Խաղաղ կեանք՝ նոր աշխարհի մը մէջ
Խաղաղ կեանք՝ նոր աշխարհի մը մէջ
Երբ այս թերթիկին վրայ պատկերացուած տեսարանին կը նայիք, ի՞նչ զգացումներ կը ծագին ձեր մէջ։ Ձեր սիրտը չի՞ ցանկար հոս ցոյց տրուած խաղաղութեան, ուրախութեան եւ բարգաւաճութեան։ Վստա՛հաբար։ Սակայն, պարզապէս երազե՞լ է հաւատալ թէ այս վիճակները օր մը երկրին վրայ գոյութիւն պիտի ունենան։
Շատ մը անհատներ հաւանաբար այսպէս կը խորհին։ Ներկայ իրադարձութիւններն են պատերազմը, ոճիրը, անօթութիւնը, հիւանդութիւնը, ծերութիւնը,—քանի մը հատը յիշելու համար։ Այսուհանդերձ, յուսալու պատճառ ունինք։ Ապագան նախագուշակելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13. Եսայեայ 65։17
Ըստ Աստուածաշունչին, այս ‘նոր երկինք’ը ու ‘նոր երկիր’ը նիւթական նոր երկինք կամ բառացի նոր երկիր մը չեն։ Ֆիզիքական երկիրն ու երկինքը կատարեալ կազմուեցան եւ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ անոնք յաւիտեան պիտի մնան։ (Սաղմոս 89։36, 37. 104։5) ‘Նոր երկիր’ը արդար մարդոց ընկերութիւն մը պիտի ըլլայ, որոնք երկրի վրայ պիտի ապրին, իսկ ‘նոր երկինք’ը՝ կատարեալ երկնային թագաւորութիւն մը, կամ կառավարութիւն մը՝ որ մարդոցմէ բաղկացող այս երկրային ընկերութեան վրայ պիտի իշխէ։ Սակայն իրապա՞շտ է հաւատալ որ ‘նոր երկիր մը’, կամ փառաւոր նոր աշխարհ մը, կարելի է։
Նկատի առնենք այն իրողութիւնը թէ այս իտէալ վիճակները երկրին նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մէկ մասն էին։ Ան առաջին մարդկային զոյգը Եդեմին՝ երկրային Դրախտին՝ մէջ դրաւ եւ անոնց սքանչելի պաշտօն մը տուաւ։ Ան անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Այո, Աստուծոյ նպատակն էր որ այրն ու կինը զաւակներ ունենան եւ վերջապէս իրենց Դրախտը ամբողջ երկրին վրայ տարածեն։ Թէեւ անոնք հետագային ընտրեցին Աստուծոյ անհնազանդ գտնուիլ, այսպիսով ապացուցանելով որ յաւիտեան ապրելու արժանի չէին, սակայն Աստուծոյ սկզբնական նպատակը չփոխուեցաւ։ Անիկա պէտք է իրագործուի նոր աշխարհի մը մէջ։—Եսայեայ 55։11
Երբ Տէրունական Աղօթքը՝ կամ Հայր Մերը՝ կ’ըսէք եւ կը խնդրէք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, իրականութեան մէջ կ’աղօթէք որ իր երկնային Կառավարութիւնը երկրէն չարութիւնը ջնջէ եւ այս նոր աշխարհին վրայ իշխէ։ (Մատթէոս 6։9, 10) Վստահ կրնանք ըլլալ որ Աստուած պիտի պատասխանէ այս աղօթքին, քանի որ իր Խօսքը կը խոստանայ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։29
Կեանքը՝ Աստուծոյ Նոր Աշխարհին մէջ
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը անբաղդատելի օգուտներ պիտի բերէ երկրին։ Անիկա պիտի իրագործէ ամէն բարի բան զոր Աստուած սկիզբէն կը վերապահէր իր ժողովուրդին երկրի վրայ վայելելու համար։ Ատելութիւններն ու նախապաշարումները գոյութենէ պիտի դադրին. վերջապէս երկրի վրայ ամէն մարդ ուրիշի մը իրական բարեկամը պիտի ըլլայ։ Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած կը խոստանայ որ «պատերազմները [պիտի] դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը»։ «Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։—Սաղմոս 46։9. Եսայեայ 2։4
Վերջապէս ամբողջ երկիրը պարտիզանման դրախտային վիճակի մը պիտի բերուի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ ... Քանզի անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։ Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէ»։—Եսայեայ 35։1, 6, 7
Երկրային Դրախտին մէջ ամէն պատճառ պիտի ըլլայ ուրախ ըլլալու։ Մարդիկ բնաւ ուտելիքի պակասէ պիտի չտառապին։ «Երկիր իր պտուղը պիտի տայ», կ’ըսէ Սաղմոս 67։6. 72։16) Բոլորն ալ իրենց աշխատանքին պտուղը պիտի վայելեն, ինչպէս կը խոստանայ մեր Ստեղծիչը. «[Անոնք] այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ ... Անոնք պիտի չտնկեն, որպէսզի ուրիշները ուտեն»։—Եսայեայ 65։21, 22
Աստուածաշունչը։ (Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, մարդիկ այլեւս հսկայ շէնքերու մէջ պիտի չխռնուին, ոչ ալ փլատակ, աղտոտ թաղամասերու մէջ պիտի բնակին, քանի որ Աստուծոյ նպատակն է. «[Անոնք] տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին ...։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէսզի ուրիշները բնակին»։ Աստուածաշունչը նաեւ կը խոստանայ. «Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին»։ (Եսայեայ 65։21–23) Ուստի, մարդիկ արդիւնաբեր եւ գոհացուցիչ գործ մը պիտի ունենան։ Կեանքը ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ։
Ժամանակի ընթացքին, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի վերահաստատէ նոյնիսկ այն խաղաղարար յարաբերութիւնները որոնք անասուններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ անասուններուն ու մարդոց միջեւ գոյութիւն ունէին Եդեմի պարտէզին մէջ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ»։—Եսայեայ 11։6–9. Ովսեայ 2։18
Երեւակայեցէք պահ մը. Երկրային Դրախտին մէջ բոլոր հիւանդութիւնները եւ ֆիզիքական անկարողութիւններն ալ պիտի բուժուին։ Աստուծոյ Խօսքը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ մեզի. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։4
Այս Խոստումները Մատչելի Են Ձեզի
Վստահաբար ձեր սիրտը կը տոգորի արդարութեան նոր աշխարհին մէջ կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումները գիտնալով։ Մինչ ոմանք այսպիսի օրհնութիւններ ճշմարիտ ըլլալու համար թերեւս անիրականալի կը նկատեն, սակայն անոնք անիրականալի չեն, երբ կու գան մեր սիրալիր Ստեղծիչին ձեռքէն։—Սաղմոս 145։16. Միքիայ 4։4
Անշուշտ, եթէ կը փափաքինք յաւիտեան ապրիլ մօտալուտ երկրային Դրախտին մէջ, որոշ պահանջներու գոհացում պէտք է տանք։ Աստուծոյ մատուցած աղօթքի մը մէջ, Յիսուս գլխաւոր պահանջ մը յիշեց, ըսելով. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3
Ուստի, եթէ իրապէս կը փափաքինք ապրիլ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, նախ պէտք է սորվինք Աստուծոյ կամքը, ու ապա կատարենք զայն։ Քանի որ իրողութիւն մըն է թէ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» եւ յաւիտեան պիտի վայելէ օրհնութիւններ զորս մեր սիրալիր Ստեղծիչը առատօրէն պիտի տայ։—Ա. Յովհաննու 2։17
Եթէ յիշեցում չըլլայ, Աստուածաշունչի բոլոր մէջբերումները Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Աշխարհաբար Թարգմանութենէն են։