Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւիտեան ապրեցէք դրախտանման երկրի մը վրայ

Յաւիտեան ապրեցէք դրախտանման երկրի մը վրայ

Հատուած 8

Յաւիտեան ապրեցէք դրախտանման երկրի մը վրայ

1, 2. Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ երկրի վրայ կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։

1 Կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ, եթէ Աստուած ամբարշտութիւնն ու տառապանքը վերցնէ երկրէն եւ իր երկնային Թագաւորութեան սիրալիր հսկողութեան ներքեւ եղող իր նոր աշխարհը բերէ։ Աստուած կը խոստանայ ‘իր ձեռքը բանալ եւ ամէն կենդանի եղողներուն փափաքը լեցնել’։—Սաղմոս 145։16

2 Ի՞նչ են ձեր տրամաբանական փափաքները։ Ուրախ կեանք մը, արժէքաւոր գործ, նիւթական առատութիւն, գեղեցիկ շրջապատ, ամէն մարդոց միջեւ խաղաղութիւն եւ անիրաւութենէ, հիւանդութենէ, տառապանքէ եւ մահուընէ ազատագրուիլ չէ՞։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ հոգեւոր ուրախ ակնկալութեան մասին։ Այս բոլորը շուտով պիտի իրականացուին Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։ Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն նոր աշխարհին մէջ գալիք հոյակապ օրհնութիւններուն մասին։

Մարդկութիւնը՝ Կատարեալ Խաղաղութեան Մէջ

3-6. Ի՞նչ երաշխիք ունինք որ մարդիկ նոր աշխարհին մէջ խաղաղութիւն պիտի ունենան։

3 «[Աստուած] պատերազմները կը դադրեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, [պատերազմական] կառքերը կրակով կ’այրէ»։—Սաղմոս 46։9

4 «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։—Եսայեայ 2։4

5 «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11

6 «Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն»։—Եսայեայ 14։7

Մարդիկ ու Անասուններ Խաղաղութեան Մէջ

7, 8. Մարդոց ու անասուններու միջեւ ի՞նչպիսի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։

7 «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։ Կովը արջին հետ պիտի ճարակի, անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։ Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ»։—Եսայեայ 11։6-9

8 «Դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։ . . . Զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ»։—Ովսեայ 2։18

Կատարեալ Առողջութիւն, Յաւիտենական Կեանք

9-14. Նոր աշխարհին մէջ գոյութիւն ունենալիք առողջական պայմանները նկարագրեցէք։

9 «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։—Եսայեայ 35։5, 6

10 «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։—Յայտնութիւն 21։4

11 «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։—Եսայեայ 33։24

12 «Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ»։—Յոբայ 33։25

13 «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք [է] մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։—Հռովմայեցիս 6։23

14 «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ . . . յաւիտենական կեանք [պիտի] ունենայ»։—Յովհաննու 3։16

Մեռելները կը Վերակենդանանան

15-17. Արդէն մեռածներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։

15 «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։—Գործք 24։15

16 «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ [Աստուծոյ յիշողութեան մէջ] եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—Յովհաննու 5։28, 29

17 «Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը [գերեզմանը] իրենց մէջի մեռելները տուին»։—Յայտնութիւն 20։13

Երկիրը՝ Լիառատ Դրախտ մը

18-22. Համայն երկիրը ի՞նչ բանի պիտի վերածուի։

18 «Օրհնութեան անձրեւներ պիտի ըլլան։ Դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին»։—Եզեկիէլ 34։26, 27

19 «Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ»։—Սաղմոս 67։6

20 «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի»։—Եսայեայ 35։1

21 «Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակեն եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։ Թուփին տեղ մայրի ու դժնիկին տեղ մրտենի պիտի բուսնի»։—Եսայեայ 55։12, 13

22 «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։—Ղուկաս 23։43

Բոլորին Համար Գեղեցիկ Բնակարան

23, 24. Ի՞նչ երաշխիք ունինք որ բոլորին համար բաւարար գեղեցիկ բնակարաններ պիտի ըլլան։

23 «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, . . . անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. . . . իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբախտութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին»։—Եսայեայ 65։21-23

24 «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։—Միքիայ 4։4

Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Դրախտին Մէջ

25. Ապագայի համար ի՞նչ հոյակապ մտահորիզոն ունինք։

25 Ապագայի համար ի՜նչ հոյակապ մտահորիզոն մը։ Կեանքը որքա՜ն իրական նպատակ մը կրնայ ունենալ, եթէ հաստատուած ըլլայ այն զօրաւոր յոյսին վրայ, թէ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ներկայ բոլոր խնդիրները յաւիտենապէս անցեալին պիտի պատկանին։ «Առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան»։ (Եսայեայ 65։17) Իսկ որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ այն ատեն կեանքը անվերջ պիտի ըլլայ. «[Աստուած] մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ»։—Եսայեայ 25։8

26. Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու բանալին ի՞նչ է։

26 Հիմա այսքան մօտ եղող Դրախտին մէջ կ’ուզէ՞ք յաւիտեան ապրիլ։ Արդ, կրնաք հարց տալ. ‘Ի՞նչ պէտք է ընեմ այս աշխարհի վախճանին Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու եւ իր նոր աշխարհին մէջ մտնելու համար’։ Պէտք է ընէք ինչ որ Յիսուս Աստուծոյ մատուցած աղօթքին մէջ նշեց. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3

27. Աստուծոյ նպատակին մաս կազմելու համար ի՞նչ պէտք է ընէք։

27 Ուստի, Աստուածաշունչ մը ձեռք ձգեցէք եւ այս գրքոյկին մէջ ձեր կարդացած բաները հաստատեցէք։ Փնտռեցէք ուրիշներ, որոնք Աստուածաշունչի այս ճշմարտութիւնները կ’ուսումնասիրեն։ Կեղծ կրօնքներէն ձերբազատուեցէք, որոնք Աստուածաշունչի հակառակ բաներ կը սորվեցնեն ու կ’ընեն։ Սորվեցէք թէ ինչպէս կրնաք արդէն Աստուծոյ կամքը կատարող միլիոնաւոր ուրիշներու հետ մասնակից ըլլալ Աստուծոյ նպատակին, որ է՝ յաւիտենական կեանք դրախտանման երկրի մը վրայ։ Իսկ սրտանց ուշադրութիւն ընծայեցէք մօտ ապագային մասին Աստուածաշունչի ըսածին. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 31]

Երկրային դրախտ մը վերահաստատելու Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրականանայ