Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգիի անմահութիւն. վարդապետութեան ծնունդը

Հոգիի անմահութիւն. վարդապետութեան ծնունդը

Հոգիի անմահութիւն. վարդապետութեան ծնունդը

«Իր հոգեկան կեանքին հետ առնչուող ուրիշ ո՛չ մէկ նիւթ մարդուն միտքը այնքան պատած է, որքան մահուընէ ետք իր վիճակը»։—«ԿՐՕՆՔԻ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆ»։

1-3. Սոկրատ եւ Պղատոն հոգիի անմահութեան գաղափարը ի՞նչպէս ջատագովեցին։

ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ուսումնական եւ ուսուցիչ մը անպատկառութեամբ եւ իր ուսուցումով անչափահասներուն մտքերը ապականելու յանցանքով ամբաստանուած է։ Թէեւ ան դատի ժամանակ ճարտար կերպով ինքզինք պաշտպանեց, բայց կանխակալ կարծիք ունեցող դատական կազմը զինք յանցաւոր հանեց եւ մահուան դատապարտեց։ Իր դատապարտութենէն քանի մը ժամ առաջ, այս տարեց ուսուցիչը իր աշակերտները իր շուրջ հաւաքեց եւ շարք մը պատճառաբանութիւններ տուաւ հաստատելու համար որ հոգին անմահ է եւ թէ մահը բան մը չէ, որմէ պէտք է վախնալ։

2 Այս դատապարտուած մարդը՝ Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն ապրած Յոյն իմաստասէր Սոկրատն էր։ * Անոր աշակերտը՝ Պղատոն՝ այս դէպքերը արձանագրեց իր Էբոլոճի եւ Ֆէօտօ քննասիրութիւններուն մէջ։ Սոկրատ եւ Պղատոն հոգիի անմահութեան գաղափարին առաջին ջատագովներէն նկատուած են։ Բայց այս ուսուցումին ծնունդ տուողները իրենք չէին։

3 Ինչպէս պիտի տեսնենք, հոգիի անմահութեան գաղափարին ծագումը, անկէ շա՜տ առաջ էր։ Բայց, Սոկրատ եւ Պղատոն այս միտքը զարդարեցին եւ փիլիսոփայական ուսուցում մը դարձուցին, իրենց օրուան եւ անկէ ետք զարգացած դասակարգերուն աւելի գրաւիչ դարձնելով զայն։

Պիւթակորասէն՝ Բուրգերը

4. Սոկրատէն առաջ, Յոյները ի՞նչ կարծիք ունէին Անդէնականին մասին։

4 Սոկրատէն եւ Պղատոնէն առաջ ապրող Յոյներն ալ կը հաւատային որ մահուընէ ետք հոգին կ’ապրի։ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն ապրած համբաւաւոր մաթեմատիկոս Պիւթակորաս պաշտպանեց այն գաղափարը թէ հոգին անմահ է եւ՝ այլագաղթումի ենթակայ։ Անկէ առաջ, Մելիտոսի Թալէզը՝ որ կը կարծուի թէ Յոյն ամենահին իմաստասէրն է՝ կը խորհէր որ ոչ միայն մարդոց, անասուններուն եւ բոյսերուն մէջ անմահ հոգի մը գոյութիւն ունի, այլ նաեւ՝ մագնիսի նման իրերու մէջ, քանի որ անիկա կրնայ երկաթը շարժել։ Վաղեմի Յոյները կը դաւանէին որ մեռելներու հոգիները Սթիգս գետին վրայէն նաւարկուելով, ստորերկրեայ աշխարհ կոչուած ոլորտի մը մէջ կը բերուին։ Հոն, դատաւորները հոգիները կը ղրկեն կամ՝ բարձր պատեր ունեցող բանտի մը մէջ տանջուելու, կամ՝ Էլիզիում–ին մէջ երանաւէտ կեանք մը վարելու։

5, 6. Պարսիկները ի՞նչպէս կը նկատէին հոգին։

5 Դէպի արեւելք, Իրանի՝ կամ Պարսկաստանի՝ մէջ, Զրադաշտ կոչուող մարգարէ մը երեւան եկաւ Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն։ Ան պաշտամունքի կերպ մը ներկայացուց, որ ճանչցուեցաւ որպէս Զրադաշտականութիւն։ Ասիկա Պարսկական Կայսրութեան կրօնքը դարձաւ, որ Յունաստանէն առաջ գլխաւոր պետութիւնն էր։ Զրադաշտական սուրբ գրութիւնները կըսէին. «Անմահութեան մէջ, Արդարին հոգին միշտ Ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ, բայց Ստախօսին հոգին վստահաբար տանջանքի մէջ պիտի ըլլայ։ Իսկ այս Օրէնքները Ահուրա Մազտան [«իմաստուն աստուած մը»] հրամայեց Իր գերիշխան հեղինակութեամբ»։

6 Հոգիի անմահութեան ուսուցումը նախազրադաշտական Իրանեան կրօնքին մէջ արդէն գոյութիւն ունէր։ Իրանի հին ցեղախումբերը, զոր օրինակ, մեկնողներուն հոգիներուն հոգ կը տանէին, անոնց ուտելիք եւ հագուելիք մատուցանելով, ստորերկրեայ աշխարհին մէջ անոնց օգտակար ըլլալու համար։

7, 8. Նախկին Եգիպտացիները մարմինին մահուընէ ետք հոգիի վերապրումի մասին ի՞նչ կը հաւատային։

7 Մահուընէ ետք կեանքի հաւատալը եգիպտական կրօնքին ալ կորիզը կը կազմէր։ Եգիպտացիները կը հաւատային որ մեռած անհատի մը հոգին պիտի դատուի Օզիրիսին կողմէ, որ ստորերկրեայ աշխարհին գլխաւոր չաստուածն էր։ Օրինակ, Հ.Դ.Ա. 14–րդ դարէն նկատուող պապիրոսէ փաստաթուղթ մը ցոյց կու տայ որ Անյուպիսը՝ մեռելներու չաստուածը՝ Հիւնեֆէր դպիրին հոգին կ’առաջնորդէ Օզիրիսին դիմաց։ Կշիռքին վրայ, դպիրին խիղճը ներկայացնող սիրտը կը կշռուի, ճշմարտութեան եւ արդարութեան չաստուածուհիին գլխուն վրայի փետուրով։ Իսկ ուրիշ չաստուած մը՝ Թոթ՝ արդիւնքը կ’արձանագրէ։ Քանի որ Հիւնեֆէրին սիրտը յանցանքով ծանրաբեռնուած չէ, անիկա փետուրէն նուազ կը կշռէ եւ անոր կը թոյլատրուի Օզիրիսի բնագաւառին մէջ մտնել եւ անմահութիւն ստանալ։ Պապիրոսը նաեւ ցոյց կու տար իգական սեռի պատկանող հրէշ մը, որ կշիռքի կողքին կայնած է, պատրաստ՝ լափելու մեռած անհատը, եթէ անոր սիրտը փորձէն չկարենայ անցնիլ։ Եգիպտացիները իրենց մեռելները կը զմռսէին եւ փարաւոններու մարմինները հսկայական բուրգերու մէջ կը պահէին, քանի որ կը հաւատային որ հոգիին վերապրումը մարմնին լաւ պահպանումէն կախեալ է։

8 Հետեւաբար, վաղեմի զանազան քաղաքակրթութիւններ հասարակաց ուսուցում մը ունէին, որ էր՝ հոգիի անմահութիւնը։ Արդեօք անոնք այս ուսուցումը նո՞յն աղբիւրէն ստացան։

Մեկնակէտը

9. Ո՞ր կրօնքը իր ազդեցութիւնը բանեցուց վաղեմի Եգիպտոսի, Պարսկաստանի եւ Յունաստանի վրայ։

9 Բաբելոնի եւ Ասորեստանի Կրօնքը գիրքը կ’ըսէ. «Վաղեմի աշխարհին մէջ, Եգիպտոս, Պարսկաստան եւ Յունաստան, բաբելոնական կրօնքին ազդեցութիւնը զգացին»։ Այս գիրքը կը շարունակէ ըսել. «Եգիպտոսի եւ Բաբելոնի միջեւ սկիզբէն իսկ եղած շփման ի տես, ինչպէս կը յայտնուի Էլ–Ամառնա սալիկներէն, վստահաբար բազմաթիւ առիթներով եգիպտական աղանդներուն մէջ բաբելոնական տեսակէտներ եւ սովորութիւններ սպրդեցան։ Պարսկաստանի մէջ, Միթրայի աղանդը կը յայտնէ թէ բաբելոնական համոզումներու անվրէպ ազդեցութիւն մը եղած է։ . . . Յունական դիցաբանութեան եւ աղանդներուն մէջ սեմական ուսուցումներու զօրաւոր խառնուրդի մը գոյութիւնը այնքան ընդհանրական կերպով ընդունուած է ուսումնականներու կողմէ, որ յաւելեալ մեկնութիւն չի պահանջուիր։ Այս սեմական ուսուցումները մեծաւ մասամբ գլխաւորաբար բաբելոնական են»։ *

10, 11. Մահուընէ ետք կեանքի մասին Բաբելոնացիներու տեսակէտը ի՞նչ էր։

10 Սակայն, մահուընէ ետք պատահած բաներուն մասին բաբելոնական տեսութիւնը մեծապէս տարբեր չէ՞ եգիպտական, պարսկական եւ յունական տեսակէտներէն։ Բաբելոնացիներուն պարագային, զոր օրինակ, նկատի առէք Կիլկամէշի Դիւցազներգութիւնը։ Անոր տարեց հերոսը, Կիլկամէշը, մահուան իրողութեամբ տագնապած, անմահութիւնը փնտռելու կ’ելլէ, բայց չի գտներ զայն։ Իր ճամբորդութեան ընթացքին մատռուակուհիի մը կը հանդիպի, որ զինք կը քաջալերէ իր կեանքէն լաւագոյնս օգտուիլ, քանի որ իր փնտռած անվերջ կեանքը պիտի չգտնէ։ Այս դիւցազներգութեան միտք բանին այդ է որ մահը անխուսափելի է, իսկ անմահութեան յոյսը՝ պատրանք։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Բաբելոնացիները Անդէնականին չէին հաւատար։

11 Փէնսիլվանիոյ Համալսարանէն Մորիս Ճէսթրօ Կր. ուսուցչապետը, գրեց. «Ո՛չ ժողովուրդը եւ ոչ ալ [Բաբելոնիայի] կրօնական մտքի առաջնորդները դիմագրաւած են ժամանակ մը գոյութիւն ունեցող բանի մը ամբողջական բնաջնջումի հաւանականութիւնը։ [Անոնց տեսակէտով] մահը ուրիշ տեսակ կեանքի մը անցնելու կերպ մըն էր, իսկ անմահութեան հերքումը պարզապէս կը շեշտէր մահուամբ պատճառուած գոյակցութեան փոփոխութենէն խուսափելու անկարելիութիւնը»։ Այո, Բաբելոնացիները նաեւ կը հաւատային որ կեանքը կերպով մը կամ ձեւով մը կը շարունակուի մահուընէ ետք։ Ասիկա կ’արտայայտէին, մեռնողին հետ առարկաներ թաղելով, որոնց պէտք պիտի ունենար Անդէնականին մէջ։

12-14. (ա) Ջրհեղեղէն ետք, հոգիի անմահութեան ուսուցումը ո՞ւրկէ ծնունդ առաւ։ (բԱյս վարդապետութիւնը ի՞նչպէս տարածուեցաւ համայն երկրի վրայ։

12 Որոշ է ուրեմն, որ հոգիի անմահութեան ուսուցումը ետ կ’երթայ մինչեւ վաղեմի Բաբելոն։ Աստուածաշունչի՝ ճշգրիտ պատմութեան կնիքը կրող գրքին համաձայն, Բաբելոն քաղաքը Նեբրովթը հիմնած է, որ Նոյի թոռնորդին էր։ * Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք, միայն մէկ լեզու եւ մէկ կրօնք կար։ Քաղաքը հիմնելով եւ հոն աշտարակ մը կառուցանելով, Նեբրովթ ուրիշ կրօնքի մը ծնունդ տուաւ։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ որ Բաբելոնի մէջ լեզուները խառնակուելէն ետք, աշտարակը կառուցանողները ձախողելով տարածուեցան եւ նոր սկիզբներ ունեցան, իրենց հետ տանելով իրենց կրօնքը։ (Ծննդոց 10։6-10. 11։4-9) Այս կերպով Բաբելոնի կրօնական ուսուցումները համայն երկրի վրայ տարածուեցան։

13 Աւանդութեան համաձայն, Նեբրովթ վայրագ մահով մը մեռաւ։ Անոր մահուընէ ետք, Բաբելոնացիները հաւանաբար մեծապէս պատուեցին զինք, որպէս իրենց քաղաքին հիմնադիրը, կառուցանողը եւ առաջին թագաւորը։ Քանի որ Մարովդաք չաստուածը կը կարծուէր Բաբելոնի հիմնադիրը ըլլալ, կարգ մը ուսումնականներ թելադրած են որ Մարովդաքը կը ներկայացնէ աստուածացուած Նեբրովթը։ Եթէ ասիկա ճիշդ է, ուրեմն մարդուն մահուընէ ետք վերապրող անմահ հոգիի մը գաղափարը առնուազն Նեբրովթի մահուան ժամանակ գոյութիւն ունեցած ըլլալու է։ Ամենայնդէպս, պատմութեան էջերը կը յայտնեն որ Ջրհեղեղէն ետք հոգիի անմահութեան ուսուցումը ծնունդ առաւ Բաբելոնէն։

14 Սակայն, այս վարդապետութիւնը ի՞նչպէս մերօրեայ շատ մը կրօնքներուն կորիզը կազմեց։ Յաջորդ յօդուածով պիտի տեսնենք անոր մուտքը Արեւելեան կրօնքներուն մէջ։

[Ստորանիշեր]

^ պարբ. 2 Հ.Դ.Ա. կը նշանակէ «Հասարակ Դարաշրջանէն Առաջ», իսկ՝ Հ.Դ. կը նշանակէ «Հասարակ Դարաշրջան», կամ ինչպէս սովորութիւն է ըսել Յ.Տ., «Յամի Տեառն»։

^ պարբ. 9 Էլ–Ամառնան եգիպտական Ախէթաթուն քաղաքի աւերակներուն վայրն է, որ կը կարծուի կառուցուած ըլլալ Հ.Դ.Ա. 14–րդ դարուն։

^ պարբ. 12 Տես՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, էջ 37-54, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 6]

Ստորերկրեայ աշխարհին մէջ հոգիներու մասին Եգիպտացիներու տեսակէտը

[Նկար՝ էջ 7]

Սոկրատ առարկեց որ հոգին անմահ է