Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգիի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը իրապէս տարբերութիւն կ’ընէ

Հոգիի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը իրապէս տարբերութիւն կ’ընէ

Հոգիի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը իրապէս տարբերութիւն կ’ընէ

«Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8։32

1. Հոգիի եւ մահուան մասին մեր հաւատալիքները քննելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

ՄԱՀՈՒԱՆ եւ Անդէնականի շուրջ հաւատալիքները մեծաւ մասամբ անհատին կրօնական եւ մշակութային ենթահողին արդիւնքն են։ Ինչպէս տեսանք, այդ հաւատալիքները իրարմէ կը տարբերին, սկսելով այն համոզումով թէ հոգին իր վերջին նպատակակէտին կը հասնի միայն բազմաթիւ վերածնունդներէ ետք, եւ հասնելով մինչեւ այն գաղափարին թէ միայն մէկ կեանքի տեւողութեան, անհատի մը վերջնական ճակատագիրը կ’որոշուի։ Հետեւաբար, անհատ մը կրնայ վստահ ըլլալ որ մեռնելով վերջնագոյն իրողութեան հետ պիտի ձուլուի, ուրիշ մը՝ Նիրվանան պիտի իրագործէ եւ տակաւին ուրիշ մը՝ երկնային վարձատրութիւն պիտի ստանայ։ Արդ, ո՞ւր է ճշմարտութիւնը։ Քանի որ մեր հաւատալիքները կ’ազդեն մեր կեցուածքին, արարքներուն եւ որոշումներուն, այս հարցումին պատասխանով պէտք չէ՞ հետաքրքրուած ըլլանք։

2, 3. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահիլ հոգիի մասին Աստուածաշունչի ըսածին։ (բԸստ Աստուածաշունչին, հոգիի մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ է։

2 Աշխարհի հնագոյն գիրքը՝ Աստուածաշունչը, մարդկային պատմութիւնը կը տանի մինչեւ մարդկային առաջին հոգիին ստեղծագործութեան։ Անոր ուսուցումները մարդկային փիլիսոփայութիւններէ եւ աւանդութիւններէ զերծ են։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը ներկայացնէ հոգիի մասին ճշմարտութիւնը. Ձեր հոգին դուք էք, մեռելները բոլորովին գոյութենէ դադրած են, եւ թէ՝ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ գտնուողները իր յարմար ժամանակին պիտի յարուցանուին։ Այս բաները գիտնալը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար։

3 Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։32) Այո, ճշմարտութիւնը կ’ազատագրէ։ Բայց հոգիի մասին ճշմարտութիւնը մեզի ի՞նչ բանէն կ’ազատէ։

Վախէ եւ Յուսահատութենէ Ազատագրում

4, 5. (ա) Հոգիի մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ վախ կը վանէ։ (բՅարութեան յոյսը ի՞նչպէս քաջութիւն ներշնչեց մահացու հիւանդութեամբ բռնուած աղջնակի մը։

4 Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Մարդոց մեծամասնութիւնը մահուընէ կը վախնայ եւ անոր մասին խորհելէ կը խուսափի»։ «‘Մահ’ բառը գրեթէ չի յիշուիր Արեւմուտքի մէջ», կը նշէ պատմաբան մը։ Իսկ կարգ մը մշակոյթներու մէջ, անհատի մը մահուան մասին խօսելու համար կը գործածուի՝ «հանգուցեալ եղաւ» եւ «ննջեց» մեղմացուցիչ բառերը։ Մահուան շուրջ կազմուած այս վախը անծանօթ բանի մը վախն է, քանի որ շատերուն համար մահը խորհուրդ մըն է։ Այս վախը կը փարատի, երբ ճշմարտութիւնը գիտնանք թէ մահուան ժամանակ ի՛նչ կը պատահի։

5 Նկատի առէք զոր օրինակ, 15–ամեայ Մայքըլինի մտավիճակը։ Ան արեան խլիրդէ կը տառապէր եւ անողոք մահը կը դիմագրաւէր։ Անոր մայրը՝ Փոլան, կը պատմէ. «Մայքըլինը ըսաւ որ մահուընէ չէր վախնար, քանի որ գիտէր թէ ան ժամանակաւոր էր։ Շատ խօսակցեցանք Աստուծոյ նոր աշխարհին եւ հոն յարուցանուելիք բոլոր անհատներուն մասին։ Մայքըլին անհուն հաւատք ունէր Եհովա Աստուծոյ եւ յարութեան վրայ. առանց կասկածի նշոյլ մը ունենալու»։ Յարութեան յոյսը այս քաջարի պատանուհին ազատած էր մահուան անդամալուծող վախէն։

6, 7. Հոգիի մասին ճշմարտութիւնը մեզ ո՞ր յուսահատութենէ կ’ազատագրէ. բացատրեցէք։

6 Ճշմարտութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Մայքըլինի ծնողքին վրայ։ Աղջկան հայրը՝ Ճէֆ, ըսաւ. «Մեր աղջնակին մահը մեզի պատահած ամենացաւալի բանն էր։ Բայց մենք յարութեան շուրջ Եհովայի խոստումին անվարան կը վստահինք եւ կը սպասենք այն օրուան, երբ սիրելի Մայքըլինը դարձեալ մեր թեւերուն մէջ պիտի առնենք։ Ի՜նչ հաճելի վերամիացում մը պիտի ըլլայ»։

7 Այո, հոգիի մասին ճշմարտութիւնը, կ’ազատագրէ անհատ մը սիրելիի մը մահուան պատճառած յուսահատութենէն։ Անշուշտ, չկայ բան մը որ ամբողջովին կարենայ սրբել սիրելիի մը մահուան պատճառած վիշտը եւ կսկիծը։ Բայց յարութեան յոյսը կը մեղմացնէ ողբը եւ ցաւը աւելի տանելի կը դարձնէ։

8, 9. Մեռելներու վիճակին մասին ճշմարտութիւնը մեզ ի՞նչ վախէ կ’ազատէ։

8 Մեռելներու վիճակին մասին սուրբ գրային ճշմարտութիւնը մեռելներու վախէն ալ մեզ կ’ազատագրէ։ Մեռելներու համար սնապաշտ արարողութիւններով կաշկանդուած անհատներէն շատեր այս ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, այլեւս չեն վախնար անէծքներէ, գուշակութեան նշաններէ, հմայեակներէ եւ ֆէթիշներէ. անոնք այլեւս սուղնոց զոհեր ալ չեն մատուցաներ իրենց նախահայրերը հանդարտեցնելու համար, որպէսզի վերադառնալով ողջերուն չայցելեն։ Արդարեւ, քանի որ մեռելները «բան մը չեն գիտեր», այսպիսի սովորութիւններ անտեղի կը դառնան։—Ժողովողի 9։5

9 Հոգիի մասին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը արդարեւ կ’ազատագրէ եւ վստահելի է։ Բայց հիմա Աստուածաշունչին ձեզի մատուցած այդ մասնայատուկ հեռանկարը ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 29]

Հոգիի մասին ճշմարտութիւնը ձեզ կ’ազատագրէ մահուան վախէն, մեռելներու վախէն եւ սիրելիի մը մահուան պատճառած յուսահատ վիճակէն