Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգին՝ ըստ Աստուածաշունչին

Հոգին՝ ըստ Աստուածաշունչին

Հոգին՝ ըստ Աստուածաշունչին

«Մարդը կենդանի հոգի եղաւ»։—ԾՆՆԴՈՑ 2։7

1. Հոգիի մասին Աստուածաշունչի սորվեցուցածը սահմանելէ առաջ, ի՞նչ պէտք է քննենք։

ԻՆՉՊԷՍ տեսանք, հոգիի մասին հաւատալիքները շատ ու այլազան են։ Նոյնիսկ անոնք որոնք կը դաւանին որ իրենց հաւատքը Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած է, տարբեր գաղափարներ ունին հոգիին ի՛նչ ըլլալուն եւ մահուընէ ետք անոր ի՛նչ պատահելուն մասին։ Սակայն Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ հոգիի մասին։ Ասոր պատասխանը առնելու համար, պէտք է քննենք թէ Աստուածաշունչին մէջ «հոգի» թարգմանուած Եբրայերէն եւ Յունարէն բառերուն իմաստը ի՛նչ է։

«Հոգի»ն՝ Որպէս Ապրող Արարած

2, 3. (ա) Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ո՞ր բառը «հոգի» թարգմանուած է, եւ այս բառին հիմնական իմաստը ի՞նչ է։ (բԾննդոց 2։7–ն ի՞նչպէս կը հաստատէ որ «հոգի» բառը կրնայ ամբողջ անձին ակնարկել։

2 «Հոգի» թարգմանուած Եբրայերէն բառն է նէֆէշ, որ 754 անգամ կ’անցնի Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ (սովորաբար կոչուած՝ Հին Կտակարան)։ Նէֆէշ ի՞նչ կը նշանակէ։ Աստուածաշունչի եւ Կրօնքի Բառարան–ին համաձայն (Անգլերէն), անիկա «սովորաբար կ’ակնարկէ ամբողջ ապրող էակին, ամբողջ անհատին»։

3 Օրինակ, Ծննդոց 2։7–ը կը նշէ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներուն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ»։ Նկատի առէք որ Ադամ հոգի մը չունեցաւ. ինք հոգի մըն էր, ճիշդ ինչպէս որ բժիշկ եղողը՝ բժիշկ մըն է։ Հետեւաբար, «հոգի» բառը ամբողջ անհատին կրնայ ակնարկել։

4, 5. (ա) Օրինակներով ցոյց տուէք որ «հոգի» բառը ամբողջ անձին կ’ակնարկէ։ (բ) Աստուածաշունչի եւ Կրօնքի Բառարան–ը ի՞նչպէս թիկունք կը կանգնի այն հասկացողութեան թէ անձը հոգի մըն է։

4 Այս հասկացողութեան սատար կը կանգնի ամբողջ Եբրայերէն Գրութիւնները, ուր կը գտնենք այսպիսի նախադասութիւններ. «Եթէ մի անձ [«հոգի», ՆԱ] մեղանչէ» (Ղեւտացւոց 5։1, Արարատ), «ով որ [«ոեւէ հոգի», ՆԱ] նոյն օրը գործ մը գործէ» (Ղեւտացւոց 23։30), «եթէ մարդ մը գտնուի, որ . . . մէկը [«հոգի մը», ՆԱ] գողնալով» (Բ. Օրինաց 24։7), «անոր սիրտը [«հոգին», ՆԱ] . . . նեղացաւ» (Դատաւորաց 16։16), «մինչեւ ե՞րբ հոգիս պիտի վշտացնէք» (Յոբայ 19։2), եւ «իմ անձս [«հոգիս», ՆԱ] տրտմութենէ կը հալի»։—Սաղմոս 119։28

5 Այս համարները չեն նշեր որ հոգին յետ–մահու ապրող ստուերային էութիւն մըն է։ «Երբ արտայայտուինք թէ սիրեցեալ անհատի մը ‘հոգին’ գնաց Տէրոջը հետ ըլլալու, կամ՝ ‘անմահ հոգիներու’ մասին խօսինք, ասիկա պարզապէս անհասկնալի պիտի ըլլայ ՀԿ [Հին Կտակարանի] մշակոյթին մէջ», կ’ըսէ Աստուածաշունչի եւ Կրօնքի Բառարան–ը (Անգլերէն)։

6, 7. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ ո՞ր բառը «հոգի» թարգմանուած է, եւ այս բառին հիմնական իմաստը ի՞նչ է։

6 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ (սովորաբար կոչուած՝ Նոր Կտակարան), «հոգի» թարգմանուած բառը՝ փսի·խէ է, որ աւելի քան հարիւր անգամ կ’անցնի։ Նէֆէշ բառին նման ասիկա ալ յաճախ ամբողջ անձին կ’ակնարկէ։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, հետեւեալ նախադասութիւնները. «Իմ հոգիս խռոված է»։ (Յովհաննու 12։27) «Ամէն մարդու [«հոգիի», ՆԱ] վրայ վախ ինկաւ»։ (Գործք 2։43) «Ամէն մարդ [«հոգի», ՆԱ] իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի»։ (Հռովմայեցիս 13։1) «Վատասիրտներն [«յուսալքուած հոգիներն», ՆԱ] ալ մխիթարեցէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) «Քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան»։—Ա. Պետրոս 3։20

7 Նէֆէշ–ին նման փսի·խէ–ն ալ ուղղակիօրէն ամբողջ անձին կ’ակնարկէ։ Նիժէլ Թըրնըր ուսումնականին համաձայն, այս բառը «կը նշանակէ ինչ որ յատկանշականօրէն մարդկային է, անձը ինքնին, նիւթական մարմինը, որու մէջ փչուած է Աստուծոյ ռուախ–ը։ . . . Շեշտը դրուած է ամբողջ անձին վրայ»։

8. Անասունները հոգինե՞ր են։ Բացատրեցէք։

8 Աստուածաշունչին մէջ «հոգի» բառը ոչ միայն մարդոց, այլ նաեւ անասուններուն կը կիրարկուի։ Օրինակ, երբ ծովու արարածներու ստեղծագործութեան մասին կը խօսի, Ծննդոց 1։20–ը կ’ըսէ որ Աստուած պատուիրեց. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող շատ սողուններ [«ապրող հոգիներ», ՆԱ] թող հանեն»։ Իսկ ստեղծագործական յաջորդ օրը, Աստուած ըսաւ. «Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի [«ապրող հոգի», ՆԱ]՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս»։ (Ծննդոց 1։24. բաղդատել՝ Թուոց 31։28, ՆԱ։) Հետեւաբար, «հոգի»ն կրնայ ակնարկել ապրող արարածի, անիկա ըլլայ մարդ թէ՝ կենդանի։

«Հոգի»ն՝ Արարածի մը Կեանքը

9. (ա) «Հոգի» բառին տակաւին ի՞նչ իմաստ կարելի է տալ։ (բԱսիկա հակասակա՞ն է այն գաղափարին թէ հոգին անձը ինքն է։

9 Երբեմն, «հոգի» բառը կ’ակնարկէ անհատի մը կամ անասունի մը վայելած կեանքին։ Ասիկա որպէս անձ կամ անասուն հոգիի մասին Աստուածաշունչի տուած սահմանումը չի փոխեր։ Բացատրենք. Կ’ըսենք որ անհատ մը ողջ է, ըսել կ’ուզենք որ ան ապրող անձ մըն է։ Կրնանք նաեւ ըսել որ ան կեանք ունի։ Նոյն կերպով ալ, ապրող անձ մը հոգի մըն է։ Սակայն, մինչ ան ողջ է, «հոգի»ի մասին կրնայ ըսուիլ որպէս բան մը որ ան ունի։

10. Օրինակներով ցոյց տուէք որ «հոգի» բառը կրնայ ակնարկել մարդոց ու անասուններու ապրած կեանքին։

10 Օրինակ, Աստուած Մովսէսի ըսաւ. «Քու կեանքդ [«հոգիդ», ՆԱ] փնտռող բոլոր մարդիկը մեռան»։ (Ելից 4։19) Որոշ է որ Մովսէսի թշնամիները իր կեանքը կ’ուզէին առնել։ «Հոգի» բառին նոյնանման գործածութիւն մը կը տեսնենք հետեւեալ նախադասութիւններուն մէջ։ «Մենք մեր անձերուն [«հոգիներուն», ՆԱ] համար շատ վախցանք»։ (Յեսուայ 9։24) «Իրենց անձը [«հոգին», ՆԱ] ապրեցնելու համար փախան»։ (Դ. Թագաւորաց 7։7) «Արդարը իր անասուններուն [«հոգիներուն», ՆԱ] հոգ կը տանի»։ (Առակաց 12։10) «Որդին մարդոյ . . . իր կեանքը [«հոգին», ՆԱ] շատերու համար փրկանք տալու» եկաւ։ (Մատթէոս 20։28) «Մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը [«հոգին», ՆԱ] վտանգի մէջ ձգելով»։ (Փիլիպպեցիս 2։30) Այս բոլոր պարագաներուն ալ, «հոգի» բառը կը նշանակէ՝ «կեանք»։ *

11. «Հոգի» բառին նկատմամբ Աստուածաշունչի գործածութեան մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։

11 Ուստի, Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «հոգի» բառը կ’ակնարկէ անձի, անասունի եւ անհատի մը կամ անասունի մը ապրած կեանքին։ Հոգիի մասին Աստուածաշունչի սահմանումը պարզ, անփոփոխ է եւ մարդոց խրթին փիլիսոփայութիւններով ու նախապաշարումներով խճողուած չէ։ Բայց մահուան ժամանակ ի՞նչ կը պատահի հոգիին։ Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ, պէտք է հասկնանք թէ ինչո՛ւ կը մեռնինք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Մատթէոս 10։28–ն ալ «հոգի» բառը՝ «կեանք» իմաստով կը գործածէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20]

Բոլորն ալ հոգիներ են