Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքը սքանչելի նպատակ մը ունի

Կեանքը սքանչելի նպատակ մը ունի

Հատուած 5

Կեանքը սքանչելի նպատակ մը ունի

1, 2. Ի՞նչպէս կրնանք ըսել որ Աստուած հոգ կը տանի մեզի, իսկ կեանքի շուրջ հարցումներու պատասխաններ ստանալու համար ո՞ւր պէտք է դիմենք։

1 Երկրին եւ անոր կենդանի բաներուն շինուած կերպը ցոյց կու տայ թէ անոնց Արարիչը իրապէս հոգածու, սիրազեղ Աստուած մըն է։ Իսկ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ցոյց կու տայ որ ան մեզմով հետաքրքրուած է. հոն է որ լաւագոյն պատասխանը կը ստանանք՝ Ինչո՞ւ երկրի վրայ ենք եւ, Ո՞ւր կ’երթանք, հարցումներուն։

2 Այս հարցումներուն պատասխան ստանալու համար պէտք է հետազօտենք Աստուածաշունչը։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու»։ (Բ. Մնացորդաց 15։2) Ուստի, Աստուծոյ Խօսքին հետազօտութիւնը մեզի համար իր նպատակին մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

Աստուած Ինչո՛ւ Ստեղծեց Մարդիկը

3. Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը։

3 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Աստուած երկիրը պատրաստեց, յատկապէս մարդիկը ի մտի ունենալով։ Եսայեայ 45։18–ն երկրի մասին կ’ըսէ որ Աստուած «զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց»։ Իսկ անիկա երկրի վրայ դրաւ ամէն բան որ մարդիկ պէտք պիտի ունենային, ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ՝ կեանքը լիովին վայելելու համար։—Ծննդոց Գլուխ 1 եւ 2

4. Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց առաջին մարդկային արարածները։

4 Իր Խօսքին մէջ, Աստուած կ’ըսէ որ մարդկային առաջին արարածները՝ Ադամն ու Եւան ստեղծեց, մարդկային ընտանիքը կազմելու համար։ Ան ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։ (Ծննդոց 1։26) Մարդիկ «բոլոր երկրի»ն եւ անոր անասնական ստեղծագործութեան վրայ պիտի իշխէին։

5. Մարդկային առաջին զոյգը ո՞ւր դրուեցաւ։

5 Աստուած Միջին Արեւելքի մէջ, Եդեմ կոչուած շրջանին մէջ ընդարձակ պարտիզանման վայր մը շինեց։ Ապա «առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ»։ Անիկա դրախտ մըն էր, որ կը պարունակէր ինչ որ առաջին մարդկային արարածները պէտք ունէին։ Անոր մէջ կային «տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ», ինչպէս նաեւ՝ ուրիշ բոյսեր եւ անասնական բազմաթիւ ու հետաքրքրաշարժ տեսակներ։—Ծննդոց 2։7-9, 15

6. Մարդիկ մտային ու ֆիզիքական ի՞նչ կարողութիւններով ստեղծուեցան։

6 Առաջին մարդոց մարմինները կատարեալ ստեղծուած էին, ուստի պիտի չհիւանդանային, ծերանային կամ մեռնէին։ Անոնք ուրիշ յատկութիւններով ալ օժտուած էին, ինչպէս՝ ընտրելու ազատութիւնը։ Ծննդոց 1։27–ն կը բացատրէ թէ անոնք ինչ կերպով շինուած էին. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։ Քանի որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք, մեզի ոչ միայն ֆիզիքական եւ մտային յատկութիւններ տրուած են, այլ՝ բարոյական եւ հոգեւոր կողմեր, որոնց գոհացում պէտք է տանք, եթէ կ’ուզենք իրապէս ուրախ ըլլալ։ Աստուած այս՝ ինչպէս նաեւ կերակուրի, ջուրի եւ օդի կարիքներն ալ լեցնելու միջոցներ պիտի հայթայթէր։ Ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ըսաւ, «ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։—Մատթէոս 4։4

7. Առաջին զոյգին ի՞նչ հրաման տրուեցաւ։

7 Ասկէ զատ, Աստուած հոյակապ հրաման մըն ալ տուաւ առաջին զոյգին, երբ տակաւին Եդեմի մէջ էին. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Ուստի, անոնք պիտի կարենային աճիլ եւ կատարեալ զաւակներ յառաջ բերել։ Իսկ մինչ մարդկային բնակչութիւնը շատնար, անոնք առաջին պարտիզանման Եդեմի դրախտային շրջանը ընդարձակելու հաճելի գործին պիտի ձեռնարկէին։ Վերջապէս, ամբողջ երկիրը դրախտի մը պիտի վերածուէր, բնակուած՝ կատարեալ, ուրախ մարդոցմով, որոնք պիտի կարենային յաւիտեան ապրիլ։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ այս բոլոր բաները գործի դնելէ ետք, «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։—Ծննդոց 1։31. տես նաեւ՝ Սաղմոս 118։17

8. Մարդիկ ի՞նչպէս հոգ պէտք էր տանէին երկրին։

8 Բացայայտ է որ մարդիկ իրենց տիրապետութեան ներքեւ եղող երկիրը պիտի գործածէին իրենց օգտին համար։ Բայց ասիկա պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պէտք էր կատարէին։ Մարդիկ երկրին յարգալից տնտեսավարները պէտք էր ըլլային եւ ոչ թէ զայն քանդէին։ Երկրին կործանումը, որու ականատես ենք այսօր, Աստուծոյ կամքին հակառակ եղող բան մըն է, եւ անոր մասնակից եղողները երկրի վրայ կեանքի նպատակին հակառակ գործած կ’ըլլան։ Անոնք ասոր համար պիտի տուժեն, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’։—Յայտնութիւն 11։18

Աստուծոյ Նպատակը Չէ Փոխուած

9. Ինչո՞ւ վստահ ենք որ Աստուծոյ նպատակը պիտի կատարուի։

9 Ուստի, սկիզբէն, Աստուծոյ նպատակն էր որ կատարեալ մարդկային ընտանիք մը յաւիտեան ապրէր երկրային դրախտի մը մէջ։ Այս նպատակը չէ՛ փոխուած. անիկա անվարան պիտի կատարուի։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի»։ «Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ»։—Եսայեայ 14։24. 46։11

10, 11. Յիսուս, Պետրոս եւ սաղմոսերգու Դաւիթ ի՞նչպէս խօսեցան Դրախտի մասին։

10 Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ երկրի վրայ դրախտը վերահաստատելու Աստուծոյ նպատակին մասին, երբ ապագային համար յոյս որոնող որոշ մարդու մը ըսաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ (Ղուկաս 23։43) Պետրոս առաքեալ ալ խօսեցաւ գալիք նոր աշխարհին մասին, երբ ըսաւ. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի [երկինքէն իշխող կառավարական նոր կարգադրութիւն մը] ու նոր երկրի մը [երկրային նոր ընկերութիւն մը] կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13

11 Սաղմոսերգու Դաւիթ ալ գալիք նոր աշխարհի մը ու անոր տեւողութեան մասին խօսեցաւ։ Ան նախագուշակեց. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Անոր համար Յիսուս խոստացաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։—Մատթէոս 5։5

12, 13. Մարդկութեան համար Աստուծոյ հոյակապ նպատակը ամփոփեցէք։

12 Ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մըն է յաւիտեան ապրիլ չարութենէ, ոճիրէ, հիւանդութենէ, վշտէ եւ ցաւէ զերծ դրախտանման երկրի մը վրայ։ Աստուածաշունչի վերջին գրքին մէջ, Աստուծոյ մարգարէական Խօսքը այս հոյակապ նպատակը կ’ամփոփէ, ըսելով. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Անիկա կ’աւելցնէ. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’»։—Յայտնութիւն 21։4, 5

13 Այո, Աստուած հոյակապ նպատակ մը ունի։ Անիկա արդար նոր աշխարհ մը պիտի ըլլայ, յաւիտենական դրախտ մը, նախագուշակուած Անոր կողմէ որ կրնայ ընել եւ պիտի ընէ ինչ որ խոստացած է, քանի որ իր «խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20, 21]

Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդիկ յաւիտեան ապրէին դրախտային երկրի մը վրայ։ Այս նպատակը չէ՛ փոխուած

[Նկար՝ էջ 22]

Սեպհականատէրը կրնայ հաշիւ պահանջել իր տունը քանդող վարձակալներէն