Եհովայի նպատակը փառաւոր յաջողութեամբ կը պսակուի
Գլուխ 24
Եհովայի նպատակը փառաւոր յաջողութեամբ կը պսակուի
1, 2. (ա) Ի՞նչ է Եհովայի նպատակը իր մտացի արարածներուն նկատմամբ։ (բ) Աստուծոյ միակամ երկրպագուներու ընտանիքին մէջ որո՞նք ալ պարփակուած էին։ (գ) Ասոր նկատմամբ, անձնական ի՞նչ հարց կրնանք տալ։
ԲՈԼՈՐ մտացի արարածները միացնել ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ եւ անոնց տալ Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը։ Այս է այն նպատակը զոր Եհովա իր իմաստութեամբ եւ սիրով կազմած է։ Այս է նաեւ բոլոր արդարասէր անհատներուն անձկալից փափաքը։
2 Եհովա սկսաւ այս հոյակապ նպատակը իրագործել երբ իր ստեղծագործութիւնը սկսաւ։ Իր առաջին ստեղծագործութիւնն էր՝ Որդի մը, որ ճիշդ «իր փառքին լոյսն [էր] եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը»։ (Եբրայեցիս 1։1–3) Ասիկա յատուկ էր, քանի որ ուղղակի Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած էր։ Անոր միջոցաւ ուրիշ որդիներ ալ ստեղծուեցան՝ նախ հրեշտակները երկինքի մէջ եւ ապա մարդը՝ երկրի վրայ։ (Յոբ 38։7. Ղուկաս 3։38) Այս բոլոր որդիները տիեզերական մէկ ընտանիք մը կը կազմէին։ Բոլորին Աստուածը Եհովան էր, պաշտամունքի միակ Էակը։ Ան տիեզերքի Գերիշխանն էր եւ իրենց սիրալիր Հայրը։ Ան ձե՞ր ալ Հայրն է եւ դուք անոր որդիներէն մէ՞կն էք։ Ասիկա ի՜նչ թանկագին յարաբերութիւն մը կրնայ ըլլալ։
3. (ա) Ինչո՞ւ մեզմէ ոչ մէկը ծնունդով Աստուծոյ որդի մըն է։ (բ) Բայց Աստուած սիրալիր ի՞նչ հայթայթում ըրաւ Ադամի սերունդին։
3 Ասով հանդերձ, երբ մեր առաջին մարդկային ծնողքը Ծննդոց 3։22–24. բաղդատել Բ. Օրինաց 32։4, 5)։ Բոլորս ալ, քանի որ մեղաւոր Ադամի սերունդն ենք, մեղաւոր հակումներով ծնած ենք։ Քանի որ մենք Աստուծոյ ընտանիքէն վտարուած ծնողքի մը զաւակներն ենք, չենք կրնար դաւանիլ որ մենք ալ Աստուծոյ որդիներն ենք մեր մարդկային ծագումին հիման վրայ։ Բայց Եհովա գիտէր որ Ադամի սերունդէն ոմանք պիտի սիրէին արդարութիւնը, ուստի սիրալիր կարգադրութիւն մը ըրաւ, որու միջոցաւ անոնք կրնային Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեան հասնիլ։—Հռովմայեցիս 8։20, 21
որպէս մեղաւորներ մահուան դատապարտուեցան, Եդեմի դրախտէն վտարուեցան եւ Աստուած մերժեց զիրենք։ Անոնք Եհովայի տիեզերական ընտանիքին մէկ մասը ըլլալէ դադրեցան։ (ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀԵԱԼ ԴԻՐՔԸ
4. (ա) Իսրայելացիները ի՞նչ հիման վրայ Աստուծոյ «որդիներ»ըն էին։ (բ) Ասիկա ի՞նչ չի նշանակեր։
4 Ադամի ստեղծուելէն շուրջ 2,500 տարի ետք, Եհովա դարձեալ կարգ մը մարդոց առանձնաշնորհում տուաւ որ իր հետ որդիական յարաբերութեան մէջ գան։ Աբրահամի հետ իր ունեցած ուխտին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եհովա Իսրայէլը ընտրեց որպէս իր ժողովուրդը։ Ուստի, Եգիպտոսի Փառաւոնին հետ խօսած ատեն, ան Իսրայէլը կոչեց՝ «իմ որդիս»։ (Ելից 4։22, 23. Ծննդոց 12։1, 2) Հետագային, ան Իսրայէլի տուաւ իր Օրէնքը Սինա Լերան վրայ, այդ ժողովուրդը ազգի մը վերածեց եւ զանոնք իր նպատակին համար գործածեց։ Քանի որ անոնք որպէս ազգ մը Եհովայի «սեփական ժողովուրդ»ն էին, անոնց մասին խօսուած է որպէս Աստուծոյ «որդիներ»։ (Բ. Օրինաց 14։1, 2. Եսայեայ 43։1) Նաեւ, այդ ազգին մէջ եղող կարգ մը անհատներուն հետ մասնաւոր յարաբերութիւն մը ունենալով, Եհովա զանոնք իր որդիները կոչեց։ (Ա. Մնացորդաց 22։9, 10) Այս կեցուածքը հիմնուած էր, Աստուծոյ հետ իրենց ունեցած ուխտեալ յարաբերութեան վրայ։ Սակայն անիկա ըսել չէր ուզեր որ անոնք որպէս Աստուծոյ որդի Ադամի վայելած փառաւոր ազատութիւնը կը վայելէին։ Անոնք տակաւին մեղքի եւ մահուան կապանքներուն մէջն էին։
5. Իսրայէլ ինչպէ՞ս կորսնցուց Աստուծոյ առջեւ իր ունեցած մասնաւոր դիրքը։
Մատթէոս 5։43–48. Մաղաքիա 1։6) Սակայն, Հրեաները որպէս ազգ ձախողեցան ասոր մէջ։ Ուստի, իր երկրային ծառայութեան վերջին տարին, երբ Յիսուսը սպաննել ուզող Հրեաները ըսին. «Մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած», ան հաստատամտօրէն ցոյց տուաւ որ իրենց արարքները եւ իրենց ցուցաբերած հոգին, կը ժըխտէին իրենց դաւանութիւնը։ (Յովհաննու 8։41, 44, 47) Հ.Դ. 33–ին, Աստուած վերջ մը դրաւ Օրէնքի ուխտին եւ Իսրայէլի վայելած մասնաւոր յարաբերութեան հիմը վերջ գտաւ։ Սակայն, Եհովա տակաւին շարունակեց ոմանց ընդունիլ որպէս իր որդիները։
5 Այսուհանդերձ, անոնք՝ որպէս որդիներ՝ ընդունելի վիճակ մը ունէին Աստուծոյ առջեւ։ Անոնք նաեւ պատասխանատուութիւնը ունէին իրենց Հայրը յարգելու եւ իր նպատակներուն համաձայն գործելու։ Յիսուս շեշտեց իրենց պարտականութիւններուն գիտակից ըլլալու կարեւորութիւնը. չէր բաւեր Եհովան իրենց Հայրը կոչել, այլ՝ պէտք էր փաստէին թէ իրենք ‘Իր որդիներն էին’։ (ԵՀՈՎԱ ԿԸ ՄԻԱՑՆԷ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
6. Եփեսացիս 1։9, 10–ի մէջ, Պօղոս ինչպի՞սի «վարչութեան» մը մասին կը խօսի, եւ ի՞նչ է անոր նպատակակէտը։
6 Եփեսոսի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն Պօղոս առաքեալ գրեց իր ժողովուրդը միացնելու Եհովայի յայտագրին մասին. կարգադրութիւն մը որու միջոցաւ հաւատք ընծայողները կրնան Իր տան սիրելի անդամները ըլլալ, ըսելով. «[Աստուած] մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը՝ իր հաճութեանը պէս, որ իր մէջ նախասահմաներ էր. որպէսզի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը [վարչութեանը] մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ»։ (Եփեսացիս 1։9, 10) Այս «վարչութեան» առանցքը Յիսուս Քրիստոս է։ Իր միջոցաւ, մարդիկ ընդունելի վիճակի մը մէջ բերուած են Աստուծոյ առջեւ—ոմանք երկինքի մէջ ապրելու ակնկալութեամբ, իսկ ուրիշներ՝ երկրի վրայ—Աստուծոյ հաւատարիմ հրեշտակային որդիներուն հետ ծառայելով։
7. Ի՞նչ են «երկինքը» եղող բաները, եւ անոնց հաւաքուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։
Հռովմայեցիս 5։1, 2) Յետոյ, անոնք ‘նորէն ծնան’ կամ Աստուծոյ որդիներ նկատուեցան, երկնային կեանքի ակնկալութեամբ։ (Յովհաննու 3։3. 1։12, 13) Այս հոգեւոր ազգին հետ Աստուած նոր ուխտ մը ըրաւ։ Հետագային, անոր մէջ բաժին պիտի ունենային թէ՛ Հրեաներ եւ թէ հեթանոսներ, որու ամբողջական թիւը պիտի ըլլար 144,000։—Գաղատացիս 3։26–29. Յայտնութիւն 14։1
7 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, նախ ուշադրութիւն տրուեցաւ ‘ինչ որ երկինքը կայ’, այսինքն, անոնց որոնք Քրիստոսի հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ ժառանգակիցներ պիտի ըլլային։ Յիսուսի զոհագործութեան արժէքին հաւատք ընծայելով, անոնք Աստուծոյ կողմէ արդար յայտարարուած են։ (8. Թագաւորութեան ժառանգորդներուն ունեցած յարաբերութիւնը իրենց Հօրը հետ, ինչպէ՞ս տարբեր է Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ եղող Հրեաներուն ունեցածէն։
8 Թէեւ տակաւին մարմնի մէջ անկատար են, երկնային Թագաւորութեան այս ժառանգորդներու մնացորդը, Հօրը հետ թանկագին եւ մտերիմ յարաբերութիւն մը կը վայելէ։ Ասոր նկատմամբ, Պօղոս գրեց. «Որովհետեւ դուք որդիներ էք, Աստուած իր [Որդւոյն] հոգին ձեր սրտերուն մէջ ղրկեց, որ կ’աղաղակէ ‘Աբբա՝ Հայր’։ Ուստի ա՛լ ծառայ [չէք], հապա՝ որդի եւ եթէ որդի՝ ա՛լ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսով»։ (Գաղատացիս 4։6, 7) Արամերէն այդ «Աբբա» արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ «Հայր», սակայն անիկա հայր բառին փաղաքշական ձեւն է, ինչպէս մանուկ մը կը կոչէ իր հայրը։ Յիսուսի զոհագործութեան եւ Աստուծոյ անարժան ողորմութեան շնորհիւ, հոգիէն ծնած Քրիստոնեաները Աստուծոյ հետ այնպիսի յարաբերութիւն մը կը վայելեն որ շատ աւելի մտերիմ է քան Օրէնքին ներքեւ ոեւէ անկատար անհատի վայելած յարաբերութիւնը։ Սակայն, տակաւին իրենց դիմաց ասկէ շատ աւելի հոյակապ բան մը կայ։
9. Անոնց ամբողջական որդեգրութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։
9 Եթէ անոնք մինչեւ ի մահ հաւատարիմ մնան, իրենց որդեգրութեան լման վարձատրութիւնը պիտի ստանան, երկինքի մէջ անմահ կեանքի մը յարուցուելով։ Հոն անոնք Հռովմայեցիս 8։14, 23. Ա. Յովհաննու 3։1, 2
առանձնաշնորհումը պիտի ունենան ծառայելու ուղղակի Եհովա Աստուծոյ ներկայութեան։ Հիմա երկրի վրայ այս որդիներէն շատ քիչ թիւ մը մնացած է։—«ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ» ԵՂՈՂ ԲԱՆԵՐԸ ՀԱՒԱՔԵԼ
10. (ա) Ի՞նչ են «երկրի վրայ» եղող բաները, եւ երբէ՞ն ի վեր անոնք ալ պաշտամունքի միութեան մէջ բերուած են։ (բ) Ի՞նչ է իրենց յարաբերութիւնը Եհովայի հետ։
10 Այս նոյն ‘վարչութիւն’ը որ կարելի կ’ընէ որ մարդիկ Աստուծոյ ընտանիքին մէջ հաւաքուին երկնային կեանքի ակնկալութեամբ, իր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ նաեւ «երկրի վրայ» եղող բաներուն։ Մասնաւորաբար Հ.Դ. 1935–էն ի վեր, Քրիստոսի զոհագործութեան հաւատք ընծայող անհատներ, երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ունենալու ակնկալութեամբ հաւաքուած են։ Օծեալ դասակարգին մնացորդին հետ ուս–ուսի, անոնք Եհովայի անունը կը փառաւորեն եւ իր պաշտամունքը կը բարձրացնեն։ (Սոփոնիա 3։9. Եսայեայ 2։2, 3) Ակնածութեամբ, ասոնք ալ Եհովան իրենց «Հայր»ը կը կոչեն, ընդունելով որ Ինքն է կեանքի Աղբիւրը եւ նախանձախնդրութեամբ կը ջանան իր յատկութիւնները ցոլացնել, ինչպէս որ ան կ’ակնկալէ իր որդիներէն որ ընեն։ Անոնք ընդունելի վիճակ մը ունին իր առջեւ, Յիսուսի թափած արեան վրայ իրենց ունեցած հաւատքին հիման վրայ։ (Մատթէոս 6։9. Յայտնութիւն 7։9, 14) Բայց անոնք գիտեն որ որպէս Աստուծոյ որդիներ իր կողմէ լման կերպով ճանչցուիլը տակաւին ապագային պիտի ըլլայ։
11. (ա) Հռովմայեցիս 8։19–21–ը ի՞նչ խոստում կու տայ մարդկութեան։ (բ) Ի՞նչ է ‘Աստուծոյ որդիներուն յայտնուիլը’ որու անձկալից կը սպասենք։
11 Ինչպէս Հռովմայեցիս 8։19–21–ի մէջ ցոյց տրուած է, անոնք «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն» անձկալից կը սպասեն, քանի որ այն ատեն ժամանակը պիտի գայ որպէսզի մարդկային ստեղծագործութիւնը «ապականութեան ծառայութենէն» ազատուի։ Այդ ‘յայտնուիլը’ տեղի պիտի ունենայ, երբ երկրի վրայ մարդիկ ապացոյցը ունենան որ Աստուծոյ հոգիէն ծնած որդիները իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանալով սկսած են գործել որպէս իրենց փառաւորեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ընկերակիցները։ Ասիկա պիտի յայտնաբերուի իրերու ամբողջ ամբարիշտ դրութեան կործանումով որու պիտի յաջորդէ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան օրհնութիւնները, որու ընթացքին «Աստուծոյ որդիներ»ը Յիսուսի կողքին պիտի ըլլան որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ։—Յայտնութիւն 2։26, 27. 20։6
12. Մեծ նեղութենէն ետք, Աստուծոյ հոգիէն ծնած որդիները ո՞ր երգին պիտի միացնեն իրենց ձայնը, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
12 Ի՜նչ ցնծութիւն պիտի ըլլայ երբ մեծ նեղութիւնը անցնելէ ետք, Աստուծոյ այս որդիները որոնք Քրիստոսի հետ միացած են, իրենց ձայները միացնեն Աստուած փառաբանելու համար եւ ուրախութեամբ աղաղակեն. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր [Եհովա] Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր [Եհովա], ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասնզի դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասնզի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։ (Յայտնութիւն 15։3, 4) Այո, ամբողջ մարդկութիւնը, նախկին ազգերէն բաղկացած բոլոր անհատները պիտի միանան ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին։ Նոյնիսկ յիշատակի դամբաններուն մէջ եղողները պիտի յարուցուին եւ անոնց ալ առիթ պիտի տրուի որ Եհովան փառաբանելու մէջ իրենց ձայները միացնեն։
13. Մեծ նեղութենէն վերապրողները ի՞նչ հոյակապ ազատութիւն պիտի վայելեն։
13 Այլեւս, Սատանան՝ «այս աշխարհի աստուածը»՝ պիտի չըլլայ։ Այլեւս, երկրի վրայ Եհովայի երկրպագուները իր վատ ազդեցութեան դէմ պայքարելու պէտք պիտի չունենան։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Յայտնութիւն 20։1–3) Այլեւս, սուտ կրօնքը սխալ կերպով պիտի չներկայացնէ մեր սիրելի Աստուածը եւ մարդկային ընկերութիւնը բաժանող ազդակ մը ըլլալէ պիտի դադրի։ Այլեւս, ճշմարիտ Աստուծոյ ծառաները կառավարական պաշտօնեաներու կողմէ անարդարութեան եւ հարստահարութեան զոհ պիտի չերթան։ Ի՜նչ հոյակապ ազատագրում մը պիտի ըլլայ մեծ նեղութենէն վերապրողներուն համար։
14. Ի՞նչ միջոցաւ անոնք պիտի ազատագրուին մեղքէն եւ անոր ազդեցութիւններէն։
14 Որպէս «Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»՝ Յիսուս Քրիստոս իր զոհագործութեան արժէքը պիտի կիրարկէ, մարդկութիւնը իր բոլոր անցեալի մեղքերէն սրբելով։ (Յովհաննու 1։29) Երկրի վրայ երբ Յիսուս անհատի մը մեղքերուն թողութիւն տուաւ, ասիկա ապացուցանելու համար ան բուժեց թողութիւն ստացողը։ (Մատթէոս 9։1–7) Նոյն կերպով, երկինքէն ան պիտի բուժէ կոյրը, խուլը, համրը, հաշմանդամը, մտային հիւանդները եւ ուրիշ որեւէ հիւանդութիւն ունեցողները։ Աստիճանաբար, իրենք զիրենք Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն դարբնելով, բոլոր յօժարակամ եւ հնազանդ անհատները ամբողջովին պիտի ձերբազատուին «մեղքի օրէնք»էն, այնպէս որ իրենց բոլոր արարքները, խորհուրդները եւ իրենց սրտին ցանկութիւնները թէ՛ իրենց հաճելի պիտի ըլլան եւ թէ Աստուծոյ։ (Հռովմայեցիս 7։21–23. բաղդատել Եսայեայ 25։7, 8 եւ Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Հազարամեայի վերջաւորութենէն առաջ, անոնք մարդկային կատարելութեան հասած պիտի ըլլան։ Մեղքէն եւ անոր բոլոր ցաւալի հետեւանքներէն ազատագրուած պիտի ըլլան։ Համայն աշխարհը ծածկող երկրային Դրախտին մէջ, անոնք բառին բուն առումով պիտի ցոլացնեն ‘Աստուծոյ պատկերը եւ նմանութիւնը’։—Ծննդոց 1։26
15. Հազարամեայի վերջաւորութեան, Քրիստոս ի՞նչ քայլ պիտի առնէ, եւ ի՞նչ յենակէտով։
15 Երբ Քրիստոս մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնէ, այն ատեն այս գործը գլուխ հանելու համար իրեն յանձնուած հեղինակութիւնը պիտի վերադարձնէ Հօրը։ Ինչպէս նախապէս ըսուած է Ա. Կորնթացիս 15։28–ի մէջ. «Երբ բոլորը անոր [Որդւոյն] հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինք ալ՝ պիտի հնազանդի Անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ»։
16. Ամբողջ կատարելագործուած մարդկութիւնը ի՞նչ փորձի պիտի ենթարկուի եւ ինչո՞ւ։
16 Արդ, կատարելագործուած մարդկութեան առիթ պիտի Յայտնութիւն 20։7–10
տրուի ապացուցանելու, որ յաւիտեան միակ կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար անփոփոխելի ընտրութիւն մը ըրած է։ Ուստի, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ զիրենք որդեգրելէ առաջ, Եհովա այս բոլոր կատարելագործուած մարդկութիւնը, վերջին փորձէ մը պիտի անցնէ։ Սատանան եւ իր դեւերը անդունդէն պիտի արձակուին։ Սակայն ասիկա Եհովան իրապէս սիրողներուն մնայուն վնաս պիտի չհասցնէ։ Իսկ անոնք որոնք անհնազանդ ըլլալով անհաւատարիմ գտնուին, այն ատեն սկզբնական ըմբոստին եւ իր դեւերուն հետ յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։—17. Եհովայի նպատակը իրագործելով, ի՞նչ վիճակ անգամ մը եւս գոյութիւն պիտի ունենայ իր բոլոր մտացի ստեղծագործութեան մէջ։
17 Անկէ ետք, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Եհովա որպէս իր որդիները պիտի որդեգրէ բոլոր անոնք որոնք այդ վերջին, ճակատագրական փորձէն հաւատարիմ դուրս կու գան։ Այն ատեն անոնք պիտի մասնակցին «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեան»։ (Հռովմայեցիս 8։21) Վերջապէս անոնք Աստուծոյ միացեալ, տիեզերական ընտանիքին մէկ մասը պիտի կազմեն, որոնց համար Եհովա պիտի ըլլայ յաւիտեան ճշմարիտ Աստուածը, տիեզերքի Գերիշխանը եւ սիրալիր Հայրը։ Այն ատեն անգամ մը եւս Եհովայի բոլոր մտացի արարածները թէ՛ երկնքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ իրար պիտի միանան միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ։
ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ
● Եդեմի մէջ ըմբոստութեան ծագումէն առաջ, բոլոր Եհովան պաշտողները իր հետ ինչպի՞սի յարաբերութիւն մը կը վայելէին։
● Ի՞նչ պատասխանատուութեան ներքեւ կու գան անոնք որոնք Աստուծոյ որդիներն են։
● Այսօր որո՞նք են Աստուծոյ որդիները։ Տակաւին որո՞նք պիտի ըլլան Աստուծոյ որդիներ, եւ ասիկա ի՞նչ կապ ունի միացեալ պաշտամունքի նկատմամբ Եհովայի նպատակին հետ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]