Անցնիլ բովանդակութեան

Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ

Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ

Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ

Ինչո՞ւ Կարդալ Աստուածաշունչը

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ուրիշ որեւէ գրքէ տարբեր է. անիկա Աստուծոյ սիրալիր խրատները կը պարունակէ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13) Եթէ Աստուածաշունչին ուսուցումը գործադրէք, մեծապէս պիտի օգտուիք։ Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը պիտի աճեցնէք եւ աւելի մօտ պիտի զգաք՝ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողին։ (Յակոբու 1։17) Պիտի գիտնաք ի՛նչպէս աղօթքով իրեն մօտենալ։ Նեղութիւններու ընթացքին, կրնաք Աստուծոյ օգնութիւնը զգալ։ Եթէ ձեր կեանքը Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն վարէք, Աստուած յաւիտենական կեանք պիտի տայ ձեզի։—Հռովմայեցիս 6։23

Աստուածաշունչը ճշմարտութիւններ կը պարունակէ, որոնք մեզ կը լուսաբանեն։ Աստուածաշունչի գիտութիւնը ստացողները կ’ազատագրուին միլիոնաւորներու կեանքին ազդող սխալ ըմբռնումներէ։ Օրինակ՝ մեռնելէ ետք ի՛նչ պատահելուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզ կ’ազատագրէ այն վախէն թէ մեռելները վնաս կը հասցնեն մեզի, կամ՝ թէ մեր սիրելի ազգականներն ու բարեկամները կը տառապին։ (Եզեկիէլ 18։4) Աստուածաշունչի յարութեան ուսուցումը կը մխիթարէ մահուան մէջ սիրելիներ կորսնցուցած անհատները։ (Յովհաննու 11։25) Չար հրեշտակներու մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը, ոգեհարցութեան վտանգներէն կը զգուշացնէ մեզ եւ կ’օգնէ հասկնալու թէ ինչո՛ւ այսքան դժուարութիւն կայ երկրի վրայ։

Աստուածաշունչի մէջի աստուածային սկզբունքները ցոյց կու տան թէ ի՛նչպիսի կեանք մը պէտք է վարենք, ֆիզիքական օգուտներ քաղելու համար։ Օրինակ՝ «զգաստ» ըլլալը լաւ առողջութեան կը նպաստէ։ (Ա. Տիմոթէոս 3։2) «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրել»ով, մեր առողջութեան վնասելէ կը խուսափինք։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Աստուածաշունչին մէջ գտնուած Աստուծոյ խրատները կիրարկելը նաեւ ամուսնութեան մէջ ուրախութիւն եւ արժանապատուութիւն կը յառաջացնէ։—Ա. Կորնթացիս 6։18

Եթէ Աստուծոյ Խօսքը գործադրէք, աւելի ուրախ անհատ մը կ’ըլլաք։ Աստուածաշունչի գիտութիւնը ներքին խաղաղութիւն եւ գոհունակութիւն գտնելու կը նպաստէ եւ յոյս կու տայ։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ կարգ մը հաճելի յատկութիւններ մշակենք, ինչպէս՝ կարեկցութիւն, սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, քաղցրութիւն եւ հաւատք։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Եփեսացիս 4։24, 32) Այսպիսի յատկութիւններ մեզի կ’օգնեն որ աւելի լաւ ամուսին մը կամ կին մը, հայր մը կամ մայր մը, որդի մը կամ աղջիկ մը ըլլանք։

Բնաւ ապագային մասին մտածա՞ծ էք։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները մեզի ցոյց կու տան թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք։ Այս մարգարէութիւնները ո՛չ միայն ներկայ աշխարհի վիճակները կը նկարագրեն, այլ նաեւ ցոյց կու տան թէ Աստուած շուտով երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։—Յայտնութիւն 21։3, 4

Աստուածաշունչը Հասկնալու Օգնութիւն

Թերեւս փորձած էք կարդալ Աստուածաշունչը, բայց նկատած էք որ դժուար է զայն հասկնալ։ Թերեւս չէք գիտեր Աստուածաշունչին ո՛ր մասէն գտնել ձեր հարցումներուն պատասխանները։ Եթէ ա՛յս է պարագան, դուք առանձին չէք։ Բոլորս ալ օգնութեան պէտք ունինք Աստուծոյ Խօսքը հասկնալու համար։ Շուրջ 235 երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները միլիոնաւոր մարդոց ձրիօրէն Աստուածաշունչի ուսուցում կը հայթայթեն։ Անոնք ուրախութեամբ ձեզի ալ կրնան օգնել։

Սովորաբար, նախընտրելի է Աստուածաշունչը ուսումնասիրել աստիճանաբար, սկսելով հիմնական ուսուցումներէն։ (Եբրայեցիս 6։1) Մինչ կը յարատեւէք, աւելի կարող պիտի ըլլաք «հաստատուն կերակուր»՝ այսինքն աւելի խորունկ ճշմարտութիւններ, ստանալու։ (Եբրայեցիս 5։14) Աստուածաշունչը բացարձակ հեղինակութիւնն է։ Սուրբ գրային գրականութիւնները, ինչպէս՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը, ձեզի պիտի օգնեն որ այլազան նիւթերու շուրջ Սուրբ Գրքին տեսակէտը հասկնաք։

Յօժա՞ր Էք Ամէն Շաբաթ Ժամանակ Տրամադրել՝ Աստուածաշունչը Հասկնալու Համար

Սովորաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կարելի է կարգադրել ձեզի յարմար եղող ժամու մը եւ վայրի մը մէջ։ Շատեր իրենց տան մէջ կ’ունենան այս ուսումնասիրութիւնը։ Ոմանք նոյնիսկ հեռաձայնով կ’ուսումնասիրեն։ Ուսումնասիրութեան յայտագիրը բազմաթիւ անհատներէ կազմուած դասարան մը չէ, այլ անհատական կարգադրութիւն մըն է, ձեր անձնական պարագաներուն յարմարցուած, մէջը ըլլալով ձեր գիտութեան մակարդակը եւ ուսումը։ Քննութիւն տալ չկայ եւ ոեւէ մէկը ձեզ նեղը պիտի չձգէ։ Աստուածաշունչի ձեր հարցումներուն պատասխան պիտի տրուի եւ պիտի սորվիք թէ ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ։

Աստուածաշունչի այս ուսումնասիրութեան համար վճարում պահանջուած չէ։ (Մատթէոս 10։8) Անիկա ձրիօրէն կը հրամցուի բոլոր կրօնքներու պատկանող անհատներուն, ինչպէս նաեւ կրօնքի մը չհետեւողներուն, որոնք անկեղծօրէն կը փափաքին Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իրենց գիտութիւնը աւելցնել։

Որո՞նք կրնան խօսակցութեան մասնակցիլ։ Ձեր ամբո՛ղջ ընտանիքը։ Կրնաք հրաւիրել ոեւէ բարեկամ, որ կ’ուզէ մասնակցիլ։ Կամ՝ եթէ կը փափաքիք, խօսակցութիւնը միայն ձեզի հետ կարելի է ունենալ։

Շատեր շաբաթը ժամ մը կը տրամադրեն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար։ Որեւէ շաբաթ որ կարելիութիւն ունենաք աւելի ժամանակ տրամադրելու, կամ ձեր ժամանակը սահմանափակ ըլլայ, Վկաները պատրաստ պիտի ըլլան ձեզի յարմարելու։

Սորվելու Հրաւէր մը

Ձեզ կը հրաւիրենք որ Եհովայի Վկաներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ գաք։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է ստորեւ տրուած հասցէի մը գրել։ Կարելի է կարգադրութիւններ ընել որ մէկը ձեզի հետ տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութիւն մը վարէ։

□ Ինծի ղրկեցէք՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկէն օրինակ մը։

□ Բարեհաճեցէք ինծի հետ կապ պահել տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութեան մը համար։

Աստուածաշունչի գործածուած թարգմանութիւնը Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութիւն–ն է։