Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքը նպատակ մը ունի՞

Կեանքը նպատակ մը ունի՞

Հատուած 1

Կեանքը նպատակ մը ունի՞

1. Յաճախ ի՞նչ կը հարցուի կեանքի նպատակին մասին, եւ անհատ մը ի՞նչ ըսաւ այդ ուղղութեամբ։

1 Ուշ կամ կանուխ, գրեթէ ամէն մարդ հարց կու տայ թէ ի՛նչ է կեանքին նպատակը։ Արդեօք կեանքի նպատակը մեր ապրելակերպը բարելաւելու եւ մեր ընտանիքներուն ապրուստը ճարելու համար ծանր աշխատիլ, թերեւս 70 կամ 80 տարի ետք մեռնիլ եւ յաւիտեան չքանա՞լ է։ Երիտասարդ մը, որ այսպէս կը խորհէր, ըսաւ որ կեանքի միակ նպատակն է «ապրիլ, զաւակներ ունենալ, ուրախ ըլլալ ապա՝ մեռնիլ»։ Բայց ասիկա ճի՞շդ է։ Իսկ մահը իրապէս ամէն բանի վե՞րջն է։

2, 3. Նիւթական ստացուածք կուտակելը ինչո՞ւ բաւարար չէ կեանքին նպատակ մը տալու համար։

2 Թէ՛ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան երկիրներուն մէջ, շատեր կը խորհին որ կեանքի միակ նպատակն է նիւթական հարստութիւն կուտակել։ Անոնք կը խորհին որ ասիկա ուրախ եւ իմաստալից կեանքի մը կ’առաջնորդէ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այն մարդոց մասին, որոնք արդէն նիւթական հարստութիւն ունին։ Գանատացի գրագէտ Հէրի Պրուս ըսաւ. «Մեծ է թիւը հարուստ մարդոց, որոնք կ’ըսեն թէ ուրախ չեն»։ Ան աւելցուց. «Փորձագիտանքները կը յայտնեն որ ահաւոր յոռետեսութիւն մը պատած է Հիւսիսային Ամերիկան . . . Ուրախ անհատ մը գոյութիւն ունի՞։ Եթէ այո, ի՞նչ է գաղտնիքը»։

3 Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ՝ Ճիմի Գարթըր, նշեց. «Երեւան հանեցինք թէ նիւթական բաներ ունենալը կամ նիւթական բաներ սպառելը կեանքի իմաստի մեր իղձին գոհացում չի տար։ . . . Նիւթական բաներ դիզելը վստահութիւն կամ նպատակ չունեցող կեանքի պարապութիւնը չի լեցներ»։ Իսկ քաղաքական ուրիշ առաջնորդ մը ըսաւ. «Քանի մը տարիէ ի վեր ես բուռն կերպով իմ մասիս եւ կեանքիս մասին ճշմարտութիւններ կ’որոնեմ. գիտեմ շատ ուրիշներ, որոնք նոյնը կ’ընեն։ Որեւէ ժամանակէ աւելի անհատներ հարց կու տան. ‘Ո՞վ ենք մենք։ Ի՞նչ է մեր նպատակը’»։

Աւելի Դժուար Պայմաններ

4. Ինչո՞ւ ոմանք կը կասկածին որ կեանքը նպատակ մը ունի։

4 Շատեր տեսնելով որ կեանքի պայմանները աւելի դժուարացած են, կը կասկածին որ կեանքը նպատակ մը ունի։ Համայն աշխարհի մէջ, մէկ միլիառէ աւելի անհատներ լրջօրէն հիւանդ են, կամ թերի սննդառութենէ կը տառապին, որու հետեւանքով միայն Ափրիկէի մէջ ամէն տարի շուրջ տասը միլիոն երախաներ կը մեռնին։ Վեց միլիառի հասած երկրի բնակչութիւնը կը շարունակէ աճիլ տարեկան 90 միլիոն համեմատութեամբ, եւ այդ աճումին աւելի քան 90 տոկոսը, զարգացումի ընթացքի մէջ եղող երկիրներու մէջ է։ Յարատեւաբար աճող այս բնակչութիւնը ուտելիքի, բնակարանի եւ ճարտարարուեստի կարիքը կ’աւելցնէ, ինչ որ ցամաքին, ջուրին եւ օդին աւելի մեծ վնաս կը հասցուի ճարտարարուեստական եւ այլ ապականիչ տարրերու պատճառաւ։

5. Երկրի բուսականութեան ի՞նչ կը պատահի։

5 1991–ի՝ Աշխարհի Զինուորական եւ Ընկերային Ծախսերը հրատարակութիւնը (Անգլերէն) կը տեղեկագրէ. «Ամէն տարի [Մեծն Բրիտանիոյ] ամբողջ տարածքին հաւասար անտառներ կը փճանան։ (Ծառահատումի) այս ներկայ համեմատութեամբ, մինչեւ 2000 թուական, արեւադարձային խոնաւ գօտիներու անտառներուն 65 տոկոսը վերացուցած պիտի ըլլանք»։ Միացեալ Ազգերու գործակալութեան մը համաձայն, այդ շրջաններուն մէջ, 1 ցանուած ծառին փոխարէն 10 ծառ կը կտրուի. Ափրիկէի մէջ համեմատութիւնը աւելի քան 20 է՝ 1–ի դէմ։ Ուստի, անապատային շրջանները կ’աւելնան եւ ամէն տարի Պելճիքայի տարածութեան չափով երկրագործական շրջաններ կը կորսուին։

6, 7. Մարդկային առաջնորդներուն համար անլուծելի եղող աշխարհի կարգ մը խնդիրները ի՞նչ են, եւ ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։

6 Ի. դարը չորս անգամ աւելի մահեր ունեցած է պատերազմէն, քան նախկին չորս դարերը՝ միասնաբար։ Ամէնուրեք, ոճիրի, յատկապէս վայրագ ոճիրներու, յաւելում արձանագրուած է։ Ընտանեկան քայքայումը, թմրեմոլութիւնը, ԷՅՏԾ–ը, սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւնները եւ ուրիշ բացասական ազդակներ ալ կեանքը դժուարացուցած են։ Իսկ աշխարհի առաջնորդները չեն կրցած լուծումներ հայթայթել մարդկային ընտանիքը հարուածող բազմաթիւ խնդիրներուն։ Ուստի, հասկնալի է որ մարդիկ հարց տան թէ՝ Ի՞նչ է կեանքի նպատակը։

7 Այդ հարցումը ի՞նչպէս ձեռք առնուած է ուսումնականներու եւ կրօնական առաջնորդներու կողմէ։ Այսքան դարեր ետք, անոնք գոհացուցիչ պատասխան մը գտա՞ծ են։

Անոնք Ի՛նչ կ’Ըսեն

8, 9. (ա) Չինացի ուսումնական մը ի՞նչ ըսաւ կեանքի նպատակին մասին։ (բ) Նացի մահուան ճամբարէ վերապրող մը ի՞նչ ըսաւ։

8 Կոնփիւկիոսական ուսումնական Թու Ուայ–Մինկ ըսաւ. «Կեանքի վերջնական իմաստը կը գտնուի մեր սովորական, մարդկային գոյութեան մէջ»։ Այս տեսակէտին համաձայն, մարդիկ պիտի շարունակեն ծնիլ, իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար պայքարիլ եւ մեռնիլ։ Այսպիսի հայեցակէտ մը շատ քիչ յոյս կը ներշնչէ։ Բայց արդեօք ճի՞շդ է ասիկա։

9 Բ. Աշխարհամարտի Նացի մահուան ճամբարներէն վերապրող մը, Էլի Վիզըլ դիտել տուաւ. «‘Ինչո՞ւ հոս ենք’. ասիկա ամենակարեւոր հարցումն է որ մարդ արարածը պէտք է դիմագրաւէ։ . . . Ես կը խորհիմ որ կեանքը իմաստ մը ունի, հակառակ այն անիմաստ մահերուն, որոնց ականատես եղայ»։ Բայց ան չէր կրնար ըսել թէ ի՛նչ է կեանքին նպատակը։

10, 11. (ա) Խմբագիր մը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ մարդ արարածը պատասխաններ չունի։ (բ) Բարեշրջական գիտնականի մը տեսակէտը ինչո՞ւ գոհացուցիչ չէ։

10 Խմբագիր Վըրմոնթ Ռոյսթըր նշեց. «Այս տիեզերքին մէջ իր ունեցած տեղին մասին . . . մարդուն մտորումին մէջ, ժամանակը սկսելէն ի վեր շատ քիչ յառաջ գացած ենք։ Տակաւին մենք մեզի հարց կու տանք թէ ո՛վ ենք, ինչո՛ւ հոս ենք եւ ո՛ւր կ’երթանք»։

11 Բարեշրջական գիտնական Սթէֆըն Ճէյ Կուտ նշեց. «‘Աւելի բարձր’ պատասխանի մը կը կարօտինք, բայց՝ չկայ»։ Այսպիսի բարեշրջականի մը համար, կեանքը յարմարագոյնի պայքար մըն է, որու վերջ կը դնէ մահը։ Այս տեսակէտին մէջ ալ յոյս չկայ։ Դարձեալ հարց կու տանք՝ ճի՞շդ է այս տեսակէտը։

12, 13. Եկեղեցիի առաջնորդներուն տեսակէտները ի՞նչ են, իսկ անոնք աշխարհիկ դիտարկուներէն աւելի գոհացում ստացա՞ծ են։

12 Կրօնական շատ առաջնորդներ կ’ըսեն որ կեանքի նպատակն է լաւ կեանք մը վարել, որպէսզի մահուան ատեն հոգին կարենայ երկինք երթալ եւ յաւիտեան հոն մնալ։ Գէշ մարդոց համար մատուցուած փոխընտրութիւնն է դժոխքին մէջ յաւիտենական տանջանքը։ Սակայն, այս հաւատալիքին համաձայն, երկրի վրայ պիտի շարունակուի նոյն անգոհացուցիչ կեանքը, որ գոյութիւն ունեցած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Բայց եթէ Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդիկ հրեշտակներու նման երկնքի մէջ ապրէին, սկիզբէն ինչո՞ւ զանոնք այդպէս չստեղծեց՝ հրեշտակներուն նման։

13 Կղերականներն անգամ դժուար կը մարսեն այս տեսակէտը։ Լոնտոնի Սբ. Պօղոս Մայր Տաճարի նախկին աստուածաբան Վ. Ռ. Ինկը, առիթով մը ըսաւ. «Ամբողջ կեանքիս տեւողութեան կեանքին նպատակը գտնելու համար պայքարած եմ։ Փորձած եմ երեք հարցումներու պատասխանել, որոնք միշտ հիմնական նկատած եմ. յաւիտենականութեան հարցը, մարդկային անձնաւորութեան հարցը եւ չարութեան հարցը։ Ասոնց պատասխանները չեմ գտած։ Անոնցմէ ո՛չ մէկուն լուծումը գտած եմ»։

Արդիւնքը

14, 15. Այս հակասական տեսակէտները ի՞նչ ազդեցութիւն ունին շատերուն վրայ։

14 Կեանքի նպատակին մասին ուսումնականներուն եւ կրօնական առաջնորդներուն այսքան տարբեր հայեացքներուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Շատեր այս հարցումին կը պատասխանեն այս տարեց մարդուն նման, որ ըսաւ. «Ամբողջ կեանքիս ընթացքին հարց տուած եմ թէ ինչո՛ւ հոս եմ։ Եթէ նպատակ մը կայ, ա՛լ հոգս չէ»։

15 Կրօնական աշխարհին մէջ այսքան այլազան տեսակէտներ տեսնելով, շատեր կ’եզրակացնեն որ կարեւոր չէ թէ անհատ մը ինչի կը հաւատայ։ Անոնք կը խորհին որ կրօնքը պարզապէս մտքի մարզանք մըն է, բան մը որ քիչ մը մտքի խաղաղութիւն ու հանգստութիւն կու տայ, որպէսզի անհատը կարենայ կեանքի խնդիրները դիմագրաւել։ Ուրիշներ կը խորհին որ կրօնքը պարզապէս նախապաշարում մըն է։ Անոնք կը խորհին որ դարերու կրօնական ենթադրութիւնները կեանքի նպատակին համար պատասխան մը չեն հայթայթած, ոչ ալ հասարակ ժողովուրդին կեանքը բարելաւած են։ Արդարեւ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ աշխարհի կրօնքները մարդոց յառաջդիմութեան արգելք հանդիսացած եւ ատելութիւններու ու պատերազմներու պատճառ եղած են։

16. Կեանքի նպատակը գտնելը ո՞րքան կարեւոր կրնայ ըլլալ։

16 Այսուհանդերձ, տակաւին կարեւո՞ր է կեանքի նպատակին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Մտային առողջապահութեան մասնագէտ՝ Վիգթոր Ֆրէնգըլ կը պատասխանէ. «Կեանքին մէջ իմաստ մը գտնելու ջանքերը, մարդուն յառաջխաղացքին գլխաւոր ոյժն են։ . . . Կը համարձակիմ ըսել որ աշխարհի մէջ բա՛ն մը չկայ որ ա՛յսքան կրնայ օգնել անհատի մը որ յոռեգոյն պայմաններէն վերապրի, որքան այն գիտակցութիւնը որ իր կեանքը իմաստ մը ունի»։

17. Հիմա ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։

17 Քանի որ մարդկային փիլիսոփայութիւնները եւ կրօնքները գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չունին կեանքի նպատակին ի՛նչ ըլլալուն մասին, ո՞ւր կրնանք գտնել ասոր պատասխանը։ Գերակայ իմաստութեան աղբիւր մը կա՞յ որ կրնայ այս հարցին մասին ճշմարտութիւնը ըսել մեզի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 4]

«Ամէն տարի [Մեծն Բրիտանիոյ] ամբողջ տարածքին հաւասար անտառներ կը փճանան»

[Նկար՝ էջ 5]

«Ամբողջ կեանքիս ընթացքին հարց տուած եմ թէ ինչո՛ւ հոս եմ»