֆաթ
15. Աստուածաշունչը երկրի նկատմամբ ոչ–գիտական տեսակէտներէն ինչո՞ւ չէ ազդուած։
15 Ուստի, Աստուածաշունչը չէր ազդուած երկրի յենարանին եւ ձեւին մասին այդ ժամանակ համատարած եղող ոչ–գիտական տեսակէտներէն։ Պատճառը պարզ է. Աստուածաշունչին Հեղինակը՝ տիեզերքին Հեղինակն է։ Ան ստեղծեց երկիրը, ուստի պէտք է գիտնայ թէ անիկա ուրկէ՛ կախուած է եւ ի՛նչ ձեւ ունի։ Հետեւաբար, երբ Աստուածաշունչի գրութիւնը ներշնչեց, ան հոգ տարաւ որ գիտական չեղող որեւէ տեսակէտ չներմուծուի անոր մէջ, հոգ չէ թէ այդ ատեն ո՛րքան մարդոց կողմէ ընդունուած ըլլային անոնք։
16. Կենդանի բաներու կազմութիւնը ի՞նչպէս կը համաձայնի Աստուածաշունչի ըսածին հետ։
16 Կենդանի բաներու բաղադրութիւնը։ Ծննդոց 2։7–ն (Արարատ) կը նշէ. «Եհովայ Աստուածը հողի փոշուցը շինեց մարդը»։ Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կ’ըսէ. «Այն բոլոր քիմիական տարրերը, որոնցմէ շինուած են կենդանի բաները, կը գտնուին նաեւ անկենդան նիւթին մէջ»։ Ուստի, կենդանի մարմինները՝ մէջը ըլլալով մարդը՝ կազմող բոլոր հիմնական տարրերը կը գտնուին նաեւ երկրին մէջ։ Ասիկա համաձայն է մարդիկը եւ բոլոր կենդանի բաները ստեղծելու համար Աստուծոյ գործածած նիւթին մասին Աստուածաշունչի ըսածին հետ։
17. Ներկայ կենդանի բաներուն երեւան գալու կերպին մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ է։
17 «Իրենց տեսակին պէս»։ Աստուածաշունչը կը նշէ որ Աստուած ստեղծեց մարդկային առաջին զոյգը եւ անոնցմէ յառաջ եկան մնացեալ բոլոր սերունդները։ (Ծննդոց 1։26-28. 3։20) Անիկա կ’ըսէ որ ուրիշ կենդանի բաներ՝ ինչպէս ձուկերը, թռչունները եւ ստնաւորներն ալ նոյնը ըրին, «իրենց տեսակին պէս» արտադրելով։ (Ծննդոց 1։11, 12, 21, 24, 25) Գիտնականները ճիշդ այս է որ գտած են բնական ստեղծագործութեան մէջ. ամէն կենդանութիւն նմանը եղող ծնողէ մը յառաջ կու գայ. բացառութիւն չկայ։ Այս առնչութեամբ բնագէտ Ռէյմօ նկատել կու տայ. «Կեանքէն՝ կեանք կու գայ. ա՛յս է որ միշտ կը պատահի իւրաքանչիւր բջիջի մէջ։ Բայց անկենդան բան մը ի՞նչպէս կեանք կրնայ շինել։ Ասիկա կենսաբանութեան մէջ անպատասխան մնացած մեծագոյն հարցումներէն մէկն է, եւ ցարդ կենսաբաններ միայն անորոշ ենթադրութիւններ կրնան առաջադրել։ Անկենդան նիւթը կերպով մը կրցաւ ինքզինք կենդանի նիւթի վերածել։ . . . Ի վերջոյ, Ծննդոցի հեղինակը շիտակ ըլլալու է»։
Պատմական Ճշգրտութիւն
18. Փաստաբան մը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչի պատմական ճշգրտութեան մասին։
18 Աստուածաշունչը ամենաճշգրիտ հին պատմութիւնը պարունակող գիրքն է որ գոյութիւն ունի։ Փաստաբան մը կը Քննէ Աստուածաշունչը խորագրով (Անգլերէն) գիրքը անոր պատմական ճշգրտութիւնը սա կերպով կ’ընդգծէ. «Մինչ վէպեր, աւանդութիւններ եւ սուտ վկայութիւններ ուշադիր են իրենց պատմած դէպքերը անորոշ հեռաւոր վայրի մը եւ ժամանակի մը մէջ զետեղելու, ասով խախտելով առաջին կանոնները, զորս մենք, փաստաբաններս, կը սորվինք որ լաւ դատավարութիւն մը ընելու համար ‘յայտարարութեան մը ժամանակը եւ վայրը պէտք է տրուի’, Աստուածաշունչի պատմութիւնները մեզի ամենայն ճշգրտութեամբ կու տան պատահած դէպքերուն թուականը եւ վայրը»։
19. Աշխատասիրութիւն մը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչի պատմական մանրամասնութեանց մասին։
19 Աստուածաշունչի Նոր Բառարանը (Անգլերէն) կը բացատրէ. «[Գործք Առաքելոցը գրողը] իր պատմականը կ’ընէ, ժամանակակից պատմութեան շրջանակէն ներս. անոր էջերը լեցուն են քաղաքի դատաւորներու, նահանգի կուսակալներու, ենթակայ թագաւորներու եւ նման բաներու ակնարկութիւններով, եւ այս ակնարկութիւնները ամէն անգամ խնդրոյ առարկայ հարցի վայրին ու ժամանակին ճշգրիտ ըլլալը կը փաստեն»։
20, 21. Աստուածաշունչի ուսումնական մը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչի պատմութիւններուն մասին։
20 Տը Եունյըն Պայպըլ Քոմբէնյըն–ին մէջ գրելով, Ս. Օսթին Էլիպոն կ’ըսէ. «Սըր Իսահակ Նեւտոնն ալ . . . հին գրութիւններու ականաւոր քննադատ մըն էր եւ մեծ հոգածութեամբ քննեց Սուրբ Գրութիւնները։ Այս կէտին շուրջ ի՞նչ եղած է իր վճիռը։ Ան կ’ըսէ. ‘Նոր Կտակարանին մէջ շատ աւելի վաւերական յատկանիշներ գտայ, քան աշխարհիկ որեւէ պատմութեան մէջ’։ Տոքթ. Ճոնսըն կ’ըսէ որ Աւետարաններուն նշածին համաձայն, Յիսուս Քրիստոսի Գողգոթայի վրայ մեռած ըլլալուն փաստերը շա՛տ աւելի են, քան՝ Յուլիոս Կեսարի Գաբիթոլի մէջ մեռնելուն փաստերը։ Արդարեւ, շատ փաստեր ունինք»։
21 Նոյն աղբիւրը կ’աւելցնէ. «Աւետարանի պատմութեան ճշմարտախօսութեան վրայ կասկածող ոեւէ անհատի հարցուցէք թէ ի՞նչ պատճառ ունի հաւատալու որ [Յուլիոս] Կեսար Գաբիթոլի մէջ մեռաւ, կամ՝ Կայսր Շարլըմանյը որպէս Արեւմուտքի Կայսր թագադրուեցաւ Լէօ Գ. Պապին կողմէ, 800–ին։ . . . Ի՞նչպէս գիտէք թէ [Անգլիոյ] Չարլզ Ա.–ի նման մարդ մը ապրած եւ գլխատուած է եւ թէ Օլիվըր Գրամուէլ իր տեղ իշխած է։ . . . Թէ՝ Սըր Իսահակ Նեւտոնի կը վերագրուի ձգողական օրէնքին գիւտը . . . Այս մարդոց մասին հոս ըսուած բոլոր հաստատումներուն կը հաւատանք. քանի որ անոնց ճշմարիտ ըլլալուն պատմական ապացոյցները ունինք։ . . . Եթէ այսպիսի փաստերու դիմաց անհատ մը տակաւին մերժէ հաւատալ, անկէ ձեռք կը քաշենք որպէս յիմարաբար կամակոր կամ անյուսալիօրէն տգէտ մէկը»։
22. Ոմանք ինչո՞ւ կը մերժեն ընդունիլ Աստուածաշունչի վաւերականութիւնը։
22 Ապա այս աղբիւրը հետեւեալ եզրակացութեան կը յանգի. «Արդ, ի՞նչ պէտք է ըսենք անոնց մասին, որոնք Սուրբ Աստուածաշունչի վաւերականութեան մասին բազմաթիւ փաստեր ըլլալով հանդերձ, կ’ըսեն որ համոզուած չեն։ . . . Վստահաբար պատճառ կ’ունենանք ըսելու որ անոնց ո՛չ թէ գլխուն, այլ սրտի՛ն մէջ բան մը սխալ է. թէ՝ անոնք չեն ուզեր հաւատալ այն բանին, որ իրենց հպարտութիւնը պիտի կոտրէ եւ պիտի ստիպէ որ տարբեր կեանք մը վարեն»։
Ներքին Ներդաշնակութիւնը եւ Անկեղծութիւնը
23, 24. Աստուածաշունչի ներքին ներդաշնակութիւնը ինչո՞ւ այսքան արտասովոր է։
23 Երեւակայեցէք գիրք մը որ սկսաւ գրուիլ Հռովմէական Կայսրութեան ժամանակ, շարունակուեցաւ Միջին Դարերու ընթացքին եւ ամբողջացաւ քսաներորդ դարուն, եւ անոր գրութեան մասնակցեցան տարբեր գրողներ։ Ի՞նչ արդիւնք կրնայիք ակնկալել, եթէ գրողները տարբեր խաւերէ եղած ըլլային՝ զինուորներ, թագաւորներ, քահանաներ, ձկնորսներ, հովիւներ եւ բժիշկներ։ Կրնայի՞ք ակնկալել որ այդ գիրքը ներդաշնակ եւ միահամուռ ըլլար։ ‘Կարելի չէ’՝ կրնաք ըսել։ Այո, Աստուածաշունչը այսպիսի պայմաններու մէջ գրուած էր։ Այսուհանդերձ, անիկա ամբողջովին ներդաշնակ է, ո՛չ միայն որպէս ամբողջութիւն՝ այլ մինչեւ յետին մանրամասնութիւն։
24 Աստուածաշունչը 66 գրքերու հաւաքածոյ մըն է, գրուած՝ աւելի քան 1,600 տարիներու շրջանի մը մէջ, 40 տարբեր գրողներու կողմէ. անիկա սկսուած է Հ.Դ.Ա. 1513–ին եւ աւարտած՝ Հ.Դ. 98–ին։ Անոր գրութեան մասնակցողները կեանքի տարբեր խաւերէ եկած են, եւ անոնցմէ շատեր միւսներուն հետ շփում չեն ունեցած։ Սակայն, անոնց մէջտեղ բերած գիրքը հիմնական, միահամուռ բնաբանի մը կը հետեւի, որպէս թէ մէ՛կ մտքի արտադրութիւնը ըլլար։ Իսկ ոմանց կարծիքին հակառակը, Աստուածաշունչը Արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէկ արտադրութիւնը չէ, այլ՝ Արեւելքցիներու կողմէ գրուած է։
25. Աստուածաշունչի պարկեշտութիւնը եւ անկեղծութիւնը զայն գրողներուն ո՞ր դաւանութեան թիկունք կը կանգնի։
25 Մինչ հին գրողներէն շատեր միայն իրենց յաջողութիւններն ու առաքինութիւնները կը տեղեկագրէին, Աստուածաշունչը գրողները բացայայտօրէն ընդունած են իրենց յանցանքները, ինչպէս նաեւ իրենց թագաւորներուն եւ առաջնորդներուն թերութիւնները։ Թուոց 20։1-13–ը եւ Բ. Օրինաց 32։50-52–ը կ’արձանագրեն Մովսէսի թերութիւնները եւ Մովսէս ինքն էր որ գրեց այս գիրքերը։ Յովնանու 1։1-3 եւ 4։1–ը կը թուէ Յովնանի թերացումները, որոնք Յովնան ինք գրեց։ Մատթէոս 17։18-20. 18։1-6. 20։20-28 եւ 26։56–ն Յիսուսի աշակերտներուն յայտնաբերած խեղճ յատկանիշները ցոյց կու տան։ Ուստի, Աստուածաշունչը գրողներուն պարկեշտութիւնն ու անկեղծութիւնը թիկունք կը կանգնի անոնց դաւանութեան, թէ անիկա Աստուծմէ ներշնչուած է։
Անոր Ամենէն Յատկանշական Երեսակը
26, 27. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ այսքան ճշգրիտ է գիտական եւ ուրիշ մարզերու մէջ։
26 Աստուածաշունչը ի՛նք կը յայտնէ թէ ինչո՛ւ գիտական, պատմական եւ ուրիշ նիւթերու մէջ այսքան ճշգրիտ է եւ թէ ինչո՛ւ այսքան ներդաշնակ եւ պարկեշտ է։ Անիկա ցոյց կու տայ որ Գերագոյն Էակը, ամենակալ Աստուած, տիեզերքի Արարիչը ի՛նքն է Աստուածաշունչին Հեղինակը։ Ան պարզապէս մարդկային գրագիրներ գործածեց որպէս իր գրչագիրները, իր զօրաւոր գործօն ուժով մղելով զանոնք որպէսզի գրի առնէին ինչ որ ի՛նք ներշնչած էր որ անոնք գրէին։
27 Աստուածաշունչին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը նշէ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13
ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ Պօղոս առաքեալ նաեւ ըսաւ. «Մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք»։—28. Ուստի, Աստուածաշունչի ծագումը ուրկէ՞ է։
28 Ուստի, Աստուածաշունչը մէկ Հեղինակի՝ Աստուծոյ մտայղացումն է։ Իսկ քանի որ Ան ահարկու զօրութիւն ունի, իրեն համար պարզ բան մըն էր հոգ տանիլ որ գրուածը շիտակ ըլլար եւ մինչեւ մեր օրերը պահպանուէր։ Այս մասին, Աստուածաշունչի ձեռագիրներու առաջաւոր հեղինակութիւն մը, Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն՝ 1940–ին ըսաւ. «Սուրբ Գրութիւններուն՝ ճիշդ գրուածին պէս մեզի հասած ըլլալուն կասկածի վերջին հիմը վերցուած է»։
29. Աստուծոյ հաղորդակցելու կարողութիւնը ի՞նչպէս կարելի է բացատրել։
29 Մարդիկ կարողութիւնը ունին անջրպետէն՝ հազարաւոր մղոն հեռաւորութենէ, կամ նոյնիսկ լուսինէն, ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի ազդանշաններ ուղարկել երկիր։ Անջրպետի հետազօտիչ գործիքներ երկիր ղրկած են ֆիզիքական տեղեկութիւններ եւ հարիւր միլիոնաւոր մղոններ հեռաւորութեան վրայ եղող մոլորակներու պատկերներ։ Վստահաբար մարդուն Արարիչը, ձայնասփիւռի ալիքներուն Ստեղծիչն ալ, կրնար նոյնը ընել։ Արդարեւ, իրեն համար շատ պարզ բան մըն էր իր ամենակալ զօրութիւնը գործածել, բառեր ու պատկերներ փոխանցելու անոնց մտքին մէջ, զորս ընտրեց Աստուածաշունչը գրել տալու համար։
30. Աստուած կ’ուզէ՞ որ մարդիկ գիտնան թէ ի՛նչ է իր նպատակը իրենց նկատմամբ։
30 Ասկէ զատ, երկրին ու անոր վրայի կեանքին մասին շատ բաներ կան, որոնք ցոյց կու տան որ Աստուած հետաքրքրուած է մարդոցմով։ Հետեւաբար, հասկնալի է որ ան մարդոց պիտի օգնէր որպէսզի գիտնային թէ ինք ո՛վ է եւ ի՛նչ է իր նպատակը իրենց նկատմամբ, այդ բաները յստակօրէն արտայայտելով գրքի մը՝ մնայուն փաստաթուղթի մը մէջ։
31. Ինչո՞ւ արձանագրուած ներշնչեալ պատգամ մը շատ աւելի արժէքաւոր է քան բերանացի կերպով փոխանցուած տեղեկութիւնները։
31 Նկատի առէք նաեւ գերադասութիւնը այն գրքին, որուն հեղինակը Աստուած է, բաղդատած այն տեղեկութեանց, որոնք մարդոց կողմէ միայն բերանացիօրէն փոխանցուած են։ Բերանացի ըսուած խօսքերը վստահելի չեն կրնար ըլլալ, քանի որ տրուած պատգամը մարդիկ իրենց բառերով պիտի ներկայացնէին եւ ժամանակ մը ետք, անոր իմաստը կրնար խեղաթիւրուիլ։ Անոնք տեղեկութիւնը բերանացի խօսքերով պիտի փոխանցէին, իրենց անձնական տեսակէտին համաձայն։ Սակայն, Աստուծմէ ներշնչուած, մնայուն կերպով գրուած արձանագրութեան մը մէջ սխալներու քիչ հաւանականութիւն կրնար ըլլալ։ Նաեւ, գիրք մը կրնայ վերարտադրուիլ եւ թարգմանուիլ, որպէսզի տարբեր լեզուներ կարդացող շատեր կարենան անկէ օգտուիլ։ Ուստի, տրամաբանական չէ՞ր որ մեր Արարիչը այսպիսի միջոց մը գործածէր տեղեկութիւն հայթայթելու համար։ Արդարեւ, անիկա տրամաբանական ըլլալէն աւելին է, քանի որ Արարիչը կ’ըսէ թէ ճիշդ այս է որ ըրաւ։
Կատարուած Մարգարէութիւններ
32-34. Աստուածաշունչը ի՞նչ ունի, զոր ուրիշ որեւէ գրքի մէջ չենք կրնար գտնել։
32 Այս բոլորէն աւելի ըլլալով, Աստուածաշունչը մասնայատուկ կերպով մը Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած ըլլալու դրոշմը կը կրէ. Անիկա մարգարէութիւններ պարունակող գիրք մըն է, որոնք կատարուած են եւ տակաւին կը շարունակուին անսխալօրէն կատարուիլ։
33 Օրինակ, վաղեմի Տիւրոսի կործանումը, Բաբելոնի անկումը, Երուսաղէմի վերաշինութիւնը, Մարա–Պարսկական ու Յունական Եսայեայ 13։17-19. 44։27–45։1. Եզեկիէլ 26։3-6. Դանիէլ 8։1-7, 20-22
թագաւորներուն բարձրացումն ու անկումը մանրամասնօրէն նախագուշակուած էին Աստուածաշունչին մէջ։ Այս մարգարէութիւնները ա՛յնքան ճշգրիտ էին որ կարգ մը քննադատներ ի զուր փորձեցին ըսել որ անոնք դէպքերուն կատարուելէն ետք արձանագրուած էին։—34 Երուսաղէմի Հ.Դ. 70–ի կործանման մասին Յիսուսի տուած մարգարէութիւնները ճշգրտօրէն կատարուեցան։ (Ղուկաս 19։41-44. 21։20, 21) Իսկ «վերջին օրեր»ու մասին Յիսուսի եւ Պօղոս առաքեալի տուած մարգարէութիւնները մեր օրերուն ամենայն մանրամասնութեամբ կը կատարուին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13. Մատթէոս 24. Մարկոս 13. Ղուկաս 21
35. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ինչո՞ւ միայն Արարիչէն կրնայ ծագում առած ըլլալ։
35 Որքան ալ խելացի ըլլայ, մարդկային միտք մը չի կրնար ա՛յսքան ճշգրտօրէն գուշակել ապագայ դէպքերը։ Միմիայն ամենազօր եւ ամենագէտ Արարիչի մը միտքը կրնայ ընել այն ինչ որ կը կարդանք Բ. Պետրոս 1։20, 21–ի մէջ. «Գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։
Անիկա Պատասխաններ կը Հայթայթէ
36. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ մեզի։
36 Ուստի, շատ կերպերով Աստուածաշունչը Գերագոյն Էակին ներշնչեալ Խօսքը ըլլալու կնիքը կը կրէ։ Հետեւաբար, անիկա մեզի կ’ըսէ թէ մարդիկ ինչո՛ւ երկրի վրայ են, ինչո՛ւ այսքան տառապանք կայ, ո՛ւր կ’երթանք եւ այս պայմանները ի՛նչպէս պիտի բարեփոխուին։ Անիկա մեզի կը յայտնէ թէ գերագոյն Աստուած մը կայ, որ մարդիկը եւ երկիրը ստեղծած է նպատակով մը եւ թէ իր նպատակը պիտի իրագործուի։ (Եսայեայ 14։24) Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ նաեւ ճշմարիտ կրօնքին ինչ ըլլալը եւ թէ ինչպէս կրնանք գտնել զայն։ Ուստի, անիկա գերագոյն իմաստութեան միակ աղբիւրն է որ կրնայ մեզի ճշմարտութիւնը ըսել կեանքի ամենակարեւոր հարցումներուն մասին։—Սաղմոս 146։3. Առակաց 3։5. Եսայեայ 2։2-4
37. Քրիստոնեայ Աշխարհի մասին ի՞նչ հարցում պէտք է հարցուի։
37 Մինչ Աստուածաշունչի վաւերական եւ ճշգրիտ ըլլալուն մասին ապացոյցները շատ են, բայց բոլոր անոնք որ զայն կ’ընդունին, անոր ուսուցումներուն համաձայն կը քալե՞ն։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Քրիստոնէութիւն դաւանող ազգերը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհը։ Դարերէ ի վեր անոնց մատչելի է Աստուածաշունչը։ Բայց անոնց խորհուրդներն ու արարքները իրապէս կ’արտացոլացնե՞ն Աստուծոյ գերակայ իմաստութիւնը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 11]
Սըր Իսահակ Նեւտոն կը հաւատար որ երկիրը երկնային միւս մարմիններուն կապակցաբար անջրպետին մէջ կը կենար ձգողութեամբ
Աստուածաշունչի ներկայացուցած պարապ անջրպետով շրջապատուած երկիր մը, ուսումնականներուն կողմէ ընդունուած է որպէս անոր ժամանակին համար ուշագրաւ կանխատեսութիւն մը
[Նկար՝ էջ 12]
Նախկին նաւագնացներէն ոմանք նոյնիսկ կը վախնային որ տափակ երկրին ծայրերէն կրնային իյնալ
[Նկար՝ էջ 13]
Շատ աւելի ապացոյցներ կան որ Յիսուս Քրիստոս գոյութիւն ունեցած է, քան՝ թէ Յուլիոս Կեսարը, Կայսր Շարլըմանյը, Օլիվըր Գրամուէլը կամ Լէօ Գ. Պապը ապրած են
[Նկար՝ էջ 15]
Երուսաղէմի Հ.Դ. 70–ի կործանումին մասին Յիսուսի տուած մարգարէութիւններուն կենդանի վկայութիւնն է Հռովմի մէջ գտնուող Տիտոսի Յաղթական Կամարը