Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ յոյս՝ մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար

Ի՞նչ յոյս՝ մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար

Ի՞նչ յոյս՝ մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար

«Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք», հարցուց Յոբ շատ վաղուց։ (Յոբ 14։14) Թերեւս դուք ալ խորհած էք այս հարցումին վրայ։ Ինչպէ՞ս պիտի զգայիք եթէ գիտնայիք թէ կարելի է ձեր սիրելիները վերագտնել եւ հոս՝ երկրի վրայ լաւագոյն վիճակներու ներքեւ ապրիլ։

Աստուածաշունչը հետեւեալ խոստումը կու տայ. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ ... [Անոնք] յարութիւն պիտի առնեն»։ Անիկա նաեւ կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Եսայեայ 26։19. Սաղմոս 37։29

Այսպիսի խոստումներու վրայ իրապէս հաւատք ունենալու համար, մենք կարիքը ունինք կարգ մը հիմնական հարցումներու պատասխանելու. Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։ Ո՞ւր են մեռելները։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ անոնք կրնան դարձեալ ապրիլ։

Մահը եւ Ի՞նչ կը Պատահի Մահուան Ատեն

Աստուածաշունչը յստակօրէն կը հաստատէ որ Աստուած սկիզբէն չէր ծրագրած որ մարդիկ մեռնին։ Ան առաջին մարդկային զոյգը՝ Ադամն ու Եւան՝ ստեղծեց, զանոնք Եդեմ կոչուած երկրային դրախտի մը մէջ դրաւ եւ անոնց պատուիրեց որ զաւակներ ունենան, ու իրենց Դրախտ բնակարանը ամբողջ երկրի վրայ տարածեն։ Անոնք պիտի մեռնէին միայն երբ անհնազանդ գտնուէին իր հրահանգներուն։—Ծննդոց 1։28. 2։15–17

Աստուծոյ բարութեան հանդէպ ապերախտ ըլլալով, Ադամ ու Եւա անհնազանդ գտնուեցան եւ նախասահմանեալ պատիժին դատապարտուեցան։ ‘Գետին պիտի դառնաս’, ըսաւ Աստուած Ադամին, «ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) Իր ստեղծուելէն առաջ, Ադամ գոյութիւն չունէր. ան հող էր։ Իր անհնազանդութեան՝ կամ մեղքին՝ պատճառաւ, Ադամ դատապարտուեցաւ հողին՝ չգոյութեան վիճակին՝ դառնալու։

Մահը ուրեմն կեանքի բացակայութիւնն է։ Աստուածաշունչը սա հակադրութիւնը կը շեշտէ. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Ցոյց տալով որ մահը կատարեալ անգիտակցութեան վիճակն է, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ (Ժողովողի 9։5) Երբ անհատ մը մեռնի, կը բացատրէ Աստուածաշունչը. «Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։—Սաղմոս 146։3, 4

Սակայն, քանի որ միայն Ադամն ու Եւան անհնազանդ գտնուեցան Եդեմի մէջ տրուած այդ պատուէրին, ինչո՞ւ բոլորս ալ կը մեռնինք։ Որովհետեւ բոլորս ալ Ադամի անհնազանդութենէն ետք ծնած ենք. ուստի բոլորս ալ մեղքը եւ մահը ժառանգած ենք իրմէ։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Մարդէ մը [Ադամէ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը»։—Հռովմայեցիս 5։12. Յոբ 14։4

Բայց մէկը թերեւս հարցնէ. ‘Մարդիկ անմահ հոգի մը չունի՞ն, որ կը վերապրի մահուընէ’։ Շատեր սորվեցուցած են այս գաղափարը, ոմանք նոյնիսկ ըսելով որ մահը ուրիշ կեանքի մը դռանցք մըն է։ Սակայն, այս գաղափարը Աստուածաշունչէն չէ։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ Խօսքը կը սորվեցնէ որ դուք հոգի մըն էք, որ ձեր հոգին իրապէս դուք էք, ձեր ֆիզիքական եւ մտային բոլոր կարողութիւններով։ (Ծննդոց 2։7. Երեմեայ 2։34. Առակաց 2։10) Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Այն անձը [հոգին (ՆԱ)], որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի»։ (Եզեկիէլ 18։4) Աստուածաշունչը ոչ մէկ տեղ կը սորվեցնէ թէ մարդը անմահ հոգի մը ունի, որ կը վերապրի մարմնին մահուընէն։

Մարդիկ Ինչպէ՞ս Կրնան Դարձեալ Ապրիլ

Մեղքն ու մահը աշխարհ մտնելէն ետք, Աստուած յայտնեց որ իր նպատակն էր մեռելները կեանքի վերահաստատել յարութեան մը միջոցաւ։ Ուստի Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աբրահամ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ [իր որդին] Իսահակը յարուցանել»։ (Եբրայեցիս 11։17–19) Աբրահամի վստահութիւնը անտեղի չէր, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ Ամենակալին մասին. «Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասնզի ամէնքը անոր կենդանի են»։—Ղուկաս 20։37, 38

Այո, Ամենակալ Աստուած ոչ միայն զօրութիւնը ունի, այլ նաեւ՝ փափաքը, անհատներ յարուցանելու զորոնք կ’ընտրէ։ Յիսուս Քրիստոս անձամբ ըսաւ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասնզի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15

Այս խօսքերը արտասանելէ քիչ ետք, Յիսուս յուղարկաւորութեան մը հանդիպեցաւ, երբ Իսրայելեան Նային քաղաքին կը մօտենար։ Ննջեցեալ պատանին որբեւարիի մը մէկ հատիկ զաւակն էր։ Կնոջ ծանր վիշտը տեսնելով, Յիսուս խղճաց։ Ուստի, դիակին ուղղելով իր խօսքը, ան պատուիրեց. «Ո՛վ պատանի, քեզի՛ կ’ըսեմ, Ելի՛ր»։ Ու երիտասարդը ելաւ նստաւ, իսկ Յիսուս տուաւ զանիկա անոր մօրը։—Ղուկաս 7։11–17

Այդ որբեւարիին պարագային նման, նաեւ մեծ ցնծութիւն մը եղաւ երբ Յիսուս Յայրոսին՝ Հրէական ժողովարանին իշխանի մը՝ այցելեց։ Անոր 12 տարեկան աղջիկը մեռած էր։ Բայց երբ Յիսուս Յայրոսին տունը հասաւ, ննջեցեալ զաւակին մօտ գնաց եւ ըսաւ. «Աղջի՛կ, ելիր», իսկ ան ելաւ։—Ղուկաս 8։40–56

Աւելի ետք, Ղազարոս՝ Յիսուսի բարեկամը՝ մեռաւ։ Երբ Յիսուս անոր տունը հասաւ, ան չորս օրէ ի վեր մեռած էր։ Թէեւ դառնօրէն վշտացած, Մարթա՝ Ղազարոսին քոյրը՝ իր յոյսը արտայայտեց, ըսելով. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ Բայց Յիսուս գերեզման գնաց, պատուիրեց որ քարը մէկդի ընեն, ու կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր», իսկ Ղազարոս դուրս եկաւ։—Յովհաննու 11։11–44

Հիմա պահ մը խորհինք ասոր մասին. Ղազարոսի վիճակը ի՞նչ էր այս չորս օրուան ընթացքին զորս ան անցուց մահուան մէջ։ Ան բան մը չըսաւ երկնային երանութեան կամ դժոխքի տանջանքին մէջ ըլլալուն մասին, ինչ որ վստահաբար ըսած պիտի ըլլար եթէ պարագան այդ ըլլար։ Ո՛չ, Ղազարոս ամբողջովին անգիտակից էր մահուան մէջ եւ այդպէս մնացած պիտի ըլլար մինչեւ «յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը», եթէ Յիսուս այն ատեն զայն կեանքի վերահաստատած չըլլար։

Ճիշդ է որ Յիսուսի այս հրաշքները միայն ժամանակաւոր օգուտներ ունեցան, քանի որ իր յարուցած անհատները դարձեալ մեռան։ Սակայն, 1,900 տարիներ առաջ, ան փաստարկեց որ, Աստուծոյ զօրութեամբ, մեռելները իրապէս կրնան դարձեալ ապրիլ։ Ուստի, իր հրաշքներով, Յիսուս պզտիկ տարողութեամբ ցոյց տուաւ թէ երկրի վրայ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։

Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք

Երբ թշնամին՝ մահը՝ հարուածէ, մեր կսկիծը կրնայ ծանր ըլլալ, յարութեան յոյսը ունենալով հանդերձ։ Աբրահամ կը հաւատար որ իր կինը դարձեալ պիտի ապրէր, սակայն կը կարդանք որ «Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ»։ (Ծննդոց 23։2) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուսին մասին։ Երբ Ղազարոս մեռաւ, ան «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ» եւ անկէ քիչ ետք, ան «լացաւ»։ (Յովհաննու 11։33, 35) Ուստի, երբ սիրելի մը կորսնցնէք, տկարութիւն ցուցաբերել չէ արտասուել։

Զաւկի մը կորուստը մասնաւորաբար վշտագին է մօրը համար։ Նոյնպէս Աստուածաշունչը կը խօսի դառն ցաւուն մասին զոր մայր մը կրնայ զգալ։ (Դ. Թագաւորաց 4։27) Անշուշտ, բացայայտ է որ իր զաւկէն զրկուած հայրն ալ ծանր վիշտի մէջ է։ «Երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի», ողբաց Դաւիթ Թագաւոր իր որդւոյն՝ Աբիսողոմի մահուան առթիւ։—Բ. Թագաւորաց 18։33

Սակայն, քանի որ յարութեան վրայ հաւատք ունինք, մեր կսկիծը անմխիթար պիտի չմնայ։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, դուք պիտի «չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։12) Ընդհակառակը, մենք Աստուծոյ կը մօտենանք աղօթքով, իսկ Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ ան մեզ «պիտի խնամէ»։—Սաղմոս 55։22

Եթէ յիշեցում չըլլայ, Աստուածաշունչի բոլոր մէջբերումները Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Աշխարհաբար Թարգմանութենէն են։