Անցնիլ բովանդակութեան

Իրապէս ո՞վ կը տիրէ աշխարհին

Իրապէս ո՞վ կը տիրէ աշխարհին

Իրապէս ո՞վ կը տիրէ աշխարհին

Շատեր այս հարցումին պարզապէս պիտի պատասխանէին՝ Աստուած։ Սակայն, Աստուածաշունչին մէջ որեւէ տեղ չ’ըսեր որ Յիսուս Քրիստոս, կամ իր Հայրը այս աշխարհի իրական կառավարիչներն են։ Ընդհակառակը, Յիսուս ըսաւ. «Այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի»։ Ան աւելցուց. «Այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի»։—Յովհաննու 12։31. 14։30. 16։11

Ուստի, այս աշխարհի իշխանը հակառակ է Յիսուսի։ Անիկա ո՞վ կրնայ ըլլալ։

Աշխարհի Վիճակներէն կը Հասկնանք

Հակառակ լաւ դիտաւորութիւններ ունեցող մարդոց ջանքերուն, աշխարհը ահաւոր կերպով տառապած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Ասիկա պատճառ եղած է որ մտածող անհատներ հարց տան՝ ինչպէս ըրաւ հանգուցեալ խմբագիր Տէյվիտ Լորանս. «‘Երկրի վրայ խաղաղութիւն’—գրեթէ ամէն մարդ կը փափաքի ասիկա։ ‘Մարդոց հանդէպ բարեացակամութիւն’—աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդները այս զգացումը ունին իրարու հանդէպ։ Ուրեմն ո՞ւր է սխալը։ Հակառակ մարդոց բնածին ցանկութեան, ինչո՞ւ պատերազմը տակաւին կը սպառնայ»։

Հակասական կը թուի, այդպէս չէ՞։ Երբ մարդոց բնական փափաքն է խաղաղութեամբ ապրիլ, անոնք սովորաբար իրար կ’ատեն ու կը սպաննեն, եւ ի՜նչ կատաղութեամբ։ Երեւակայեցէք պաղարիւնութեամբ կատարուած գազանային անգթութիւնները։ Մարդիկ կազի սենեակներ, կեդրոնացման ճամբարներ, հրձիգներ, նափալմ ռումբեր եւ ուրիշ հրէշային կերպեր գործածած են, իրար անգթօրէն չարչարելու եւ սպաննելու համար։

Կը խորհի՞ք որ խաղաղութեան եւ ուրախութեան տենչացող մարդիկ, այսպիսի ահռելի չարութիւններ ընելու կարող են։ Ի՞նչ ուժեր մարդիկը կը մղեն որ այսպիսի զզուելի արարքներ գործեն, կամ զանոնք այնպիսի վիճակներու կը մատնեն որ ստիպուած զգան այսպիսի հրէշային վարմունք ունենալու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ամբարիշտ, անտեսանելի զօրութի՛ւն մըն է որ մարդիկը կը մղէ այսպիսի վայրագութիւններ գործելու։

Աշխարհի Իշխանները Բնորոշուած

Այս մասին ենթադրութիւն ընելու հարկ չկայ, քանի որ Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ մտացի, աներեւոյթ էակ մը կը ղեկավարէ մարդիկն ու ազգերը։ Ան կ’ըսէ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ Իսկ Աստուածաշունչը զայն կը բնորոշէ, ըսելով. «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։—Ա. Յովհաննու 5։19. Յայտնութիւն 12։9

Երբ առիթով մը Յիսուս ‘Սատանայէ փորձուեցաւ’, ան չժխտեց այն իրողութիւնը թէ Սատանան այս աշխարհի իշխանն էր։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ. «Սատանան նորէն առաւ հանեց զանիկա խիստ բարձր լերան մը վրայ եւ ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը. ու ըսաւ անոր. ‘Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես’։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. ‘Ետիս գնա, Սատանա՛յ’»։—Մատթէոս 4։1, 8-10

Խորհեցէք պահ մը. Սատանան փորձեց Յիսուսը, անոր հրամցնելով «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները»։ Բայց, Սատանայի մատուցածը իրական փորձութիւն մը պիտի ըլլա՞ր, եթէ Սատանան իրապէս այս թագաւորութիւններուն իշխանը չըլլար։ Անշուշտ ո՛չ։ Նկատեցէք նաեւ որ այդ բոլոր կառավարութիւնները Սատանային ըլլալը չժխտեց Յիսուս, ինչ որ հաւանաբար պիտի ընէր, եթէ Սատանան անոնց վրայ հեղինակութիւն չունենար։ Հետեւաբար, Բանսարկու Սատանան ի՛րապէս աշխարհի անտեսանելի իշխանն է։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ «այս աշխարհի աստուածը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սակայն, այսպիսի ամբարիշտ մէկը ի՞նչպէս այս հզօր դիրքին տիրացաւ։

Ան որ Սատանայ եղաւ, նախապէս Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած հրեշտակ մըն էր, բայց ան Աստուծոյ դիրքին նախանձեցաւ։ Ան Աստուծոյ իրաւացի իշխանութեան ասպարէզ կարդաց։ Այս նպատակին հասնելու համար, ան որպէս խօսնակ օձ մը գործածեց, առաջին կինը՝ Եւան՝ խաբելու համար։ Այս կերպով ան կրցաւ Եւան ու իր ամուսինը՝ Ադամը՝ իրեն ենթարկել տալ, փոխանակ Աստուծոյ հնազանդելու։ (Ծննդոց 3։1-6. Բ. Կորնթացիս 11։3) Ան նաեւ դաւանեցաւ որ ինք կրնար Ադամի ու Եւայի բոլոր անծին սերունդը Աստուծմէ հեռացնել։ Ուստի, Աստուած ժամանակ տուաւ Սատանայի, իր ըսածները փաստելու համար. բայց Սատանան չյաջողեցաւ ասիկա ընել։—Յոբայ 1։6-12. 2։1-10

Սակայն, Սատանան աշխարհի միակ իշխանը չէ։ Ան յաջողեցաւ կարգ մը հրեշտակներ համոզել որ Աստուծոյ դէմ իր ըմբոստութեան մէջ իրեն միանան։ Անոնք դեւեր՝ իր ոգեղէն մեղսակիցները եղան։ Աստուածաշունչը անոնց մասին կը խօսի, երբ Քրիստոնեաները կը յորդորէ, ըսելով. «Սատանայի հնարքներուն դէմ [դրէք]։ Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա . . . խաւար աշխարհի իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։—Եփեսացիս 6։11, 12

Չար Ոգիներուն Ընդդիմացէք

Աշխարհի այս անտեսանելի, չար իշխանները վճռած են ամբողջ մարդկութիւնը մոլորեցնել, զանոնք հեռացնելով Աստուծոյ պաշտամունքէն։ Ասիկա ընելու չար ոգիներու կերպերէն մէկն է, մահուընէ ետք վերապրումի գաղափարը յառաջացնել, հակառակ անոր որ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ մեռելները անգիտակից են։ (Ծննդոց 2։17. 3։19. Եզեկիէլ 18։4. Սաղմոս 146։3, 4. Ժողովողի 9։5, 10) Այս կերպով, մեռած անհատին ձայնը կեղծելով, չար ոգի մը կրնայ անոր ապրող ազգականներուն կամ բարեկամներուն հետ խօսիլ, ոգեհարցի մը, կամ անտեսանելի ծիրէն եկած «ձայն»ի մը միջոցաւ։ «Ձայն»ը կը ձեւացնէ մեռած անհատը ըլլալ, բայց իրականութեան մէջ ան դե՛ւ մըն է։

Ուստի, եթէ երբեւիցէ այսպիսի «ձայն» մը լսէք, մի՛ խաբուիք։ Անոր ըսածը մերժեցէք եւ Յիսուսի խօսքերը կրկնեցէք. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ»։ (Մատթէոս 4։10. Յակոբու 4։7) Թոյլ մի՛ տաք որ ոգեղէն ծիրի հանդէպ ձեր հետաքրքրութիւնը պատճառ ըլլայ որ չար ոգիներու հետ շփման մէջ գաք։ Այսպիսի շփում մը ոգեհարցութիւն կը կոչուի, եւ Աստուած իր երկրպագուները կը զգուշացնէ անոր բոլոր կերպերուն դէմ։ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ ոեւէ մէկը որ «բաղդ [կը] նայի . . . կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ» է։—Բ. Օրինաց 18։10-12. Գաղատացիս 5։19-21. Յայտնութիւն 21։8

Ոգեհարցութեան բոլոր ձեւերը մերժեցէք, որքան ալ հաճելի կամ հրապուրիչ թուին անոնք, քանի որ անիկա անհատ մը դեւերու ազդեցութեան ներքեւ կը բերէ։ Այս սովորութիւններուն մաս կը կազմեն բիւրեղագունդի նայիլը, Ուիժա խաւաքարտերու գործածութիւնը, արտազգայարանական հասողութիւնը, ձեռնագուշակութիւնը եւ աստղաբաշխութիւնը։ Դեւերը նաեւ ձայներ եւ ֆիզիքական ուրիշ երեւոյթներ պատճառած են, ա՛յն տուներուն մէջ ուր կը յաճախեն։

Տակաւին, չար ոգիները մարդկային մեղաւոր հակումները կը շահագործեն, անբարոյութեան եւ սեռային անբնական արարքներու կարեւոր տեղ մը տալով գրականութիւններու, շարժապատկերներու եւ հեռատեսիլի յայտագիրներու մէջ։ Դեւերը գիտեն որ եթէ մարդիկ սխալ խորհուրդները չվանեն իրենց մտքէն, անոնք անջնջելի տպաւորութիւններ պիտի ձգեն եւ զիրենք պիտի առաջնորդեն դեւերուն նման անբարոյ վարմունք ունենալու։—Ծննդոց 6։1, 2. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-8. Յուդա 6

Ճիշդ է որ այս աշխարհը չար ոգիներու կողմէ կառավարուած ըլլալու գաղափարը, շատերուն ծիծաղելի կրնայ թուիլ։ Բայց անոնց թերահաւատութիւնը մեզ չի զարմացներ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ»։ (Բ. Կորնթացիս 11։14) Անոր ամենէն հնարամիտ խաբկանքը եղած է մարդոց հաւատացնել տալ թէ ինք եւ իր դեւերը իրապէս գոյութիւն չունին։ Բայց մի՛ խաբուիք։ Բանսարկուն եւ իր դեւերը ի՛րապէս գոյութիւն ունին եւ պէ՛տք է անընդհատ անոնց դէմ դնենք։—Ա. Պետրոս 5։8, 9

Բարեբախտաբար, մօտ ատենէն Սատանան եւ իր դեւերու խմբակը պիտի չքանան։ ‘Աշխարհս [նաեւ անոր դեւ իշխանները] կ’անցնի’, կը հաւաստիացնէ Աստուածաշունչը, «բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Այդ չար ազդեցութեան վերցուիլը ի՜նչ մեծ ամոքում մը պիտի ըլլայ։ Հետեւաբար, մենք ալ Աստուծոյ կամքը կատարողներուն մէջ ըլլանք եւ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը վայելենք։—Սաղմոս 37։9-11, 29. Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։3, 4

Աստուածաշունչի գործածուած թարգմանութիւնը Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութիւն–ն է։

[Նկար՝ էջ 4]

Սատանան կրնա՞ր Յիսուսի հրամցնել աշխարհի բոլոր կառավարութիւնները, եթէ անոնք իրեն չպատկանէին