Ինչո՞ւ այսքան տառապանք եւ անարդարութիւն կայ
Հատուած 6
Ինչո՞ւ այսքան տառապանք եւ անարդարութիւն կայ
1, 2. Մարդուն փորձառութեան ի տես, ի՞նչ հարցումներ կրնան հարցուիլ։
1 Սակայն, եթէ Գերագոյն Էութիւնը նպատակադրած էր որ կատարեալ մարդիկ յաւիտեան ապրէին դրախտանման պայմաններու ներքեւ եւ եթէ տակաւին իր նպատակը չէ փոխուած, ինչո՞ւ հիմա դրախտ գոյութիւն չունի։ Ինչո՞ւ մարդկութիւնը այսքան դարերէ ի վեր տառապանքի ու անիրաւութեան կ’ենթարկուի։
2 Աներկբայելիօրէն, մարդկային պատմութիւնը լեցուն է պատերազմի, կայսերապաշտական նուաճումի, չարաշահութեան, անիրաւութեան, աղքատութեան, աղէտի, հիւանդութեան եւ մահուան պատճառած թշուառութեամբ։ Ինչո՞ւ անմեղ անհատներէն շատեր, այսքան գէշ բաներու զոհ գացած են։ Եթէ Աստուած ամենազօր է, ինչո՞ւ այսքան հսկայական տառապանք թոյլատրած է հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Քանի որ Աստուած տիեզերքը ա՛յսքան լաւ կերպով նախագծած եւ կարգի դրած է, երկրի վրայ ինչո՞ւ անկարգութիւն եւ կործանում կը թոյլատրէ։
Օրինակ մը
3-5. (ա) Ո՞ր օրինակը կրնայ մեզի օգնել հասկնալու թէ կարգապահ Աստուած մը ինչո՞ւ երկրի վրայ անկարգութիւնը թոյլատրած է։ (բ) Բազմաթիւ փոխընտրութիւններէն ո՞ր մէկը կը յարմարի երկրի կացութեան։
3 Օրինակ մը գործածելով ցոյց տանք թէ ինչո՛ւ կարգ–կանոնի Աստուած մը անկարգութիւնը թոյլատրած է երկրի վրայ։ Երեւակայենք որ անտառի մը մէջ կը քալէք եւ ձեր դիմաց տուն մը կ’ելլէ։ Երբ տունը մօտէն քննէք, կը տեսնէք որ անիկա տակնուվրայ վիճակ մը ունի։ Պատուհանները կտրտած են, տանիքը ծանրօրէն վնասուած, փայտաշէն մուտքը ծակերով լեցուն, դուռը մէկ ծխնիի վրայ կախուած է եւ ջրմուղի դրութիւնը չ’աշխատիր։
4 Այս բոլոր թերութիւնները տեսնելով, պիտի եզրակացնէի՞ք որ այդ տունը խելացի նախագծող մը չէ ունեցած։ Եղած տակնուվրայութիւնը ձեզ պիտի համոզէ՞ր որ այդ տունը դիպուածով մէջտեղ եկած էր։ Իսկ եթէ եզրակացնէիք որ մէկը
նախագծած եւ շինած էր զայն, պիտի խորհէի՞ք որ այդ անհատը հմուտ եւ խոհեմ չէր։5 Երբ քիչ մը աւելի մանրակրկիտ կերպով քննէք շինութիւնը, կը տեսնէք որ սկիզբը անիկա լաւ կերպով իրարու միացուած էր եւ շատ հոգածութեամբ շինուած էր։ Բայց այժմ պարզապէս շատ վնասուած ու քանդուելու վրայ է։ Թերութիւնները եւ խնդիրները ի՞նչ կը մատնանշեն։ Անոնք կրնան թելադրել որ (1) սեպհականատէրը մեռած է. (2) ան ատակ շինարար մըն է, բայց հիմա այս տունով հետաքրքրուած չէ. (3) ան ժամանակաւորապէս իր ստացուածքը վարձու տուած է ապերախտ վարձակալներու։ Այս վերջինը աւելի կը համեմատի երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող կացութեան։
Ո՞ւր Էր Սխալը
6, 7. Ադամի ու Եւայի ի՞նչ պատահեցաւ, երբ անոնք Աստուծոյ օրէնքը բեկանեցին։
6 Աստուածաշունչի սկիզբի արձանագրութենէն կը սորվինք որ Աստուծոյ նպատակը չէր որ մարդիկ տառապէին կամ մեռնէին։ Մեր առաջին ծնողները՝ Ադամն ու Եւան մեռան, պարզ անոր համար որ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան։ (Ծննդոց գլուխ 2 եւ 3) Երբ անհնազանդ գտնուեցան, անոնք այլեւս Աստուծոյ կամքը ընելէն դադրեցան։ Անոնք Աստուծոյ հոգածութենէն հեռացուեցան։ Արդարեւ, իրենք զիրենք անջատեցին Աստուծմէ՝ «կեանքի աղբիւր»էն։—Սաղմոս 36։9
7 Ինչպէս որ մեքենայ մը կը դանդաղի եւ ի վերջոյ կը կենայ, երբ իր զօրութեան աղբիւրէն անջատուի, նմանապէս անոնց մարմինները եւ մտքերը աւրուեցան։ Որպէս հետեւանք, Ադամն ու Եւան հիւծուեցան, ծերացան եւ վերջապէս մեռան։ Անկէ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։ Անոնք վերադարձան հոն՝ ուրկէ առնուած էին. «Հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ Աստուած ազդարարած էր որ իր օրէնքներուն հանդէպ անհնազանդութեան հետեւանքը մահ պիտի ըլլար իրենց համար. «Անշուշտ պիտի մեռնիս»։—Ծննդոց 2։17. 3։19
8. Մեր առաջին ծնողքին մեղքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ մարդկային ընտանիքին վրայ։
8 Ո՛չ միայն մեր առաջին ծնողները մեռան, հապա իրենց ամբողջ սերունդը, մարդկային ամբողջ ցեղն ալ մահուան ենթարկուեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ծագումնաբանական օրէնքներուն համաձայն, զաւակները կը ժառանգեն իրենց ծնողներուն յատկանիշները։ Իսկ մեր առաջին ծնողէն սերած բոլոր զաւակները ժառանգեցին անկատարութիւն ու մահ։ Հռովմայեցիս 5։12–ը կ’ըսէ. «Մարդէ մը [մարդկութեան նախահօրմէն՝ Ադամէն] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին [ժառանգելով անկատարութիւնը, այսինքն՝ մեղաւոր հակումներ]»։ Իսկ քանի որ մարդիկ միայն մեղքը, անկատարութիւնն ու մահը ճանչցած են, ոմանք զանոնք կը նկատեն որպէս բնական եւ անխուսափելի բաներ։ Սակայն, մարդկային առաջին արարածները յաւիտեան ապրելու կարողութեամբ ու ցանկութեամբ ստեղծուած էին։ Անոր համար մարդոց մեծամասնութիւնը մահուամբ իրենց կեանքը վերջանալուն հեռանկարը շատ ընդվզեցուցիչ կը գտնէ։
Ինչո՞ւ Ա՛յսքան Երկար
9. Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուած է որ երկրի վրայ տառապանքը այսքան ժամանակ շարունակուի։
9 Աստուած ինչո՞ւ թոյլատրած է որ մարդիկ իրենց գլխուն ապրին այսքան ժամանակ։ Ան ինչո՞ւ թոյլատրած է որ դարերու տեւողութեան տառապանքը գոյատեւէ։ Հիմնական պատճառներէն մէկն այն է որ շատ կարեւոր հարց մը յարուցուած էր. Ո՞վ իրաւունքը ունի իշխելու։ Աստուա՞ծ պէտք է ըլլայ մարդոց Իշխանը, թէ՝ անոնք կրնան յաջող կերպով իրենք զիրենք կառավարել առանց Աստուծոյ։
10. Մարդոց ի՞նչ կարողութիւն տրուած էր եւ ի՞նչ պատասխանատուութեամբ։
10 Մարդիկ ազատ կամքով ստեղծուած են, ուրիշ խօսքով՝ ընտրելու ազատութիւն ունին։ Անոնք մարդամեքենաներու, կամ գլխաւորաբար բնազդաբար առաջնորդուող անասուններու նման չեն։ Ուստի, մարդիկ կրնան որոշել թէ որո՛ւ պիտի ծառայեն։ (Բ. Օրինաց 30։19. Բ. Կորնթացիս 3։17) Անոր համար Աստուծոյ Խօսքը հետեւեալ խրատը կու տայ. «Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս»։ (Ա. Պետրոս 2։16) Սակայն, թէեւ մարդիկ ազատ ընտրութեան հոյակապ պարգեւը ունին, բայց՝ իրենց ընտրած արարքներուն հետեւանքներն ալ պէտք է ընդունին։
11. Միակ կերպը ի՞նչ էր գիտնալու թէ Աստուծմէ անկախ ընթացք մը յաջողութիւն պիտի բերէր թէ ոչ։
11 Մեր առաջին ծնողները սխալ ընտրութիւն ըրին։ Անոնք Աստուծմէ անկախ ընթացք մը ընտրեցին։ Ճիշդ է որ Աստուած կրնար առաջին ըմբոստ զոյգը մահուան ենթարկել, իրենց
ազատ կամքը սխալ կերպով գործածելէն անմիջապէս ետք։ Բայց անիկա մարդկութեան վրայ Աստուծոյ իշխելու իրաւունքի մասին յարուցուած հարցը պիտի չլուծէր։ Քանի որ առաջին զոյգը ուզեց Աստուծմէ անկախ ըլլալ, հետեւեալ հարցին պատասխան պէտք էր հայթայթուէր. Այդ ընթացքը ուրախ ու յաջող կեանք մը պիտի բերէ՞ր։ Ասիկա գիտնալու միակ կերպն էր ձգել որ մեր առաջին ծնողները եւ իրենց զաւակները շարունակեն իրենց ընտրած ճամբան։ Ժամանակը ցոյց պիտի տար թէ մարդիկ իրենց Արարիչէն անկախ՝ իրենք զիրենք յաջող կերպով պիտի կարենայի՞ն կառավարել։12. Երեմիան ի՞նչպէս արժեւորեց մարդկային իշխանութիւնը, եւ ինչո՞ւ այս է պարագան։
12 Աստուածաշունչը գրողներէն՝ Երեմիան գիտէր թէ հետեւանքը ի՛նչ պիտի ըլլար։ Աստուծոյ հզօր սուրբ հոգիին ներշնչման ներքեւ, ան գրեց հետեւեալ ճշմարտութիւնը. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։ Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ»։ (Երեմեայ 10։23, 24) Ան գիտցաւ որ մարդիկ Աստուծոյ երկնային իմաստութեան առաջնորդութեան կարիքը ունէին։ Ինչո՞ւ։ Պարզապէս անոր համար որ Աստուած մարդիկը չէ ստեղծած որ իր առաջնորդութենէն դուրս յաջող կեանք մը ունենան։
13. Մարդկային իշխանութեան հազարաւոր տարիներու արդիւնքը ամէն կասկածէ վեր ի՞նչ ցոյց տուած է։
13 Մարդկային իշխանութեան հազարաւոր տարիներու արդիւնքը ամէն կասկածէ վեր ցոյց տուած է որ մարդիկ իրենց Արարիչէն անկախ, չեն կրնար իրենց քայլերը ուղղել։ Զայն փորձած ըլլալով, անոր աղիտալի հետեւանքին համար միայն իրե՛նք են այպանելին։ Աստուածաշունչը յստակ է այս ուղղութեամբ. «Աստուծոյ [Վէմի] գործը կատարեալ է. որովհետեւ նորա ամեն ճանապարհները իրաւունք են. Աստուած հաւատարիմ է եւ անիրաւութիւն չ’ունի. արդար եւ ուղիղ է նա։ Ապականուեցան նորա դէմ. նորա որդիքը չեն. իրանցն է արատը»։—Բ. Օրինաց 32։4, 5, Արարատ
Աստուած Շուտով Պիտի Միջամտէ
14. Աստուած ինչո՞ւ այլեւս պիտի չուշացնէ մարդկային գործերու իր միջամտութիւնը։
14 Դարերու ընթացքին, մարդկային իշխանութեան ձախողութիւն մը ըլլալը ապացուցանելէն ետք, Աստուած հիմա կրնայ մարդոց գործերուն միջամտել եւ վերջ մը դնել տառապանքին, վշտին, հիւանդութեան ու մահուան։ Մարդոց արտօնութիւն տալով որ գիտութեան, ճարտարարուեստի, բժշկութեան եւ այլ մարզերու մէջ
բարձրագոյն իրագործումներու հասնին, այլեւս կարիք չկայ որ իրենց Արարիչէն անկախ եղող մարդոց, յաւելեալ դարերու պայմանաժամ տրուի, որպէսզի ապացուցանեն թէ խաղաղ ու դրախտանման աշխարհ մը կրնա՞ն յառաջ բերել թէ ոչ։ Անոնք ասիկա չեն կրցած ընել եւ չեն ալ կրնար ընել։ Աստուծմէ անկախ կեանք մը միմիայն գարշելի, ատելավառ ու մահացու աշխարհ մը յառաջ բերած է։15. Աստուածաշունչի ո՞ր խրատին պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք։
15 Ճիշդ է որ եղած են անկեղծ կառավարիչներ, որոնք փափաքած են մարդկութեան օգտակար ըլլալ, բայց՝ իրենց ջանքերը ի դերեւ ելած են։ Ներկայիս ամէնուրեք մարդկային իշխանութեան քայքայման ապացոյցները կը տեսնուին։ Անոր համար Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։—Սաղմոս 146։3
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 24, 25]
Նոյնիսկ անկեղծ՝ աշխարհի կառավարիչներ չեն կրցած խաղաղ ու դրախտանման աշխարհ մը մէջտեղ բերել