Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան՝ որու համար վկայեցին բոլոր մարգարէները

Ան՝ որու համար վկայեցին բոլոր մարգարէները

Գլուխ 4

Ան՝ որու համար վկայեցին բոլոր մարգարէները

1. Յիսուսի նախամարդկային գոյութեան իրողութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ Եհովայի հետ իր ունեցած յարաբերութեան մասին։

ԵՀՈՎԱՅԻ հետ ունեցած իր ջերմ յարաբերութիւնը նկարագրելով, Յիսուս ըսաւ. «Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան կը ցուցնէ անոր՝ ինչ որ ինք կ’ընէ»։ (Յովհաննու 5։19, 20) Այդ մօտիկ յարաբերութիւնը սկսաւ իր ստեղծագործութեան ատեն, իր մարդկային ծնունդէն անհաշիւ հազարաւոր տարիներ առաջ։ Ան Աստուծոյ միածին Որդին էր, միակը որ միմիայն Եհովայի կողմէ ստեղծուած էր։ Երկինքի ու երկրի մնացեալ բոլոր բաները, ստեղծուած էին մեծապէս սիրելի այդ անդրանիկ Որդւոյն միջոցաւ։ Ան նաեւ գործածուեցաւ որպէս Աստուծոյ Խօսքը կամ Խօսնակը, այն անհատը որու միջոցաւ աստուածային կամքը հաղորդուեցաւ ուրիշներուն։ Այս անհատը, այս մասնաւոր սիրուած անհատը՝ Աստուծոյ Որդին, Յիսուս Քրիստոս մարդը եղաւ։—Կողոսացիս 1։15, 16. Յովհաննու 1։14. 12։49, 50

2. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ո՞ր տարողութեամբ Յիսուսի կ’ակնարկեն։

2 Որպէս մարդ իր հրաշալի ծնունդէն առաջ, իր մասին շատ մը ներշնչուած մարգարէութիւններ գրուած էին։ Ինչպէս Պետրոս առաքեալ վկայեց Կոռնելիոսի, «անոր կը վկայեն բոլոր մարգարէները»։ (Գործք 10։43) Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մաքուր պաշտամունքին հետ Յիսուսի ունեցած դերը այնքան մեծ էր, որ հրեշտակ մը Յովհաննէս առաքեալին ըսաւ. «Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ. վասնզի Յիսուսի մասին վկայութիւն տալու համար ներշնչուած են մարգարէութիւնները»։ (Յայտնութիւն 19։10, ՆԱ) Այս մարգարէութիւնները յստակօրէն իրեն կը մատնանշեն եւ իր նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած նպատակին կ’ուղղեն մեր ուշադրութիւնը, որ իրապէս կը հետաքրքրէ մեզ։

ԻՆՉ ՈՐ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ

3. (ա) Ծննդոց 3։14, 15–ի մարգարէութեան մէջ, ո՞վ կը ներկայացնէ «օձ»ը, «կին»ը, «օձին սերունդ»ը։ (բ) Ինչո՞ւ ‘օձին գլխուն ջախջախուիլը’ շատ մեծ կարեւորութիւն ունի Եհովայի ծառաներուն համար։

3 Այդ մարգարէութիւններուն առաջինը արտասանուած էր Եդեմի ըմբոստութենէն ետք, օձին ուղղուած Աստուծոյ դատաստանով։ Եհովա ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։14, 15) Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէր։ Աստուծոյ յարմար ատենին, ուրիշ մարգարէութիւններ աւելի յստակացուցին ասիկա եւ զայն ընդլայնեցին։ Առ ի հետեւանք, գիտենք թէ ան ուղղուած էր օձով ներկայացուած Բանսարկու Սատանային։ «Կին»ը, Եհովայի երկնային հաւատարիմ կազմակերպութիւնն է, որ իրեն հաւատարիմ կնոջ մը պէս է։ ‘Օձին սերունդ’ը կը պարփակէ թէ՛ հրեշտակները եւ թէ մարդիկը, որոնք Բանսարկուին հոգին կը ցուցաբերեն, անոնք որ Եհովայի եւ իր ժողովուրդին կը հակառակին։ Քանի որ Եդեմի մէջ Բանսարկուն օձ մը գործածեց, ուրեմն ‘օձին գլխուն ջախջախուիլը’ կ’ակնարկէր Աստուծոյ այս ամբարիշտ որդւոյն վերջնական կործանման, որ զրպարտեց Եհովան եւ մարդկութեան մեծ ցաւ պատճառեց։ Իսկ գալով այն «սերունդ»ին որ պիտի ջախջախէր գլուխը, ասիկա երկար ատեն սուրբ խորհուրդ մը մնաց։—Հռովմայեցիս 16։25, 26

4. Յիսուսի ծննդաբանութիւնը ինչպէ՞ս իր ինքնութիւնը կ’որոշէ որպէս խոստացեալ Սերունդը։

4 Մարդկային պատմութիւնը սկսելէն շուրջ 2,000 տարիներ ետք, Եհովա յաւելեալ մանրամասնութիւններ հայթայթեց։ Ան ցոյց տուաւ որ Սերունդը Աբրահամի ընտանիքէն պիտի գար։ (Ծննդոց 22։15–18) Այսուհանդերձ, Սերունդին առաջնորդող շառաւիղը միմիայն Աբրահամի մարմնաւոր սերունդէն կախեալ պիտի չըլլար, այլ, Աստուծոյ ընտրութեամբ պիտի ըլլար։ Հակառակ Հագար աղախինէն ունեցած իր Իսմայէլ որդւոյն հանդէպ Աբրահամի ունեցած սիրոյն, Եհովա վճռակամօրէն ըսաւ. «Սառայի քեզի ծնանելու Իսահակին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ»։ (Ծննդոց 17։18–21. 21։8–12) Հետագային, այդ ուխտը հաստատուեցաւ ոչ թէ Իսահակի անդրանիկ որդւոյն՝ Եսաւի, այլ, Յակոբի հետ, որմէ սեռած են Իսրայէլի 12 ցեղերը։ (Ծննդոց 28։10–14) Ժամանակի ընթացքին, ցոյց տրուեցաւ որ Սերունդը Յուդայի ցեղէն եւ Դաւիթի ընտանիքէն պիտի գար։—Ծննդոց 49։10. Ա. Մնացորդաց 17։3, 4, 11–14

5. Յիսուսի երկրային ծառայութեան սկիզբէն իսկ ի՞նչ բան բացայայտ ըրաւ որ ինքն էր Մեսիան։

5 Աստուածաշունչը աւելի քան 700 տարի առաջուընէ ըսած էր որ Սերունդին մարդկային ծնունդը պիտի ըլլար Բեթլէհէմի մէջ, բայց նաեւ յայտնած էր որ ան արդէն գոյութիւն ունէր «հինէն, յաւիտենական օրերէն»՝ երկնքի մէջ իր ստեղծուելէն ի վեր։ (Միքիա 5։2) Որպէս Եհովայի Օծեալը՝ Մեսիան, երկրի վրայ իր երեւնալու ժամանակին մասին Դանիէլ նախագուշակած էր։ (Դանիէլ 9։24–26) Իսկ երբ ան սուրբ հոգիով օծուեցաւ, երկինքէն եկած ձայն մը իր ինքնութիւնը յայտնեց։ (Մատթէոս 3։16, 17) Ուստի, Յիսուսի հետեւորդ մը ըլլալէ ետք, Փիլիպպոս կրնար համոզումով ըսել. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին [որդեգիր] որդին»։—Յովհաննու 1։45

6. (ա) Յիսուսի մահուընէ ետք, իր հետեւորդները ի՞նչ բանի գիտակցեցան։ (բ) Ո՞վ է ‘կնոջ սերունդ’ին գլխաւոր անդամը, եւ անոր օձին գլուխը ջախջախելը ի՞նչ կը նշանակէ։

6 Անկէ ետք, Յիսուսի հետեւորդները անդրադարձան որ բառացիօրէն հարիւրաւոր ներշնչուած մարգարէութիւններ կային իր մասին, ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Իր մահուընէ եւ յարութենէն ետք, ինք անձամբ «կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր»։ (Ղուկաս 24։27) Հիմա բացայայտ է որ Յիսուսն է ‘կնոջ գլխաւոր սերունդ’ին գլխաւոր անդամը, այսինքն ան՝ որ «օձ»ին գլուխը պիտի ջախջախէ այնպիսի կերպով մը որ այլեւս Սատանան գոյութենէ պիտի դադրի։ Յիսուսի միջոցաւ, մարդկութեան համար ըրած Աստուծոյ բոլոր խոստումները, այն բոլոր բաները որոնց կարօտով կը ցանկանք, պիտի կատարուին։—Բ. Կորնթացիս 1։20

7. Այս մարգարէութիւններուն որու ակնարկելը հասկնալէ զատ, ուրիշ ի՞նչ բան նկատի առնելը օգտակար է։

7 Երբ առաջին անգամ կարդացիք այս մարգարէութիւններէն ոմանք, հաւանաբար դուք ալ Եթովպիացի ներքինիին նման հարցուցիք. «Մարգարէն որո՞ւն համար կ’ըսէ ասիկա»։ Բայց անգամ մը որ պատասխանը ստացաւ, ներքինին հոն չկեցաւ։ Փիլիպպոսի տուած բացատրութիւնը ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ ետք, այս մարդը հասկցաւ որ Յիսուսի կողմէ այս մարգարէութեան կատարման հանդէպ իր գնահատութիւնը զինք չէր կրնար անտարբեր ձգել, ուստի մկրտուեցաւ։ (Գործք 8։32–38. Եսայեայ 53։3–9) Մենք ալ նոյնպէս կ’ընդառաջե՞նք։ Երբեմն, մարգարէութեան ներկայացուած կերպն է որ խորապէս կ’ազդէ մեր վրայ, եւ կամ մեր սիրտը կ’ազդուի այդ մարգարէութեան կատարման մասին Աստուածաշունչին ըրած եզրակացութենէն։

8. Հոս Յիսուսի ակնարկող չորս մարգարէական օրինակներ նկատի առնուած են։ Տրուած հարցումներուն եւ համարներուն մասին խորհեցէք, ցոյց տալու համար թէ այս մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս կ’ազդեն մեզի։ Ամէն անգամ մէկ հատը նկատի առէք։

8 Նկատի առէք ասոր ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի մասին եղած հետեւեալ մարգարէական խոստումներուն եւ օրինակներուն մէջ։ Հոս ձեզի համար հարցումներ դրուած են որոնց պատասխանեցէք յիշուած համարներուն օգնութեամբ։

(1) Իսահակը զոհելու համար Աբրահամի կատարած փորձին արձանագրութիւնը, ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի գնահատելու ինչ որ Եհովա ըրաւ իր Որդւոյն միջոցաւ փրկանք մը հայթայթելու մէջ։ (Յովհաննու 3։16. Ծննդոց 22։1–18. [նկատի առէք թէ Իսահակ ինչպէ՛ս նկարագրուած է 2–րդ համարին մէջ])։

Ասիկա ի՞նչ վստահութիւն պէտք է տայ մեզի։ (Հռովմայեցիս 8։32, 38, 39)

Սակայն մեր կողմէ ի՞նչ պահանջուած է։ (Ծննդոց 22։18. Յովհաննու 3։36)

(2) Յիսուսը բնորոշելով որպէս Մովսէսի նման մարգարէ մը, Աստուածաշունչը ի՞նչ լուրջ պատասխանատուութիւն մը կը յիշեցնէ մեզի։ (Գործք 3։22, 23. Բ. Օրինաց 18։15–19)

Յիսուսի մեզի ըսած բաներէն ոմանք ի՞նչ են, եւ անոնք ինչո՞ւ ժամանակայարմար են։ (Մատթէոս 28։18–20. 19։4–9. 18։3–6)

(3) Երբ կը բացատրէ Ահարոնի քահանայութեան այլաբանական իմաստը, Աստուածաշունչը մեր ուշադրութիւնը Յիսուսի ո՞ր փափաքելի յատկութիւններուն կ’ուղղէ, որպէս քահանայապետ։ (Եբրայեցիս 4։15–5։3. 7։26–28)

Ուստի, մեր տկարութիւնները յաղթահարելու համար, Քրիստոսի միջոցաւ աղօթքով Աստուծոյ մօտենալը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

(4) (Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ կատարուող բոլոր զոհերը փոխարինող) Յիսուսի զոհին գերակայութեան ի տես, ինչո՞ւ շատ զգոյշ պէտք է ըլլանք զԱստուած տհաճեցնող որեւէ բան ընելէ։ (Եբրայեցիս 10։26, 27)

Եթէ իրապէս կը գնահատենք Յիսուսի զոհագործութեան միջոցաւ մեր դիմաց բացուած կեանքի յոյսը, ի՞նչ բան ժրաջանօրէն պէտք է ընենք։ (Եբրայեցիս 10։19–25)

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՑՈՅՑ ԿՐՆԱՆՔ ՏԱԼ

9. Ինչո՞ւ Յիսուս Քրիստոսէ զատ ուրիշ ոչ մէկով փրկութիւն կրնանք ունենալ։

9 Երուսաղէմի Հրէական բարձրագոյն ատեանին Յիսուս Քրիստոսի վրայ կատարուած մարգարէութեան մատնանշելէ ետք, Պետրոս առաքեալ հեղինակութեամբ ըսաւ. «Ուրիշ մէ՛կով փրկութիւն չկայ. վասնզի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ (Գործք 4։11, 12. Սաղմոս 118։22) Ադամի ամբողջ սերունդը մեղաւոր է, ուստի իրենց մահը մեղքին դատապարտութիւնն է եւ հետեւաբար արժէք մը չունի որ կարելի է գործածել ոեւէ մէկը փրկելու համար։ Սակայն Յիսուս կատարեալ էր, եւ իր կեանքը տալը զոհագործական արժէք մը ունէր։ (Սաղմոս 49։6–9. Եբրայեցիս 2։9) Ան Աստուծոյ փրկանք մը մատուց որ ճիշդ կը համապատասխանէր իր սերունդին համար Ադամի կորսնցուցածին։ Ի՞նչ օգուտներ քաղած ենք ասկէ։—Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6

10. Յիսուսի զոհագործութեան օգուտներէն մէկը բացատրեցէք։

10 Մեղքերու թողութիւն ստանալով ան կարելի ըրած է որ մաքուր խղճմտանք մը ունենանք. բան մը որուն իրագործուիլը անկարելի էր Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ եղող Իսրայէլի անասնական զոհերուն միջոցաւ։ (Գործք 13։38, 39. Եբրայեցիս 9։13, 14) Ասիկա ունենալը անշուշտ կը պահանջէ որ պարկեշտ ըլլանք մեր անձին հետ եւ հաւատք ունենանք Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ Անհատապէս կը գիտակցի՞նք որ որքա՜ն պէտք ունինք Քրիստոսի զոհագործութեան։ «Եթէ ըսենք թէ ‘Մենք մեղք մը չունինք’, ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու»։—Ա. Յովհաննու 1։8, 9

11. Ինչո՞ւ ջուրի մկրտութիւնը կարեւոր է Աստուծոյ քով մաքուր խղճմտանք մը շահելու համար։

11 Սակայն, կան անհատներ որոնք կ’ըսեն թէ կը գիտակցին որ մեղաւոր են եւ կը դաւանին Քրիստոսի հաւատալ, եւ քիչ մըն ալ կը մասնակցին ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու, ինչպէս Յիսուս ըրաւ, եւ սակայն Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական հաւատք մը չունին։ Ի՞նչ կերպով։ Այո, ինչպէս ցոյց տրուած է Աստուածաշունչին մէջ, առաջին դարուն երբ անհատներ հաւատացեալներ կ’ըլլային, ասիկա ինչպէ՞ս հանրապէս ցոյց կու տային։ Մկրտուելով։ Ինչո՞ւ. քանի որ Յիսուս պատուիրեց որ իր աշակերտները մկրտուին։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 8։12. 18։8) Եթէ անհատի մը սիրտը իրապէս ազդուած է Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Եհովայի ըրած սիրալիր հայթայթումէն, ան ետ չի կենար։ Իր կեանքին մէջ պէտք եղած բոլոր վերաճշդումները կ’ընէ, ինքզինք Եհովայի նուիրելով եւ ասիկա ջուրի մկրտութեամբ պատկերացնելով։ Ինչպէս Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, այս կերպով հաւատք ցուցաբերելով է որ ան ‘Աստուծմէ մաքուր խղճմտանք մը կը խնդրէ’։—Ա. Պետրոս 3։21

12. Եթէ անդրադառնանք որ մեղք մը գործեցինք, ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ինչո՞ւ։

12 Այո, նոյնիսկ այս քայլը առնելէ ետք, մեղքը երեւան պիտի ելլէ։ Ի՞նչ պէտք է ընել։ «Այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէսզի մեղք չգործէք», ըսաւ Յովհաննէս առաքեալ։ Ուստի, մեր անձնական մեղքերը թեթեւի պէտք չէ առնենք որոնք կրնան յայտնուիլ գործքով, խօսակցութեամբ կամ վարմունքով։ «Եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ»։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ինչ որ ալ ընենք, եթէ Աստուծոյ աղօթենք եւ ըսենք՝ ‘Ներէ մեր մեղքերը’, ամէն բան պիտի վերջանայ։ Ոչ. ներումին բանալին անկեղծ զղջումն է։ Քրիստոնէական ժողովքի երէցներէն ալ օգնութիւն կարելի է խնդրել։ Մեր ըրած բանին սխալ ըլլալուն պէտք է գիտակցինք եւ անոր համար անկեղծօրէն զղջանք, նաեւ, զայն կրկնելէ խուսափելու համար պէտք եղած ջանքը պէտք է թափենք։ (Գործք 3։19. Յակոբու 5։13–16) Եթէ ասիկա ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս պիտի օգնէ մեզի։ Իր զոհագործութեան մեղք քաւող արժէքին հաւատք ընծայելով, կարելի է Եհովայի շնորհքը վերաշահիլ, եւ ասիկա կենսական է որպէսզի մեր պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի ըլլայ։

13. (ա) Բացատրեցէք թէ ուրիշ կերպով մըն ալ Յիսուսի զոհագործութիւնը ինչպէ՛ս օգտակար եղած է մեզի։ (բ) Ինչո՞ւ Աստուծոյ ծառայելով այս վարձատրութիւնը չենք կրնար շահիլ։ (գ) Բայց եթէ իրապէս հաւատք ունինք, ի՞նչ պիտի ընենք։

13 Յիսուսի զոհագործութիւնը մեր դիմաց յաւիտենական կեանքի ճամբան ալ բացած է. «պզտիկ հօտ»ին համար երկնքի մէջ, իսկ միլիառաւոր մարդկութեան համար՝ Դրախտային երկրի մը վրայ։ (Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 20։11, 12. 21։3, 4) Ասիկա շահուած վարձատրութիւն մը չէ։ Եհովայի ծառայութեան մէջ որքան շատ աշխատինք, բնաւ չենք կրնար Աստուծմէ կեանք ստանալու պարգեւին արժանանալ։ Յաւիտենական կեանքը «Աստուծոյ ձրի պարգեւ»ն է, «մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 6։23. Եփեսացիս 2։8–10) Այսուհանդերձ, եթէ այդ պարգեւին հանդէպ հաւատք՝ եւ անոր կարելի ըլլալու կերպին հանդէպ՝ գնահատանք ունինք, ասիկա պիտի յայտնաբերենք։ Երբ կ’ըմբռնենք թէ Եհովա ի՜նչ հոյակապ կերպով գործածած է Յիսուսը իր կամքը գործադրելու համար եւ թէ որքա՜ն կենսական է որ բոլորս ալ Յիսուսի քայլերուն մօտէն հետեւինք, այն ատեն Քրիստոնէական ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ մեծագոյն կարեւորութիւն ունեցող բաներէն մէկը պիտի ընենք։ Մեր հաւատքը յայտնի պիտի ըլլայ երբ համոզումով կը խօսինք ուրիշներուն Աստուծոյ այս հոյակապ պարգեւին մասին։—Բաղդատել Գործք 20։24։

14. Յիսուս Քրիստոսի վրայ եղած հաւատքը ինչպէ՞ս միացնող ազդեցութիւն մը ունի։

14 Այսպիսի հաւատք մը ի՜նչ գեղեցիկ, միացնող ազդեցութիւն մը ունի։ Անոր միջոցաւ մենք Եհովայի, իր Որդւոյն եւ Քրիստոնէական ժողովքի մէջ եղող մեր եղբայրներուն հետ աւելի կը մտերմանանք։ (Ա. Յովհաննու 3։23, 24) Ատիկա պատճառ կ’ըլլայ որ ուրախանանք որ Եհովա բարերարութեամբ իր Որդւոյն «անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է [ի բացառեալ Աստուծոյ անունը]. որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները (հողին տակ եղողները)։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար»։—Փիլիպպեցիս 2։9–11

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Երբ Մեսիան յայտնուեցաւ, իր ինքնութիւնը ինչո՞ւ յստակ էր Աստուծոյ Խօսքին իրապէս հաւատացողներուն համար։

Յիսուսի վրայ կատարուած մարգարէական տիպերը ինչպէ՞ս պէտք է ազդեն մեզի, ինչպէս նկարագրուած է էջ 34–ի մէջ։

Յիսուսի զոհագործութիւնը արդէն ի՞նչ կերպերով օգտակար եղած է մեզի։ Անոր հանդէպ մեր գնահատութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 34]

Յիսուսի հետ առնչութիւն ունեցող մարգարէական օրինակներ—անոնք ինչպէ՞ս պէտք է ազդեն ձեզի։

Աբրահամ, Իսահակը զոհ կը մատուցանէ

Մովսէս, Աստուծոյ խօսնակը

Ահարոն, քահանայապետը

Անասնական զոհերը