Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը

Եհովա ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը

Գլուխ 15

Եհովա ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը

1. Աստուածաշունչը ի՞նչ տեղեկութիւններ կու տայ Եհովայի կազմակերպութեան մասին, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար։

ՆԵՐՇՆՉԵԱԼ Սուրբ Գրութիւններուն ընդմէջէն, Եհովա մեզի կ’օգնէ որ իր երկնային սքանչելի կազմակերպութիւնը նշմարենք։ (Եսայեայ 6։2, 3. Եզեկիէլ 1։1, 4–28. Դանիէլ 7։9, 10, 13, 14) Թէեւ հոգեւոր արարածները չենք կրնար տեսնել, սակայն, ան մեր ուշադրութեան կը յանձնէ սուրբ հրեշտակներուն գործունէութեան ունեցած ազդեցութիւնը երկրի վրայ եղող ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ։ (Ծննդոց 28։12, 13. Դ. Թագաւորաց 6։15–17. Սաղմոս 34։7. Մատթէոս 13։41, 42. 25։31, 32) Աստուածաշունչը նաեւ կը նկարագրէ Եհովայի տեսանելի կազմակերպութիւնը եւ մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ ինք ինչպէ՛ս կ’առաջնորդէ զայն։ Եթէ իրապէս այս բաներուն հոգեւոր հասկացողութիւնը ունենանք, ասիկա պիտի օգնէ մեզի ‘որպէսզի Տէրոջը արժանի կերպով քալենք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնենք’։—Կողոսացիս 1։9, 10

ՏԵՍԱՆԵԼԻ ՄԱՍԸ ՃԱՆՉՆԱՆՔ

2. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, ո՞վ է Աստուծոյ ժողովքը։

2 1545 տարիներու տեւողութեան, Իսրայէլ ազգը Աստուծոյ ժողովքն էր։ Բայց ան Օրէնքի ուխտը չպահեց եւ Աստուծոյ Որդին իսկ մերժեց։ Ուստի, Եհովա նոր ժողովք մը յառաջ բերաւ եւ անոր հետ նոր ուխտ մը հաստատեց. Աստուածաշունչին մէջ այս ժողովքը կոչուած է Քրիստոսի «հարսը», որ կը բաղկանար 144,000 ընտրեալներէ, որոնք Աստուծոյ Որդւոյն հետ պիտի ըլլային երկինքի մէջ։ (Եփեսացիս 5։22–32. Յայտնութիւն 14։1. 21։9, 10) Այս խումբին առաջին անդամները սուրբ հոգիով օծուեցան Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Սուրբ հոգիին միջոցաւ, Եհովա յստակօրէն ապացուցանեց թէ այլեւս ասիկա էր այն ժողովքը զոր պիտի գործածէր իր նպատակը իրագործելու համար։—Եբրայեցիս 2։2–4

3. Այսօր Եհովայի տեսանելի կազմակերպութիւնը որոնցմէ՞ կը բաղկանայ։

3 Ներկայիս, 144,000–էն միայն մնացորդ մը կայ երկրի վրայ։ Բայց, Սուրբ Գրութիւններուն մարգարէութեանց համաձայն, «ուրիշ ոչխարներ»ու մեծ բազմութիւն մը յառաջ բերուած է, անոնց հետ գործունեայ մասնակցութիւն մը ունենալու համար։ Յիսուս Քրիստոս, Բարի Հովիւը, այս «ուրիշ ոչխարներ»ը ձուլած է իր հոգիէն ծնած մնացորդին հետ, որպէսզի անոնք իրենց «մէկ հովիւ»ին հովանաւորութեան ներքեւ «մէկ հօտ» ըլլան։ (Յովհաննու 10։11, 16. Յայտնութիւն 7։9, 10) Ասոնք միասնաբար կը կազմեն մէկ եւ միակամ կազմակերպութիւն մը, Եհովայի տեսանելի կազմակերպութիւնը՝ այսօր։

ԱՆՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԸ

4. Ո՞վ կ’առաջնորդէ կազմակերպութիւնը եւ ինչպէ՞ս։

4 Աստուածաշունչը զայն «կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին [ժողովքը]» կոչելով, կ’ապացուցանէ թէ ո՛վ է անոր առաջնորդը։ Այս կազմակերպութիւնը աստուածպետական կամ Աստուծոյ կողմէ կառավարուած է։ Եհովա իր ժողովուրդը կ’ուղղէ ժողովքին նշանակուած աներեւոյթ գլուխին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ինչպէս նաեւ Իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, միջոցաւ։—Ա. Տիմոթէոս 3։14, 15. Եփեսացիս 1։22, 23. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

5. (ա) Առաջին դարուն, ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ որ ժողովքը երկինքէն կ’առաջնորդուէր։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յիսուս տակաւին ժողովքին գլուխն է։

5 Այս աստուածպետական առաջնորդութիւնը շատ բացայայտ էր, երբ ժողովքին առաջին անդամները գործի լծուեցան սուրբ հոգիին գործունէութեան ներքեւ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ (Գործք 2։1–4, 32, 33) Անիկա նաեւ յայտնուեցաւ երբ Եհովայի հրեշտակը իրերը այնպէս մը կարգադրեց որ բարի լուրը Ափրիկէ մտնէր։ (Գործք 8։26–39) Նմանապէս, երբ Տարսոնցի Սօղոսի դարձի եկած ատեն Յիսուսի ձայնը հրահանգներ տուաւ, եւ երբ հեթանոսներուն մէջ միսիոնարական գործին ձեռնարկուեցաւ։ (Գործք 9։3–7, 10–17. 10։9–16, 19–23. 11։12) Սակայն, ժողովքին պէտք եղած ուղղութիւնը միշտ այսպիսի հանդիսավայել կերպերով չէր հայթայթուեր։ Ժամանակի ընթացքին, այլեւս երկինքէն ձայն չլսուեցաւ, ոչ ալ հրեշտակներ երեւցան մարդոց եւ ոչ ալ սուրբ հոգիին հրաշալի պարգեւները մնացին։ Այսուհանդերձ, Յիսուս իր հետեւորդներուն խոստացած էր. «Ահա, ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս [իրերու դրութեան] վերջը». արդ՝ իրողութիւնները ցոյց կու տան ասոր ճշմարիտ ըլլալը։ (Մատթէոս 28։20. Ա. Կորնթացիս 13։8) Եհովայի Վկաները ոչ միայն իր գլխաւորութիւնը կ’ընդունին, այլ, շատ լաւ գիտեն որ առանց Իր օգնութեան չէին կրնար շարունակել Թագաւորութեան պատգամը քարոզել այսքան բուռն հալածանքի դիմաց։

6. (ա) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» դասակարգը որո՞նցմէ կը բաղկանայ եւ ինչո՞ւ։ (բ) Տէրը ի՞նչ նշանակում տուաւ այդ «ծառայ»ին։

6 Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն խօսեցաւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ի մը մասին, որու ինք որպէս Տէր՝ մասնաւոր պատասխանատուութիւն մը պիտի վստահէր։ Ըստ Յիսուսի նկարագրութեան, այս «ծառան» արդէն ներկայ պիտի ըլլար, երբ իր Տէրը երկինք համբառնար եւ տակաւին ողջ պիտի ըլլար Քրիստոսի վերադարձին։ Այսպիսի նկարագրութիւն մը անհաւանական է վերագրել մարդ արարածի մը։ Բայց անիկա կարելի է վերագրել Քրիստոսի հաւատարիմ օծեալ ժողովքին, որպէս ամբողջութիւն մը։ Յիսուս գիտցաւ որ զանոնք իր արիւնովը պիտի գնէր, ուստի տեղին ըլլալով ամբողջ ժողովքը կոչեց իր «ծառան»։ Անոնց գործ մը յանձնեց, պատուիրելով որ բոլորն ալ աշակերտեն եւ յետոյ զանոնք կերակրեն հոգեւորապէս, «ատենին անոնց [հոգեւոր] կերակուր» տալով։ Անոնց նշանակումը վաւերացուեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Սուրբ հոգիին միջոցաւ։—Մատթէոս 24։45–47. 28։19, 20. Ա. Կորնթացիս 6։19, 20. Եսայեայ 43։10

7. (ա) Հիմա «ծառան» աւելի մեծ ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունի։ (բ) Ինչո՞ւ այս խողովակին միջոցաւ մեզի տրուած հրահանգներուն ընդառաջելը կարեւոր է մեզի համար։

7 Տիրոջ վերադարձին, եթէ այս «ծառան» հաւատարմօրէն կատարէր իր գործը, իրեն աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ պիտի վստահուէր։ Յաջորդող տարիները, Թագաւորութեան մասին համաշխարհային վկայութիւն տալու ժամանակ մը պիտի ըլլար եւ Եհովան պաշտողներու «մեծ բազմութիւն մը» պիտի հաւաքուէր, որպէսզի ողջ պահուէր «մեծ նեղութենէն»։ (Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 7։9, 10) Այս մեծ բազմութիւնն ալ հոգեւոր սնունդի պէտք պիտի ունենար եւ ասիկա պիտի մատակարարուէր բաղադրեալ «ծառայ»ին՝ Քրիստոսի հոգիէն ծնած ծառաներուն կողմէ։ Եհովան հաճեցնելու համար, պէտք է ընդունինք այս խողովակին միջոցաւ իր տուած հրահանգները եւ անոր հետ համընթաց գործենք։

8, 9. (ա) Առաջին դարուն, յարուցուած վարդապետական հարցերը լուծելու եւ բարի լուրի քարոզչութիւնը առաջնորդելու համար ի՞նչ կարգադրութիւն կար։ (բ) Այսօր ալ նոյնանման ի՞նչ կարգադրութիւն գոյութիւն ունի։

8 Երբեմն, կրնայ ըլլալ որ վարդապետական կամ կազմակերպչական կարգ մը նիւթերու շուրջ հարցեր յարուցուին։ Ի՞նչ ընել այսպիսի պարագայի մը։ Գործք Առաքելոց 15–րդ գլուխը մեզի կը խօսի թէ հեթանոս նորահաւատներուն դարձի գալուն մասին եղող կարգ մը հարցերը ի՛նչպէս լուծուեցան։ Այս հարցը տարուեցաւ Երուսաղէմի առաքեալներուն եւ երէցներուն, որոնք կը ծառայէին որպէս կեդրոնական կառավարիչ մարմին։ Այդ երէցները անսխալական չէին. անոնք ալ կրնային երբեմն թերացումներ ունենալ։ (Բաղդատել Գաղատացիս 2։11–14)։ Բայց Աստուած զիրենք կը գործածէր։ Ուստի, անոնք այս յարուցուած հարցը քննեցին ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն լոյսով, ինչպէս նաեւ հեթանոսներու բացուած դաշտին վրայ սուրբ հոգիին ներգործութիւնը ուսումնասիրեցին եւ անկէ ետք որոշումի մը հանգեցան։ Աստուած իր կարգին օրհնեց այս կարգադրութիւնը։ (Գործք 15։1–29. 16։4, 5) Այդ կառավարիչ մարմինը նաեւ անհատներ կը ղրկէր որպէսզի բարի լուրը քարոզեն, ներդաշնակ ըլլալով իրենց Տիրոջ տուած պատուէրին։—Գործք 8։14. Գաղատացիս 2։9

9 Մեր օրերուն, Կառավարիչ Մարմինը կը բաղկանայ տարբեր երկիրներէ եղող հոգիէն ծնած եղբայրներէ։ Ան կը գտնուի Եհովայի Վկաներու կեդրոնատեղին։ Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեան ներքեւ, ան հաւատարմօրէն յառաջ կը տանի մաքուր պաշտամունքի շահերը։ Այս եղբայրները Պօղոս առաքեալի տեսակէտը կը բաժնեն, որ իր եղբայրներուն հոգեւոր խրատներ ղրկելով գրեց. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասնզի դուք հաւատքով կը կենաք»։—Բ. Կորնթացիս 1։23

10. (ա) Ինչպէ՞ս կ’որոշուին երէցները եւ օգնական ծառաները։ (բ) Ինչո՞ւ սերտօրէն պէտք է համագործակցինք այսպիսի նշանակումներ ունեցողներուն հետ։

10 Աստուածպետական այս կարգադրութեան ծանօթ են համայն աշխարհի Եհովայի Վկաները։ Անոնց բոլոր ժողովքները սերտօրէն կը համագործակցին անոր հետ։ Անոնք Կառավարիչ Մարմինին կը թողուն երէցներու եւ օգնական ծառաներու նշանակումը, որոնք ժողովքներուն խաղաղ ընթանալուն կը հսկեն։ Ի՞նչ հիման վրայ անհատներ կը նշանակուին այսպիսի պաշտօններ լեցնելու։ Պահանջները արդէն յստակօրէն յիշուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Թէ՛ յանձնարարող երէցները եւ թէ նշանակումներ ընողները Աստուծոյ առջեւ անոնց կառչած մնալու լուրջ պատասխանատուութիւն մը ունին։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1–10, 12, 13. 5։22. Տիտոս 1։5–9) Ժողովքի անդամներուն մէջ ո՛չ ընտրութիւն կայ, ոչ ալ քուէարկութիւն։ Այո, ինչ որ առաքեալները կ’ընէին առաջին դարուն նշանակումներ կատարելու ատեն, նոյնպէս այսօր, թէ՛ յանձնարարող տեսուչները եւ թէ նշանակումները ընողները աղօթք կը մատուցանեն սուրբ հոգիին օգնութեան համար եւ կը ջանան իր ներշնչեալ Խօսքով առաջնորդուիլ։ (Գործք 6։2–4, 6. 14։22. բաղդատել Սաղմոս 75։6, 7)։ Երէցներուն առաջնորդութեան ենթարկուելով, մեր գնահատութիւնը յայտնած կ’ըլլանք այս ‘մարդոց ձեւով պարգեւներուն’ հանդէպ, զորս Քրիստոս սիրալիր կերպով հայթայթած է մեզի օգնելու, որ ‘հաւատքի միութեան’ հասնինք։—Եփեսացիս 4։8, 11–16

11. (ա) Աստուածպետական կարգադրութեան մէջ, կիները ի՞նչ արժէքաւոր ծառայութիւններ կը մատուցանեն։ (բ) Անոնք ե՞րբ գլուխնին պէտք է ծածկեն եւ ինչո՞ւ։

11 Ըստ Աստուածաշունչին, ժողովքին մէջ վերատեսչութիւնը այր մարդոց յանձնուած է։ Ասիկա ոչ մէկ կերպով կիները կը նսեմացնէ, քանի որ շատ մը կիներ երկնային Թագաւորութեան մէջ բաժին ունին։ Համեստ, մաքուր վարմունքով եւ իրենց ընտանիքին համար անխոնջ կերպով աշխատելով, Քրիստոնեայ կիներն ալ կը նպաստեն ժողովքի լաւ համբաւին։ (Տիտոս 2։3–5) Յաճախ անոնք գործունէութեան մեծ մասը կը կատարեն, հետաքրքրուած անհատներ գտնելով եւ զանոնք Աստուծոյ կազմակերպութեան հետ շփման մէջ բերելով։ (Սաղմոս 68։11) Սակայն ժողովքին մէջ սորվեցնելու գործը կը կատարեն նշանակուած այր մարդիկը։ (Ա. Տիմոթէոս 2։12, 13) Իսկ եթէ ժողովքին կողմէ կազմակերպուած հանդիպումի մը համար որակելի այր մարդ չըլլայ, այն ատեն կին մը կրնայ գլուխը ծածկելով ժողովքը վարել կամ աղօթել։ * Այս կերպով, ան յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլայ Եհովայի կարգադրութեան, ինչպէս Յիսուս ալ իր Հօրը ենթարկուելով օրինակ հանդիսացաւ բոլորին։—Ա. Կորնթացիս 11։3–16. Յովհաննու 8։28, 29

12. (ա) Երէցները ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենան իրենց դիրքին նկատմամբ, ըստ Աստուածաշունչին։ (բ) Բոլորս ալ ո՞ր անգին առանձնաշնորհումը կը վայելենք։

12 Աշխարհի մէջ, կարկառուն դիրք ունեցող անհատ մը կարեւոր մէկը կը նկատուի, սակայն Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ կանոնը հետեւեալն է. «Ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկն է [պզտիկի մը պէս կը վարուի, (ՆԱ)] անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։ (Ղուկաս 9։46–48. 22։24–26) Ուստի, Աստուածաշունչը կը խրատէ երէցներուն որ ուշադիր ըլլան, չտիրելով անոնց վրայ, որոնք Աստուծոյ ժառանգութիւնն են, այլ՝ հօտին օրինակ ըլլան։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Ոչ թէ մաս մը, այլ՝ բոլոր Եհովայի Վկաները, այր թէ կին, անգին առանձնաշնորհումը ունին տիեզերքի Գերիշխանը ներկայացնելու, խոնարհաբար խօսելով իր անուան մասին եւ ամենուրեք մարդոց ճանչցնելով իր Թագաւորութիւնը։

13. Նշուած համարները գործածելով, այս պարբերութեան վերջաւորութեան գտնուող հարցումներուն մասին խօսակցեցէք։

13 Լաւ կ’ընենք եթէ մենք մեզի հարցնենք. «Արդեօք իրապէս կը գնահատե՞նք իր տեսանելի կազմակերպութիւնը առաջնորդելու Եհովայի կերպը։ Մեր կեցուածքը, խօսակցութիւնը եւ գործերը կը ցոլացնե՞ն ասիկա»։ Հետեւեալ կէտերուն մասին տրամաբանելը պիտի օգնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ այս վերլուծումը ընենք.

Եթէ իրապէս կ’ենթարկուինք ժողովքի գլուխին՝ Քրիստոսին, ուրեմն, ի՞նչ պէտք է ընենք, ըստ հետեւեալ համարներուն։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Ղուկաս 21։34–36. Յովհաննու 13։34, 35)

Արդիւնաբեր Քրիստոնեաներ ըլլալու համար, բոլոր անոնք որոնք կազմակերպութեան մաս կը կազմեն, ո՞ր տարողութեամբ Աստուծմէ եւ Քրիստոսէ կախեալ պէտք է ըլլան։ (Յովհաննու 15։5. Ա. Կորնթացիս 3։5–7)

Երբ երէցները կը ջանան անհատներու մտածելակերպը վերաճշդել, որպէսզի անոնք կազմակերպութեան մնացեալ անդամներուն նման խորհին, ասոր մէջ որո՞ւ սիրալիր հոգածութիւնը պէտք է տեսնենք։ (Եփեսացիս 4։7, 8, 11–13. Բ. Կորնթացիս 13։11)

Երբ երախտագիտութեամբ կ’ընդունինք «ծառայ» դասակարգին եւ իր Կառավարիչ Մարմինին կողմէ եկած հոգեւոր հայթայթումները, որո՞ւ հանդէպ յարգանք ցուցաբերած կ’ըլլանք։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի եթէ անոնց հանդէպ ժխտական կեցուածք ունենանք։ (Ղուկաս 10։16. բաղդատել Գ. Յովհաննու 9, 10

Ինչո՞ւ կոպիտ կերպով պէտք չէ քննադատենք նշանակուած երէցները։ (Գործք 20։28. Հռովմայեցիս 12։10)

14. (ա) Աստուածպետական կազմակերպութեան հանդէպ մեր կեցուածքով, ի՞նչ ցոյց կու տանք։ (բ) Այս առնչութեամբ, ի՞նչ պատեհութիւններ ունինք Եհովայի սիրտը ուրախացնելով Սատանային ստախօս ըլլալը փաստելու։

14 Գլուխ նշանակուած, Քրիստոսի ներքեւ եղող իր տեսանելի կազմակերպութեան միջոցաւ է որ Եհովա հոգ կը տանի մեզի։ Ուստի, այս կազմակերպութեան հանդէպ մեր ունեցած կեցուածքը որոշապէս կ’ապացուցանէ գերիշխանութեան հարցին մէջ մեր ունեցած դիրքը։ (Եբրայեցիս 13։17) Սատանան կը պնդէ թէ մեր բոլորին գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է՝ մեր անձնական շահը եւ մեր անձը։ Սակայն, երբ ուրախութեամբ մենք մեզ ձեռնտու ընենք ծառայութեան որեւէ մէկ մարզի մէջ, խուսափելով այնպիսի խօսքերէ եւ արարքներէ որոնք անտեղի ուշադրութիւն կը հրաւիրեն մեր վրայ, կը փաստենք որ Բանսարկուն ստախօս մըն է։ Եթէ ‘մեր առաջնորդները’ սիրենք եւ յարգենք, անոնց հաւատքը ընդօրինակելով, սակայն միեւնոյն ատեն մերժելով ‘անձնաւորութիւններու վրայ զմայլիլ, անձնական շահու համար’, այն ատեն Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնենք։ (Եբրայեցիս 13։7. Յուդա 16) Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ անկեղծ յարգանք մշակելով եւ իր առաջնորդած գործին սրտանց մասնակցելով, կ’ապացուցանենք որ Եհովա իրապէս մեր Աստուածն է եւ մենք իր պաշտամունքին մէջ միացած ենք։—Ա. Կորնթացիս 15։58

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Կին մը գլուխը ծածկելու պէտք չունի երբ տունէ–տուն կը քարոզէ, քանի որ քարոզելը բոլոր Քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնըն է։ Բայց եթէ պարագաներու բերմամբ, իր ամուսնոյն ներկայութեան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարէ, (նոյնիսկ երբ իր ամուսինը Քրիստոնեայ մը չէ,) պէտք է ծածկէ գլուխը։ Նաեւ, բացառիկ պարագաներու, երբ նուիրուած եւ մկրտուած եղբայր մը ներկայ է եւ ինք պէտք է վարէ ուսումնասիրութիւն մը, դարձեալ պէտք է ծածկէ իր գլուխը, սակայն եղբայրը պէտք է մատուցանէ աղօթքը։

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Այսօր, ո՞րն է Եհովայի տեսանելի կազմակերպութիւնը։ Ի՞նչ է անոր գոյութեան նպատակը։

Ժողովքին նշանակուած գլուխը ո՞վ է։ Տեսանելի ի՞նչ միջոցներով ան մեզի սիրալիր ուղղութիւններ կու տայ։

Կազմակերպութեան մէջի պատասխանատուութիւններուն եւ անձերուն հանդէպ ինչպի՞սի ուղիղ կեցուածք մը պէտք է մշակենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]