Հոգին անմա՞հ է
Հոգին անմա՞հ է
▸ Կրօնքներէն շատեր կը սորվեցնեն որ մարդուն մէջ բան մը՝ հոգի մը, ոգի մը կամ ստուերային բան մը՝ անմահ է, եւ մահուընէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։ Ասիկա ճի՞շդ է արդեօք։
▸ Հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը ի՞նչպէս ծագում առաւ։
▸ Այս ուսուցումը ի՞նչպէս ներկայ շատ մը կրօնքներուն կորիզը կազմեց։
▸ Իրապէս հոգին ի՞նչ է։
▸ Ինչո՞ւ կը մեռնինք։
▸ Մահուան ժամանակ ի՞նչ կը պատահի հոգիին։
▸ Մեռելներուն՝ ինչպէս նաեւ ողջերուն՝ համար ի՞նչ յոյս կայ։
▸ Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ հոգիի մասին ի՛նչ կը հաւատաք։
Այս հարցումներուն ճշգրիտ եւ գոհացուցիչ պատասխանները կը գտնուին հնագոյն գրքին մէջ։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ զանոնք քննէք այս գրքոյկին միջոցաւ։