Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մասնայատուկ հեռանկար մը

Մասնայատուկ հեռանկար մը

Մասնայատուկ հեռանկար մը

«Ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 11։26

1. Մեռած միլիոնաւոր անհատներ ի՞նչպիսի միջավայրի մը մէջ պիտի յարուցանուին։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ժամանակ երբ միլիոնաւորներ յարուցանուին, անոնք դատարկ երկրի մը վրայ ետ կեանքի պիտի չգան։ (Գործք 24։15) Այլ, պիտի զարթնին սիրուն կերպով բարելաւուած գեղեցիկ միջավայրի մը մէջ, եւ պիտի նկատեն որ իրենց համար բնակարանի յարմարութիւններ, հագուելիք եւ առատ ուտելիք պատրաստուած են։ Այս բոլոր պատրաստութիւնները որո՞նք պիտի տեսնեն։ Որոշ է որ երկրային յարութիւնը սկսելէն առաջ նոր աշխարհին մէջ ապրողներ պիտի ըլլան։ Որո՞նք պիտի ըլլան հոն։

2-4. «Վերջին օրեր»ուն մէջ ապրողներուն դիմաց ի՞նչ մասնայատուկ հեռանկար մը կայ։

2 Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը ցոյց կու տայ թէ մենք իրերու այս դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ * (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Շատ շուտով, Եհովա Աստուած մարդոց գործերուն պիտի միջամտէ եւ երկրէն ամբարշտութիւնը պիտի սրբէ։ (Սաղմոս 37։10, 11. Առակաց 2։21, 22) Այդ ժամանակ, ի՞նչ պիտի պատահի անոնց որոնք հաւատարմաբար կը ծառայեն Աստուծոյ։

3 Եհովա արդարները ամբարիշտներուն հետ պիտի չկործանէ։ (Սաղմոս 145։20) Ան բնաւ այսպիսի բան մը ըրած չէ, ոչ ալ պիտի ընէ, երբ երկրէն չարութիւնը մաքրէ։ (Բաղդատել՝ Ծննդոց 18։22, 23, 26։) Արդարեւ, Աստուածաշունչի վերջին գիրքը կ’ըսէ թէ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»՝ «մեծ նեղութենէն» դուրս կու գայ։ (Յայտնութիւն 7։9-14) Այո, ներկայ ամբարիշտ աշխարհին վերջ դնող մեծ նեղութենէն, մեծ բազմութիւն մը պիտի վերապրի եւ Աստուծոյ նոր աշխարհը պիտի մտնէ։ Հոն, հնազանդ մարդկութիւնը լիովին պիտի օգտուի, մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն ազատելու Աստուծոյ հոյակապ հայթայթումէն։ (Յայտնութիւն 22։1, 2) Այս կերպով, «մեծ բազմութիւն»ը բնաւ մահ պիտի չճաշակէ։ Ի՜նչ մասնայատուկ հեռանկար մը։

4 Այս ապշեցուցիչ յոյսին կրնա՞նք վստահիլ։ Անշո՛ւշտ։ Յիսուս Քրիստոս ինք նշեց որ ժամանակ մը պիտի գար, երբ մարդիկ առանց մեռնելու պիտի ապրէին։ Իր բարեկամը՝ Ղազարոսը յարուցանելէն առաջ, ան Մարթայի ըսաւ. «Ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի»։—Յովհաննու 11։26

Դո՛ւք Ալ Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ

5, 6. Եթէ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ կ’ուզէք, ի՞նչ պէտք է ընէք։

5 Դրախտ երկրի վրայ կ’ուզէ՞ք յաւիտեան ապրիլ։ Ձեր սիրելիները անգամ մը եւս տեսնելու կարօտը կը քաշէ՞ք։ Եթէ այո, ուրեմն Աստուծոյ կամքին եւ նպատակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն պէտք է ստանաք։ Աստուծոյ մատուցած աղօթքի մը մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3, ՆԱ։

6 Աստուծոյ փափաքն է «որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Հի՛մա է ժամանակը սորվելու թէ դուք՝ արդէն Աստուծոյ կամքը կատարող միլիոնաւոր ուրիշներու հետ՝ ի՛նչպէս կրնաք յաւիտեան ապրիլ դրախտային երկրի մը վրայ։ Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի որ Աստուծոյ եւ իր պահանջներուն մասին աւելին սորվիք։ Անոնց հետ շփման մէջ մտէք ձեր մօտը գտնուող Թագաւորութեան Սրահ մը յաճախելով եւ կամ յաջորդ էջին վրայի հասցէներէն մէկուն գրելով։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 9–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 31]

«Մեծ բազմութիւն մը» բնաւ մահ պիտի չճաշակէ