Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վստահ յոյս մը

Վստահ յոյս մը

Վստահ յոյս մը

«Իր ծնունդէն իսկ, յարատեւ կարելիութիւն կայ որ մարդ արարածը որեւէ վայրկեան մեռնի. իսկ անխուսափելիօրէն այս հաւանականութիւնը կատարուած իրողութիւն մը պիտի դառնայ»։—ԱՐՆՈԼՏ ԹՈՅՆՊԻ՝ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆ։

1. Մարդկութիւնը ո՞ր իրողութեան հետ հաշտուած է, եւ ասիկա ի՞նչ հարցեր կը յարուցանէ։

ՎԵՐՈՅԻՇԵԱԼ պատմական բացայայտ ճշմարտութեան դէմ ո՞վ կրնայ առարկել։ Մարդկութիւնը միշտ ստիպուած եղած է ընդունիլ մահուան եղելութիւնը։ Իսկ երբ սիրելի մը մեռնի, որքա՜ն անօգնական կը զգանք։ Այս կորուստը ամբողջովին անյեղաշրջելի կը թուի։ Մեր մեռած սիրելիներուն հետ վերամիանալու կարելիութիւն մը կա՞յ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ յոյս կը մատակարարէ մեռեալներուն։ Նկատի առէք հետեւեալ դրուագը։

‘Մեր Բարեկամը Մեռած Է’

2-5. (ա) Երբ Յիսուսի բարեկամը՝ Ղազարոս՝ մեռաւ, ան ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ կը փափաքէր եւ կարող էր զինք յարուցանել։ (բՂազարոսը ետ կեանքի բերելէ զատ, յարութեան հրաշքը ի՞նչ իրագործեց։

2 Թուականը՝ Հ.Դ. 32–ն էր։ Երուսաղէմէ քմ. անդին, Բեթանիա կոչուած գիւղին մէջ կ’ապրէր Ղազարոս, իր քոյրերուն՝ Մարթայի ու Մարիամի հետ։ Անոնք Յիսուսի մտերիմ բարեկամներն էին։ Օր մը Ղազարոս ծանրօրէն կը հիւանդանայ։ Անոր հոգածու քոյրերը անմիջապէս այս մասին Յիսուսի լուր կը ղրկեն, որ Յորդանան Գետին անդիի կողմը կը գտնուի։ Յիսուս խանդաղատանք ունի Ղազարոսի եւ իր քոյրերուն հանդէպ, ուստի ժամանակ մը ետք ան կ’ուղղուի դէպի Բեթանիա։ Ճամբու ընթացքին, Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ Քանի որ աշակերտները անմիջապէս չեն կռահեր այս խօսքերուն իմաստը, Յիսուս անոնց յստակօրէն կ’ըսէ՝ «Ղազարոս մեռաւ»։—Յովհաննու 11։1-15

3 Լսելով որ Յիսուս Բեթանիա կու գայ, Մարթա վազելով զինք դիմաւորելու կ’երթայ։ Անոր վշտէն ազդուած, Յիսուս զայն կը վստահեցնէ ըսելով. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Մարթա կը պատասխանէ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ Այն ատեն Յիսուս անոր կ’ըսէ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։—Յովհաննու 11։20-25.

4 Անկէ ետք Յիսուս գերեզման կ’երթայ եւ հրաման կու տայ որ գերեզմանին մուտքը գոցող քարը վերցնեն։ Բարձրաձայն աղօթելէ ետք, հրամայական ձայնով մը կ’ըսէ. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Մինչ բոլորին աչքերը գերեզմանին վրայ սեւեռած են, արդարեւ Ղազարոս դուրս կու գայ։ Յիսուս կը յարուցանէ Ղազարոսը. չորս օրէ մեռած մարդու մը կեանքը կը վերահաստատէ։—Յովհաննու 11։38-44

5 Մարթա արդէն կը հաւատար յարութեան խոստումին։ (Յովհաննու 5։28, 29. 11։23, 24) Ղազարոսի յարութեան հրաշքը իր հաւատքը զօրացուց եւ ուրիշներուն մէջ հաւատք կերտեց։ (Յովհաննու 11։45) Բայց ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ «յարութիւն»։

«Յարութիւն Պիտի Առնէ»

6. «Յարութիւն» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։

6 «Յարութիւն» բառը Յունարէն ա·նասթա·սիս բառէն թարգմանուած է, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «վերականգնիլ»։ Յունարէնը Եբրայերէնի թարգմանողներ, ա·նասթա·սիս–ը թարգմանած են թէհիյաթ համմէթիմ, որ կը նշանակէ «մեռելի վերակենդանացում»։ * Ուստի, յարութիւն կը նշանակէ անհատ մը մահուան անկենդան վիճակէն վերականգնեցնել. անոր կեանքի տիպարը վերստին գործօն վիճակի մէջ բերել։

7. Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի համար անհատներու յարութիւնը ինչո՞ւ հարց մը չէ։

7 Եհովա Աստուած անհուն իմաստութիւն եւ կատարեալ յիշողութիւն ունենալով, կրնայ շատ դիւրութեամբ յարուցանել անհատ մը։ Իրեն համար խնդիր չէ յիշել մեռած անհատներուն կեանքի տիպարը. անոնց նկարագրի գծերը, անհատական պատմութիւնը եւ ինքնութեան բոլոր մանրամասնութիւնները։ (Յոբայ 12։13. բաղդատել՝ Եսայեայ 40։26։) Եհովա ինքն է կեանքի Ծագում Տուողը։ Ուստի, դիւրութեամբ կրնայ ետ կեանքի բերել նոյն անձը, նոր կազմուած մարմնին մէջ անոր տալով նոյն անձնաւորութիւնը։ Ասկէ զատ, Ղազարոսի դրուագէն յայտնի կ’ըլլայ որ Յիսուս Քրիստոս թէ՛ կը փափաքի եւ թէ կարող է մեռելները յարուցանել։—Բաղդատել՝ Ղուկաս 7։11-17. 8։40-56։

8, 9. (ա) Յարութիւնը եւ հոգիի անմահութեան գաղափարը ինչո՞ւ իրարու հետ ներդաշնակ չեն։ (բՄահուան դարմանը ի՞նչ է։

8 Սակայն, յարութեան մասին սուրբ գրային ուսուցումը հոգիի անմահութեան վարդապետութեան հետ ներդաշնակ չէ։ Եթէ մահուընէ ետք անմահ հոգին վերապրի, ոեւէ մէկը յարութեան կամ ետ կեանքի գալու կարիքը չունենար։ Արդարեւ, Մարթա մահուընէ ետք ուրիշ տեղ ապրող անմահ հոգիի մը մասին բան մը չարտայայտուեցաւ։ Ան չէր հաւատար որ Ղազարոս արդէն հոգեղէն աշխարհ գացած էր իր գոյութիւնը շարունակելու համար։ Ճիշդ հակառակը, ան մահուան ազդեցութիւնը յեղաշրջելու Աստուծոյ նպատակին հանդէպ հաւատք ցոյց տուաւ։ Ան ըսաւ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ (Յովհաննու 11։23, 24) Ղազարոս ալ յետ–կեանքի մասին փորձառութիւններ չպատմեց, քանի որ պատմելիք բան մը չկար։

9 Յստակ է ուրեմն, որ ըստ Աստուածաշունչին հոգին կը մեռնի եւ մահուան դարմանը՝ յարութիւնն է։ Բայց առաջին մարդը՝ Ադամ՝ երկրի վրայ ապրելէն ի վեր միլիառաւոր մարդիկ մեռած են։ Ուստի, որո՞նք պիտի յարուցանուին եւ ո՛ւր։

‘Յիշատակի Գերեզմաններուն Մէջ Բոլոր Եղողները’

10. Յիսուս ի՞նչ խոստում տուաւ յիշատակի գերեզմաններուն մէջ եղողներուն նկատմամբ։

10 Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր [«յիշատակի», ՆԱ] գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը [Յիսուսի] պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Այո, Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ որ բոլոր անոնք որոնք Եհովայի յիշողութեան մէջ են՝ պիտի յարուցանուին։ Միլիառաւոր մարդիկ ապրած ու մեռած են։ Անոնց մէջէն որո՞նք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են եւ յարութեան կը սպասեն։

11. Որո՞նք պիտի յարուցանուին։

11 Անոնք որոնք որպէս Եհովայի ծառաներ արդար ընթացք մը ունեցած են՝ պիտի յարուցանուին։ Բայց միլիոնաւոր ուրիշներ մեռած են առանց ցոյց տալու թէ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն պիտի համակերպի՛ն թէ ոչ։ Անոնք կա՛մ Եհովայի պահանջները չէին գիտեր եւ կամ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու համար բաւարար ժամանակ չունեցան։ Անոնք ալ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են, հետեւաբար պիտի յարուցանուին, քանի որ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։—Գործք 24։15

12. (ա) Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ տեսիլք ունեցաւ յարութեան մասին։ (բԻ՞նչ բան ‘կը ձգուի կրակի լիճին մէջ’, եւ այս արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

12 Յովհաննէս առաքեալ Աստուծոյ գահին առջեւ կանգնած յարուցեալներու մասին զգայացունց տեսիլք մը ունեցաւ։ Զայն նկարագրելով, ան կ’ըսէ. «Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը [«Հատէսը», ՆԱ] իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ։ Եւ մահը ու դժոխքը [«Հատէսը», ՆԱ] կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը»։ (Յայտնութիւն 20։12-14) Պահ մը խորհեցէք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ գտնուող բոլոր մեռելները պիտի ազատագրուին Հատէսէն, կամ Շէօլէն, մարդկութեան հասարակաց գերեզմանէն։ (Սաղմոս 16։10. Գործք 2։31) Անկէ ետք, «մահը ու Հատէսը» ամբողջական կործանում խորհրդանշող «կրակի լիճին» մէջ պիտի նետուին։ Այս կերպով մարդկութեան հասարակաց գերեզմանը պիտի չքանայ։

Ո՞ւր Պիտի Յարուցանուին

13. Աստուած ինչո՞ւ ոմանց երկինք կը յարուցանէ, եւ անոնց ի՞նչպիսի մարմին պիտի տայ։

13 Այրերու ու կիներու պզտիկ խումբ մը երկնային կեանքի պիտի յարուցանուի։ Ասոնք Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ, եւ առաջին մարդէն՝ Ադամէն՝ մարդկութեան ժառանգած մահուան ազդեցութիւնները չէզոքացնելու մէջ բաժին պիտի բերեն։ (Հռովմայեցիս 5։12. Յայտնութիւն 5։9, 10) Աստուածաշունչի համաձայն, անոնց թիւն է միայն 144,000, որոնք Քրիստոսի հետեւորդներուն մէջէն ընտրուած են՝ հաւատարիմ առաքեալներէն սկսեալ։ (Ղուկաս 22։28-30. Յովհաննու 14։2, 3. Յայտնութիւն 7։4. 14։1, 3) Այս յարուցեալներէն իւրաքանչիւրին Եհովա հոգեւոր մարմին մը պիտի տայ, որպէսզի կարենան երկնքի մէջ ապրիլ։—Ա. Կորնթացիս 15։35, 38, 42-45. Ա. Պետրոս 3։18

14, 15. (ա) Մեռած անհատներու հսկայ մեծամասնութիւնը ի՞նչպիսի կեանքի համար պիտի յարուցանուի։ (բՀնազանդ մարդկութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։

14 Սակայն, մեռած անհատներու հսկայ մեծամասնութիւնը երկրի վրայ ապրելու համար պիտի յարուցանուի։ (Սաղմոս 37։29. Մատթէոս 6։10) Ի՞նչպիսի երկրի մը վրայ։ Ներկայ երկիրը լեցուն է պայքարներով, արիւնահեղութեամբ, ապականութեամբ եւ բռնութեամբ։ Եթէ մեռելները այսպիսի երկրի մը վրայ պիտի յարուցանուին, անոնց ուրախութիւնը շատ կարճատեւ պիտի ըլլայ։ Բայց Ստեղծիչը խոստացած է շատ շուտով վերջ դնել Սատանայի ղեկավարութեան ներքեւ եղող մարդկային ներկայ ընկերութեան։ (Առակաց 2։21, 22. Դանիէլ 2։44) Այն ատեն մարդկային արդար նոր ընկերութիւն մը՝ ‘նոր երկիր մը’, իրականութիւն մը պիտի ըլլայ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այն ժամանակ, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Նոյնիսկ մահուան մտավախութիւնը չքացած պիտի ըլլայ, քանի որ Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։4

15 Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ, հեզերը «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։11) Յիսուս Քրիստոսի եւ իր 144,000 ընկերակիցներու երկնային կառավարութիւնը աստիճանաբար հնազանդ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի վերադարձնէ, զոր մեր առաջին ծնողները՝ Ադամն ու Եւան՝ կորսնցուցին։ Երկրի բնակչութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ յարուցեալները։—Ղուկաս 23։42, 43

16-18. Յարութիւնը ի՞նչ ուրախութիւն պիտի պատճառէ ընտանիքներուն։

16 Աստուածաշունչը գաղափար մը կու տայ մեզի, թէ յարուցեալները ի՜նչ մեծ ուրախութեան աղբիւր մը պիտի ըլլան իրենց ընտանիքներուն։ Երեւակայեցէք Նային քաղաքի այրի կնոջ ուրախութիւնը, երբ Յիսուս յուղարկաւորութիւնը կանգնեցուց եւ անոր տղան յարուցանեց։ (Ղուկաս 7։11-17) Անկէ ետք, Գալիլիոյ Ծովուն մօտերը, երբ Յիսուս 12 տարեկան աղջնակի մը կեանքը վերադարձուց, անոր ծնողները «շատ ապշեցան»։—Մարկոս 5։21-24, 35-42. տես նաեւ՝ Գ. Թագաւորաց 17։17-24. Դ. Թագաւորաց 4։32-37։

17 Ներկայիս մահուան քունի մէջ եղող միլիոնաւորներու համար, յարութիւնը պիտի նշանակէ կեանք՝ խաղաղ նոր աշխարհի մը մէջ։ Պահ մը երեւակայեցէք որ այս գրքոյկին ներածականին մէջ յիշուած Թոմիին եւ առեւտրականին առջեւ ասիկա ի՜նչ ոգեւորիչ հեռանկար մը կը պարզէ։ Երբ Թոմին երկրային Դրախտին մէջ արթննայ, ան նոյն Թոմին պիտի ըլլայ, զոր իր մայրը ճանչցած էր, բայց առանց հիւանդութեան։ Մայրը պիտի կարենայ անոր դպչիլ, զինք իր թեւերուն մէջ առնել ու սիրել։ Նոյնպէս, փոխանակ վերածնունդի անվերջ շրջանին մէջ կաշկանդուելու, Հնդկաստանէն եղող առեւտրականը հոյակապ ակնկալութիւնը ունի իր աչքերը բանալու Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ եւ իր տղաքը տեսնելու։

18 Հոգիին, մահուան եւ մահուան ժամանակ մեզի պատահած բանին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը խոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նաեւ ներկայիս ապրողներուն վրայ։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Թէեւ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ «յարութիւն» բառը չկայ, սակայն յարութեան յոյսը յստակօրէն արտայայտուած է Յոբայ 14։13, Դանիէլ 12։13 եւ Ովսեայ 13։14–ի մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Յարութիւնը մնայուն ուրախութիւն պիտի բերէ