Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Անոնք աշխարհի մէկ մասը չեն»

«Անոնք աշխարհի մէկ մասը չեն»

Գլուխ 21

«Անոնք աշխարհի մէկ մասը չեն»

1. (ա) Իր մահուան նախօրեակին Յիսուս ի՞նչ աղօթեց իր աշակերտներուն ի նպաստ։ (բ) Ինչո՞ւ «աշխարհին մէկ մասը» չըլլալը այդքան կարեւոր էր։

ԻՐ ՑՑԱՀԱՐՄԱՆ նախօրեակին, Յիսուս ջերմեռանդօրէն աղօթեց իր աշակերտներուն ի նպաստ։ Գիտնալով որ անոնք Սատանայի կողմէ բիրտ հալածանքի պիտի ենթարկուէին, ան ըսաւ իր Հօրը. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն [աշխարհի մէկ մասը] չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։15, 16) Ինչո՞ւ աշխարհէ անջատ մնալը այսքան կարեւոր է։ Քանի որ անոր իշխանը Սատանան է։ Անոնք որոնք աշխարհի մէկ մասն են, ինքնաբերաբար Սատանայի ղեկավարութեան ներքեւ են։ (Յովհաննու 14։30. Ա. Յովհաննու 5։19) Ասիկա ի մտի ունենալով, կենսական է որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ հասկնայ թէ «աշխարհի մէկ մասը» չըլլալը ի՞նչ կը նշանակէ։ Յիսուսի պարագային ասիկա ինչպէ՞ս ճշմարիտ էր։

2. Յիսուս ի՞նչ կերպերով «աշխարհի մէկ մասը» չէր։

2 Յիսուս վստահաբար ինքզինք չմեկուսացուց միւս մարդոցմէ։ Իր «աշխարհի մէկ մասը» չըլլալը չէր նշանակեր որ ուրիշներու հանդէպ սէր չունէր։ Հակառակը, ան քաղաքէ քաղաք գնաց, անոնց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու համար։ Ան հիւանդները բուժեց, կոյրերուն տեսողութիւն տուաւ, մեռելները յարուց եւ նոյնիսկ իր կեանքը մարդկութեան ի նպաստ տուաւ։ Սակայն, աշխարհի հոգիով լեցուած մարդոց ամբարիշտ կեցուածքը եւ չար արարքները չսիրեց։ Ան իր ունկնդիրները զգուշացուց անբարոյ ցանկութիւններու, նիւթապաշտ ապրելակերպի եւ անձը բարձրացնելու անձնակեդրոն ցանկութեան դէմ։ (Մատթէոս 5։27, 28. 6։19–21. Ղուկաս 12։15–21. 20։46, 47) Փոխանակ Աստուծմէ հեռացած մարդոց ապրելակերպը ընդօրինակելու, Յիսուս Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալեց։ (Յովհաննու 8։28, 29) Իսկ գալով Հռովմի եւ Հրեաներու միջեւ եղած քաղաքական հակաճառութեանց, Յիսուս՝ ծագումով Հրեայ ըլլալով հանդերձ՝ կողմ չբռնեց։

«ԻՄ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՍ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՉԷ»

3. (ա) Յիսուսի նկատմամբ ի՞նչ ամբաստանութիւն ըրին Հրեայ կրօնական առաջնորդները Պիղատոսի դիմաց եւ ինչո՞ւ։ (բ) Ի՞նչ բանը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս մարդկային թագաւոր մը ըլլալով հետաքրքրուած չէր։

3 Սակայն, Հրեայ կրօնական առաջնորդները Յիսուսը ամբաստանեցին որպէս ազգային շահերը կործանող մը։ Զինք ձերբակալել տուին եւ Հռովմէացի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին տարին։ Զիրենք մասնաւորաբար անհանգստացնողը այն էր, որ Յիսուսի ուսուցումը կը քօղազերծէր իրենց կեղծաւորութիւնը։ Բայց որպէսզի մղէին կառավարիչը որ ձեռք զարնէր անոր, անոնք հետեւեալ ամբաստանութիւնը ըրին. «Ասիկա գտանք, որ մեր ազգը կը մոլորեցնէր ու Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէր եւ իրեն համար կ’ըսէր թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է»։ (Ղուկաս 23։2) Իրողութիւնը այդ էր որ տարի մը առաջ երբ մարդիկ ուզած էին զինք թագաւոր ընել, Յիսուս մերժած էր։ (Յովհաննու 6։15) Ան գիտէր թէ ինք երկնային Թագաւոր մը պիտի ըլլար եւ թէ իր Թագաւոր ըլլալու ժամանակը տակաւին հասած չէր եւ ինք պիտի գահակալուէր՝ ոչ թէ ժողովրդավարական վարչաձեւով, այլ՝ Եհովա Աստուծոյ կողմէ։

4. ‘Կայսրին տուրք տալու’ մասին Յիսուսի կեցուածքը ի՞նչ էր։

4 Իսկ գալով տուրք վճարելուն, Յիսուսի ձերբակալութենէն երեք օր առաջ Փարիսեցիները ջանացած էին որ ան այս հարցին մասին մեղադրական բան մը ըսէր։ Բայց իրենց չարամիտ հարցումին առ ի պատասխան, Յիսուս ըսած էր. «Ցուցուցէք ինծի դահեկան մը։ Որո՞ւն պատկերը ու գիրը կան վրան»։ Երբ անոնք ըսին՝ «Կայսրին», այն ատեն անոնց պատասխանած էր. «Ուրեմն զայն որ կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։—Ղուկաս 20։20–25

5. (ա) Յիսուս իր ձերբակալուած ատեն ի՞նչ դաս սորվեցուց իր աշակերտներուն։ (բ) Յիսուս ինչպէ՞ս բացատրեց Պիղատոսի, իր արարքին պատճառը։

5 Յիսուսի ձերբակալուած ատեն տեղի ունեցած եղելութիւնը արդէն իսկ կ’ապացուցանէր որ ան Հռովմի դէմ ըմբոստութիւն մը չէր քաջալերեր, ոչ ալ կ’ուզէր որ իր աշակերտները այդպէս ընեն։ Հռովմէացի զինուորներ Հրեաներու հետ սուրերով եւ բիրերով եկան Յիսուսը ձերբակալելու։ (Յովհաննու 18։3, 12. Մարկոս 14։43) Ասիկա տեսնելով, Պետրոս առաքեալ սուրը քաշեց եւ այդ մարդոցմէ մէկուն զարկաւ ու անոր աջ ականջը կտրեց։ Բայց Յիսուս յանդիմանեց Պետրոսը, ըսելով. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասնզի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։51, 52) Յաջորդ առաւօտ, Պիղատոսի դիմաց, Յիսուս բացատրեց իր արարքին պատճառը, ըսելով. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։—Յովհաննու 18։36

6. Այդ հարցաքննութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

6 Իրողութիւնները քննելէ ետք, Պիղատոս ըսաւ որ Յիսուսի դէմ ‘յանցանք մը չէր գտած’։ Հակառակ ասոր, ան ամբոխին պահանջներուն ենթարկուեցաւ եւ Յիսուսը ցցահարել տուաւ։—Ղուկաս 23։13–15. Յովհաննու 19։12–16

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ՏԻՐՈՋ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ

7. Նախկին Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ իրենք աշխարհի հոգիէն կը խուսափէին եւ սակայն կը սիրէին մարդիկը։

7 Թէ՛ Աստուածաշունչին եւ թէ ուրիշ պատմական աշխատանքներու մէջ նախկին Քրիստոնէութեան մասին եղած արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ Յիսուսի աշակերտները հասկցած էին իրենցմէ պահանջուած «աշխարհի մէկ մասը» չըլլալուն իմաստը։ Անոնք կը ջանային խուսափիլ աշխարհի հոգիէն։ Քանի որ Հռովմէական կրկէսներուն եւ թատրոններուն մէջի վայրագ եւ անբարոյ զբօսանքները կը մերժէին, անոնք մարդատեացներ նկատուած էին։ Սակայն, փոխանակ իրենց ընկերները ատելու, անոնք իրենք զիրենք ձեռնտու կ’ընէին անոնց օգնելու, որպէսզի փրկութեան համար Աստուծոյ սիրալիր կարգադրութենէն օգտուին։

8. (ա) «Աշխարհի մէկ մասը» չըլլալու համար այդ նախկին աշակերտները ի՞նչ բաներ կրեցին։ (բ) Սակայն անոնք ինչպէ՞ս կը նկատէին քաղաքական իշխանները եւ անոնց տուրք վճարելը եւ ինչո՞ւ։

8 Իրենց Տիրոջ նման, անոնք ալ բուռն հալածանքի ենթարկուեցան եւ այս հալածանքը յաճախ կու գար սխալ տեղեկութիւն ստացող կառավարական պաշտօնեաներու կողմէ։ (Յովհաննու 15։18–20) Բայց Հ.Դ. 56–ի ատենները, Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ գտնուող իր հաւատակիցներուն գրեց, կրկին անգամ շեշտելով Յիսուսի տուած խրատը։ Պօղոս յորդորեց որ անոնք ‘իրենց վրայ եղած իշխանութիւններուն [քաղաքական իշխաններուն] հնազանդին. վասնզի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ’։ Ասիկա ըսել չուզեր թէ Եհովա կը հաստատէ աշխարհային կառավարիչները, այլ՝ թէ անոնք իր թոյլատուութեամբ կ’իշխեն։ Պօղոս բացատրեց թէ «անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են», քանի որ Աստուած նախատեսեց եւ նախագուշակեց անոնց յաջորդականութիւնը։ Հետեւաբար, մեր «վրայ եղած իշխանութիւններ»ը ներկայիս «Աստուծմէ կարգուած են [Աստուծոյ կարգադրութիւնն է]», մինչեւ որ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրին տիրող միակ կառավարութիւնը ըլլայ։ Ուստի, Պօղոս խրատեց Քրիստոնեաները որ պատշաճ յարգանք ցոյց տան աշխարհային պաշտօնեաներու եւ անոնց պահանջած տուրքը վճարեն։—Հռովմայեցիս 13։1–7. Տիտոս 3։1, 2

9. (ա) Երբ մեր «վրայ եղած իշխանութիւններուն» կը հնազանդինք, ի՞նչ բան միշտ նկատի պէտք է առնենք։ (բ) Պատմութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ նախկին Քրիստոնեաները զգուշութեամբ կը հետեւէին Յիսուսի օրինակին։

9 Այսուհանդերձ, Պօղոս անոնց չըսաւ որ կոյր հպատակութիւն մը ցոյց տան, առանց նկատի առնելու Աստուած, իր Խօսքը եւ Քրիստոնէական խղճմտանքը։ Անոնք գիտէին թէ Յիսուս միայն Եհովան պաշտած էր եւ թէ երբ մարդիկ ուզած էին զինք թագաւոր ընել, ան մերժած էր եւ թէ Պետրոսի ըսած էր որ իր սուրը չգործածէր։ Անոնք խղճմտօրէն կը կառչէին իրենց Տիրոջ առաջնորդութեան։ Քաղաքակրթութեան Ճամբուն Վրայ—Աշխարհի Պատմութիւն մը գիրքը՝ (Հէգիլ եւ Սիկմանի կողմէ, էջ 237, 238), կը տեղեկագրէ. «Քրիստոնեաները կը մերժէին Հռովմէացի քաղաքացիներուն կարգ մը պարտականութիւնները։ Քրիստոնեաները ... կը զգային որ զինուորական ծառայութիւն ընելը իրենց հաւատքին ուրացում մըն էր։ Անոնք քաղաքական պաշտօններ չէին ընդուներ։ Անոնք չէին ուզեր կայսրը պաշտել»։

10. (ա) Հ.Դ. 66–ին, Երուսաղէմի Քրիստոնեաները ի՞նչ քայլ առին։ (բ) Անիկա ի՞նչ կերպով արժէքաւոր օրինակ մըն է։

10 Իրենց օրերուն քաղաքական եւ զինուորական հակաճառութեանց նկատմամբ, Յիսուսի աշակերտները խիստ չէզոքութիւն պահեցին։ Հ.Դ. 66–ին, Հռովմէական գաւառ եղող Յուդայի բնակիչները՝ Հրեաները, ըմբոստացան Կայսրին դէմ։ Հռովմէական բանակը շուտով պաշարեց Երուսաղէմը։ Քաղաքին մէջ գտնուող Քրիստոնեաները ի՞նչ ըրին։ Անոնք կը յիշէին չէզոք մնալու եւ պատերազմող բանակներէն հեռու մնալու Յիսուսի խրատը։ Երբ Հռովմէական բանակը ժամանակաւորապէս նահանջեց, Քրիստոնեաները առիթէն օգտուեցան Յորդանան Գետին անդիի կողմը, Բէլլայի լեռնային շրջանը փախչելու։ (Ղուկաս 21։20–24) Իրենց չէզոքութեամբ, անոնք որպէս հաւատարմութեան տիպարներ ծառայեցին հետագայ Քրիստոնեաներուն։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՉԷԶՈՔՈՒԹԻՒՆ ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

11. (ա) Եհովայի Վկաները ո՞ր գործով կը շարունակեն զբաղած մնալ եւ ինչո՞ւ։ (բ) Ի՞նչ բանի հանդէպ չէզոք են։

11 Պատմական արձանագրութիւնը ցոյց կու տա՞յ թէ այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, Հ.Դ. 1914–էն ի վեր, այդ նախկին Քրիստոնեաներուն նման Քրիստոնէական չէզոքութիւն պահողներ եղած են։ Այո, Եհովայի Վկաները ըրած են ասիկա։ Համայն աշխարհի մէջ, անոնք շարունակած են զբաղած մնալ քարոզելով որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն եւ արդարասէր անհատներու ուրախութիւն բերելու միակ միջոցը։ (Մատթէոս 24։14) Իսկ ազգերու հակաճառութեանց մէջ, անոնք բացարձակ չէզոքութիւն պահած են։

12. (ա) Վկաներուն չէզոքութիւնը ինչպէ՞ս կղերներուն կեցուածքին հակառակն է։ (բ) Քաղաքականութեան հանդէպ չէզոք ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ Եհովայի Վկաներուն համար։

12 Ասոր ճիշդ հակառակը, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ուղղակիօրէն թաղուած են աշխարհի քաղաքական գործերուն մէջ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք ուղղակիօրէն ցոյցեր կը կատարեն թեկնածուի մը թեր կամ դէմ։ Կարգ մը կղերներ իրե՛նք ուղղակիօրէն քաղաքական պաշտօն մը ունին։ Իսկ ուրիշներ՝ մեծ ճնշում կը բանեցնեն քաղաքագէտներու վրայ, որպէսզի կղերներուն հաւանութիւնը ունեցող յայտագիրներուն նպաստեն։ Այլ տեղեր, «պահպանողական» կղերներ զօրութեան գլուխ եղող մարդոց մտերիմ դաշնակիցներն են, իսկ «յառաջդիմական» քահանաներ եւ ծառաներ, ֆէտայական շարժումներու թիկունք կը կանգնին, զանոնք տապալելու համար։ Սակայն, Եհովայի Վկաները քաղաքականութեան միջամուխ չեն ըլլար, ո՛ր երկրին մէջ ալ ապրին։ Անոնք ուրիշին գործերուն չեն խառնուիր, երբ ոմանք կուսակցութիւններու կը միանան, պաշտօններու կը ցանկան կամ կը քուէարկեն։ Բայց քանի որ Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտները «աշխարհի մէկ մասը չեն», Եհովայի Վկաները որեւէ քաղաքական գործունէութեանց մաս չեն կազմեր։

13. Պատերազմի մասնակցելու մէջ ի՞նչ եղած է Եհովայի Վկաներուն դիրքը։

13 Ինչպէս Յիսուս նախագուշակած էր, այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, ազգերը յաճախ պատերազմի դիմած են եւ նոյնիսկ մէկ ազգի տարբեր տարրերը իրար դէմ զէնք բարձրացուցած են։ (Մատթէոս 24։3, 6, 7) Բայց այս բոլոր բաներուն դիմաց, Եհովայի Վկաները ի՞նչ դիրք բռնած են։ Համայն աշխարհի ծանօթ է անոնց չէզոք դիրքը այսպիսի պայքարներու մէջ։ Յիսուս Քրիստոսի եւ հետագային իր նախկին աշակերտներուն կողմէ ցուցաբերուած դիրքին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Նոյեմբեր 1, 1939–ի Դիտարանը կը նշէր. «Բոլոր անոնք որոնք Տէրոջ կողմն են, ազգերուն պատերազմներուն մէջ չէզոք պէտք է ըլլան եւ ամբողջովին, մեծագոյն Աստուածպետին [Եհովայի] եւ իր Թագաւորին [Յիսուս Քրիստոսի] կողմը պէտք է ըլլան»։ Իրողութիւններ կ’ապացուցանեն որ բոլոր ազգերուն մէջ եւ ամէն պարագայի ներքեւ, Եհովայի Վկաները կը շարունակեն կառչած մնալ այս դիրքին։ Անոնք թոյլ չեն տար որ աշխարհի բաժանող քաղաքականութիւնը եւ պատերազմները բեկանեն իրենց միջազգային եղբայրակցութիւնը, որպէս Եհովան պաշտողներ։—Եսայեայ 2։3, 4. բաղդատել Բ. Կորնթացիս 10։3, 4։

14. (ա) Իրենց չէզոք դիրքին պատճառով, Վկաները տակաւին ի՞նչ բան մերժած են ընել։ (բ) Անոնք ինչպէ՞ս կը բացատրեն ասոր պատճառը։

14 Պատմական իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ Եհովայի Վկաները ոչ միայն մերժած են զինուորական շրջազգեստ հագնիլ եւ զէնք կրել, այլ, անցեալ յիսուն տարիներու ընթացքին, անոնք նաեւ մերժած են ոչ–պատերազմական ծառայութիւններ կամ իրենց զինուորական ծառայութիւնը փոխարինող ուրիշ նշանակումներ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք Աստուծոյ պահանջները ուսումնասիրած եւ յետոյ անձնական, խղճամիտ որոշում մը առած են։ Ոեւէ մէկը անոնց չ’ըսեր թէ ինչ պէտք է ընեն եւ ոչ ալ իրենք կը միջամտեն ուրիշներուն որոշումներուն։ Բայց երբ իրենցմէ պահանջուի որ իրենց դիրքը բացատրեն, Եհովայի Վկաները կը գիտցնեն որ, որպէս Աստուծոյ նուիրուած անհատներ, ստիպուած են իրենց մարմինները Աստուծոյ ծառայութեան համար գործածել եւ չեն կրնար զայն յանձնել երկրային տէրերու, որոնք Աստուծոյ նպատակին հակառակ կը գործեն։—Հռովմայեցիս 6։12–14. 12։1, 2. Միքիա 4։3

15. (ա) Աշխարհէն հեռու մնալով, Եհովայի Վկաները ի՞նչ բանի ենթարկուած են։ (բ) Նոյնիսկ երբ բանտարկուած են, Քրիստոնէական սկզբունքները ինչպէ՞ս առաջնորդած են զիրենք։

15 Ասոր արդիւնքը եղած է Յիսուսի ըսածը. «Որովհետեւ աշխարհէն չէք, ... աշխարհ ձեզ կ’ատէ»։ (Յովհաննու 15։19) Շատ մը Եհովայի Վկաներ բանտարկուած են, քանի որ չեն ուզած բռնաբարել իրենց Քրիստոնէական չէզոքութիւնը։ Անոնցմէ ոմանց հետ վայրագօրէն վարուած են, մինչեւ մահուան աստիճան հասցնելով։ Ուրիշներ՝ տակաւին շարունակած են իրենց չէզոքութիւնը ապացուցանել, տարիներ արգելափակուելով։ Աուսշվիցի Արժէքները եւ Բռնութիւնը խորագրով գիրքը (գրուած՝ Աննա Փաուէլզինսքայի կողմէ, էջ 89) կը տեղեկագրէ. «Ամէն մարդ գիտէր որ [կեդրոնացման ճամբարներու մէջ] ոչ մէկ Եհովայի Վկայ իր կրօնական հաւատալիքին եւ համոզումներուն հակառակ եղող պատուէրի մը պիտի հնազանդէր, ոչ ալ ուրիշ անհատի մը դէմ որեւէ արարք մը պիտի ընէր, նոյնիսկ եթէ այդ անձը մարդասպան կամ Էս. Էս. պաշտօնեայ մը ըլլար։ Իսկ միւս կողմէն, ան կը յօժարէր ուրիշ գործ մը ընել, որքան ալ անբաղձալի ըլլար այդ, իր լաւագոյնը ընելով, եթէ ան բարոյապէս չէզոք գործ մըն էր իրեն համար»։

16. (ա) Բոլոր ազգերը դէպի ո՞ւր կ’ընթանան, եւ ուստի Եհովայի Վկաները ի՞նչ բանէ կը խուսափին։ (բ) Ուրեմն, աշխարհէն հեռու մնալը ինչո՞ւ այսքան լուրջ հարց մըն է։

16 Եհովայի Վկաները կը գիտակցին որ բոլոր ազգերն ալ դէպի «Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուանը պատերազմ»ը՝ Արմագեդոն, կ’ընթանան։ Որպէս միացած ժողովուրդ մը, Եհովայի ծառաները Իր Մեսիական Թագաւորութեան կողքին դիրք բռնած են։ Ուստի, կը զգուշանան եւ ամէն ձեւով կը խուսափին այդ Թագաւորութեան հակառակ դիրքի մը մէջ ըլլալու բոլոր հնարքներէն։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։11–21) Անոնք կը գնահատեն Յիսուսի ըսածը թէ իր ճշմարիտ հետեւորդները «աշխարհի մէկ մասը չեն»։ Անոնք գիտեն որ այս հին աշխարհը շուտով պիտի անցնի եւ միայն անոնք որ անկեղծօրէն Աստուծոյ կամքը կը կատարեն յաւիտեան պիտի մնան։—Ա. Յովհաննու 2։15–17

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ «աշխարհի մէկ մասը» չըլլալուն ի՛նչ իմաստ կրելը։

Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ նախկին Քրիստոնեաներուն կեցուածքը (1) աշխարհի հոգիին, (2) աշխարհային իշխաններուն եւ անոնց տուրք վճարելու, (3) զինուորական ծառայութեան նկատմամբ։

Արդի Եհովայի Վկաները ի՞նչ կերպերով ապացուցանած են իրենց Քրիստոնէական չէզոքութիւնը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]