Թագաւորութիւն մը որ «պիտի չաւրուի»
Գլուխ 10
Թագաւորութիւն մը որ «պիտի չաւրուի»
1, 2. (ա) Աշխարհի դէպքերով ամէն օր ի՞նչ բան կը շեշտուի եւ ինչպէ՞ս։ (բ) Ի՞նչ է միակ լուծումը։
ԱՄԷՆ օր, աշխարհի դէպքերը բացայայտօրէն կը փաստեն թէ մարդիկ ուրախութիւն չեն գտած իրենք զիրենք կառավարելու համար Եհովայի գերիշխանութիւնը մերժելով։ Մարդկային ոչ մէկ կառավարութիւն անաչառութեամբ մարդկութեան օգտին համար ծառայած է։ Թէեւ գիտական մարզին մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի յառաջդիմած են, սակայն չեն կրցած մեղքը արմատախիլ ընել, հիւանդութիւնը պարտութեան մատնել եւ մահը վերցնել, ոչ իսկ իրենց հպատակներէն մէկուն համար։ Ընդհակառակը, ազգերը կը շարունակեն նոր եւ աւելի ահռելի զէնքեր պատրաստել։ Ոճրային բռնութիւնը կը ծաղկի։ Արուեստագիտութեան միացած ըլլալով ագահութիւնը եւ անփութութիւնը, երկիրը, ջուրը եւ օդը կ’ապականին։ Սռընթաց դրամահոսկը եւ անգործութիւնը շատերուն դժուար կը դարձնեն կեանքի անհրաժեշտ բաները ձեռք ձգել։ Ուստի, մարդիկ յուսահատական կերպով իրենց խնդիրներուն լուծում մը կը փնտռեն։—Ժողովողի 8։9
2 Ի՞նչ է արդեօք լուծումը։ Ան Աստուծոյ Թագաւորութիւնըն է, որու համար Յիսուս սորվեցուց իր հետեւորդներուն աղօթել։ (Մատթէոս 6։9, 10) Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք, գիտնալով որ անոր բերելիք ամոքումը ալ շա՛տ մօտ է։
3. (ա) Այս Թագաւորութեան հետ կապակցաբար, երկինքի մէջ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 1914–ին։ (բ) Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար։
3 Հ.Դ. 1914–էն ի վեր, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած * Այդ տարին էր որ Դանիէլի տեսած մարգարէական տեսիլքին մէջի դէպքերը տեղի ունեցան երկինքի մէջ։ Ան՝ «որ յաւիտեան կենդանի է»՝ Եհովա Աստուած, «Որդին Մարդոյ»՝ Յիսուս Քրիստոսի յանձնեց «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն»։ Այս տեսիլքին մասին խօսելով, Դանիէլ գրեց. «Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի»։ (Դանիէլ 7։13, 14) Այս Թագաւորութեան միջոցաւ է որ Աստուած կարելի պիտի ընէ որ արդարութիւնը սիրողները անհամար բարիքներ վայելեն, զորս ինք արդէն ծրագրած էր, երբ մեր առաջին ծնողքը Դրախտին մէջ դրաւ։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն գործի լծուած է։4. Թագաւորութեան նկատմամբ ի՞նչ մանրամասնութիւններ մասնաւորաբար կը հետաքրքրեն մեզ եւ ինչո՞ւ։
4 Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները խոր կերպով հետաքրքրուած են այդ կառավարութեան կառոյցով եւ գործառնութեամբ։ Անոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ ան ի՛նչ կ’ընէ հիմա, ի՛նչ պիտի իրագործէ ապագային եւ ան ի՛նչ կը պահանջէ իրենցմէ։ Անոնք մօտէն կը քննեն զայն եւ զայս ընելով անոր հանդէպ իրենց գնահատութիւնը կ’աճի եւ իրենք զիրենք կը պատրաստեն այդ մասին ուրիշներուն խօսելու։—Սաղմոս 48։12, 13
ԽՐԱԽՈՒՍԻՉ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
5. (ա) Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ, որո՞ւ գերիշխանութիւնը կը յայտնաբերուի, ըստ Աստուածաշունչին։ (բ) Ուստի, Թագաւորութեան մասին մեր սորվածները ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենան մեր վրայ։
5 Այսպիսի քննութիւն մը երեւան կը հանէ թէ այս Մեսիական Թագաւորութիւնը, Եհովայի գերիշխանութեան մէկ արտայայտութիւնն է։ Ինք է որ իր Որդւոյն «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն» տուաւ։ Անոր համար երբ այս Թագաւորութիւնը սկսաւ տիրել, երկինքի մէջ աղաղակներ լսուեցան որոնք տեղին ըլլալով կ’ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը [Եհովայի] ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք [Եհովան] պիտի թագաւորէ յաւիտեանս Յայտնութիւն 11։15) Ուստի, այս Թագաւորութեան մասին ի՛նչ որ նկատենք եւ ան ի՛նչ որ իրագործէ, մեզ աւելի կը մօտեցնէ Եհովայի։ Ան մեր մէջ կը քանդակէ յաւիտեան իր գերիշխանութեան երթարկուելու փափաք մը։
յաւիտենից»։ (6. Ինչո՞ւ մասնաւորաբար հետաքրքրական է մեզի համար որ Յիսուս Եհովայի փոխանորդ իշխանն է։
6 Ի՜նչ հոյակապ բան է որ Եհովա Յիսուս Քրիստոսը գահին վրայ դրած է որպէս Իր փոխանորդ իշխանը։ Որպէս Ճարտարապետ՝ զոր Աստուած գործածեց երկիրը եւ մարդը ըրած ատեն՝ Յիսուս մեր կարիքները շատ աւելի լաւ գիտէ քան ոեւէ մէկը։ Ասկէ զատ, մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ, ան ‘կ’ուրախանար մարդոց որդիներուն’ համար։ (Առակաց 8։30, 31. Կողոսացիս 1։15–17) Այդ սէրը այնքան մեծ էր որ ինք անձամբ երկիր եկաւ եւ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ անոնց համար։ Այս կերպով կարելի ըրաւ որ մենք մեղքի եւ մահուան կապանքէն ազատուելով յաւիտենական կեանքի պատեհութիւնը ունենանք։—Մատթէոս 20։28
7. (ա) Մարդկային որեւէ իշխանութեան հակառակը, այս կառավարութիւնը ինչո՞ւ պիտի գոյատեւէ։ (բ) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ի՞նչ կապ ունի երկնային կառավարութեան հետ։
7 Ասիկա կայուն, տոկուն կառավարութիւն մըն է։ Ասոր հաւաստիքը ունինք, քանի որ Եհովա ինք մահուան ենթակայ չէ։ (Ամբակումայ 1։12. Սաղմոս 146։3–5, 10) Երկրային թագաւորներուն հակառակը, Յիսուս Քրիստոս ալ՝ որու Աստուած Թագաւորութիւնը վստահած է, անմահ է։ (Հռովմայեցիս 6։9. Ա. Տիմոթէոս 6։15, 16) Երկնային գահերու վրայ Քրիստոսի պիտի ընկերակցին 144,000 ուրիշներ, «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ» առնուած, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ։ Անոնց ալ անմահութիւն շնորհուած է։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. Ա. Կորնթացիս 15։42–44, 53) Արդէն անոնց մեծամասնութիւնը երկինքն է եւ անոնց մնացորդը՝ որոնք տակաւին երկրի վրայ են, կը կազմեն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» դասակարգը, որ հոս՝ երկրի վրայ՝ Թագաւորութեան շահերը հաւատարմօրէն յառաջ կը տանի։—Մատթէոս 24։45–47
8, 9. (ա) Թագաւորութիւնը ո՞ր պառակտող եւ ապականիչ ազդակները մէջտեղէն պիտի վերցնէ։ (բ) Ուստի, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ Թագաւորութեան թշնամիները ըլլալէ խուսափիլ, ո՞ր կազմակերպութիւններուն եւ ո՞ր գործունէութիւններուն միջամուխ ըլլալէ պէտք է խուսափինք։
Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6–9) Անիկա երկա՜ր ատենէ սպասուած Եհովայի օրը պիտի ըլլայ, երբ պիտի ջատագովուի որպէս տիեզերքի Գերիշխան։
8 Հիմա շատ շուտով, Եհովայի նշանակած ժամանակին, իր դատաստանական ուժերը գործի պիտի լծուին երկիրը մաքրելու համար։ Անոնք պիտի բնաջնջեն այն բոլոր մարդիկը որոնք իրենց յօժար կամքովը Աստուած չճանչցան, մերժելով իր գերիշխանութիւնը ընդունիլ եւ արհամարհեցին այն սիրալիր հայթայթումները զորս Աստուած ըրած է Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ (9 Ամբողջ սուտ կրօնքը, ինչպէս նաեւ բոլոր մարդկային կառավարութիւնները եւ անոնց բանակները, որոնք աներեւոյթ չար ոգիներու կողմէ ղեկավարուած են, յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։ Բոլոր անոնք որոնք փաստած են որ իրենք այս աշխարհին մէկ մասն են եւ անձնակեդրոն, անպարկեշտ, անբարոյ ապրելակերպ մը ունեցած են, պիտի կործանին։ Սատանան եւ իր դեւերը ապահով կերպով պիտի բանտարկուին հազար տարի, երկրի բնակիչներուն հետ որեւէ յարաբերութիւն չունենալով։ Ի՜նչ ազատագրում պիտի ըլլայ ասիկա բոլոր արդարութիւն սիրողներուն համար։—Յայտնութիւն 18։21, 24. 19։11–16, 19–21. 20։1, 2
ԱՆ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐՈՒՆ
10. (ա) Մեսիական Թագաւորութիւնը երկրի նկատմամբ Եհովայի նպատակը ինչպէ՞ս պիտի իրագործէ։ (բ) Ասիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ այն ատեն երկրի վրայ ապրող մարդոց համար։
10 Այս Մեսիական Թագաւորութիւնը լման կերպով պիտի իրագործէ երկրին համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակը։ (Ծննդոց 2։8, 9, 15. 1։28) Ցարդ, մարդը թերացած է այս նպատակը կատարելու մէջ։ Այս պատճառով, «գալու աշխարհը» Որդւոյ մարդոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի, ենթարկուած է։ Բոլոր անոնք որոնք այս հին դրութեան վրայ Եհովայի բերելիք դատավճիռէն պիտի վերապրին, միակամօրէն պիտի աշխատին Թագաւոր Քրիստոսի ներքեւ, ուրախութեամբ ընելով ինչ որ Ինք կը պատուիրէ, որպէսզի երկիրը ամբողջական Դրախտի մը վերածուի։ (Եբրայեցիս 2։5–9) Բոլոր ապրողները իրենց ձեռքերուն գործը պիտի վայելեն եւ լման կերպով պիտի օգտուին երկրի առատ արտադրութենէն։—Սաղմոս 72։1, 7, 8, 16–19. բաղդատել Եսայեայ 65։21, 22։
11. (ա) Թագաւորութեան հպատակներուն մտքի եւ մարմնի կատարելութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գայ։ (բ) Ասիկա ի՞նչ պիտի բովանդակէ։
11 Երբ Ադամն ու Եւան ստեղծուեցան, անոնք կատարեալ էին եւ Աստուծոյ նպատակն էր որ երկիրը իրենց սերունդով լեցուի, բոլորն ալ մտքի եւ մարմնի կատարելութիւն վայելելով։ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, այդ նպատակը փառաւոր իրականութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ասիկա կը պահանջէ մեղքի բոլոր ազդեցութիւնները վերցնել, եւ այս նպատակով ալ Քրիստոս ոչ միայն որպէս Թագաւոր կը ծառայէ, այլ նաեւ, որպէս Քահանայապետ։ Ան համբերութեամբ պիտի օգնէ իր հնազանդ հպատակներուն որ իր մարդկային կեանքին զոհագործութեան քաւիչ արժէքէն օգտուին։ Այն ատեն կոյրերուն աչքերը եւ խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Ծերութեան կամ հիւանդութեան պատճառով այլանդակուած մարմինը, մանուկի մը մարմինէն աւելի մատղաշ պիտի ըլլայ։ Երկարատեւ հիւանդութիւններուն տեղը պիտի առնէ, կայտար առողջութիւնը։ Պիտի գայ այն օրը երբ ոչ մէկը պիտի ըսէ՝ «Հիւանդ եմ», քանի որ աստուածավախ մարդիկ մեղքին եւ անոր ծանր հետեւանքներէն ազատագրուած պիտի ըլլան։—Բաղդատել Եսայեայ 33։22, 24. 35։5, 6. Յոբ 33։25. Ղուկաս 13։11–13։
12. (ա) Մարդկային կատարելութիւնը ուրիշ ի՞նչ կը պահանջէ։ (բ) Անիկա ինչպէ՞ս պիտի իրագործուի, եւ անոր արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
12 Կատարելութեան հասնելու համար սակայն, առողջ մարմին մը եւ առողջ միտք մը ունենալէն շատ աւելին կը պահանջուի։ Անիկա կը նշանակէ նաեւ Եհովայի անձնաւորութեան յատկութիւնները ցոլացնել, քանի որ մարդը Աստուծոյ «պատկերին ու նմանութեանը պէս» ստեղծուած էր։ (Ծննդոց 1։26) Ուստի, մարդիկ շատ դաստիարակութեան պէտք ունին։ Անոնք պիտի ապրին Նոր Դրութեան մը մէջ ուր «արդարութիւն [պիտի] բնակի», այնպէս որ ինչպէս Եսայի մարգարէն կ’ըսէ. «Աշխարհի բնակիչները արդարութին [պիտի] սորվին»։ (Բ. Պետրոս 3։13. Եսայեայ 26։9) Այս յատկութիւնը խաղաղութիւն կը յառաջացնէ, բոլոր ազգերու, մտերիմ ընկերակիցներու, ընտանիքի անդամներու միջեւ, եւ մանաւանդ Աստուծոյ հետ։ (Եսայեայ 32։17. Սաղմոս 85։10–13) Անոնք որոնք արդարութիւն պիտի սորվին, աստիճանաբար իրենց նկատմամբ Աստուծոյ կամքին ինչ ըլլալը պիտի գիտնան։ Երբ Եհովայի ճամբաներուն հանդէպ սէրը խորապէս արմատանայ իրենց սրտերուն մէջ, անոնք, անոնց պիտի հետեւին իրենց կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ։ Կատարեալ մարդ Յիսուս կրցաւ ըսել. «Ես միշտ [Հօրս] հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։ (Յովհաննու 8։29) Կեանքը ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլայ, երբ ամբողջ մարդկութեան համար ալ պարագան նոյնը ըլլայ։
ԱՐԴԷՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ
13. Վերի հարցումները գործածեցէք Թագաւորութեան իրագործումները եւ մեզի ինկած պարտականութիւնը ցցուն ընելու համար։
13 Արդէն Թագաւորութեան տպաւորիչ իրագործումները բացայայտ են անոնց համար որոնք հաւատքի աչքեր ունին։ Հետեւեալ հարցումները եւ համարները անոնցմէ մի քանի հատը պիտի վերյիշեցնեն, ինչպէս նաեւ ցոյց պիտի տան կարգ մը բաներ զորս Թագաւորութեան հպատակները կրնան եւ պէ՛տք է ընեն հիմակուընէ իսկ.
Թագաւորը նախ որո՞ւ դէմ քայլեր առաւ, եւ ի՞նչ արդիւնքով։ (Յայտնութիւն 12։7–10, 12)
Քրիստոս իր գահը նստելէն ետք, ո՞ր խումբին վերջին անդամները հաւաքելու սկսաւ։ (Մատթէոս 24։31. Յայտնութիւն 7։1–4)
Մատթէոս 25։31–33–ի մէջ, Յիսուս ո՞ր գործին մասին մարգարէացաւ, զոր ինք պիտի ընէր իր Թագաւորութիւնը ստանձնելէ վերջ եւ ամբարիշտները բնաջնջելէ առաջ։
Այս գործը ինչպէ՞ս կը կատարուի։ Որո՞նք կը մասնակցին անոր։ (Մատթէոս 24։14. Սաղմոս 110։3. Յայտնութիւն 14։6, 7)
Ինչո՞ւ քաղաքական եւ կրօնական հակառակորդները չեն կրցած կասեցնել զայն։ (Գործք 5։38, 39. Զաքարիա 4։6)
Եսայեայ 2։4. Ա. Կորնթացիս 6։9–11)
Հիմա կատարուած դաստիարակչական գործին որպէս արդիւնք, ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են անոնց կեանքին մէջ, որոնք Թագաւորութեան իշխանութեան կը հպատակին։ (ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑԿՈՒՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ
14. (ա) Քրիստոս որքա՞ն ատեն պիտի թագաւորէ։ (բ) Այդ ժամանակամիջոցին ի՞նչ պիտի իրագործուի։
14 Սատանան եւ իր դեւերը բանտարկելէ ետք, Յիսուս Քրիստոս եւ իր հետ եղող 144,000 ժառանգակիցները, հազար տարի պիտի թագաւորեն։ (Յայտնութիւն 20։6) Այդ ժամանակամիջոցին, մարդկութիւնը կատարելութեան մէջ պիտի բերուի։ Եհովայի հակառակ ամէն կառավարութիւն եւ հեղինակութիւն եւ զօրութիւն պիտի վերցուի։ Այս բաները կատարուելէ ետք, Յիսուս Թագաւորութիւնը պիտի վերադարձնէ իր Հօրը «որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ»։—Ա. Կորնթացիս 15։24, 28
15. Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այս Թագաւորութիւնը ‘բնաւ պիտի չաւրուի’։
15 Երկրին նկատմամբ Յիսուսի դիրքը պիտի փոխուի։ Այսուհանդերձ, իր իշխանութիւնը յաւիտեան «պիտի չանցնի», եւ իր Թագաւորութիւնը «պիտի չաւրուի»։ (Դանիէլ 7։14) Ի՞նչ իմաստով։ Այդ իմաստով որ Թագաւորութեան հեղինակութիւնը ուրիշներուն պիտի չտրուի, որոնք ուրիշ նպատակներ ունին։ Թագաւորութեան իրագործումները ‘բնաւ պիտի չաւրուին’։ Եհովայի անուան ջատագովման եւ երկրի նկատմամբ իր նպատակներուն համար Թագաւորութիւնը ի՛նչ որ ընէ, յաւիտեան պիտի մնայ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 3 Տես «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» գիրքը, էջ 127–139
ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ
● Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան խնդիրներուն միակ լուծումն է։ Ան ե՞րբ սկսաւ իշխել։
● Մասնաւորաբար ի՞նչ բան գրաւիչ կը գտնէք Թագաւորութեան մասին, եւ ան ի՞նչ պիտի իրագործէ։ Ինչո՞ւ։
● Թագաւորութեան ի՞նչ իրագործումներ արդէն կրնանք տեսնել։ Ասոր մէջ մենք ի՞նչ բաժին ունինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 84, 85]
Մարդիկ արդարութիւն պիտի սորվին