Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ կը մեռնինք

Ինչո՞ւ կը մեռնինք

Ինչո՞ւ կը մեռնինք

«Բոլոր բլրագագաթները հանդարտ են հիմա, ծառերու բոլոր կատարներէն հազիւ շնչառութիւն կը լսուի. թռչունները կը նիրհեն ծառերուն մէջ. սպասէ՜. ասոնց նման շուտով դո՛ւն ալ պիտի հանգչիս»։—ՃՈԱՆ ՈՒՈՖԿԱՆԿ ՎՈՆ ԿԷՕԹԸ, ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ։

1, 2. (ա) Մարդիկ ի՞նչ տենչով ստեղծուած էին։ (բՄարդկային առաջին զոյգը ի՞նչպիսի կեանք մը կը վայելէր։

ԱՍՏՈՒԱԾ մարդիկը ստեղծեց յաւիտեան ապրելու տենչով։ Իրապէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ան «յաւիտենականութիւնը դրել է նորանց սրտումը»։ (Ժողովողի 3։11, Արարատ) Բայց Աստուած մարդոց միայն յաւիտեան ապրելու ցանկութիւնը տալով չէ բաւականացած։ Այլ, զայն իրականացնելու պատեհութիւնն ալ տուած է։

2 Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան՝ կատարեալ ստեղծուած էին, առանց մտային կամ մարմնային թերութեան։ (Բ. Օրինաց 32։4) Երեւակայեցէ՜ք. անոնք ստեղծուած էին առանց երկարատեւ ցաւերու, առանց կրծող վախերու կամ մտահոգութիւններու։ Ասկէ զատ, Աստուած զանոնք դրաւ սիրուն դրախտ բնակարանի մը մէջ։ Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդը յաւիտեան ապրէր եւ ժամանակի ընթացքին երկիրը լեցնէր կատարեալ սերունդով մը։ (Ծննդոց 1։31. 2։15) Արդ, ինչո՞ւ կը մեռնինք։

Անհնազանդութիւնը Մահուան Առաջնորդեց

3. Ադամի ու Եւայի յաւիտենական կեանքը ի՞նչ բանէն կախեալ էր։

3 Աստուած Ադամի պատուիրեց. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Ուստի, Ադամի ու Եւային յաւիտենական կեանքը պայմանաւոր էր. անիկա Աստուծոյ հանդէպ իրենց հնազանդութենէն կախեալ էր։

4. Երբ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, անոնք Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու ակնկալութիւնը ինչո՞ւ կորսնցուցին։

4 Դժբախտաբար սակայն, Ադամն ու Եւան Աստուծոյ օրէնքին հանդէպ անհնազանդ գտնուեցան։ (Ծննդոց 3։1-6) Այսպէս վարուելով, մեղաւորներ եղան, քանի որ «մեղքը անօրէնութիւն է»։ (Ա. Յովհաննու 3։4) Որպէս հետեւանք Ադամն ու Եւան կորսնցուցին յաւիտենական կեանքի հեռանկարը։ Ինչո՞ւ։ «Քանզի մեղքին վարձքը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Ուստի, երբ Ադամի ու Եւայի վրայ դատավճիռ կ’արձակէր, Աստուած ըսաւ. «Հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ Անկէ ետք, մեր առաջին ծնողները վտարուեցան իրենց դրախտային բնակարանէն։ Իրենց մեղանչած օրէն սկսեալ, Ադամն ու Եւան դանդաղ՝ բայց հաստատ՝ քայլերով դէպի մահ ընթացան։—Ծննդոց 3։19, 23, 24

«Բոլոր Մարդոց Վրայ Տարածուեցաւ Մահը»

5. Մահը ի՞նչպէս տարածուեցաւ մարդկային ամբողջ ընտանիքին վրայ։

5 Արդ, Ադամի եւ Եւայի ծիներուն մէջ մեղքը խոր կերպով դրոշմուեցաւ։ Հետեւաբար, այլեւս չէին կրնար կատարեալ սերունդ յառաջ բերել, ինչպէս որ կարելի չէ անկատար կաղապարէ մը կատարեալ բան սպասել։ (Յոբայ 14։4) Արդարեւ, իւրաքանչիւր մարդ արարածի ծնունդը կը հաստատէ որ մեր առաջին ծնողքը թէ՛ իրենք իրենց եւ թէ իրենց սերունդին համար կորսնցուցին կատարեալ առողջութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12. բաղդատել՝ Սաղմոս 51։5։

6. Ինչո՞ւ կը մեռնինք։

6 Ներկայիս գիտնականներ ճշգրտօրէն չեն գիտեր թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը ծերանան ու կը մեռնին։ Բայց Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ մեր առաջին ծնողքէն մեղքը ժառանգած ըլլալով՝ կը մեռնինք։ Ուստի, երբ մեռնինք, ի՞նչ կը պատահի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]