Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գաղափարը մուտք կը գործէ արեւելեան կրօնքներէն ներս

Գաղափարը մուտք կը գործէ արեւելեան կրօնքներէն ներս

Գաղափարը մուտք կը գործէ արեւելեան կրօնքներէն ներս

«Մանկութենէս ի վեր երեւակայութիւնս սնուցանուած է հոգեփոխութեան գաղափարով։ Միշտ կը խորհէի որ հոգիի անմահութիւնը բոլորին կողմէ ընդունուած տիեզերական ճշմարտութիւն մըն է։ Ուստի, մեծապէս ապշեցայ, երբ սորվեցայ որ թէ՛ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի կարգ մը մտաւորականներ բուռն կերպով այս համոզումին դէմ խօսած էին։ Արդ, ինծի համար հետաքրքրական է գիտնալ թէ անմահութեան գաղափարը ի՛նչպէս մուտք գործեց Պրահմանականութեան մտայնութեան մէջ»։—ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԸ, ՈՐ ՀԻՆՏՈՒ ԿՐՕՆՔԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾՑԱԾ ԷՐ։

1. Տարբեր կրօնքներու մէջ հոգիի անմահութեան վարդապետութեան զարգացման ու տարածման մասին գիտութիւն ստանալը ինչո՞ւ կը հետաքրքրէ մեզ։

ՄԱՐԴՈՒՆ անմահ հոգի մը ունենալու գաղափարը ի՞նչպէս մուտք գործած է Պրահմանականութեան եւ Արեւելեան ուրիշ կրօնքներու մէջ։ Այս հարցը կը հետաքրքրէ նաեւ Արեւմուտքի բնակիչները, որոնց շատ ծանօթ չեն այս կրօնքները, որովհետեւ այս հաւատալիքը իւրաքանչիւր անհատի ապագայի հայեացքին վրայ ազդեցութիւն ունի։ Քանի որ ներկայիս շատ մը կրօնքներու մէջ մարդկային անմահութիւնը հասարակաց եզր մըն է, աւելի լաւ հասկացողութիւն եւ հաղորդակցութիւն կրնանք ունենալ, եթէ գիտնանք թէ այս գաղափարը ի՛նչպէս զարգացաւ։

2. Ինչո՞ւ Հնդկաստանը կրօնական ազդեցութեան յատկանշական աղբիւր մը եղած է Ասիոյ մէջ։

2 Բրիտանիոյ Լէնգէսթըրի Համալսարանի կրօնական ուսումնասիրութիւններու ուսուցչապետ Նինյըն Սմարթ դիտել կու տայ. «Ասիոյ մէջ կրօնական ազդեցութեան ամենակարեւոր կեդրոնը եղած է Հնդկաստանը։ Ասոր պատճառը միայն այն չէ որ Հնդկաստանէն ծագում առած են որոշ հաւատքներ՝ Պրահմանականութիւնը, Պուտտայականութիւնը, Ճէնականութիւնը, Սիխականութիւնը, եւայլն՝ այլ, ասոնցմէ մէկը, Պուտտայականութիւնը, խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Արեւելեան Ասիոյ գրեթէ ամբողջ մշակոյթին վրայ»։ Այս ազդեցութեան ներքեւ եղող շատ մը մշակոյթներ, «տակաւին Հնդկաստանը կը նկատեն իրենց հոգեւոր հայրենիքը», կ’ըսէ Հինտու ուսումնական Նիգիլանընտան։ Արդ, անմահութեան այս ուսուցումը ի՞նչպէս Հնդկաստանի եւ Ասիոյ մնացեալ մասերէն ներս արշաւեց։

Հոգեփոխութեան Պրահմանական Ուսուցումը

3. Պատմաբանի մը համաձայն, հոգիներու այլագաղթումի գաղափարը հաւանաբար որո՞նց կողմէ մուտք գործեց Հնդկաստանի մէջ։

3 Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, մինչ Յունաստանի մէջ Պիւթակորասը եւ իր հետեւորդները հոգիներու այլագաղթումի տեսութիւնը կը ջատագովէին, Հնդկաստանի մէջ, Ինդոս եւ Գանգէս գետերուն ափին բնակող Հինտու գիտուններ նոյն գաղափարը կը զարգացնէին։ Պատմաբան Արնոլտ Թոյնպիի համաձայն, այս հաւատալիքին միաժամանակ երեւան գալը «յունական եւ հնդկական աշխարհին մէջ՝ դժուար թէ պատահական ըլլար»։ Ան կը նշէ. «[Ազդեցութեան] հաւանական աղբիւրներէն մէկը Եւրասցի թափառական ընկերութիւնն է, որ Ք.Ա. 8–րդ եւ 7–րդ դարերուն իջած է Հնդկաստան, Հարաւ–Արեւմտեան Ասիա, Սեւ Ծովու հիւսիսային ծովափի երկայնքին գտնուող տափաստանային շրջանը, եւ Պալքանեան ու Անատոլէական թերակղզիները»։ Բացայայտօրէն, այս գաղթող Եւրասցի ցեղախումբերը այլագաղթումի գաղափարը իրենց հետ Հնդկաստան տարին։

4. Հոգիներու այլագաղթումի համոզումը ինչո՞ւ ախորժելի թուեցաւ Հինտու գիտուններուն։

4 Հնդկաստանի մէջ Պրահմանականութիւնը անկէ առաջ սկսած է, Հ.Դ.Ա. 1500–ի ատենները, Արիական ցեղին հասնելով։ Սկիզբէն իսկ, Պրահմանականութիւնը այն համոզումով էր որ հոգին մարմինէն տարբեր է եւ թէ մահուընէ ետք կը վերապրի։ Հետեւաբար, Հինտուները իրենց նախահայրերը կը պաշտէին եւ իրենց ննջեցեալներուն հոգիներուն համար կերակուր կը դնէին, որպէսզի ուտեն։ Դարեր ետք, երբ հոգիներու այլագաղթումի գաղափարը Հնդկաստան հասաւ, անիկա Հինտու գիտուններուն ախորժելի թուած ըլլալու էր, որոնք չարի եւ մարդկային տառապանքին նման տիեզերական հարցով կը մարտնչէին։ Ասիկա, այդպէս կոչուած Գարմայի՝ պատճառ եւ հետեւանք՝ օրէնքին միացնելով, Հինտու գիտուններ հոգեփոխութեան տեսութիւնը զարգացուցին, որով կեանքի մը մէջի արժանիքներն եւ սխալները, կը վարձատրուին կամ կը պատժուին, յաջորդ կեանքին մէջ։

5. Պրահմանականութեան համաձայն, հոգիներու վերջնագոյն նպատակակէտը ի՞նչ է։

5 Բայց ուրիշ գաղափար մըն ալ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Պրահմանականութեան հոգիի ուսուցման վրայ։ Կրօնքի եւ Բարոյագիտութեան Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Արդարեւ, այնպէս կը թուի թէ այլագաղթումի եւ գարմա–յի վարկածը կազմուած ժամանակ, կամ նոյնիսկ անկէ առաջ, ուրիշ գաղափար մը . . . աստիճանաբար կը զարգանար հիւսիսային Հնդկաստանի մէջ, մտաւորականներու պզտիկ շրջանակէ մը ներս. Պրահման–Աթման–ի [գերագոյն եւ յաւիտենական Պրահմանը, վերջնագոյն իրողութիւնը] փիլիսոփայական յղացումը»։ Այս գաղափարը շաղախուեցաւ հոգեփոխութեան վարկածով, սահմանելու համար Հինտուներու վերջնական նպատակակէտը. այլագաղթումի շրջանէն ազատագրուիլ, որպէսզի վերջնագոյն իրողութեան հետ մէկ ըլլան։ Հինտուներու համաձայն, ասիկա կ’իրագործուի ընկերային գետնի վրայ ընդունելի վարք մը եւ պրահմանական մասնայատուկ գիտութիւնը ունենալու ջանք թափելով։

6, 7. Արդի Պրահմանականութիւնը ի՞նչ կը հաւատայ Անդէնականին մասին։

6 Այս կերպով, Հինտու գիտունները հոգիի այլագաղթումի գաղափարը վերածեցին հոգեփոխութեան վարդապետութեան, անոր միացնելով Գարմայի օրէնքը եւ Պրահմանի գաղափարը։ Նոպէլեան մրցանակակիր, բանաստեղծ եւ Հնդկաստանի մօտ Մեքսիկայի նախկին դեսպան Օգթավիօ Փազ կը գրէ. «Պրահմանականութեան հետ գաղափար մըն ալ տարածուեցաւ . . . որ Պրահմանականութեան, Պուտտայականութեան եւ ասիական ուրիշ կրօնքներու առանցքը կը կազմէ. հոգեփոխութիւնը, որ յաջորդական գոյութիւններու մէջ՝ հոգիներու այլագաղթումն է»։

7 Հոգեփոխութեան վարդապետութիւնը ներկայ Պրահմանականութեան գլխաւոր յենարանն է։ Հինտու իմաստասէր Նիգիլանընտա կ’ըսէ. «Ամէն բարի Հինտուի մը համոզումն է որ անմահութեան հասնիլը միայն քանի մը ընտրեալներու վիճակուած առանձնաշնորհում մը չէ, այլ՝ բոլորին համար բնածին բան մը»։

Պուտտայականութեան Մէջ Վերածնունդի Շրջանը

8-10. (ա) Պուտտայականութիւնը ի՞նչպէս կը բացատրէ գոյացութիւն մը։ (բՊուտտայական ուսումնական մը ի՞նչպէս կը բացատրէ վերածնունդը։

8 Պուտտայականութիւնը Հնդկաստանի մէջ հիմնուեցաւ Հ.Դ.Ա. շուրջ 500 թուականին։ Պուտտայական աւանդութեան համաձայն, Պուտտայականութիւնը հիմնուած է Սիտհարթա Կոթամա կոչուող Հնդիկ իշխանի մը կողմէ, որ լուսաւորուելէ ետք ճանչցուեցաւ որպէս Պուտտա։ Քանի որ անիկա ծագում առած է Պրահմանականութենէ, անոր ուսուցումները որոշ չափով նման են Պրահմանականութեան։ Պուտտայականութեան համաձայն, մեր գոյութիւնը վերածնունդի ու մահուան յարատեւ շրջան մըն է, եւ ինչպէս Պրահմանականութիւն մէջ, ընթացիկ կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անհատի վիճակը, իր նախկին կեանքին արարքներէն կ’որոշուի։

9 Բայց Պուտտայականութիւնը գոյացութիւնը չի բացատրեր որպէս մահուընէ ետք վերապրող անձնական հոգի մը։ «[Պուտտան] մարդկային գոյութեան մէջ տեսաւ միայն հոգեկան վիճակներու ոչ–շարունակական վաղանցիկ շարքեր, որոնք իրարու կապուած են միայն ցանկութեամբ», դիտել տուաւ Արնոլտ Թոյնպի։ Սակայն, Պուտտան կը հաւատար որ բան մը՝ վիճակ մը կամ ոյժ մը՝ մէկ կեանքէն միւսին կ’անցնի։ Պուտտայական ուսումնական Տոքթ. Ուալփոլա Ռահուլ կը բացատրէ.

10 «Գոյութիւն մը պարզապէս ֆիզիքական եւ մտային ուժերու կամ կենսուժերու միացումն է։ Ինչ որ կը սահմանենք որպէս մահ, ֆիզիքական մարմնին ամբողջական անգործութիւնն է։ Այս բոլոր ուժերն եւ կենսուժերը միասնաբար կը դադարի՞ն մարմնին անգործունեայ դառնալով։ Պուտտայականութիւնը ‘Ո՛չ’ կ’ըսէ։ Գոյութիւն ունենալու, շարունակելու, կարելի եղածին չափ շատ կերպարներ առնելու փափաքը, կամեցողութիւնը, ցանկութիւնն ու ծարաւը, հսկայական ոյժ մըն է, որ ամբողջ կեանքեր, ամբողջ գոյութիւններ շարժման մէջ կը դնէ, որ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհը կը շարժէ։ Ասիկա աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող մեծագոյն ոյժը, մեծագոյն կենսուժն է։ Պուտտայականութեան համաձայն, այս ոյժը չի դադրիր մարմնի գործունէութիւնը կենալէ ետք, այսինքն մեռնելէ ետք. այլ՝ կը շարունակէ ինքզինք երեւան բերել տարբեր ձեւով, վերագոյակցութիւն մը յառաջ բերելով, որ կը կոչուի վերածնունդ»։

11. Անդէնականի մասին պուտտայական տեսակէտը ի՞նչ է։

11 Անդէնականութեան նկատմամբ պուտտայական տեսակէտը հետեւեալն է. Գոյութիւնը յաւիտենական է, ի բացառեալ երբ անհատը հասնի Նիրվանայի վերջնագոյն նպատակակէտին՝ վերածնունդներու շրջանէն ազատագրուելով։ Նիրվանան՝ ո՛չ յաւիտենական երանութեան, ոչ ալ վերջնագոյն իրողութեան հետ մէկ ըլլալու վիճակ մըն է, այլ՝ պարզապէս չգոյութեան վիճակ մը. անհատական գոյութենէն անդին եղող «մահազուրկ վայր» մը։ Ուէպսթըրի Իններորդ Քոլէճական Նոր Բառարան–ը (Անգլերէն) «Նիրվանան» կը սահմանէ որպէս «հոգածութեան, ցաւի կամ դուրսի իրողութիւններու մոռացութեան վայր մը, կամ վիճակ մը»։ Փոխանակ անմահութիւն փնտռելու, Պուտտայականները կը քաջալերուին Նիրվանա հասնելով, անկէ անդին անցնիլ։

12-14. Պուտտայականութեան տարբեր ձեւեր ի՞նչպէս կը հաղորդեն անմահութեան գաղափարը։

12 Մինչ Պուտտայականութիւնը Ասիոյ տարբեր մասերը տարածուեցաւ, անիկա իր ուսուցումները բարեփոխեց, որպէսզի տեղւոյն հաւատալիքներուն յարմարի։ Օրինակ, Մահայանա Պուտտայականութիւնը, որ Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ տիրական եղող ձեւ մըն է, երկնային պոտհիսաթվաներու, կամ ապագացու Պուտտաներու կը հաւատայ։ Պոտհիսաթվաները Նիրվանա մուտքը կը յետաձգեն, որպէսզի անհամար վերածնունդներ ունենալով ուրիշներու ծառայեն ու անոնց օգնեն Նիրվանա հասնելու։ Այս կերպով, անհատ մը Նիրվանա հասնելէ ետք իսկ կրնայ ընտրել վերածնունդի շրջանը շարունակել։

13 Մասնաւորաբար Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ ազդու եղող ուրիշ վերաճշդում մը, Արեւմուտքի Մաքուր Երկրի մը վարդապետութիւնն է, որ ստեղծուած է Ամիթապ կամ Ամիտա Պուտտայի կողմէ։ Պուտտայի անունը հաւատքով կանչողները Մաքուր Երկրին կամ դրախտին մէջ կը վերածնին, ուր վիճակները աւելի նպաստաւոր են վերջնագոյն լուսաւորութեան հասնելու համար։ Այս ուսուցումէն ի՞նչ յառաջ եկած է։ Նախապէս մէջբերուած Սմարթ ուսուցչապետը կը բացատրէ. «Բնականաբար, ժողովուրդին երեւակայութեան մէջ Նիրվանային տեղը առաւ դրախտին սքանչելիքները, որ վառ կերպով բնութագրուած է Մահայանա կարգ մը գրութիւններու մէջ, որպէս գերագոյն նպատակակէտ»։

14 Թիպէդական Պուտտայականութիւնը ուրիշ տեղական հաւատալիքներ ներմուծած է։ Օրինակ, Թիպէդական մեռելներու գիրքը, վերածնունդէ առաջ անհատի մը միջանկեալ ճակատագիրը կը նկարագրէ։ Կ’ըսուի որ մեռելները վերջնագոյն իրողութեան պայծառ լոյսին կը ցուցադրուին եւ անոնք որ չեն կրնար լոյսը տանիլ, չեն ազատագրուիր, այլ՝ կը վերածնին։ Շատ որոշ կերպով, Պուտտայականութիւնը իր տարբեր ձեւերով անմահութեան գաղափարը կը փոխանցէ։

Ճափոնական Շինթոյականութեան Մէջ Նախահայրերու Պաշտամունքը

15-17. (ա) Շինթոյականութեան մէջ նախահայրերու հոգիներուն պաշտամունքը ի՞նչպէս զարգացաւ։ (բՇինթոյականութեան մէջ հոգիի անմահութեան գաղափարը ի՞նչպէս հիմնական է։

15 Հ.Դ. վեցերորդ դարուն Պուտտայականութեան գալէն առաջ, Ճափոնի մէջ կրօնք գոյութիւն ունէր։ Անիկա անանուն կրօնք մըն էր եւ՝ բարոյականի ու մարդոց սովորութիւններուն հետ առնչուող հաւատալիքներէ բաղկացած։ Սակայն, Պուտտայականութիւնը մուտք գործելով, ճափոնական կրօնքը այս օտար կրօնքէն զանազանելու կարիքը տեսնուեցաւ։ Այս կերպով «Շինթօ» անուանակոչումը ծագում առաւ, որ կը նշանակէ՝ «աստուածներու ճամբան»։

16 Նախնական Շինթոյականութիւնը Անդէնականի մասին ի՞նչ համոզում ունէր։ Ճափոնի Գոտանշա Համայնագիտարան–ին համաձայն, ճախճախուտ կամ խոնաւ հողի վրայ բրինձի մշակութեան ձեռնարկումով, «խոնաւ հողի հողագործութիւնը լաւ կազմակերպուած եւ կայուն համայնքներ կը պահանջէր, իսկ հետագային Շինթոյականութեան մէջ, մեծ դեր խաղցող հողագործական արարողութիւններ զարգացան»։ Մեկնող հոգիներու վախը այդ վաղեմի ժողովուրդները մղեց որ զանոնք հանգստացնելու համար արարողութիւններ հնարեն։ Ասկէ յառաջ եկաւ նախահայրերու հոգիները պաշտելու սովորութիւնը։

17 Շինթոյականութեան համաձայն, «մեկնող» հոգին տակաւին իր անձնաւորութիւնը ունի, բայց մահուամբ արատաւորուած է։ Երբ սիրելի մը կորսնցնողը յիշատակի արարողութիւններ ընէ, հոգին այն աստիճան կը մաքրուի որ իր վրայէն ամէն չարութիւն կը վերցուի եւ խաղաղ ու բարեսէր նկարագիր մը կը ստանայ։ Ժամանակի ընթացքին, նախահայրերու հոգին կը բարձրանայ մինչեւ նախահայրերու աստուածութեան կամ պահապանի դիրքի։ Քանի որ անիկա Պուտտայականութեան հետ կը գոյակցէր, Շինթոյականութիւնը անկէ կարգ մը ուսուցումներ ներմուծեց, մէջը ըլլալով դրախտի վարդապետութիւնը։ Այսպիսով կը տեսնենք որ անմահութեան գաղափարը Շինթոյականութեան մէջ ալ հիմնական է։

Անմահութիւնը՝ Թաոյականութեան Մէջ. Նախահայրերու Պաշտամունքը՝ Կոնփիւկիոսականութեան Մէջ

18. Թաոյականները ի՞նչ կը խորհին անմահութեան մասին։

18 Թաոյականութիւնը հիմնուած է Լաօ–Ձէիի կողմէ, որ կը կարծուի թէ Չինաստանի մէջ ապրած է Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն։ Թաոյականութեան համաձայն, կեանքի նպատակակէտն է մարդկային գործունէութիւնները ներդաշնակել Թաոյին՝ բնութեան ուղեցոյցին՝ հետ։ Անմահութեան շուրջ Թաոյականութեան գաղափարը հետեւեալ կերպով կարելի է ամփոփել. Թաոն տիեզերքի կառավարող սկզբունքն է։ Ան սկիզբ ու վախճան չունի։ Թաոյի հետ ներդաշնակ ապրելով, անհատ մը անոր մասնակից ու յաւիտենական կ’ըլլայ։

19-21. Թաոյականներու ենթադրութիւնները ի՞նչ ջանքերու առաջնորդեցին։

19 Բնութեան հետ միացած ըլլալու իրենց փորձերով, Թաոյականները ժամանակի ընթացքին մասնաւորաբար հետաքրքրուեցան անոր յաւիտենականութեամբ եւ առաձգականութեամբ։ Անոնք ենթադրեցին որ թերեւս Թաոյի՝ կամ բնութեան ուղեցոյցին՝ հետ ներդաշնակ ապրելով, անհատ մը բնութեան գաղտնիքներուն կը թափանցէ ու զերծ կը մնայ ֆիզիքական վնասներէ, ախտերէ եւ նոյնիսկ մահուընէ։

20 Թաոյականները սկսան փորձել՝ խորհրդածութիւնը, շնչառական մարզանքները եւ սննդականոնը, ենթադրելով թէ ասոնք մարմնին քայքայումը եւ մահը կրնային ուշացնել։ Շուտով սկսան առասպելներ շրջագայիլ անմահներու մասին, որոնք ամպերու վրայ կը թռչին եւ իրենց ուզած ժամանակ կ’երեւան կամ կ’անյայտանան եւ որոնք սրբազան լեռներու կամ հեռաւոր կղզիներու վրայ կ’ապրին անհամար տարիներէ ի վեր, ցօղով կամ կախարդական պտուղներով սնուցանուելով։ Չինական պատմութիւնը կը տեղեկագրէ թէ Հ.Դ.Ա. 219–ին, Չին Շի Հուանկ Թի կայսրը, 3,000 տղաք ու աղջիկներ պարունակող նաւախումբ մը ղրկեց, որպէսզի Փէնկ–լայի առասպելական կղզին՝ անմահներու բնակարանը՝ գտնեն, ետ բերել տալու համար անմահութեան խոտը։ Պէտք չկայ ըսելու որ անոնք առանց կենսաջուրին վերադարձան։

21 Յաւիտենական կեանքի փնտռտուքը Թաոյականները առաջնորդեց որ ալքիմիայի միջոցաւ անմահութեան դեղահատերու պատրաստութեամբ զբաղին։ Թաոյականներու համաձայն, կեանքը արդիւնքն է իրար հակադրող յին եւ յանկ (իգական եւ արական) ուժերու միացումին։ Ուստի, կապարը (մութ գոյն, կամ յինը) եւ սնդիկը (բաց գոյն, կամ յանկը) իրար խառնելով, ալքիմիկոսները կ’ընդօրինակէին բնութեան գործընթացը եւ կը խորհէին որ արդիւնքը պիտի ըլլար անմահութեան դեղահատ մը։

22. Չինական կրօնական կեանքին վրայ Պուտտայականներու ազդեցութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

22 Հ.Դ. եօթներորդ դարուն, Պուտտայականութիւնը չինական կրօնական կեանքէն ներս խուժեց։ Հետեւանքը եղաւ Պուտտայականութեան, ոգեհարցութեան եւ նախահայրերու պաշտամունքի տարրերուն միաձուլումը։ Սմարթ ուսուցչապետը կ’ըսէ. «Թէ՛ Պուտտայականութիւնը եւ թէ Թաոյականութիւնը անդէնականի մասին հաւատալիքներու կերպար ու ձեւ տուին, որոնք բաւական տարտամ էին վաղեմի չինական նախահայրերու պաշտամունքի դրութեան մէջ»։

23. Նախահայրերու պաշտամունքին նկատմամբ Կոնփիւկիոսի դիրքը ի՞նչ էր։

23 Կոնփիւկիոս՝ որ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն Չինաստանի կարկառուն ուրիշ մէկ գիտունն էր, որու փիլիսոփայութիւնը Կոնփիւկիոսականութեան հիմը կազմեց՝ շատ բան չխօսեցաւ Անդէնականի մասին։ Այլ, ան շեշտ դրաւ բարոյական բարութեան եւ ընկերային գետնի վրայ ընդունելի վարք մը ունենալու վրայ։ Սակայն, նախահայրերու պաշտամունքին նկատմամբ նպաստաւոր դիրք մը ունէր եւ մեծ շեշտ դրաւ մեկնող նախահայրերու հոգիներուն հետ առնչուած ծէսերու ու արարողութիւններու վրայ։

Արեւելեան Ուրիշ Կրօնքներ

24. Ճէնականութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ հոգիի մասին։

24 Ճէնականութիւնը Հնդկաստանի մէջ հաստատուեցաւ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն։ Անոր հիմնադիրը՝ Մէհավիրէ՝ սորվեցուց որ բոլոր ապրող բաները յաւիտենական հոգի ունին եւ թէ Գարմայի կապանքներէն հոգիներուն փրկութիւնը կարելի է միայն ծայր աստիճան ինքնամերժութեամբ եւ ինքնակրթութեամբ եւ բոլոր արարածներուն հանդէպ անվայրագ վարմունքի անթեք կիրարկումով։ Ճէնականները այս հաւատալիքներուն կառչած մնացած են մինչեւ օրս։

25, 26. Պրահմանական ի՞նչ հաւատալիքներ կը գտնենք նաեւ Սիխականութեան մէջ։

25 Հնդկաստանը՝ Սիխականութեան ալ օրրանն է, որու կը հետեւին շուրջ 19 միլիոն անհատներ։ Այս կրօնքը սկսաւ ԺԶ. դարուն, երբ Կուրու Նանագը որոշեց Պրահմանականութեան եւ Իսլամութեան լաւագոյն մասերը միաձուլելով միացեալ կրօնք մը հիմնել։ Սիխականութիւնը՝ հոգիի անմահութեան, հոգեփոխութեան եւ Գարմայի պրահմանական հաւատալիքները որդեգրեց։

26 Ուստի յստակ է թէ մարմնին մեռնելէն ետք կեանքի գոյատեւման հաւատալը Արեւելեան շատ մը կրօնքներու անբաժան մէկ մասն է։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Քրիստոնեայ Աշխարհի, Հրէականութեան եւ Իսլամութեան մասին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Քարտէս՝ էջ 10]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻԱ

ՔԱՇՄԻՐ

ԹԻՊԷԴ

ՉԻՆԱՍՏԱՆ

ՔՈՐԷԱ

ՃԱՓՈՆ

Պէնարէս

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

Պուտ Կէիա

ՄԻԱՆՄԱՐ

ԹԱՅԼԱՆՏ

ԳԱՄՊՈՏԻԱ

ՍՐԻ ԼԱՆՔԱ

ՃԱՎԱ

Հ.Դ.Ա. ԵՐՐՈՐԴ ԴԱՐ

Հ.Դ.Ա. ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐ

Հ.Դ. ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐ

Հ.Դ. ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՐ

Հ.Դ. ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԴԱՐ

Հ.Դ. ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԴԱՐ

Պուտտայականութիւնը Ասիոյ ամբողջ արեւելքի վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ

[Նկար՝ էջ 9]

Հոգեփոխութիւնը՝ Պրահմանականութեան գլխաւոր յենարանն է

[Նկար՝ էջ 11]

Բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելով, Թաոյականները կը ջանան յաւիտենական ըլլալ

[Նկար՝ էջ 12]

Կոնփիւկիոս նախահայրերու պաշտամունքին նկատմամբ նպաստաւոր դիրք մը ունէր