Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Ես ձեզի Թագաւորութիւն մը կ’ուխտեմ’

‘Ես ձեզի Թագաւորութիւն մը կ’ուխտեմ’

Գլուխ 14

‘Ես ձեզի Թագաւորութիւն մը կ’ուխտեմ’

1. Յիսուսի մահուան նախօրեակին, ան իր առաքեալներուն դիմաց ի՞նչ ակնկալութիւն մը դրաւ։

ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ նախօրեակին, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. ‘Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ես կ’երթամ որ ձեզի տեղ պատրաստեմ, որպէսզի ո՛ւր որ ես ըլլամ՝ դուք ալ հոն ըլլաք’։ Այն գիշեր, ան դարձեալ ըսաւ անոնց. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց»։ (Յովհաննու 14։2, 3. Ղուկաս 22։29) Ի՜նչ հոյակապ ակնկալութիւն մը դրաւ անոնց դիմաց։

2. Երկնային Թագաւորութեան մէջ, քանի՞ հոգի պիտի մասնակցի Յիսուսի հետ։

2 Սակայն, Յիսուս չըսաւ որ միայն այս առաքեալներն էին որ իր հետ պիտի իշխէին երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Հետագային յայտնուեցաւ որ երկրէ գնուած 144,000 անհատներ այդ հոյակապ առանձնաշնորհումը պիտի ունենային։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 4) Արդեօք ներկայիս կա՞ն անհատներ որոնք կը ջանան այս առանձնաշնորհումին տիրանալ։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՔՈՒՄԸ

3. Իր հանրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս մարդոց ուշադրութիւնը ո՞ր պատեհութեան հրաւիրեց։

3 Հերովդէս Անթիպասի կողմէ Յովհաննէս Մկրտիչին բանտարկութենէն ետք, Յիսուս հանրային քարոզչութեան հսկայ գործի մը ձեռնարկեց եւ որու ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց ‘երկնքի թագաւորութեան’։ (Մատթէոս 4։12, 17) Ան մարդոց ջանաց հասկցնել որ այդ Թագաւորութեան մէջ մտնելու առիթը ունէին եւ իր աշակերտները արդէն մեծ ջանք թափեցին այդ մրցանակին տիրանալու։—Մատթէոս 5։3, 10, 20. 7։21. 11։12

4. (ա) Յիսուսի առաջին աշակերտները ե՞րբ օծուեցան սուրբ հոգիով։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ անկէ ետք, աւելի ուշադրութիւն տրուեցաւ Թագաւորութեան ժառանգորդներու հաւաքումին։

4 Մեր Հասարակ Դարաշրջան 33–ի Պէնտէկոստէին, այդ առաջին աշակերտները սուրբ հոգիով օծուեցան։ (Գործք 2։1–4. Բ. Կորնթացիս 1։21, 22) Այսպէս, մարդոց ցոյց տրուեցաւ երկնային անմահ կեանքի համար Աստուծոյ ըրած հայթայթումը։ Պետրոս «երկնքի թագաւորութեան բանալիները» գործածեց, նախ Հրեաներուն, ապա Սամարացիներուն եւ անկէ ետք Հեթանոսներուն առջեւ այս գիտութիւնը բանալով։ (Մատթէոս 16։19) Անկէ ի վեր մասնայատուկ ուշադրութիւն տրուեցաւ այն կառավարութեան կազմումին, որ մարդկութիւնը պիտի կառավարէր հազար տարի։ Արդէն Յունարէն Գրութեանց մէջի բոլոր նամակները գլխաւորաբար ուղղուած էին Թագաւորութեան այս ժառանգորդներուն՝ «սուրբերուն», «երկնային կոչին մասնակցողներ»ուն։ *

5. Աստուծոյ միւս ծառաներէն աւելի լա՞ւ ըլլալնուն պատճառով անոնք երկնային կեանքի կանչուեցան։

5 Անոնց երկնային կեանքի կանչուած ըլլալը, չի նշանակեր որ անոնք Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն առաջ մեռած Աստուծոյ ծառաներէն աւելի լաւ էին։ (Մատթէոս 11։11) Ո՛չ, պարզապէս Եհովա նոր սկսած էր ընտրել անոնք որոնք Յիսուս Քրիստոսի հետ իշխանակիցներ պիտի ըլլային։ Անկէ ետք, ԺԹ. դարերու ընթացքին, միայն մէկ կոչ կար՝ երկնային կեանքի կոչը։ Ասիկա Աստուծոյ կողմէ անարժան ողորմութիւն մըն էր զոր Աստուած կը պարգեւէր սահմանափակ թիւով անձերու, որպէսզի իր ծրագիրներուն իրականացումը յառաջացնէ, որոնք իմաստուն եւ սիրալիր կերպով կատարած էր։—Եփեսացիս 2։8–10

6. (ա) Ինչո՞ւ երկնային կոչին ժամանակը պիտի վերջանար։ (բ) Ո՞վ հոգ պիտի տանէր որ ‘մեծ բազմութեան’ մասին եղած մարգարէութիւնն ալ կատարուի, եւ ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

6 Ժամանակի ընթացքին, 144,000 նախասահմանուած եւ սահմանափակ թիւը պիտի լեցուէր։ Այս հոգեւոր Իսրայելացիներուն վերջին անդամներուն վերջնական կնքումը (որպէս Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցողներ) պիտի մօտենար։ (Յայտնութիւն 7։1–8) Յետոյ, իր հոգիին միջոցաւ եւ կարելի ընելով որ իր տեսանելի կազմակերպութիւնը իր Խօսքը հասկնայ, Եհովա խնդիրը ձեռք պիտի առնէր, իր նպատակին ուրիշ մէկ մասը իրագործելու համար, որ նկարագրուած է Յայտնութիւն 7։9–17–ի մէջ։ Բոլոր ազգերէն եկող «մեծ բազմութիւն մը» պիտի հաւաքուէր, մեծ նեղութենէն վերապրելու եւ երկրային Դրախտի մը մէջ յաւիտեան կատարելութեան մէջ ապրելու զգայացունց հեռանկարով։ Երբ նկատի առնենք վերջին դէպքերը, կ’ապացուցանուի որ երկնային կոչը ընդհանուր առմամբ վերջացաւ Հ.Դ. 1935–ին, երբ ‘մեծ բազմութեան’ տածած երկրային յոյսը հասկցուեցաւ։ Անկէ ի վեր, երկնային դասակարգէն մնացած մի քանի հազարաւորներուն միացած են միլիոնաւորներ, որոնք Եհովան կը պաշտեն, յուսալով հոս երկրի վրայ ապրիլ յաւիտեան։

7. Կրնա՞յ ըլլալ որ նոյնիսկ հիմա ոմանք երկնային կեանքի համար կանչուին. ինչո՞ւ այդպէս կը պատասխանէք։

7 Ասիկա կը նշանակէ՞ որ հիմա Աստուած ոչ մէկը կը կանչէ երկնային կեանքի։ Մինչեւ որ վերջնական կնքումը կատարուի, կրնայ ըլլալ որ այդ յոյսը ունեցողներէն ոմանք անհաւատարիմ գտնուին, հետեւաբար պէտք է փոխարինուին։ Բայց տրամաբանականօրէն այսպիսի պարագաները հազուագիւտ պիտի ըլլային։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳԻՏԵՆ ԻՐԵՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՐԴԻՆԵՐ ԸԼԼԱԼԸ

8. Աստուծոյ հոգիէն օծուածները այս մասին ինչպէ՞ս կը տեղեկանան, ըստ Պօղոսի բացատրութեան։

8 Աստուծոյ հոգին, երկնային կոչին անսացող մկրտուած Քրիստոնեաներուն երաշխիք կու տայ որ իրենք Աստուծոյ կողմէ որդեգրուած են որպէս հոգեւոր որդիներ։ Պօղոս առաքեալ ասիկա ցոյց տուաւ երբ գրեց Հռովմի մէջ գտնուող «սուրբերուն», բացատրելով թէ այդ ատենուան բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն պարագան ինչ էր։ Ան ըսաւ. «Անոնք որ Աստուծոյ հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք ‘Աբբա՝ Հայր’։ Նոյն ինքն հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսի ժառանգակիցներ, որպէսզի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք»։—Հռովմայեցիս 1։7. 8։14–17

9. Ինչպէ՞ս «ինքն հոգին վկայութիւն կու տայ» անոնց հոգիին, որոնք իրապէս Աստուծոյ որդիներն են։

9 Այս համարներուն մէջ մեր ուշադրութեան յանձնուած են «հոգի» բառին երկու տարբեր գործածութիւններ։ «Ինքն Հոգին» եւ ‘մեր հոգին’։ Առաջինը՝ Աստուծոյ անտեսանելի գործօն ուժն է։ Ան իր հոգեւոր որդիներուն մէջ կը ներշնչէ այն համոզումը որ իրենք որդեգրուած են որպէս Աստուծոյ ազատ որդիները։ Այդ հոգին, նաեւ կը վկայէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ընդմէջէն, որ իր հոգեւոր որդիներուն ղրկուած անձնական նամակի մը պէս է։ (Ա. Պետրոս 1։10–12) Անոնք որոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիով ծնած են, երբ կարդան ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ Աստուծոյ հոգեւոր որդիներուն, անոնք իրենք իրենց վերագրելով կ’ըսեն. ‘Ասիկա ինծի կը կիրարկուի’։ Այս կերպով, Աստուծոյ գործօն ուժը շատ մը տարբեր կերպերով կը վկայէ իրենց հոգիին՝ իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մղիչ ուժին՝ թէ իրենք Աստուծոյ որդիներն են։ Աստուծոյ հոգւոյն այսպիսի մղումին հետ ներդաշնակ ըլլալով, անոնց մտքերը եւ սրտերը կը կեդրոնանան Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ ըլլալու ակնկալութեան վրայ եւ կ’ընդունին Աստուծոյ հոգեւոր որդիներուն տրուած պատասխանատուութիւնները։—Փիլիպպեցիս 3։13, 14

10. (ա) Ո՞ր ազդակները անպայմանօրէն չեն որոշեր որ անհատ մը օծեալ Քրիստոնեայ մըն է։ (բ) «Ուրիշ ոչխարներ»ը Աստուծոյ ծրագրին մէջ իրենց ունեցած տեղը ինչպէ՞ս կը նկատեն։

10 Ձեր պարագան ա՞յս է։ Եթէ այո, ուրեմն հոյակապ առանձնաշնորհում մը ունիք։ Այսուհանդերձ, սխալ պիտի ըլլար եզրակացնել որ քանի որ անհատ մը խոր գնահատութիւն ունի հոգեւոր բաներուն հանդէպ, կամ եռանդուն է դաշտի ծառայութեան մէջ եւ կամ իր եղբայրներուն հանդէպ շատ մեծ սէր ունի, հետեւաբար հոգիէն օծուած Քրիստոնեայ մը պէտք է ըլլայ։ «Ուրիշ ոչխարներ»էն եղող շատեր այս յատկանիշները ունին։ Այս վերջիններուն սրտերն ալ կը զգացուին Քրիստոսի ժառանգակիցներուն ուղղուած Աստուածաշունչի համարներէն, բայց անոնք իրենք իրենց չեն վերագրեր բան մը որ Աստուած իրենց վերապահած չէ։ (Բաղդատել Թուոց 16։1–40)։ Անոնք գիտեն երկրին նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած սկզբնական նպատակը եւ երախտագիտութեամբ ծանր կ’աշխատին անոր իրագործման մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար։

ԱՐԺԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ

11. Որո՞նք ներկայ կ’ըլլան Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին եւ ինչո՞ւ։

11 Ամէն տարի, Նիսան 14–ին, արեւնամուտէն ետք, համայն աշխարհի Յիսուս Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները կը յիշեն իր մահը, իր առաքեալներուն տուած Յիսուսի հրահանգին համաձայն։ (Ղուկաս 22։19, 20) «Ուրիշ ոչխարներ»ն ալ ներկայ կ’ըլլան անոր, ոչ թէ հացին կամ գինիին հաղորդ ըլլալու համար, այլ, որպէս յարգալից հանդիսատեսներ։

12. Կորնթացի կարգ մը Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պէտք եղած գնահատութիւնը ցոյց չէին տար Տիրոջ Ընթրիքին հանդէպ։

12 Ասիկա կրօնական սին արարողութիւն մը չէ, այլ՝ խոր իմաստ մը կը կրէ։ Այս տօնին հանդէպ պատշաճ գնահատութիւն ցոյց չտուող առաջին դարու կարգ մը Կորնթացի Քրիստոնեաներուն, Պօղոս առաքեալ լուրջ խրատ մը տուաւ, ըսելով. «Ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին»։ Ի՞նչ պատճառով անոնք «անարժան» մասնակիցներ եղան։ Անոնք այս առիթին համար մտքով եւ սրտով պատշաճ կերպով չէին պատրաստուած։ Ժողովքին մէջ բաժանմունքներ կային։ Իսկ ուրիշներ ժողովէն առաջ չափազանց կ’ուտէին եւ կը խմէին. Տիրոջ Ընթրիքին հանդէպ անտարբեր էին։ Անոնք ի վիճակի չէին հացին եւ գինիին լուրջ իմաստը ըմբռնելու։—Ա. Կորնթացիս 11։17–34

13. Յիշատակատօնին հրամցուած հացին եւ գինիին իմաստը ի՞նչ է։

13 Ի՞նչ է այդ իմաստը։ Անիկա չէր կայանար հացին եւ գինիին ենթադրեալ հրաշալի փոփոխութեան մէջ։ Ոչ ալ Քրիստոս ամէն Յիշատակատօնին դարձեալ կը զոհուէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «Քրիստոս մէկ անգամ [ընդ միշտ] պատարագ մատուցուեցաւ, շատերուն մեղքերը վերցնելու համար»։ (Եբրայեցիս 9։28. 10։10. Հռովմայեցիս 6։9) Անխմոր հացի նկանակը եւ կարմիր գինին պարզապէս խորհրդանիշեր են Յիսուսի զոհուած բառացի մարմինը եւ թափած արիւնը ներկայացնելու համար։ Բայց այս խորհրդանիշերուն իրականութիւնները որքա՜ն թանկարժէք են։ Յիսուսի անմեղ մարդկային մարմինը տրուած էր, որպէսզի մարդկային աշխարհը յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը ունենար։ (Յովհաննու 6։51, 52) Իսկ, իր թափած արիւնը կրկնակի դեր կը խաղայ. անոր հաւատք ընծայող մարդոց մեղքերը քաւելով, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ հոգեւոր Իսրայէլի ժողովքին՝ հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներուն միջեւ եղող նոր ուխտը ի զօրու ընելով։ (Ա. Յովհաննու 1։7. Ա. Կորնթացիս 11։25. Գաղատացիս 6։14–16) Այս թանկագին հայթայթումներն են որ կարելի կ’ընեն որպէսզի «պզտիկ հօտ»ին անդամները Աստուծոյ կողմէ արդար յայտարարուին, արդէն հիմակուընէ մարդկային կատարելութիւն ապահովելով անոնց։ (Ղուկաս 12։32) Ասիկա թոյլ կու տայ որ Աստուած որդեգրէ զիրենք սուրբ հոգիին միջոցաւ որպէս իր որդիները, Քրիստոսի հետ երկնային Թագաւորութեան մասնակիցներ ընելով զիրենք։ Երբ անոնք ամէն տարի Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն կը մասնակցին, այս կերպով իրենց երկնային յոյսին մասին վկայելով, ամէն անգամ Քրիստոսի միջնորդութեամբ «նոր ուխտ»ին մէջ ըլլալու իրենց գնահատութիւնը կը վերանորոգուի եւ կը խորանայ։—Եբրայեցիս 8։6–12

«ՁԵԶԻ ՀԵՏ ԵՐԹԱՆՔ»

14. (ա) Ինչո՞ւ «ուրիշ ոչխարներ»ը չեն մասնակցիր Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն, բայց անոնք ցանկալից ակնկալութեամբ ի՞նչ բանի կը սպասեն։ (բ) Անոնք Թագաւորութեան ժառանգորդներու մնացորդին հետ իրենց ունեցած ընկերակցութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատեն։

14 «Ուրիշ ոչխարներ»ը ըմբռնելով ինչ որ Եհովա ըրած է իր օծեալներուն, իրենք ալ միացած են անոնց ըսելով. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։ (Զաքարիա 8։20-23) Անոնք ոչ միայն անոնց հետ կը հաւաքուին, այլ նաեւ, անոնց հետ Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհին կը գիտցնեն։ Սակայն, «ուրիշ ոչխարներ»ը հոգեւոր Իսրայէլի հետ եղած «նոր ուխտ»ին մաս չեն կազմեր, ոչ ալ անոնք պարփակուած են երկնային կեանք ունենալու համար իր ընտրեալներուն հետ ըրած Յիսուսի ‘թագաւորութեան ուխտին’ մէջ, եւ հետեւաբար, անոնք Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն չեն մասնակցիր։ (Ղուկաս 22։20, 29) Բայց մինչ «նոր ուխտ»ը իր նպատակին ծառայելով երկնային Թագաւորութեան մէջ կը հաւաքէ «պզտիկ հօտ»ին վերջին անդամները, «ուրիշ ոչխարներ»ը կը գիտակցին որ Թագաւորութեան շնորհիւ երկրի վրայ իրենց ստանալիք օրհնութիւններու ժամանակը մօտեցած է։ Անոնք առանձնաշնորհում մը կը նկատեն, այս «վերջին օրեր»ուն Թագաւորութեան ժառանգորդներու հաւատարիմ մնացորդին հետ միակամօրէն ծառայելը։

[Ստորանիշներ]

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Ինչո՞ւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները շատ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն երկնային յոյսին վրայ։

Անոնք որոնք օծուած են որպէս Աստուծոյ որդիներ, ինչպէ՞ս կը հասկնան ասիկա։ Անոնց մասնակցած Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն իմաստը ի՞նչ է։

«Ուրիշ ոչխարներ»ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ իրենք իրապէս «պզտիկ հօտ»ին հետ միութեան մէջ են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]