Քրիստոնեայ աշխարհը դաւաճանած է Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին
Հատուած 4
Քրիստոնեայ աշխարհը դաւաճանած է Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին
1, 2. Ինչո՞ւ ոմանք Աստուածաշունչին հանդէպ յարգանք չունին, բայց Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
1 Շատ երկիրներու մէջ մարդիկ Աստուածաշունչէն խուսափած են եւ անոր հանդէպ յարգանք չեն ունեցած, անոր հետեւիլ դաւանողներուն գէշ վարմունքին պատճառով։ Կարգ մը երկիրներու մէջ ըսուած է թէ Աստուածաշունչը գիրք մըն է որ պատերազմի կ’առաջնորդէ, թէ անիկա ճերմակամորթներուն գիրքն է, որ գաղթարարութիւնը կը քաջալերէ։ Բայց ասոնք սխալ տեսակէտներ են։
2 Աստուածաշունչը՝ որ Միջին Արեւելքի մէջ գրուած է, գաղութային պատերազմները եւ ագահ չարաշահութիւնը չի քաջալերեր, որոնք երկար ժամանակ Քրիստոնէութեան անուան ներքեւ կատարուած են։ Ճիշդ հակառակը, Աստուածաշունչ կարդալով եւ Յիսուսի կողմէ ուսուցուած ճշմարիտ Քրիստոնէութեան ուսուցումները սորվելով, պիտի տեսնէք որ անիկա ուղղակի կը դատապարտէ պատերազմը, անբարոյութիւնը եւ ուրիշները շահագործելը։ Ագահ մարդիկն են մեղադրելին, ոչ թէ՝ Աստուածաշունչը։ (Ա. Կորնթացիս 13։1-6. Յակոբու 4։1-3. 5։1-6. Ա. Յովհաննու 4։7, 8) Ուստի, թոյլ մի՛ տաք որ Աստուածաշունչի բարի խրատներուն հակառակ գործող անձնասէր անհատներու սխալ ընթացքը, անոր գանձերէն օգտուելէն ձեզ ետ պահէ։
3. Պատմական իրողութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան Քրիստոնեայ Աշխարհի մասին։
3 Աստուածաշունչին համաձայն չապրողներուն մէջ կը գտնուին Քրիստոնեայ Աշխարհի պատկանող ժողովուրդներ ու ազգեր։ «Քրիստոնեայ
Աշխարհ» ըսելով կը հասկնանք աշխարհի այն մասը, ուր Քրիստոնէութիւնը կը տիրէ։ Անիկա գլխաւորաբար Արեւմտեան աշխարհն է, իր եկեղեցական դրոյթներով, որ Հ.Դ. չորրորդ դարէն ի վեր գերակշիռ դարձաւ։ Քրիստոնեայ Աշխարհը դարերէ ի վեր Աստուածաշունչը ունի եւ անոր կղերները կը դաւանին որ զայն կը սորվեցնեն եւ թէ իրենք Աստուծոյ ներկայացուցիչներն են։ Բայց կղերներն ու Քրիստոնեայ Աշխարհի միսիոնարները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնե՞ն։ Արդեօք անոնց արարքները իրապէս Աստուած եւ Աստուածաշունչը կը ներկայացնե՞ն։ Արդեօք Քրիստոնէութիւնը իրապէս տիրակա՞ն է Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ։ Ո՛չ. չորրորդ դարուն անոր կրօնքը ուշագրաւ տեղ մը գրաւելէն ի վեր, Քրիստոնեայ Աշխարհը փաստացիօրէն Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին թշնամի մը եղած է։ Այո, պատմական իրողութիւնները ցոյց կու տան որ Քրիստոնեայ Աշխարհը դաւաճանած է Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին։Ոչ–Սուրբ Գրային Վարդապետութիւններ
4, 5. Եկեղեցիները սուրբ գրային չեղող ի՞նչ վարդապետութիւններ կը սորվեցնեն։
4 Քրիստոնեայ Աշխարհի հիմնական վարդապետութիւնները ո՛չ թէ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են, այլ՝ յունական, եգիպտական, բաբելոնական եւ ուրիշ հին առասպելներու վրայ։ Աստուածաշունչին մէջ չկան մարդկային հոգիի բնածին անմահութեան, դժոխքի յաւիտենական տանջանքի, քաւարանի եւ Երրորդութեան (երեք անձեր մէկ Աստուածութեան մէջ) նման ուսուցումներ։
5 Նկատի առէք, զոր օրինակ, այն ուսուցումը, ըստ որու գէշ մարդիկ յաւիտեան պիտի տանջուին կրակոտ դժոխքի մը մէջ։ Այս գաղափարին մասին ի՞նչ կը խորհիք։ Շատերու համար անիկա զզուելի է։ Անոնք անտրամաբանական կը գտնեն որ Աստուած յաւիտեան տանջէ մարդիկը անտանելի ցաւերով։ Այսպիսի ճիւաղային գաղափար մը Աստուածաշունչի Աստուծոյն հակառակ է, քանի որ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ որ այսպիսի ուսուցում մը Ամենակալ Աստուծոյ ‘մտքէն ալ անցած չէր’։—Երեմեայ 7։31. 19։5. 32։35
6. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը հերքէ անմահ հոգիի ուսուցումը։
6 Ներկայիս կրօնքներէն շատեր, մէջը ըլլալով Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները, կը սորվեցնեն որ մարդիկ անմահ հոգի մը ունին, որ մահուան ժամանակ երկինք կամ դժոխք կ’երթայ։ Ասիկա սուրբ գրային ուսուցում մը չէ։ Ճիշդ հակառակը, Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր . . . քանզի գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ (Ժողովողի 9։5, 10) Իսկ սաղմոսերգուն կը նշէ թէ մահուան ժամանակ մարդ «իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։—Սաղմոս 146։4
7. Ադամն ու Եւան Աստուծոյ օրէնքը բեկանելով ի՞նչ պատիժի արժանացան։
7 Յիշեցէք նաեւ որ երբ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ Ծննդոց 3։19) Հետեւաբար, հոգիի բնածին անմահութեան ուսուցումը Աստուածաշունչէն չէ, հապա Քրիստոնեայ Աշխարհը զայն փոխ առած է իրմէ առաջ ապրած ոչ–Քրիստոնեայ ժողովուրդներէն։
օրէնքը բեկանեցին, պատիժը անմահութիւն չէր։ Անիկա վարձատրութիւն մը պիտի ըլլար եւ ոչ թէ պատիժ։ Ընդհակառակը, անոնց ըսուեցաւ որ ‘գետին պիտի դառնային, ուրկէ առնուած էին’։ Աստուած շեշտակիօրէն ըսաւ Ադամի. «Քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (8. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը հերքէ Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութեան վարդապետութիւնը։
8 Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութեան վարդապետութիւնն ալ Աստուած կը ներկայացնէ որպէս երեք–մէկի–մէջ խորհրդաւոր Աստուած մը։ Բայց այս ուսուցումն ալ չի գտնուիր Աստուածաշունչին մէջ։ Օրինակ, Եսայեայ 40։25–ի մէջ Աստուած յստակօրէն կը նշէ. «Որո՞ւ կը նմանցնէք զիս, որ ես անոր հաւասար ըլլամ»։ Պատասխանը բացայայտ է. Ոեւէ մէկը չի կրնար իրեն հաւասարիլ։ Դարձեալ, Սաղմոս 83։18–ն պարզ կերպով կը նշէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։—Տես նաեւ՝ Եսայեայ 45։5. 46։9. Յովհաննու 5։19. 6։38. 7։16
9. Աստուածաշունչի ուսուցումներուն եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի ուսուցումներուն մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։
9 Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին Աստուածաշունչի ուսուցումը յստակ, դիւրըմբռնելի եւ տրամաբանական է։ Բայց Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն ուսուցումներուն պարագան նոյնը չէ։ Ընդհակառակը, անոնք Աստուածաշունչին կը հակասեն։
Անբարեպաշտ Արարքներ
10, 11. Աստուածաշունչի ուսուցումները ի՞նչ կերպերով Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն ըրածին հակառակը կը պահանջեն։
10 Սուտ վարդապետութիւններ սորվեցնելէ զատ, Քրիստոնեայ Աշխարհը իր արարքներով դաւաճանած է Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին։ Կղերներն ու եկեղեցիները ինչ որ ըրած են անցեալ դարերուն, ու կը շարունակեն ընել, հակառակ է Աստուածաշունչի Աստուծոյն պահանջներուն եւ Քրիստոնէութեան Հիմնադիրին՝ Յիսուս Քրիստոսի սորվեցուցած ու ըրած բաներուն։
11 Օրինակ, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ այս աշխարհի քաղաքական գործերուն միջամուխ չըլլան, ոչ ալ անոր պատերազմներուն մասնակցին։ Ան նաեւ անոնց սորվեցուց որ խաղաղասէր, օրինապահ, առանց որեւէ կանխադատողութեան իրենց նմանները սիրող ըլլան, եւ նոյնիսկ, ի պահանջեալ հարկին, իրենց կեանքը զոհեն եւ ոչ թէ ուրիշներուն կեանքը խլեն։—Յովհաննու 15։13. Գործք 10։34, 35. Ա. Յովհաննու 4։20, 21
12. Ըստ Յիսուսի, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ բանով պիտի բնորոշուէին։
12 Արդարեւ, Յիսուս սորվեցուց որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները կեղծ Քրիստոնեաներէն պիտի զատորոշուէին ուրիշներու հանդէպ իրենց ունեցած սիրով։ Ան իր հետեւորդները եղողներուն ըսաւ. «‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։34, 35. 15։12
13, 14. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները Աստուած չեն ներկայացներ։
13 Այսուհանդերձ, դարեր շարունակ, Քրիստոնեայ Ա. Յովհաննու 3։10-12, 15) Ուստի, թէեւ կղերներն ու անոնց հետեւորդները Քրիստոնէութիւն դաւանած են, բայց անոնք Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն հակասած են, որ իր հետեւորդներուն ըսած էր որ իրենց ‘սուրը տեղը դարձնեն’։—Մատթէոս 26։51, 52
Աշխարհի կղերները քաղաքականութեան խառնուած, եւ իրենց ազգերուն պատերազմներուն թիկունք կանգնած են։ Անոնք նոյնիսկ թիկունք կանգնած են Քրիստոնեայ Աշխարհի պատկան երկիրներու միջեւ մղուած պատերազմներուն, ինչպէս՝ Ի. դարու երկու աշխարհամարտերը։ Այս կռիւներուն մէջ երկու կողմի կղերները յաղթանակի համար աղօթեցին եւ նոյն կրօնքի պատկանող երկրի մը անդամները սպաննեցին ուրիշ երկրի մը անդամները։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ո՛չ թէ Աստուծոյ որդիները, այլ Սատանայի որդիներն են որ այսպէս կը վարուին։ (14 Դարեր շարունակ, եկեղեցիները համագործակցեցան Քրիստոնեայ Աշխարհի քաղաքական ուժերուն հետ, երբ այդ ազգերը կը յաղթէին, կը գերեվարէին, եւ կայսերապաշտական ժամանակաշրջաններուն ուրիշ ժողովուրդներ կը նուաստացնէին։ Դարերով այս էր պարագան Ափրիկէի մէջ։ Չինաստանն ալ ասկէ անցաւ, երբ Արեւմտեան ազգեր բռնութեամբ իրենց ազդեցութիւնը բանեցուցին, ինչպէս՝ Ափիոնի Պատերազմներուն եւ Բռունցքի Ապստամբութեան ընթացքին։
15. Քրիստոնեայ Աշխարհը ի՞նչ ոճիրներ գործած է։
15 Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները առաջնահերթ տեղը գրաւած են նաեւ պատմութեան Խաւար Դարեր կոչուած ժամանակաշրջանին, իրենց հետ անհամաձայն եղողները հալածելու, չարչարելու ու սպաննելու մէջ։ Հաւատաքննութեան ընթացքին, որ հարիւրաւոր տարիներ տեւեց, պարկեշտ ու անմեղ մարդոց դէմ չարչարանքի ու սպանութեան ճիւաղային արարքներ արտօնուեցան ու գործադրուեցան։ Այս ոճրագործներն էին կղերներն ու անոնց հետեւորդները, որոնք կը դաւանէին Քրիստոնեայ ըլլալ։ Անոնք նոյնիսկ ջանացին Աստուածաշունչը մէջտեղէն վերցնել, որպէսզի հասարակ ժողովուրդը զայն չկարենար կարդալ։
Քրիստոնեայ Չեն
16, 17. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ եկեղեցիները Քրիստոնեայ չեն։
16 Քրիստոնեայ Աշխարհի ազգերն ու եկեղեցիները Քրիստոնեայ չեն եղած ու տակաւին չե՛ն։ Անոնք Աստուծոյ ծառաները չեն։ Իր ներշնչեալ Խօսքը անոնց մասին կ’ըսէ. «Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալով եւ ամէն բարի գործի՝ անպիտան»։—Տիտոս 1։16
17 Յիսուս ըսաւ որ սուտ կրօնքը կրնանք ճանչնալ իր պտուղներէն՝ իր արտադրած բաներէն։ Ան ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ . . . Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։ Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։ Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։ Ուրեմն իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք [սուտ մարգարէները]»։—Մատթէոս 7։15-20
18. Քրիստոնեայ Աշխարհի ուսուցումներուն եւ արարքներուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։
18 Ուստի, իրենց սորվեցուցած եւ ըրած բաներով, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները ապացուցանած են որ Աստուածաշունչին հաւատալու եւ աստուածավախ ու Քրիստոնեայ ըլլալու իրենց դաւանութիւնը ստախօսութիւն մըն է։ Անոնք դաւաճանած են Աստուծոյ ու Աստուածաշունչին։ Այսպէս ընելով, անոնք միլիոնաւոր անհատներ զզուեցուցած են եւ պատճառ եղած են որ անոնք Գերագոյն Էակի մը հաւատալէն ետ կենան։
19. Քրիստոնեայ Աշխարհի թերացած ըլլալը կը նշանակէ՞ թէ Աստուած եւ Աստուածաշունչը ձախողած են։
19 Այսուհանդերձ, Քրիստոնեայ Աշխարհի, կղերներուն ու եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ անկէ դուրս եղող կրօնքներուն թերացած ըլլալը չի նշանակեր որ Աստուածաշունչը ձախողած է։ Ո՛չ ալ կը նշանակէ որ Աստուած ձախողած է։ Հապա, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Գերագոյն Էակ մը գոյութիւն ունի եւ ան հետաքրքրուած է մեզմով ու մեր ապագայով։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ ան ինչպէս պիտի վարձատրէ շիտակը ընելու եւ համայն երկրին մէջ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն տիրելու ցանկութիւն ունեցող պարկեշտ անհատները։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ Աստուած ինչո՛ւ արտօնած է չարութիւնն ու տառապանքը եւ թէ՝ ան երկիրը ի՛նչպէս պիտի մաքրէ անոնցմէ, որոնք իրենց ընկեր արարածին վնաս կը հասցնեն, ինչպէս նաեւ անոնցմէ, որոնք կը դաւանին իրեն ծառայել, բայց անոր մէջ կը թերանան։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Տանթէի «Դժոխքը»
[Նկարին աղբիւրը]
Doré’s illustration of Barrators—Giampolo for Dante’s Divine Comedy
[Նկար՝ էջ 17]
Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը
[Նկար՝ էջ 17]
Պրահմանական երրորդութիւնը
[Նկարին աղբիւրը]
Courtesy of The British Museum
[Նկար՝ էջ 17]
Եգիպտական երրորդութիւնը
[Նկարին աղբիւրը]
Museo Egizio, Turin
[Նկարներ՝ էջ 18]
Յիսուսի ուսուցումներուն հակառակը, երկու կողմերու կղերները պատերազմներուն թիկունք կանգնած են
[Նկարին աղբիւրը]
U.S. Army photo