Ո՞վ կրնայ ըսել
Հատուած 2
Ո՞վ կրնայ ըսել
1, 2. Ծրագրուած բանի մը նպատակը գիտնալու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։
1 Ո՞վ կրնայ ըսել թէ կեանքին նպատակը իրապէս ի՛նչ է։ Եթէ մեքենայ շինողի մը այցելէիք եւ տեսնէիք որ ան բարդ կտորի մը վրայ կ’աշխատի որ ձեզի ծանօթ չէ, ի՞նչպէս կրնայիք գիտնալ թէ անիկա ինչ է։ Լաւագոյն կերպը պիտի ըլլար շինողին հարցնել։
2 Արդ, ի՞նչ կրնանք ըսել երկրի վրայ մեր շուրջը եղող ծրագրուած բաներու մասին, ինչպէս բոլոր ապրող բաները՝ մինչեւ ամենափոքր բջիջը։ Նոյնիսկ բջիջին մէջի աւելի փոքր մասնիկներն ու հիւլէները հոյակապօրէն ծրագրուած են ու կարգ ու կանոն ունին։ Նաեւ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ սքանչելիօրէն նախագծուած մարդկային ուղեղին մասին։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր արեգակնային դրութեան, Ծիր Կաթին հոյախումբին եւ տիեզերքին մասին։ Այս բոլոր ահաւոր կերպով ծրագրուած բաները՝ Ծրագրող մը չէի՞ն պահանջեր։ Վստահաբար ի՛նքն է որ մեզի կրնայ ըսել թէ այս բաները ինչո՛ւ ծրագրած է։
Կեանքը Դիպուածո՞վ Մէջտեղ Եկաւ
3, 4. Կեանքը դիպուածով մէջտեղ գալուն հաւանականութիւնը ի՞նչ է։
3 Ամերիքանա Համայնագիտարանը «ապրող արարածներուն մէջ գտնուող արտասովոր բարդութեան եւ կազմակերպութեան աստիճան»ին նշեց եւ աւելցուց. «Ծաղիկներու, միջատներու կամ ստնտուներու վրայ կատարուած մանրակրկիտ քննութիւնը անհաւատալիօրէն մասերու ճշգրիտ կարգադրութիւն մը ցոյց կու տայ»։ Բրիտանացի աստղագէտ Սըր Պէրնար Լովէլ, ապրող մարմիններու քիմիական բաղադրութեան ակնարկելով, գրեց. «Պրոթէինի ամենափոքր մասնիկի մը կազմումին առաջնորդող դէպքերուն մէջ դիպուածի մը . . . հաւանականութիւնը աներեւակայելիօրէն պզտիկ է։ . . . Ան իրապէս զեռօ է»։
4 Նմանապէս, աստղագէտ Ֆրէտ Հոյլ ըսաւ. «Ուղղափառ կենսաբանութեան ամբողջ կառոյցը տակաւին կը պնդէ թէ կեանքը պատահականօրէն մէջտեղ եկաւ։ Սակայն, մինչ կենսատարրաբաններ կեանքի պատկառազդու բարդութեան մասին հետզհետէ նոր բաներ երեւան կը հանեն, ակներեւ կ’ըլլայ որ անոր արկածով ծագում
առնելու հաւանականութիւնները ա՛յնքան չնչին են, որ անոնք կրնան ամբողջովին բացառուիլ։ Կարելի չէ որ կեանքը դիպուածով եղած ըլլայ»։5-7. Մասնիկային կենսաբանութիւնը ի՞նչպէս կը ստուգէ որ ապրող նիւթերը դիպուածով չեն կրնար երեւան եկած ըլլալ։
5 Մասնիկային կենսաբանութիւնը, գիտութեան վերջնագոյն մարզերէն մէկը, ապրող բաները կ’ուսումնասիրէ ծիներու, մասնիկներու եւ հիւլէներու մակարդակի վրայ։ Մասնիկային կենսաբան Մայքըլ Տէնթըն կը բացատրէ թէ ի՛նչ երեւան բերուած է. «Մեր գիտցած ամենապարզ բջիջի մը բարդութիւնը այնքան մեծ է, որ անկարելի է ընդունիլ որ այսպիսի նիւթ մը յանկարծ իրարու միացած ըլլայ որոշ տեսակի այլանդակ, մեծապէս անհաւանական, դէպքով մը»։ «Բայց ապրող դրութիւններու միայն բարդութիւնը չէ որ այսքան խոր կերպով ասպարէզ կը կարդայ, կայ նաեւ անհաւատալի ճարտարութիւնը, որ յաճախ բացայայտ է անոնց նախագծին մէջ»։ «Մասնիկային մակարդակին է որ . . . կենսաբանական նախագծին ճարտարութիւնը եւ անոնց իրագործած նպատակներուն կատարելութիւնը ամենէն ցայտունն են»։
6 Տէնթըն կը շարունակէ նշել. «Ո՛ւր որ ալ նայինք, ո՛ր խորութեան ալ ուղղենք մեր աչքերը, կը տեսնենք պերճաշուք եւ ճարտարութեան բացարձակապէս գերազանց յատկութիւնը, որ դիպուածի գաղափարը շա՛տ կը տկարացնէ։ Իրապէս կարելի՞ է հաւատալ որ անկարգ գործընթացներ իրականութիւն մը կրցած են կառուցանել, որու ամենափոքր տարրը՝ պաշտօն կատարող բնասպիտը (պրոթէինը) կամ ծինը՝ մեր ստեղծագործական կարողութիւններէն գերիվեր եղող բարդութիւն մը ունի, իրականութիւն մը, որ դիպուածին ուղղակի հակադրոյթն է, իրականութիւն մը, որ ամէ՛ն առումով մարդուն իմացականութեամբ արտադրուած ո՛րեւէ բանէ գերիվեր է»։ Ան նաեւ կը նշէ. «Ապրող բջիջի մը, եւ բիւրեղի մը կամ ձիւնի փաթիլի մը նման լաւագոյն կերպով դասաւորուած անկենդան դրութեան մը միջեւ, աներեւակայելիօրէն ընդարձակ եւ որոշ վիհ մը կայ»։ Իսկ բնագիտութեան ուսուցչապետ մը՝ Չէթ Ռէյմօ կը նշէ. «Շշմած եմ . . . Իւրաքանչիւր մասնիկ կարծես իր պարտականութեան համար հրաշալիօրէն մտադրուած է»։
7 Մասնիկային կենսաբան Տէնթըն կ’եզրակացնէ որ «անոնք որոնք տակաւին վերջնականօրէն կը ջատագովեն թէ այս ամբողջ նոր իրականութիւնը զուտ դիպուածի արդիւնք է»՝ առասպելի մը կը հաւատան։ Արդարեւ, կենդանի նիւթերը դիպուածով մէջտեղ եկած ըլլալու մասին Տարվինական համոզումը ան կը կոչէ՝ «քսաներորդ դարու տիեզերագործական մեծ առասպելը»։
Ծրագրուած Բան մը՝ Ծրագրող մը կը Պահանջէ
8, 9. Օրինակ մը տուէք, ցոյց տալու համար թէ իւրաքանչիւր ծրագրուած բան՝ ծրագրող մը պէտք է ունենայ։
8 Անկենդան նիւթերուն դիպուածով՝ պատահական արկածով մը՝ կեանքի գալուն հաւանականութիւնը այնքան փոքր է, որ անկարելի է։ Ո՛չ, կարելի չէ որ երկրի վրայ ապրող հոյակապօրէն ծրագրուած նիւթերը արկածով մը մէջտեղ եկած ըլլան, քանի որ ինչ որ ծրագրուած է՝ ծրագրող մը պէտք է ունենայ։ Որեւէ բացառութիւն գիտէ՞ք։ Բացառութիւն չկայ։ Իսկ ծրագրուած բանը ո՛րքան բարդ ըլլայ, ծրագրողը ա՛յդքան կարող պէտք է ըլլայ։
9 Հարցը այս կերպով ալ կրնանք բացատրել. Երբ նկարչութիւն մը կը տեսնենք, ինքնաբերաբար կ’ընդունինք որ նկարիչ մը գոյութիւն ունի։ Երբ գիրք մը կը կարդանք, կ’ընդունինք որ հեղինակ մը գոյութիւն ունի։ Երբ տուն մը կը տեսնենք, կ’ընդունինք որ շինարար մը գոյութիւն ունի։ Երբ ճամբու լուսանշանները տեսնենք, գիտենք որ օրէնսդիր մարմին մը գոյութիւն ունի։ Այս բոլորը նպատակով մը եղած
են։ Իսկ մինչ թերեւս զանոնք ծրագրող մարդոց մասին ամէն բան չենք հասկնար, բայց անոնց գոյութեան վրայ կասկած չունինք։10. Գերագոյն Ծրագրողի մը մասին ի՞նչ ապացոյց կրնանք տեսնել։
10 Նմանապէս, երկրի վրայ կենդանի նիւթերուն ծրագրուած, կարգապահ եւ բարդ ըլլալը՝ Գերագոյն Ծրագրողի մը գոյութիւնը կ’ապացուցանէ։ Բոլորն ալ Գերագոյն Իմացականութեան մը կնիքը կը կրեն։ Նոյնն է պարագան միլիառաւոր աստղեր պարունակող, միլիառաւոր հոյախումբեր ունեցող ծրագրուած, կարգապահ եւ բարդ տիեզերքին։ Իսկ երկնային բոլոր մարմինները որոշ օրէնքներով կը ղեկավարուին, ինչպիսին են շարժումը, ջերմութիւնը, լոյսը, ձայնը, ելեկտրամագնիսականութիւնը եւ ձգողականութիւնը։ Առանց օրէնսդրի մը կրնա՞ն օրէնքներ գոյանալ։ Հրթիռի մասնագէտ Տոքթ. Վէրնհէր ֆոն Պրաուն նշեց. «Տիեզերքի բնական օրէնքները ա՛յնքան ճշգրիտ են, որ դժուարութիւն չունինք լուսին գացող անջրպետանաւ մը շինելու, եւ անոր թռիչքին ժամանակը երկվայրկեանի մը կոտորակի ճշգրտութեամբ որոշելու։ Այս օրէնքները մէկու մը կողմէ դրուած ըլլալու են»։
11. Ինչո՞ւ պէտք չէ ուրանանք Գերագոյն Ծրագրողի մը գոյութիւնը, պարզապէս անոր համար որ զինք չենք կրնար տեսնել։
11 Ճիշդ է որ Գերագոյն Ծրագրողը եւ Օրէնսդիրը մեր բառացի աչքերով չենք կրնար տեսնել։ Բայց ձգողութեան, մագնիսականութեան, ելեկտրականութեան կամ ձայնասփիւռի ալիքներուն գոյութիւնը կ’ուրանա՞նք, պարզապէս անոր համար որ զանոնք չենք տեսներ։ Չենք ուրանար, քանի որ անոնց ազդեցութիւնը կրնանք նկատել։ Ուստի, ինչո՞ւ ուրանանք Գերագոյն Ծրագրողի ու Օրէնսդիրի մը գոյութիւնը, պարզապէս անոր համար որ չենք կրնար տեսնել զինք, երբ կրնանք նկատել իր ապշեցուցիչ գործերուն արդիւնքը։
12, 13. Իրողութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ Արարիչի մը գոյութեան մասին։
12 Փոլ Տէյվիս, բնագիտութեան ուսուցչապետ մը, կ’եզրակացնէ որ մարդուն գոյութիւնը պարզ արկածի մը հետեւանքը չէ։ Ան կը նշէ. «Իրապէս որոշուած էր մեր հոս գալը»։ Իսկ տիեզերքի մասին ան կ’ըսէ. «Իմ գիտական աշխատանքիս որպէս հետեւանք, հետզհետէ աւելի կը համոզուիմ որ ֆիզիքական տիեզերքը ա՛յնքան ապշեցուցիչ ճարտարութեամբ մը կազմուած է, որ չեմ կրնար զայն պարզապէս ընդունիլ որպէս անբանաւոր իրողութիւն մը։ Ինծի այնպէս կը թուի որ աւելի խոր բացատրութիւն մը պէտք է ըլլայ»։
13 Հետեւաբար, իրողութիւնները կը թելադրեն որ տիեզերքը՝ երկիրը եւ երկրի վրայի ապրող բաները դիպուածով չէին կրնար գոյանալ։ Անոնք լռելեայն կը վկայեն որ չափազանց մտացի, զօրաւոր Արարիչ մը գոյութիւն ունի։
Աստուածաշունչը Ի՛նչ կ’Ըսէ
14. Աստուածաշունչը Արարիչի մասին ի՞նչ եզրակացութեան կը յանգի։
14 Աստուածաշունչը՝ մարդկութեան հնագոյն մատեանը, նոյն եզրակացութեան կը յանգի։ Օրինակ, Պօղոսի կողմէ գրուած Աստուածաշունչի Եբրայեցիս գրքին մէջ ըսուած է. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 3։4) Յովհաննէս առաքեալի կողմէ գրուած Աստուածաշունչի վերջին գիրքն ալ կ’ըսէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։—Յայտնութիւն 4։10բ
15. Աստուծոյ կարգ մը յատկանիշները ի՞նչպէս կրնանք հասկնալ։
15 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ թէեւ չենք կրնար Աստուած տեսնել, բայց իր ինչպիսի Աստուած մը ըլլալը կրնանք հասկնալ իր շինած բաներով։ Անիկա կը նշէ. «[Արարիչին] աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը»։—Հռովմայեցիս 1։20
16. Ինչո՞ւ պէտք է ուրախ ըլլանք որ մարդիկ չեն կրնար Աստուած տեսնել։
16 Ուստի, Աստուածաշունչը արդիւնքէն՝ պատճառին կը տանի մեզ։ արդիւնքը՝ շինուած ահարկու բաները՝ մտացի, հզօր Պատճառի մը, Աստուծոյ մը, ապացոյցն են։ Երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ ան անտեսանելի է, քանի որ ամբողջ տիեզերքին Արարիչը ըլլալով, անկասկած այնքան հսկայական զօրութիւն մը ունենալու է, որ միսէ ու արիւնէ բաղկացած մարդիկ չեն կրնար զինք տեսնել ու ողջ մնալ։ Իսկ Աստուածաշունչը ճիշդ այս է որ կ’ըսէ. ‘Մարդ չի կրնար Աստուած տեսնել ու ապրիլ’։—17, 18. Արարիչի մը գաղափարը ինչո՞ւ կարեւոր պէտք է ըլլայ մեզի համար։
17 Մեծ Ծրագրողի մը, Գերագոյն Էութեան՝ Աստուծոյ մը գաղափարը շատ կարեւոր պէտք է ըլլայ մեզի համար։ Եթէ մենք Արարիչի մը կողմէ շինուած ենք, ուրեմն վստահաբար մեզ ստեղծելուն մէջ ան պատճառ մը, նպատակ մը ունեցած պէտք էր ըլլար։ Եթէ մենք կեանքի մէջ նպատակ մը ունենալու համար ստեղծուած ենք, ուրեմն պատճառ ունինք յուսալու որ ապագային ամէն բան պիտի շտկուի։ Ապա թէ ոչ, առանց յոյսի պիտի ապրինք ու՝ մեռնինք։ Ուստի, շա՛տ կարեւոր է որ մեզի համար Աստուծոյ ունեցած նպատակէն տեղեակ ըլլանք։ Անկէ ետք կրնանք որոշել թէ անոր համաձայն կ’ուզե՞նք ապրիլ թէ ոչ։
18 Աստուածաշունչը կը նշէ նաեւ որ Արարիչը սիրալիր Աստուած մըն է, որ իրապէս հետաքրքրուած է մեզմով։ Պետրոս առաքեալ նշեց. «Անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետրոս 5։7. տես նաեւ՝ Յովհաննու 3։16 եւ՝ Ա. Յովհաննու 4։8, 16) Աստուած մեզմով հետաքրքրուած ըլլալուն մէկ կերպն է նկատել թէ մտային եւ ֆիզիքական գետնի վրայ ան մեզ ո՛րքան սքանչելի կերպով շինած է։
«Զարմանալի Կերպով Ստեղծուեցայ»
19. Սաղմոսերգու Դաւիթ ի՞նչ ճշմարտութիւն կը յանձնէ մեր ուշադրութեան։
19 Աստուածաշունչին մէջ, սաղմոսերգու Դաւիթ ընդունեց. «Ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ»։ (Սաղմոս 139։14) Ասիկա վստահաբար շիտակ է, քանի որ մարդկային ուղեղը եւ մարմինը Գերագոյն Ծրագրողին կողմէ հոյակապ կերպով ծրագրուած են։
20. Համայնագիտարան մը ի՞նչպէս կը նկարագրէ մարդկային ուղեղը։
20 Օրինակ, ձեր ուղեղը որեւէ համակարգիչէ շատ աւելի բարդ է։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը կը նշէ. «Ջղային դրութեան մէջ տեղեկութեան փոխանցումը շատ աւելի բարդ է քան հեռաձայնային ամենամեծ փոխանակումները. խնդիրներ լուծելու մարդկային ուղեղին կարողութիւնը, ամենազօրաւոր համակարգիչներու կարողութենէն գերիվեր է»։
21. Երբ տեսնենք ուղեղին ըրածը, ի՞նչ եզրակացութեան կը յանգինք։
21 Հարիւր միլիոնաւոր իրողութիւններ եւ մտային պատկերներ ամբարուած են ձեր ուղեղին մէջ, բայց անիկա պարզապէս իրողութիւններու մթերանոց մը չէ։ Անով կրնաք սուլել, հաց եփել, օտար լեզուներ խօսիլ, համակարգիչ գործածել, կամ օդանաւ քշել։ Կրնաք երեւակայել թէ ձեր արձակուրդը ի՛նչպէս, կամ պտուղ մը որքան համեղ պիտի ըլլայ։ Կրնաք տարբեր բաներ վերլուծել եւ շինել։ Կրնաք նաեւ ծրագրել, գնահատել, սիրել եւ ձեր անցեալ, ներկայ եւ ապագայ խորհուրդները իրարու հետ կապել։ Քանի որ մենք՝ մարդիկս, չենք կրնար մարդկային հիասքանչ ուղեղին նման բան մը ծրագրել, ակներեւաբար, զայն Ծրագրողը ոեւէ անհատէ շատ աւելի մեծ իմաստութիւն եւ կարողութիւն ունենալու է։
22. Գիտնականներ ի՞նչ կ’ընդունին մարդկային ուղեղին մասին։
22 Ուղեղին նկատմամբ, գիտնականները կ’ընդունին. «Մեզի համար բաւական մութ է թէ այս բոլոր գործողութիւնները ի՛նչպէս կը կատարուին սքանչելիօրէն կաղապարուած, կանոնաւոր եւ արտակարգօրէն բարդ այս մեքենայի կտորին կողմէ։ . . . Մարդ արարածը բնա՛ւ չի կրնար լուծել ուղեղին ներկայացուցած բոլոր անջատ ու անհատական առեղծուածները»։ (Սայէնթիֆիք Ամէրիքըն) Իսկ բնագիտութեան ուսուցչապետ Ռէյմօ կ’ըսէ. «Շիտակը ըսելու համար, տակաւին
շատ բան չենք գիտեր թէ մարդկային ուղեղը ի՛նչպէս տեղեկութիւնը կ’ամբարէ, եւ ի՛նչպէս ուզած ժամանակ, յուշերը կը մտաբերէ։ . . . Ուղեղին մէջ շուրջ հարիւր միլիառ ջղային բջիջներ կան։ Իւրաքանչիւր բջիջ ծառանման կցորդութեան ցանցի միջոցաւ հաղորդակցութեան մէջ է միւս բջիջներուն հետ։ Փոխադարձ կապ հաստատելու կարելիութիւնները ապշեցուցիչ կերպով կնճռոտ են»։23, 24. Հոյակապօրէն ծրագրուած մարմնին կարգ մը մասերը թուեցէք. իսկ ճարտարագէտ մը ի՞նչ ըսաւ։
23 Ձեր աչքերը որեւէ լուսանկարչական մեքենայէ աւելի դիւրաթեք են. իրապէս անոնք ամբողջովին ինքնագործ, ինքնակեդրոն, գունաւոր՝ շարժուն–պատկերի մեքենայ մըն են։ Ձեր ականջները այլազան ձայներ կը լսեն եւ ձեզի ուղղութեան զգացում եւ հաւասարակշռութիւն կու տան։ Ձեր սիրտը ջրհան մըն է, այնպիսի կարողութիւններով որ լաւագոյն ճարտարագէտներն անգամ չեն կրցած նմանը շինել։ Մարմնի միւս մասերն ալ հոյակապ են. ձեր քիթը, լեզուն, եւ ձեռքերը, ինչպէս նաեւ՝ ձեր արեան եւ մարսողական դրութիւնները, քանի մը հատը յիշելու սիրոյն։
24 Անոր համար, մեծ համակարգիչ մը ծրագրելու եւ շինելու համար վարձուած ճարտարագէտ մը հետեւեալ կերպով տրամաբանեց. «Եթէ իմ համակարգիչս ծրագրող մը կը պահանջէ, որքան աւելի՝ բնա–քիմիա–կենսաբանական բարդ մեքենան, որ է իմ մարմինս՝ որ պարզապէս համարեա անհուն գոսմոս–ին չափազանց չնչին մէկ մասնիկն է»։
25, 26. Մեծ Ծրագրողը ի՞նչ պէտք է կարենայ ըսել մեզի։
25 Ճիշդ ինչպէս որ մարդիկ երբ օդանաւեր, համակարգիչներ, հեծանիւներ եւ ուրիշ գործիքներ կը շինեն, իրենց մտքին մէջ նպատակ մը ունին, մարդոց ուղեղը եւ մարմինը Ծրագրողն ալ մեզ ծրագրելուն մէջ նպատակ մը ունենալու էր։ Իսկ այս Ծրագրողը մարդոցմէ գերիվեր իմաստութեան տէր ըլլալու է, քանի որ ոեւէ մէկս չենք կրնար իր ծրագրած բաներուն նմանը շինել։ Ուստի, տրամաբանական է որ միայն Ինք կարենայ ըսել թէ մեզ ինչո՛ւ շինեց, ինչո՛ւ երկրին վրայ դրաւ եւ թէ՝ ո՛ւր կ’երթանք։
26 Երբ այս բաները գիտնանք, այն ատեն Աստուծոյ մեզի տուած հոյակապ ուղեղը եւ մարմինը կրնանք գործածել, կեանքի մէջ մեր նպատակը իրագործելու համար։ Բայց իր նպատակին մասին ո՞ւր կրնանք սորվիլ։ Ան այս տեղեկութիւնը ո՞ւր տուած է մեզի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 7]
Բանի մը ի՛նչի համար ծրագրուած ըլլալը գիտնալու լաւագոյն կերպն է զայն ծրագրողին հարցնել
[Նկար՝ էջ 8]
Ապրող նիւթերու բարդութիւնն ու ծրագրումը կրնայ տեսնուիլ ՏՆԷ–ի մասնիկին մէջ
[Նկար՝ էջ 9]
«Խնդիրներ լուծելու մարդկային ուղեղին կարողութիւնը, ամենազօրաւոր համակարգիչներու կարողութենէն գերիվեր է»