‘Հոգեղէն չար ուժերու դէմ պատերազմիլ’
Գլուխ 8
‘Հոգեղէն չար ուժերու դէմ պատերազմիլ’
1. Չար ոգիներու գործունէութիւնը ինչո՞ւ մասնաւոր կերպով մը կը հետաքրքրէ մեզ։
ՆԻՒԹԱՊԱՇՏ անհատներ կրնան ծիծաղիլ չար ոգիներու գաղափարին վրայ։ Բայց անիկա ծիծաղի արժանի նիւթ մը չէ։ Անոր հաւատանք կամ ոչ, դիւային գործունէութիւնները ճնշում կը բանեցնեն ամենուն վրայ։ Եհովայի երկրպագուները ասկէ չեն խնայուած։ Իրականութեան մէջ անոնք գլխաւոր թիրախն են։ Պօղոս առաքեալ մեզ կ’ազդարարէ այս պայքարին առնչութեամբ, ըսելով. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու [որոնք արիւնէ ու մարմնէ չեն շինուած] ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին՝ իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։ (Եփեսացիս 6։12) Մեր օրերուն այս ճնշումը որեւէ ժամանակէ աւելի է, քանի որ Սատանան երկինքէն դուրս նետուած է եւ շատ զայրացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ ունի։—Յայտնութիւն 12։12
2. Ինչպէ՞ս կարելի է յաջողութեամբ պատերազմիլ գերմարդկային ոգիներուն դէմ։
2 Մեզմէ ոեւէ մէկը ինչպէ՞ս կրնայ գերմարդկային հոգեղէն ուժերու դէմ պայքարիլ եւ յաղթել անոնց։ Ասիկա կարելի է միայն ամբողջովին Եհովայի ապաւինելով։ Մտիկ պէտք է ընենք Իրեն եւ հնազանդինք իր Խօսքին։ Այսպէս ընելով, Սատանայի տիրապետութեան եղող անհատներուն կրած ֆիզիքական, բարոյական, զգացական եւ մտային վնասներէն պիտի խնայուինք։—Եփեսացիս 6։11. Յակոբու 4։7
ԵՐԿՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՂՈՂ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԻՇԽԱՆՆԵՐ
3. Սատանան ի՞նչ բանի եւ որո՞նց վայրագօրէն կը հակառակի։
3 Եհովա ճշգրտօրէն կը նկարագրէ աշխարհի վիճակը Յայտնութիւն 12։3, 4, 13, 17
ինչպէս որ ինք կը տեսնէ իր առանձնաշնորհեալ դիրքէն՝ երկինքէն։ Ան Յովհաննէս առաքեալի տեսիլք մը տուաւ, որու մէջ Սատանան նկարագրուած էր որպէս «մեծ շառագոյն վիշապ մը», որ պատրաստ էր՝ եթէ կարելի ըլլար, կլլելու Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը, անմիջապէս որ ան ծնէր երկինքի մէջ, 1914–ին։ Անոր մէջ ձախողելով, Սատանան այդ Թագաւորութեան տեսանելի ներկայացուցիչներուն՝ Աստուծոյ ‘կնկան’ սերունդին երկրորդական մասին դէմ, կատաղի հալածանք բերաւ։—4. (ա) Մարդկային կառավարութիւններուն զօրութեան աղբիւրը ո՞վ է, ըստ Աստուածաշունչին։ (բ) Հիմա բոլոր քաղաքական կառավարիչները ի՞նչ բանի համար հաւաքուած են, եւ որո՞ւ կողմէ։
4 Յովհաննէսի տրուած այդ յայտնութեան մէջ, նաեւ երեւան հանուած է մարդկային կառավարութիւններուն զօրութեան եւ իշխանութեան աղբիւրը։ Անոր ցոյց տրուեցաւ բաղադրեալ գազան մը որ 7 գլուխ եւ 10 եղջիւր ունէր, գազան մը որ հեղինակութիւն ունէր, «բոլոր ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ»։ Ասիկա ոչ միայն մէկ կառավարութիւն մը կը ներկայացնէ, այլ, քաղաքական համաշխարհային դրութիւնը։ Յովհաննէսի ըսուեցաւ որ «վիշապը [Բանսարկու Սատանան] անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն»։ (Յայտնութիւն 13։1, 2, 7. բաղդատել Ղուկաս 4։5, 6–ի հետ)։ Քաղաքական կառավարիչները ինչ դաւանանքի ալ պատկանին, «գազան»ին պատկանող ազգերէն ոչ մէկը կ’ենթարկուի Եհովայի գերիշխանութեան եւ իր նշանակած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Անոնք բոլորն ալ կը պայքարին իրենց գերիշխանութիւնը ապահովելու համար։ Ներկայիս, ինչպէս Յայտնութիւնը ցոյց կու տայ, «դեւերէ ներշնչուած արտայայտութիւններ (ՆԱ)» զիրենք կը հաւաքեն «Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուանը պատերազմին»՝ Արմագեդոնին։ (Յայտնութիւն 16։13, 14, 16) Արդարեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ գրեց, «աշխարհին իշխաններ»ը պարզ մարդիկ չեն, այլ՝ «երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներ»ն են։ (Եփեսացիս 6։12) Բոլոր անոնք որոնք Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուներն են, պէտք է ըմբռնեն ասոր իրական իմաստը։
5. Սատանայական դրութեան թիկունք կանգնելէն խուսափելու համար, ինչո՞ւ շատ զգուշութիւն ի գործ պէտք է դնել։
Ա. Յովհաննու 5։19) Ուստի, անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ խուսափիլ մնացեալ մարդկութեան հետ մոլորելէ։ Միմիայն, ամբողջ սրտով թիկունք կանգնելով Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ աշխարհի պայքարներուն մէջ բացարձակ չէզոքութիւն պահելով։—Յովհաննու 17։15, 16
5 Ամէն օր մեր կեանքերը կ’ազդուին մարդկային ընտանիքը պառակտող պայքարներէն։ Շատ սովորական է որ մարդիկ կողմ բռնեն, ըլլայ խօսքով կամ այլ կերպով մը, իրենց պատկանած ազգին, ցեղին, լեզուին կամ ընկերային դասակարգին ի նպաստ։ Նոյնիսկ, երբ իրենք ուղղակիօրէն չեն ներփակուած որոշ պայքարի մը մէջ, դարձեալ մէկ կողմը միւսէն աւելի կը նախընտրեն։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ իրենց պայքարին նպատակը, կամ իրենց թիկունք կանգնած անձը կամ պատճառը, անոնք իրականութեան մէջ ի՞նչ բանին թիկունք կը կանգնին։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ] է»։ (ԱՄԲԱՐԻՇՏԻՆ ԽՈՐԱՄԱՆԿ ՀՆԱՐՔՆԵՐԸ
6. Մարդիկը մաքուր պաշտամունքէն հեռացնելու Սատանայի կերպերէն ոմանք ի՞նչ են։
6 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Սատանան բերանացի եւ ֆիզիքական հալածանք գործածած է, մարդիկը մաքուր պաշտամունքէն հեռացնելու համար։ Բայց ան աւելի նենգամիտ եւ խորամանկ հնարքներ ալ գործածած է։
7. Սուտ կրօնքի գործածութեան մէջ Սատանայի խորամանկութիւնը ինչպէ՞ս յայտնի է։
7 Ան ճարտարութեամբ մարդկութեան մեծամասնութիւնը խաւարի մէջ պահած է կեղծ կրօնքին միջոցաւ, անոնց խորհիլ տալով որ Աստուծոյ կը ծառայեն։ Ճշմարտութեան հանդէպ հարազատ սէր չունենալով, անոնք կրօնական խորհրդաւոր եւ զգացական արարողութիւններէն հրապուրուած կամ անոր հզօր գործերով տպաւորուած են։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, 10) Մեզի ազդարարուած է որ նոյնիսկ ճշմարտութեան մէջ եղողներէն ոմանք «հաւատքէն պիտի ապստամբին ... ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1) Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ։
8. Սատանան ինչպէ՞ս կրցած է մոլորեցնել նոյնիսկ անոնք որ Եհովան կը պաշտէին։
Առակաց 29։25. 15։10. Ա. Տիմոթէոս 6։3, 4) Իսկ եթէ մէկը, դաշտի ծառայութեան սէրէ մղուած չի մասնակցիր, այդ պարագային փոխանակ իր տեսակէտը վերաճշդելով Քրիստոսի տեսակէտը որդեգրելու, ան կրնայ աւելի ականջ տալ անոնց խօսքին որ իրեն ‘հաճելի է լսելը’, որոնք կ’ըսեն թէ միայն Աստուածաշունչը կարդալը եւ «լաւ կեանք» մը ապրիլը բաւարար է։ (Բ. Տիմոթէոս 4։3) Սատանայի համար կարեւոր չէ թէ անհատը կրօնական ուրիշ խումբի մը կը մասնակցի թէ իր պատկանած կրօնքին մէջ կը մնայ, զինք հետաքրքրողը այն է որ ան Եհովան չպաշտէ իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութեան առաջնորդած կերպովը։
8 Բանսարկուն, խորամանկութեամբ անհատի մը տկարութիւններուն կը դիմէ։ Արդեօք անհատը տակաւին մարդու վա՞խ ունի։ Եթէ այո, ան կրօնական սխալ սկզբունք ունեցող բանի մը մասնակցելու համար, թերեւս ազգականներու կամ դրացիներու ճնշումին տեղի տայ։ Անհատը հպա՞րտ է։ Ուրեմն կրնայ վիրաւորուիլ երբ խրատուի կամ երբ ուրիշները իր տեսակէտները չեն բաժներ։ (9. Իր նպատակներուն հասնելու համար Սատանան ինչպէ՞ս խորամանկութեամբ սեռը գործածած է։
9 Սատանան նաեւ խորամանկօրէն կը հրապուրէ մարդիկը որ իրենց բնական ցանկութիւններուն սխալ կերպով գոհացում տան, զոր օրինակ, սեռային գետնի վրայ։ Աստուածաշունչի բարոյականութիւնը մերժելով, աշխարհի մէջ շատեր չամուսնացած անձերու միջեւ սեռային յարաբերութիւնները օրինաւոր հաճոյք մը, կամ իրենց չափահասներ ըլլալը ապացուցանող կերպ մը կը նկատեն։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել ամուսնացած անհատներու մասին։ Աշխարհային մարդոց համար անսովոր բան մը չէ ամուսնալուծուիլը երբ ամուսնական խնդիրներ ունին եւ վերամուսնանալը կամ պարզապէս կողակիցէն բաժնուելով ուրիշի մը հետ կենակցիլը։ Երբ այսպիսի ապրելակերպ մը կը դիտենք, արդեօք մեր մտքէն կ’անցնի՞ որ մենք կաշկանդուած ենք եւ կամ թէ Քրիստոնէական ճամբան շատ խիստ է։ Սատանայի գձուձ մերձեցումներէն մէկն է անհատին մտածել տալ թէ Եհովա զինք կը զրկէ իրեն համար լաւ եղող բանէ մը։ Ան մեզի կը պարտադրէ որ հիմա Գաղատացիս 6։7, 8. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10
ձեռք ձգուելիք հաճոյքին մասին մտածենք, փոխանակ մեր եւ ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ՝ Եհովայի եւ իր Որդւոյն հետ մեր ունեցած յարաբերութեան վրայ անոր ունենալիք հետեւանքին մասին մտածելու։—10. Ի՞նչ կերպերով Սատանան կը ջանայ բռնութեան հանդէպ մեր կեցուածքին վրայ ազդել։
10 Ուրիշ բնական ցանկութիւն մըն է զբօսանքը։ Երբ առողջ զբօսանք մըն է, ան կրնայ ֆիզիքական, մտային եւ զգացական օգուտներ բերել։ Բայց ինչպէ՞ս կը հակազդենք երբ Սատանան ճարտարութեամբ մեր հանգստանալու պահերը գործածէ մեր միտքը հեռացնելու Աստուծոյ տեսակէտէն։ Գիտենք, զոր օրինակ, որ Եհովա կ’ատէ բռնութիւն սիրողները։ (Սաղմոս 11։5) Բայց երբ հեռատեսիլէն ֆիլմ մը կամ թատրոն մը բռնութիւն կը ցուցադրէ, հանդարտութեամբ կը նստինք կը դիտե՞նք, այդ բոլորը ընդունելով։ Իսկ երբ ան կը ներկայացուի մարմնամարզանքի պիտակի ներքեւ, զայն կ’ընդունի՞նք, երբեմն պոռչտալով, մասնակցողները քաջալերելով։—Բաղդատել Ծննդոց 6։13–ը։
11. Ոգեհարցութեան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով հանդերձ, անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ թակարդը իյնալ եթէ արթուն չըլլայ։
11 Տեղեակ ենք նաեւ որ բոլոր ոգեհարցութեան միջամուխ եղողները՝ ըլլայ՝ գուշակութիւն, կախարդութիւն կամ մեռելներու հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու ջանքերը, «Եհովայի առջեւ գարշելի» են։ Թերեւս մեր մտքէն իսկ չանցնիր բախտագուշակի մը երթալ կամ զինք մեր տունը հրաւիրել իր կախարդութիւնները ընելու։ Բայց արդեօք անոնց մտիկ կ’ընենք եւ յափշտակութեամբ կը դիտե՞նք, երբ անոնք հեռատեսիլի պաստառին վրայ կ’երեւնան։ Մինչ կախարդի մը կողմէ բուժուիլը բացարձակապէս կը մերժենք, սակայն արդեօք մեր մանուկի դաստակին շուրջ կապ մը կը դնե՞նք զինք չարիքէ պաշտպանելու համար։ Կամ գիտնալով որ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ «դիւթութիւն ընելը», արդեօք թոյլ կու տա՞նք որ քնածու մը մեր միտքը ղեկավարէ՝ նոյնիսկ ժամանակաւորապէս։—Բ. Օրինաց 18։10–12. Գաղատացիս 5։19–21
12. (ա) Սխալ եղող գաղափարներ սնուցանելու համար երաժշտութիւնը ի՞նչպէս գործածուած է։ (բ) Անհատի մը հագուելակերպը, մազի յարդարումը եւ խօսելակերպը ինչպէ՞ս իր հիացմունքը ցոյց կու տան անոնց հանդէպ, որոնց կենցաղը Եհովայի հաճելի չէ։ (գ) Մեր կողմէ ի՞նչ պահանջուած է, եթէ չենք ուզեր Սատանայի հնարքներուն զոհ երթալ։
Եփեսացիս 5։3–5) Բայց ի՞նչ կ’ընենք երբ այսպիսի նիւթերու խորամանկօրէն կ’ընկերակցի երաժշտութիւնը, մանաւանդ երբ շատ հաճելի եղանակ մը, գրաւիչ դաշնակաւորում եւ զարկ մը ունի։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անգիտակցաբար սկսինք անոր բառերը կրկնել որ ամուսնութենէ դուրս սեռը կամ հաճոյքի համար թմրեցուցիչի գործածութիւնը եւ այլ բաներ կը փառաբանէ։ Կամ, մինչ գիտենք որ այսպիսի բաներու մէջ թաղուած մարդոց ապրելակերպը պէտք չէ ընդօրինակենք, արդեօք հակումը ունի՞նք իրենց հագուելակերպը, մազի յարդարումը եւ խօսելակերպը ընդօրինակելով մենք մեզ իրենց հետ դասելու։ Ի՜նչ ճարտար խաբող մըն է Սատանան։ Մարդիկը իր ապականած մտածելակերպին համակերպեցնելու համար, ի՜նչ դաւադիր կերպեր կը գործածէ։ (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4) Իր խորամանկ հնարքներուն զոհ չերթալու համար, պէտք է խուսափինք աշխարհի հոսանքէն տարուելէ։ Միշտ ի մտի պէտք է ունենանք թէ որո՞նք են «այս խաւար աշխարհին իշխաններ»ը, եւ անխոնջ կերպով անոնց ազդեցութեան դէմ պայքարինք։—Եփեսացիս 6։12. Ա. Պետրոս 5։8
12 Աստուածաշունչին մէջ կարդացած ենք որ ‘պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան եւ կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի մեր մէջ’։ (ՅԱՂԹՈՂՆԵՐ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԶԻՆՈՒԱԾ
13. Մեզմէ ոեւէ մէկուն համար ինչպէ՞ս կարելի է յաղթել այս աշխարհին որուն իշխանը Սատանան է, հակառակ մեր անկատարութեան։
13 Յիսուս իր մահուընէ առաջ ըսաւ իր առաքեալներուն. «Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։ Իրենք ալ ուրեմն կրնային յաղթել եւ աւելի քան 60 տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ո՞վ է որ աշխարհի կը յաղթէ, եթէ ոչ անիկա՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է»։ (Յովհաննու 16։33. Ա. Յովհաննու 5։5) Այսպիսի հաւատք մը կրնանք ցոյց տալ Յիսուսի պատուէրներուն հնազանդելով եւ Աստուծոյ Խօսքին ապաւինելով, ինչպէս ինք ըրաւ։ Ուրիշ ի՞նչ ալ պահանջուած է։ Նաեւ պէտք է կառչած մնանք այն ժողովքին, որու գլուխը Յիսուս է։ Երբ մեղք գործենք, ամբողջ սրտով պէտք է զղջանք եւ Աստուծմէ թողութիւն խնդրենք, Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ։ Այս կերպով մենք ալ յաղթողներ կ’ըլլանք, հակառակ մեր անկատարութեան։
14. (ա) Կարդացէ՛ք Եփեսացիս 6։13–18–ը։ (բ) Հոգեւոր սպառազինութեան իւրաքանչիւր մասի օգուտներուն վրայ խօսելու համար գործածեցէք հայթայթուած հարցումները եւ համարները։
14 Յաջողելու համար, պէտք է ‘հագնինք Աստուծոյ լման սպառազինութիւնը’, առանց անտեսելու անոր որեւէ մէկ մասը։ Հաճեցէք բանալ ձեր Աստուածաշունչը եւ Եփեսացիս 6։13–18–ի մէջ այս սպառազինութեան նկարագրութիւնը կարդալ։ Յետոյ վարի հարցումներուն պատասխանելով, նկատի առէք թէ այս սպառազինութեան իւրաքանչիւր մասով ինչպէ՛ս կրնաք պաշտպանուիլ։
«Մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով»
Նոյնիսկ երբ ճշմարտութիւնը գիտենք, կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին խոկալը եւ ժողովներու յաճախելը ինչպէ՞ս կը պաշտպանեն մեզ։ (Փիլիպպեցիս 3։1. 4։8, 9. Ա. Կորնթացիս 10։12, 13. Բ. Կորնթացիս 13։5. Ա. Պետրոս 1։13)
«Արդարութեան զրահը»
Ասիկա որո՞ւ արդարութեան չափանիշն է։ (Յայտնութիւն 15։3)
Բացատրեցէք թէ իր ճամբաներուն հանդէպ սիրոյ պակասին պատճառով Եհովայի պատուիրաններուն անհնազանդ գտնուիլը ինչպէ՛ս կրնայ անհատ մը հոգեւոր ծանր վնասներու ենթարկել։ (Տես Ա. Թագաւորաց 15։22, 23. Բ. Օրինաց 7։3, 4)։
«Ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը»
Աստուծոյ խաղաղութեան հայթայթումներուն մասին մարդոց խօսելու համար մեր ոտքերը զբաղած պահելը, ինչպէ՞ս պահպանութիւն մըն է մեզի։ (Հռովմայեցիս 10։15. Սաղմոս 73։2, 3. Ա. Տիմոթէոս 5։13)
«Հաւատքին վահանը»
Եթէ լաւ հաստատուած հաւատք մը ունենանք, ինչպէ՞ս Բ. Տիմոթէոս 1։12. Դ. Թագաւորաց 6։15–17)։
պիտի հակազդենք մեզ կասկածի մէջ ձգող կամ վախ ազդող ջանքերուն։ (Բաղդատել«Փրկութեան սաղաւարտը»
Փրկութեան յոյսը ինչպէ՞ս կ’օգնէ անհատի մը որ նիւթական ստացուածքներով չափազանց հետաքրքրուած ըլլալէ խուսափի։ (Ա. Տիմոթէոս 6։7–10, 19)
«Հոգիին սուրը»
Միշտ ի՞նչ բանի պէտք է ապաւինինք երբ մեր կամ ուրիշներուն հոգեւորականութեան դէմ յարձակումներ կը կատարուին։ (Սաղմոս 119։98. Առակաց 3։5, 6. բաղդատել Մատթէոս 4։3, 4–ը)։
Ասոր հետ համընթաց ըլլալով, Եփեսացիս 6։18, 19–ը ուրիշ ի՞նչ բանի մասին կը խօսի որ կենսական է հոգեւոր պատերազմին մէջ յաջողելու համար։ Ան որքա՞ն յաճախ պէտք է գործածուի եւ ի նպաստ որո՞ւ։
15. (ա) Այս հոգեւոր պատերազմը առանձի՞ն կը մղենք։ (բ) Այս պայքարին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք նախայարձակ ըլլալ։
15 Որպէս Քրիստոնեայ զինուորներ, հոգեւոր պատերազմ մղող հսկայ բանակի մը մաս կը կազմենք։ Եթէ զգաստ ըլլանք եւ Աստուծոյ տուած լման սպառազինութիւնը լաւ կերպով գործածենք, այս պատերազմին զոհ պիտի չերթանք։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ ծառայողներուն քաջալերութեան աղբիւր մը պիտի ըլլանք։ Պատրաստ եւ անխոնջ կերպով նախայարձակ պէտք է ըլլանք, Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան՝ Սատանայի հակառակութեան թիրախը եղող կառավարութեան, բարի լուրը տարածելով։
ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ
● Եհովայի երկրպագուները ինչո՞ւ պէտք է ջանան չէզոքութիւն պահել աշխարհի տարրերուն միջեւ տեղի ունեցող պայքարներուն մէջ։
● Քրիստոնեաներուն հոգեւոր կործանում պատճառելու համար, Սատանայի գործածած կարգ մը խորամանկ հնարքները ի՞նչ են։
● Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած զրահը ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ այս հոգեւոր ճակատագրական պատերազմին մէջ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]