Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարց մը որ ամբողջ մարդկութիւնը պէտք է դիմագրաւէ

Հարց մը որ ամբողջ մարդկութիւնը պէտք է դիմագրաւէ

Գլուխ 6

Հարց մը որ ամբողջ մարդկութիւնը պէտք է դիմագրաւէ

1. (ա) Եդեմի մէջ Սատանան ի՞նչ հարց յարուց։ (բ) Այս հարցը ինչպէ՞ս յայտնի եղաւ իր խօսքէն։

ԵՐԲ Եդեմի մէջ ըմբոստութիւնը ծագեցաւ, լուրջ հարց մը յարուցուեցաւ, որ բոլոր ստեղծագործութեան ազդեց։ Եւայի մօտենալով, Սատանան այնպէս մը ըրաւ որ ինք եւ իր ամուսինը՝ Ադամ, իրապէս զրկուած էին։ Ան հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք»։ Եւա պատասխանեց որ միայն մէկ ծառին պտուղին համար Աստուած ըսած էր՝ «Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէսզի չմեռնիք»։ Անոր վրայ Սատանան, Եհովան ստախօս հանեց, ըսելով որ, ոչ Եւայի կեանքը եւ ոչ ալ Ադամինը՝ Աստուծոյ հնազանդ ըլլալէն կախեալ էր։ Ան դաւանեցաւ որ Աստուած իր արարածները կը զրկէր իրենց համար լաւ եղող բանէ մը, այսինքն, կեանքին մէջ իրենց անձնական չափանիշները դնելու իրաւասութենէն։ «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք [բնաւ չէք մեռնիր, Արեւելահայերէն Թարգմանութիւն]», վստահեցուց Սատանան։ «Քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ (Ծննդոց 3։1–5) Սատանան Եւայի հաւատացնել տուաւ, որ ինք իր որոշումները առնելու մէջ աւելի շահաւոր էր։ Ասով, ան լռելեայն ասպարէզ կարդաց Աստուծոյ տիրելու իրաւունքին եւ իշխելու կերպին դէմ։ Յարուցուած հարցը իրապէս տիեզերական գերիշխանութիւնը կը պարփակէր։

2. Ի՞նչ բան կրնար պահպանել մարդկային առաջին զոյգը։

2 Եհովայի հանդէպ սէրը կրնար պաշտպանել Եւան։ Իր ամուսնոյն գլխաւորութեան հանդէպ յարգանքն ալ կրնար զինք ետ պահել սխալ գործելէ։ Բայց, ան միայն մտածեց այն բանին մասին որ իրեն անմիջական օգուտ մը կրնար բերել։ Արգիլուած բանը իր աչքերուն փափաքելի դարձաւ։ Սատանայի պատճառաբանութենէն բոլորովին խաբուած, ան բռնաբարեց Աստուծոյ օրէնքը։ Յետոյ Ադամն ալ իրեն միացուց։ Թէեւ Ադամ Սատանայի սուտէն չխաբուեցաւ, սակայն ինքն ալ Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ մեծ թերգնահատութիւն ցոյց տուաւ։ Ադամ Եհովայի գլխաւորութիւնը անտեսեց եւ ան նախընտրեց իր ըմբոստ կնոջ ճակատագրին արժանանալ։—Ծննդոց 3։6. Ա. Տիմոթէոս 2։13, 14

3. (ա) Եհովայի գերիշխանութեան դէմ Սատանայի յարձակումը ուրիշ ի՞նչ կը բովանդակէր։ (բ) Ո՞վ ազդուած է անկէ։

3 Եհովայի գերիշխանութեան դէմ Սատանայի յարձակումը վերջ չգտաւ Եդեմի մէջ տեղի ունեցածով։ Հոն իր ունեցած երեւութական յաջողութենէն խրախուսուած, Եհովայի հանդէպ ուրիշներուն ունեցած հաւատարմութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձուց։ Ուստի, ասիկա ալ սերտօրէն կապուած երկրորդական հարց մը եղաւ։ Այս հակաճառումը աւելի մեծ բնոյթ մը ստացաւ, պարփակելով թէ՛ Ադամի սերունդը եւ թէ Աստուծոյ բոլոր հոգեղէն որդիները, մէջը ըլլալով նաեւ իր մեծապէս սիրուած անդրանիկ Որդին։ Յոբի օրերուն, Սատանան հակաճառեց որ անոնք որ Եհովայի կը ծառայեն, ոչ թէ Աստուծոյ եւ իր կառավարած ձեւին հանդէպ սէրէ մղուած կ’ընեն զայս, այլ՝ անձնասէր պատճառներով։ Ան առարկեց որ երբ անոնք դժուարութեան ենթարկուին, բոլորն ալ իրենց անձնասէր ցանկութիւններուն անձնատուր պիտի ըլլան։ Արդեօք իրաւունք ունէ՞ր։—Յոբ 1։6–12. 2։1–6. Յայտնութիւն 12։10

ԱՆՈՆՔ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑԻՆ ՀԱՐՑԻՆ

4. Ինչո՞ւ շատեր Եհովայի գերիշխանութիւնը չեն պաշտպանած։

4 Ուրիշներ ալ ըմբոստութեան մէջ Սատանայի միանալու հաւանականութիւնը, Եհովա չժխտեց։ Իրականութեան մէջ, երբ Եդեմի մէջ դատավճիռ արձակեց, Աստուած ակնարկութիւն մը ըրաւ անոնց որոնք ‘օձին սերունդ’ը պիտի կազմէին։ (Ծննդոց 3։15) Յիսուսի մահը դաւադրող Փարիսեցիները եւ Քրիստոսը մատնող Իսկարիովտացի Յուդան, անոնց մէջ կը գտնուին։ Անոնք անգիտակցաբար սխալ քայլ մը չառին, այլ՝ գիտէին շիտակը եւ սակայն կամաւորապէս դիրք բռնեցին Եհովայի եւ իր ծառաներուն հակառակ։ Բայց, անհամար ուրիշներ, որոնք Եհովայի պահանջներուն չեն համակերպած, անիկա տգիտութեամբ ըրած են։—Գործք 17։29, 30

5. (ա) Եւայի հակառակը, բոլոր անոնք որոնք Եհովայի հաւատարիմ մնացած են իր Խօսքը ինչպէ՞ս նկատած են։ (բ) Նոյ ինչպէ՞ս փաստեց իր հաւատարմութիւնը, եւ իր օրինակէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

5 Ասոնց հակառակը, եղած են հաւատքի տէր այրեր եւ կիներ, որոնք իրենց Ստեղծիչին մասին տեղեկութիւն ստացած են եւ որպէս Գերիշխան, իրեն հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ապացուցանած են։ Անոնք Աստուծոյ հաւատացած են։ Անոնք գիտէին որ իրենց կեանքերը կախեալ էին Իրեն մտիկ ընելէն եւ հնազանդելէն։ Նոյ այսպիսի մարդոցմէ մէկն էր, ուստի երբ Աստուած Նոյի ըսաւ. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, ... դուն քեզի ... տապան մը շինէ», Նոյ անմիջապէս ենթարկուեցաւ Եհովայի առաջնորդութեան։ Իր ժամանակակիցներն ալ ազդարարուած ըլլալով հանդերձ, իրենց բնական առօրեայ կեանքը շարունակեցին, կարծես թէ անբնական ոչ մէկ բան պիտի պատահէր։ Սակայն, Նոյ վիթխարի տապան մը շինեց եւ շարունակեց զբաղած մնալ ուրիշներուն Եհովայի ճամբաներուն մասին սորվեցնելով։ Ինչպէս արձանագրութիւնը կ’ըսէ, «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս»։—Ծննդոց 6։13–22. տես նաեւ Եբրայեցիս 11։7 եւ Բ. Պետրոս 2։5։

6. (ա) Ուղղամտութիւն պահողները ուրիշ ի՞նչ յատկանիշ մը ունին։ (բ) Սառա ինչպէ՞ս այս յատկութիւնները ցոյց տուաւ, եւ ի՞նչ կերպով կրնանք օգտուիլ իր օրինակէն։

6 Եհովայի հանդէպ անձնական սէր ցոյց տալով գլխաւորութեան սկզբունքին հանդէպ բարձր նկատողութիւն ունենալն ալ, աչքառու եղած է ուղղամտութիւն պահողներուն մէջ։ Անոնք Եւայի նման չեն եղած, որ իր ամուսնոյն կարծիքը չհարցուց։ Ոչ ալ Ադամի պէս, որ Եհովայի օրէնքը անտեսեց։ Աբրահամի կինը՝ Սառա, այս գեղեցիկ յատկութիւնները ցուցաբերեց։ Ոչ միայն խօսքով, այլ իր սրտին մէջ իսկ Աբրահամ իր «տէր»ն էր։ Ասկէ զատ, ան անձնապէս կը սիրէր Եհովան եւ հաւատքի տէր կին մըն էր։ Աբրահամի հետ ան «կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին [Աստուծոյ Թագաւորութեան], որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է»։—Ա. Պետրոս 3։5, 6. Եբրայեցիս 11։10–16

7. (ա) Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Մովսէս Եհովայի գերիշխանութիւնը պաշտպանեց։ (բ) Իր օրինակը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։

7 Աբրահամ իր հայրենիքը ձգելէն շուրջ 430 տարի ետք, Մովսէս Եհովայի գերիշխանութիւնը պաշտպանեց Եգիպտոսի Փառաւոնին հետ երես–առ–երես գալով։ Մովսէս ասիկա ինքն իրեն վստահելով չըրաւ, քանի որ ան լաւ խօսելու իր կարողութեան վրայ կասկածեցաւ։ Բայց Մովսէս Աստուծոյ հնազանդեցաւ։ Եհովայի կռթնելով եւ իր եղբօր՝ Ահարոնի, օգնութեամբ, Մովսէս կրկին ու կրկին Եհովայի խօսքը տարաւ Փառաւոնին։ Փառաւոն յամառ էր։ Նոյնիսկ Իսրայելացիներէն ոմանք ծանրօրէն քննադատեցին Մովսէսը։ Բայց Մովսէս հաւատարմօրէն Եհովայի բոլոր ըսածը ըրաւ եւ իր միջոցաւ Իսրայէլ ազատագրուեցաւ Եգիպտոսէ։—Ելից 7։6. 12։50, 51

8. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնը Աստուծոյ գրել տուածէն աւելին կը պարփակէ։ (բ) Այսպիսի հաւատարմութեան հանդէպ գնահատութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի ԱՅովհաննու 2։15–ը կիրարկելու։

8 Անոնք որ Եհովայի հաւատարիմ էին, չխորհեցան որ պահանջուածը միայն օրէնքին ենթարկուիլ էր, այսինքն, հնազանդիլ միայն այն բանին որ Աստուած գրել տուած է։ Երբ Պետափրէսի կինը ջանաց հրապուրել Յովսէփը որ իր հետ շնութիւն ընէ, այն ատեն պոռնկութիւնը արգիլող պատուէր մը չկար Աստուծոյ կողմէ։ Բայց Յովսէփ գիտէր Եդեմի մէջ Եհովայի կողմէ հաստատուած ամուսնութեան կարգադրութեան մասին, ուստի ան հասկցած էր որ ուրիշի մը կնոջ հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալը, հաճելի չէր Աստուծոյ։ Յովսէփ չէր հետաքրքրուած գիտնալու որ Աստուած մինչեւ ո՛ր աստիճան թոյլ պիտի տայ որ ինք Եգիպտացիներուն պէս ըլլայ։ Ան Եհովայի ճամբաները պաշտպանեց, մարդոց հետ Եհովայի վերաբերմունքին մասին մտածելով, եւ յետոյ խղճմտօրէն կիրարկելով ինչ որ կը խորհէր Աստուծոյ կամքը ըլլալ։—Ծննդոց 39։7–12. բաղդատել Սաղմոս 77։11, 12։

9. Յոբի օրերուն Բանսարկուին ամբաստանութիւններուն սուտ ըլլալը ինչպէ՞ս կրկնակիօրէն փաստուած է։

9 Նոյնիսկ երբ խստօրէն փորձուին, անոնք որ իրապէս կը սիրեն Եհովան, անկէ չեն հեռանար։ Սատանան ամբաստանեց որ եթէ Յոբ իր ստացուածքները կորսնցնէր եւ ֆիզիքապէս տառապէր, նոյնիսկ ինք Եհովան պիտի թողուր, որու վրայ Եհովա մեծ համարում ունէր։ Յոբ փաստեց Սատանային ստախօս մը ըլլալը, հակառակ անոր որ զինք հարուածող դժբախտութիւններուն պատճառն իսկ չէր գիտեր։ (Յոբ 2։3, 9, 10) Տակաւին ջանալով իր տեսակէտը փաստել, հետագային Սատանան պատճառ եղաւ որ Բաբելոնի զայրացկոտ թագաւորը, սպառնայ երեք Եբրայեցի երիտասարդներուն, ըսելով որ զիրենք կրակի հնոցին մէջ պիտի նետէր, եթէ անոնք երկրպագութիւն չընէին իր կանգնած արձանին։ Թագաւորին հրամանին եւ կռապաշտութեան դէմ եղող Աստուծոյ պատուէրին միջեւ ընտրութիւն մը ընելու ստիպուած ըլլալով, անոնք հաստատօրէն ըսին թագաւորին որ իրենք պիտի շարունակեն Եհովայի ծառայել որպէս Գերիշխան։ Անոնց համար կեանքէն աւելի թանկագին էր Եհովայի հաւատարմութիւնը։—Դանիէլ 3։14–18

10. Մեզի նման անկատար մարդոց համար ինչպէ՞ս կարելի է փաստել թէ մենք իրապէս հաւատարիմ ենք Եհովայի։

10 Ասկէ պէ՞տք է եզրակացնենք որ Եհովայի հաւատարիմ ըլլալու համար անհատ մը կատարեալ պէտք է ըլլայ, եւ թէ ան որ սխալ մը կը գործէ, իր հաւատարմութեան մէջ թերացած է։ Բնաւ երբեք։ Աստուածաշունչը կը շեշտէ թէ Մովսէս թերացումներ ունեցաւ։ Եհովան տհաճեցաւ, բայց չմերժեց Մովսէսը։ Առաքեալները որոնք շատ մը մարզերու մէջ օրինակելի էին, իրենք ալ տկարութիւններ ունեցան։ Հաւատարմութիւնը կը պահանջէ սրտանց, յարատեւ հնազանդութիւն։ Բայց մեր ժառանգած անկատարութիւնը նկատի ունենալով, Եհովա կը հաճի մեզի, եթէ մենք կամովին չենք անտեսեր իր կամքը որեւէ կերպով։ Եթէ տկարութեան պատճառով, սխալի մը մէջ իյնանք, կարեւոր է անկեղծօրէն զղջալ եւ զայն սովորութիւն մը չդարձնել։ Այս կերպով ցոյց կու տանք որ իրապէս կը սիրենք ինչ որ Եհովա կ’ըսէ որ բարի է եւ կ’ատենք ինչ որ իրեն համար գէշ է։ Յիսուսի զոհագործութեան մեղք քաւող արժէքին հաւատք ընծայելով, Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք մը կը վայելենք։—Ամովս 5։15. Գործք 3։19. Եբրայեցիս 9։14

11. (ա) Մարդոց մէջէն ո՞վ կատարեալ աստուածպաշտութիւն ցոյց տուաւ, եւ ասիկա ի՞նչ կը փաստէր։ (բ) Իր օրինակը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։

11 Սակայն, կրնա՞յ ըսուիլ որ մարդոց համար կարելի չէ կատարեալ աստուածպաշտութիւն ցոյց տալ։ Շուրջ 4,000 տարի այս հարցումին պատասխանը «սուրբ խորհուրդ» մըն էր։ (Ա. Տիմոթէոս 3։16, ՆԱ) Ադամ, որ կատարեալ ստեղծուած էր, աստուածպաշտութեան կատարեալ օրինակ մը չհանդիսացաւ։ Ո՞վ կրնար ասիկա ընել։ Վստահաբար իր մեղաւոր սերունդէն ոչ մէկը։ Յիսուս Քրիստոս միակ մարդն էր որ ասիկա ըրաւ։ Ինչ որ Յիսուս իրագործեց, կ’ապացուցանէր թէ Ադամ որ նպաստաւոր պայմաններու մէջ կը գտնուէր, կրնար կատարեալ ուղղամտութիւն պահել՝ եթէ ուզէր։ Սխալը Աստուծոյ արարչական գործին մէջ չէր։ Հետեւաբար, Քրիստոս մեզի համար տիպար մըն է, զոր մենք պէտք է ջանանք ընդօրինակել, ոչ միայն աստուածային օրէնքին հնազանդութիւն՝ այլ նաեւ՝ Եհովայի, Տիեզերքի Գերիշխանին հանդէպ աստուածպաշտութիւն ցոյց տալու մէջ։

Ի՞ՆՉ Է ՄԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

12. Ինչո՞ւ միշտ արթուն պէտք է ըլլանք Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ մեր կեցուածքին մէջ։

12 Անխուսափելիօրէն, իւրաքանչիւրս հիմա տիեզերական հարց մը պէտք է դիմագրաւենք։ Եթէ բացայայտօրէն ըսենք որ մենք Եհովայի կողմն ենք, Սատանայի թիրախը կը դառնանք։ Ան կարելի բոլոր ճնշումները կը բերէ մեր վրայ եւ պիտի շարունակէ ասիկա ընել, մինչեւ իր ամբարիշտ դրութեան վախճանը։ Մեր արթնութիւնը պէտք չէ կորսնցնենք։ (Ա. Պետրոս 5։8) Մեր վարմունքը ցոյց կու տայ, թէ գերագոյն հարցին մէջ ի՛նչ է մեր դիրքը։

13. (ա) Ստախօսութեան եւ գողութեան ծագումը ի՞նչ է, որու պատճառով պէտք է խուսափինք անոնցմէ։ (բ) Այս պարբերութեան վերջաւորութեան գտնուող հարցումներուն պատասխանեցէք, այն պարագաներու կապակցաբար երբ անհատ մը կը փորձուի այս սխալները ընել։ Ամէն անգամ մէկ կէտ նկատի առնելով։

13 Մենք չենք կրնար անհաւատարիմ վարք մը անկարեւոր նկատել, պարզ անոր համար որ ան աշխարհի մէջ սովորական եղող բան մըն է։ Ուղղամտութիւն պահելը կը պահանջէ Եհովայի արդար օրէնքները կիրարկել կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Ասիկա բացատրելու համար, հետեւեալը նկատի առէք.

(1) Սատանայ սուտ մը գործածեց մեր առաջին ծնողքը մեղքի առաջնորդելու համար։ Ան ‘սուտին հայրը’ եղաւ։ (Յովհաննու 8։44)

Ի՞նչ պայմաններու ներքեւ երբեմն պատանիներ իրենց ծնողներուն ճշմարտութիւնը չեն խօսիր։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Քրիստոնեայ պատանիներ ասկէ զգուշանան։ (Առակաց 6։16–19)

Գործի ի՞նչ սովորութիւններ կրնան որոշել որ անհատ մը ‘սուտին հօր’ը հետ է, փոխանակ ճշմարտութեան Աստուծոյ հետ ըլլալու։ (Միքիա 6։11, 12)

Եթէ այնպիսի բաներ ըսենք որ մեր անձին վրայ իրականութենէն աւելի լաւ տպաւորութիւն մը կը ձգէ, ասիկա սխա՞լ է, նոյնիսկ երբ ոչ մէկուն կը վնասէ։ (Սաղմոս 119։163. բաղդատել Գործք 5։1–11

Եթէ անհատ մը լուրջ սխալի մը մէջ ինկած է, ինչո՞ւ կարեւոր է զայն չծածկել, սուտերու դիմելով։ (Առակաց 28։13)

(2) Երբ բարին ու չարը անձնապէս որոշելու համար Ադամ եւ Եւա Սատանայի յորդորին հնազանդեցան, անոնց ըրած առաջին բանն էր առնել բան մը որ իրենց չէր պատկաներ։ Անոնք գողեր եղան։

Գողութիւնը կը չքմեղացուի՞, եթէ անհատը պէտք ունի, կամ որմէ որ ապրանքը կը գողնայ ունեւոր է։ (Առակաց 6։30, 31. Ա. Պետրոս 4։15)

Ան կ’արդարացուի՞, երբ գողութիւնը հասարակ սովորութիւն մըն է մեր ապրած շրջանին մէջ, եւ կամ երբ առնուածը պզտիկ բան մըն է։ (Հռովմայեցիս 12։2. Եփեսացիս 4։28. Ղուկաս 16։10)

14, 15. (ա) Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան, ի՞նչ փորձ պիտի գայ մարդկութեան վրայ։ (բ) Հիմա մեր ըրածը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ այն ատեն փորձութենէն անցնելու։

14 Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, Սատանան եւ իր դեւերը անդունդը պիտի ըլլան, մարդոց վրայ ազդելու անկարող ըլլալով։ Ի՜նչ ազատագրում մը պիտի ըլլայ անիկա։ Բայց հազարամեայի վերջաւորութեան, անոնք պիտի արձակուին, քիչ մը ժամանակ։ Սատանան եւ իր բոլոր հետեւորդները ճնշում պիտի բանեցնեն «սուրբերուն» վրայ, այսինքն, իրենց ուղղամտութիւնը պահող վերահաստատուած մարդկութեան վրայ։ Կարծես թէ պատերազմելու համար պիտի արշաւէ «սիրելի քաղաք»ին՝ երկնային Նոր Երուսաղէմին վրայ, երկրի վրայ անոր հաստատած արդարութիւնը սրբել ջանալով։—Յայտնութիւն 20։7–10

15 Շատ հաւանական է որ ինչպէս անցեալին, Սատանան պիտի ջանայ խաբել, անձնասիրութեան եւ հպարտութեան կոչ ընելով, մարդկութիւնը մղելով որ Եհովայի անհաւատարիմ գտնուին։ Եթէ մենք առանձնաշնորհումը ունենանք այն ատեն ողջ ըլլալու, անհատապէս ինչպէ՞ս պիտի հակազդենք։ Տիեզերական հարցին մէջ մեր սիրտը ո՞ւր պիտի ըլլայ։ Քանի որ այն ատեն բոլոր մարդկութիւնը կատարեալ պիտի ըլլայ, անհաւատարմութեան որեւէ արարք կամաւոր պիտի ըլլայ եւ յաւիտենական կործանման պիտի առաջնորդէ։ Ուստի, որպէսզի այն ատեն հաւատարիմ մնանք, որքան կենսական է որ այս սովորութիւնը հիմա մշակենք, պատրաստ եւ դրական կերպով ընդառաջելով Եհովայի բոլոր ուղղութիւններուն, որ մեզի կու տայ, ըլլայ իր Խօսքով կամ իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Այսպէս ընելով, որպէս Տիեզերքի Գերիշխան, իրեն հանդէպ մեր հարազատ հաւատարմութիւնը ցոյց տուած կ’ըլլանք։

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Ի՞նչ է ամբողջ մարդկութեան դիմագրաւելիք մեծագոյն հարցը։ Մենք ինչպէ՞ս անոր մէջ պարփակուած ենք։

Էջ 49–ի վրայ ցոյց տրուած Եհովայի իրենց հաւատարմութիւնը ապացուցանող այրերու եւ կիներու ընթացքին մէջ ի՞նչ բան աչքառու էր։

Ինչո՞ւ կենսական է ուշադիր ըլլալ որ մեր վարքով Եհովան պատուենք ամէն օր։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 49]

ԱՍՈՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՐԱԴԱՍԵՑԻՆ

ՆՈՅ

ՍԱՌԱ

ՄՈՎՍԷՍ

ՅՈՎՍԷՓ

ՅՈԲ

Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ իրենց օրինակէն։