Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր մկրտութեան իմաստը

Ձեր մկրտութեան իմաստը

Գլուխ 12

Ձեր մկրտութեան իմաստը

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ ջուրի մկրտութիւնը անհատապէս պէտք է հետաքրքրէ մեզ։ (բ) Երկրորդ պարբերութեան մէջ դրուած հարցումներուն ինչպէ՞ս կրնաք հակիրճ կերպով պատասխանել։

ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջան 29–ին, Յիսուս խորասուզուեցաւ Յորդանան Գետին մէջ։ Եհովա, որ ասիկա կը դիտէր, իր հաւանութիւնը տուաւ։ (Մատթէոս 3։16, 17) Երեքուկէս տարի վերջ, իր յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն հրահանգներ տուաւ, ըսելով. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկինքի ու երկրի մէջ։ Ուրեմն գացէք բոլոր ազգերը [ազգերէն մարդիկ] աշակերտեցէք, մկրտեցէք զանոնք»։ (Մատթէոս 28։18, 19) Յիսուսի այս պատուէրին համաձայն մկրտուա՞ծ էք։ Արդեօք այս քայլը առնելո՞ւ կը պատրաստուիք։

2 Որեւէ պարագային ալ, մկրտութեան մասին յստակ հասկացողութիւն մը անհրաժեշտ է։ Հետեւեալ հարցումները նկատողութեան արժանի են. Արդեօք ներկայիս Քրիստոնեաներուն կատարած մկրտութիւնը Յիսուսի մկրտութեան նոյն իմա՞ստը ունի։ Աստուածաշունչը ինչ որ կ’ըսէ մկրտութեան մասին ձեզի համար ալ կիրարկելի՞ է։ Քրիստոնէական մկրտութեան համաձայն ապրիլը ի՞նչ կը բովանդակէ իր մէջ։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԿԱՏԱՐԱԾ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

3. Յովհաննէսի մկրտութիւնը միայն որո՞նց համար էր։

3 Յիսուսի մկրտութենէն շուրջ վեց ամիս առաջ, Յովհաննէս Մկրտիչ Յուդայի անապատը գնաց, քարոզելով. «Ապաշխարեցէք [զղջացէք], վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ (Մատթէոս 3։1, 2) Այդ շրջանի բոլոր մարդիկը լսեցին Յովհաննէսի ըսածը, իրենց մեղքերը խոստովանեցան եւ Յորդանան Գետին մէջ իր կողմէ մկրտուեցան։ Այդ մկրտութիւնը Հրեաներուն համար էր։—Գործք 13։23, 24. Ղուկաս 1։13–16

4. (ա) Հրեաները ինչո՞ւ անպայման զղջալու կարիքը ունէին։ (բ) Եթէ չէին ուզեր ‘կրակով մկրտուիլ’, ի՞նչ պահանջուած էր իրենցմէ։

4 Այդ Հրեաները անպայման զղջալու կարիքը ունէին։ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Սինա Լերան վրայ, իրենց նախահայրերը ազգային ուխտի մը մէջ մտած էին Եհովա Աստուծոյ հետ։ Բայց, անոնք իրենց պատասխանատուութեան համաձայն չապրեցան այդ ուխտին ներքեւ, ուստի, անոր կողմէ դատապարտուեցան որպէս մեղաւորներ։ Իրենց վիճակը ճակատագրական էր։ Մաղաքիայի կողմէ նախագուշակուած «Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը» մօտ էր, եւ իրապէս ալ Հ.Դ. 70–ին, այդ օրը եկաւ Երուսաղէմի վրայ, զայն արագօրէն կործանելով։ Յովհաննէս Մկրտիչ, Եղիայի նման ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալով, այդ կործանումը գալէն առաջ ղրկուեցաւ, ‘Տէրոջը բարեկարգ ժողովուրդ մը պատրաստելու’։ Անոնք Օրէնքի ուխտին դէմ իրենց կատարած մեղքերուն համար զղջալու պէտք ունէին, եւ սրտով ու մտքով պէտք էր պատրաստուէին Աստուծոյ Որդին ընդունելու, որոնց Եհովա կը ղրկէր զայն։ (Մաղաքիա 4։4-6. Ղուկաս 1։17. Գործք 19։4) Ինչպէս Յովհաննէս բացատրեց, Աստուծոյ Որդին զիրենք պիտի մկրտէր սուրբ հոգիով՝ (որ Հ.Դ. 33–ին, հաւատարիմ հետեւորդները առաջին անգամ անոր փորձառութիւնը ունեցան Պէնտէկոստէին), եւ կրակով՝ (որ դարձի չեկողներուն վրայ եկաւ Հ.Դ. 70–ի կործանումով)։ (Ղուկաս 3։16) Անհատապէս, ‘կրակի մկրտութիւն’ չունենալու համար, առաջին դարու Հրեաները պէտք ունէին ջուրի մկրտութեան, որպէս խորհրդանիշ իրենց զղջումին, եւ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ պէտք էր ըլլային, երբ այդ պատեհութիւնը իրենց ներկայանար։

5. (ա) Երբ Յիսուս մկրտուելու եկաւ, Յովհաննէս ինչո՞ւ առարկեց։ (բ) Յիսուսի ջուրի մկրտութեան խորհրդանիշը ի՞նչ էր։ (գ) Յիսուս որքա՞ն լուրջի կ’առնէր Աստուծոյ կամքին կատարումը։

5 Մկրտուելու համար Յովհաննէսի եկողներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Յիսուս։ Բայց ինչո՞ւ ինք։ Յովհաննէս գիտէր թէ Յիսուս խոստովանելիք մեղք չունէր, եւ ուստի ըսաւ. «Ինծի պէտք է որ քեզմէ մկրտուիմ, ու դուն ինծի՞ կու գաս»։ Սակայն, Յիսուսի մկրտութիւնը ուրիշ բան մը կը խորհրդանշէր, ուստի ան պատասխանեց. «Թող տուր հիմա, վասնզի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք»։ (Մատթէոս 3։13–15) Յիսուսի մկրտութիւնը մեղքերու համար զղջալու խորհրդանիշ մը չէր կրնար ըլլալ. ոչ ալ ինքզինք Աստուծոյ նուիրելու պէտք ունէր, քանի որ ինք արդէն Եհովայի նուիրուած ազգի մը մէկ անդամն էր։ Այլ, Հրէական չափահասութեան տարիքին՝ 30 տարեկանին, իր ունեցած մկրտութիւնը կը խորհրդանշէր Իր Հօրը կամքը կատարելու համար, ինքզինք իր երկնային Հօրը ներկայացնել։ ‘Մարդ, Յիսուս Քրիստոսի’ համար Աստուծոյ կամքն էր Թագաւորութեան հետ կապ ունեցող գործունէութիւն մը, ինչպէս նաեւ իր կատարեալ մարդկային կեանքին զոհագործումը որպէս փրկանք եւ որպէս նոր ուխտի մը հիմը։ (Ղուկաս 8։1. 17։20, 21. Եբրայեցիս 10։5–10. Մատթէոս 20։28. 26։28. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6) Յիսուս շատ լուրջի առաւ իր ջուրի մկրտութեան խորհրդանիշը։ Ան ինքզինքին թոյլ չտուաւ որ ուրիշ բաներով հետաքրքրուի։ Իր երկրային կեանքին մինչեւ վերջը, ան Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ անշեղ հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ։—Յովհաննու 4։34

ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

6. Յիսուս ուրիշ ի՞նչ մկրտութեան ենթարկուեցաւ, եւ որքա՞ն ժամանակաշրջանի մէջ։

6 Իր ջուրի մկրտութեան խորհրդանիշին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յիսուս ուրիշ մկրտութիւն մըն ալ ունեցաւ։ Ան գիտցաւ որ Աստուծոյ կողմէ իր առջեւ դրուած նշանակումը զինք պիտի առաջնորդէր իր մարդկային կեանքը զոհելու, բայց եւ այնպէս երրորդ օրը պիտի յարուցուէր, հոգեղէն կեանքի։ Ան այս մասին խօսեցաւ որպէս մկրտութիւն մը։ Այս «մկրտութիւն»ը սկսաւ Հ.Դ. 29–ին, բայց ան ամբողջացաւ իր մահուընէ եւ յարութենէն ետք։ Ուստի, իր ջուրի մկրտութեան յաջորդող երեքուկէս տարիներու ընթացքին, տեղին ըլլալով ան կրնար ըսել. «Մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու, եւ ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի»։—Ղուկաս 12։50

7. (ա) Ուրիշ որո՞նք ալ մահուան մկրտութիւն ունին։ (բ) Ո՞վ կ’ընէ այս մկրտութիւնը։

7 Անոնք որոնք Քրիստոսի հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ պիտի իշխեն, անոնք ալ պէտք է մահուան մկրտութիւն մը ունենան։ (Մարկոս 10։37–40. Կողոսացիս 2։12) Մահուան ատեն, անոնք իրենց մարդկային կեանքը վերջնականապէս մէկ կողմ կը դնեն, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ Իսկ յարուցուելով, անոնք կը միանան Յիսուսի, իր երկնային իշխանութեան մէջ։ Ասիկա մկրտութիւն մըն է որ ոչ թէ մարդու մը կողմէ կը կատարուի, այլ՝ Աստուծոյ, իր երկնային Որդւոյն միջոցաւ։

8. Ի՞նչ կը նշանակէ անոնց ‘Յիսուս Քրիստոսով մկրտութիւնը’։

8 Անոնք որոնք Յիսուսի մահուան մէջ մկրտուած են, անոնց մասին ըսուած է նաեւ որ ‘Յիսուս Քրիստոսով մկրտուած’ են։ Քրիստոսի միջնորդութեամբ իրենց հասած սուրբ հոգիին շնորհիւ, անոնք իրեն՝ իրենց գլուխին, կը միանան որպէս իր հոգիէն ծնած ժողովքին՝ այսինքն իր «մարմնին», անդամները։ Քանի որ այդ հոգին զիրենք կարող կ’ընէ որ Քրիստոսի գերակայ անձնաւորութիւնը ցոլացնեն, անոր համար անոնց մասին կարելի է ըսել որ բոլորը «մէկ [մարդ] են, Քրիստոս Յիսուսով»։—Հռովմայեցիս 6։3–5. Ա. Կորնթացիս 12։13. Գաղատացիս 3։27, 28. Գործք 2։32, 33

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՋՈՒՐԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

9. (ա) Մատթէոս 28։19–ի մէջ նշուած մկրտութիւնը ե՞րբ սկսաւ կատարուիլ։ (բ) Այս պարբերութեան մէջ հայթայթուած հարցումները եւ համարները գործածելով, ցոյց տուէք թէ ըստ Յիսուսի, մկրտութեան ներկայացողները ի՛նչ պէտք էր ճանչնային։

9 Յիսուսի առաջին աշակերտները ջուրի մէջ մկրտուեցան Յովհաննէսի կողմէ եւ յետոյ անոնք Յիսուսի առաջնորդուեցան որպէս իր հոգեւոր հարսին ապագայ անդամները։ (Յովհաննու 3։25–30) Յիսուսի առաջնորդութեան ներքեւ, իրենք ալ կարգ մը մկրտութիւններ ըրին, եւ որոնք Յովհաննէսի մկրտութեան իմաստը ունէին։ (Յովհաննու 4։1–3) Սակայն, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, անոնք սկսան կատարել ‘Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով’ մկրտելու իրենց պաշտօնը։ (Մատթէոս 28։19) Շատ շինիչ է ասոր իմաստը քննել, հետեւեալ հարցումներուն հետ յիշուած համարներուն լոյսով։

‘Հօրը անունով’ մկրտուելու համար, անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընդունի Հօրը նկատմամբ։ (Դ. Թագաւորաց 19։15. Սաղմոս 3։8. 73։28. Եսայեայ 6։3. Հռովմայեցիս 15։6. Եբրայեցիս 12։9. Յակոբու 1։17)

‘Որդւոյն անունով’ մկրտութիւնը, ի՞նչ բան ճանչնալ կը պահանջէ։ (Մատթէոս 16։16, 24. Փիլիպպեցիս 2։9–11. Եբրայեցիս 5։9, 10)

Անհատ մը ի՞նչ բանի պէտք է հաւատայ որպէսզի ‘սուրբ հոգիին անունով’ մկրտուի։ (Ղուկաս 11։13. Յովհաննու 14։16, 17. Գործք 1։8. 10։38. Գաղատացիս 5։22, 23. Բ. Պետրոս 1։21)

10. (ա) Այսօր, Քրիստոնէական ջուրի մկրտութեան խորհրդանիշը ի՞նչ է։ (բ) Ասիկա ինչպէ՞ս տարբեր է Յիսուսի մկրտութենէն։ (գ) Երբ սուրբ գրայինօրէն որակելի անհատներ կը մկրտուին, անոնք ի՞նչ կ’ըլլան։

10 Յիսուսի կողմէ տրուած այս հրահանգներուն համաձայն առաջին մկրտուողները եղան Հրեաները [եւ նորահաւատ Հրեաները], որոնք որպէս ազգ մը արդէն Աստուծոյ նուիրուած էին եւ մինչեւ Հ.Դ. 36–ը, անոնք մասնաւոր նկատողութեան արժանի էին Աստուծոյ կողմէ։ Սակայն, Քրիստոնեայ աշակերտ ըլլալու առանձնաշնորհումը երբ Սամարացիներուն եւ Հեթանոսներուն ալ մատակարարուեցաւ, անոնք մկրտուելէն առաջ անհատապէս Եհովայի պէտք էր նուիրուէին, առանց պայմանի իրեն ծառայելու համար, որպէս իր Որդւոյն աշակերտները։ Ուստի, մինչեւ այսօր Քրիստոնէական ջուրի մկրտութեան իմաստը այս է բոլորին՝ նաեւ Հրեաներուն, համար։ Այս ‘մէկ մկրտութիւնը’ կիրարկելի է այն ամենուն, որ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ կ’ըլլան։ Այս կերպով, անոնք կ’ըլլան Եհովայի Քրիստոնեայ վկաներ, Աստուծոյ կողմէ յանձնարարուած ծառաներ։—Եփեսացիս 4։5. Բ. Կորնթացիս 6։3, 4

11. (ա) Քրիստոնէական ջուրի մկրտութիւնը ի՞նչ բանի կը համապատասխանէ եւ ինչպէ՞ս։ (բ) Այս կերպով Քրիստոնեայ մը ի՞նչ բանէն կը փրկուի։

11 Այսպիսի մկրտութիւն մը շատ մեծ արժէք կը ներկայացնէ Աստուծոյ համար։ Նոյի տապանի շինութիւնը յիշելէ ետք՝ որու միջոցաւ ինք եւ իր ընտանիքը Ջրհեղեղէն վերապրեցան, Պետրոս առաքեալ ուշադրութիւնը հետեւեալ բանին հրաւիրեց։ Ան գրեց. «Մեզ ալ՝ այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ, (ո՛չ թէ մարմնին աղտը մէկդի ձգելը, հապա բարի խղճմտանքին վկայութիւնը առ Աստուած,) Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնովը»։ (Ա. Պետրոս 3։21) Տապանը շօշափելի ապացոյց մըն էր որ Նոյ ինքզինք նուիրած էր Աստուծոյ կամքը ընելու, եւ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած գործը հաւատարմօրէն ըրած էր։ Ասիկա իր ազատագրման առաջնորդեց։ Համապատասխան կերպով, անոնք որոնք յարուցեալ Քրիստոսի հաւատք կ’ընծայեն եւ ասիկա ցոյց կու տան մկրտուելով եւ անկէ ետք կը շարունակեն Աստուծոյ կամքը կատարել, իրենք ալ կը փրկուին ներկայ ամբարիշտ աշխարհէն։ (Գաղատացիս 1։3, 4) Այլեւս անոնք մնացեալ մարդկութեան հետ դէպի կործանում չեն ընթանար։ Անոնք այն ճամբէն ազատուած են եւ Աստուծոյ կողմէ բարի խղճմտանք մը ստացած են։

ՄԵՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱՏԱՐԵՆՔ

12. Ինչո՞ւ մէկու մը մկրտութիւնը փրկութեան երաշխիք մը չէ։

12 Սխալ պիտի ըլլայ խորհիլ որ մկրտութիւնը ինքնին փրկութիւն կ’երաշխաւորէ։ Մկրտութիւնը արժէք կ’ունենայ մի՛այն այն ատեն երբ անհատ մը իրապէս ինքզինք Եհովայի նուիրած է Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, եւ անկէ ետք մինչեւ վերջ հաւատարմօրէն Աստուծոյ կամքը կը կատարէ։—Մատթէոս 24։13

13. (ա) Մկրտուած Քրիստոնեաներու ապրելակերպը ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ։ (բ) Աշակերտելու Քրիստոնէական գործը որքա՞ն կարեւոր պէտք է ըլլայ մեր կեանքին մէջ։

13 Յիսուսի պարագային, Աստուծոյ կամքին մէկ մասն էր թէ ան իր մարդկային կեանքը ի՛նչպէս պիտի ապրէր։ Ան որպէս զոհ մը պիտի տրուէր։ Մեր պարագային, մեր մարմինները Աստուծոյ կը ներկայացնենք, անձնազոհ կեանք մը վարելու համար։ Մեր մարմինները պէտք է գործածուին միմիայն Աստուծոյ կամքին գործադրութեան համար։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2) Այս նպատակին հասած չենք ըլլար երբ, նոյնիսկ ժամանակաւորապէս, մեր շուրջ եղող աշխարհին վարմունքը որդեգրենք եւ կամ երբ մեր կեանքերը կերտենք անձնասէր հետաքրքրութիւններու շուրջ, միայն ձեւական ծառայութիւն մը մատուցանելով Աստուծոյ։ (Ա. Պետրոս 4։1–3. Ա. Յովհաննու 2։15–17) Երբ Հրեայ մարդ մը հարցուց թէ ինչ պէտք էր ընէր յաւիտենական կեանք շահելու համար, Յիսուս իրեն յիշեցուց բարոյական մաքուր կեանք մը ունենալու կարեւորութիւնը եւ յետոյ անոր մատնանշեց Յիսուսի հետեւորդ մը ըլլալով, աշակերտելու Քրիստոնէական գործը իր կեանքին գլխաւոր նպատակը ընելու կարիքը։ Այս ծառայութիւնը մեր նիւթական հետաքրքրութիւններէն վերջ պէտք չէ գայ։—Մատթէոս 19։16–21

14. (ա) Թագաւորութեան կապակցաբար, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։ (բ) Էջ 101–ի պատկերին համաձայն, այս գործը ընելու ազդեցիկ կերպերէն ոմանք ի՞նչ են։ (գ) Եթէ ամբողջ սրտով մասնակցինք այսպիսի գործունէութեան մը, ասիկա ի՞նչ բանի ապացոյց մըն է։

14 Նաեւ պէտք է յիշենք որ Յիսուսի համար Աստուծոյ կամքը կը բովանդակէր Թագաւորութեան կապակցաբար կենսունակ գործունէութիւն մը։ Յիսուս ինք օծուած էր Թագաւոր ըլլալու։ Բայց երբ երկրի վրայ էր, ան նախանձախնդիր վկայ մըն էր այդ Թագաւորութեան։ Մենք ալ վկայութեան նոյնանման գործ մը ունինք եւ ամէն պատճառ ունինք անոր ամբողջ սրտով մասնակցելու։ Այսպէս ընելով Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ՝ գնահատանք եւ մեր ընկերներուն հանդէպ՝ սէր ցոյց կու տանք։ Նաեւ, կ’ապացուցանենք որ համայն աշխարհի ճշմարիտ երկրպագուներուն հետ միացած ենք, որոնք բոլորն ալ Թագաւորութեան վկաներ են եւ որոնք այդ Թագաւորութեան ներքեւ յաւիտենական կեանք վայելելու նպատակով կը քալեն։

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Յիսուսի մկրտութեան եւ այսօրուան ջուրի մկրտութեան միջեւ եղող նմանութիւնները եւ տարբերութիւնները ի՞նչ են։

Յովհաննէսի մկրտութիւնը որո՞նց համար էր։ Որո՞նք մահուան մէջ մկրտուած են, եւ որո՞նք «Յիսուս Քրիստոսով» մկրտուած են։

Քրիստոնէական ջուրի մկրտութեան համաձայն ապրիլը ի՞նչ կը բովանդակէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 101]

Ի՞նչ կերպերով կը ծանուցանէք Թագաւորութիւնը

Տունէ–տուն

Հետաքրքրուած անհատները

Վերայցելելով

Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններով

Փողոցը

Դասընկերներու

Գործակիցներու