Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծ բազմութիւն մը Եհովայի գահին առջեւ

Մեծ բազմութիւն մը Եհովայի գահին առջեւ

Գլուխ 13

Մեծ բազմութիւն մը Եհովայի գահին առջեւ

1. (ա) Թէ՛ նախա–Քրիստոնէական դարու Աստուծոյ ծառաները եւ թէ 144,000–ը իրենց վարձքը ստանալէ առաջ, ի՞նչ բանի փորձառութիւնը պէտք է ունենան։ (բ) Սակայն, ‘մեծ նեղութիւնը’ հարուածած ատեն գոյութիւն ունեցող մեծ բազմութիւնը, ի՞նչ բանի կարելիութիւնը պիտի ունենայ։

ՀԱԿԱՌԱԿ անոր որ Աբէլէն սկսեալ մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչ, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները, Աստուծոյ կամքը կատարելը իրենց կեանքին գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ըրած էին, բայց անոնք պէտք էր մեռնէին եւ յարութեան սպասէին։ Երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի հետ եղող 144,000–ն ալ պէտք է մեռնին իրենց վարձատրութիւնը ստանալէ առաջ։ Ասոնց հակառակը, ըստ Յովհաննէս առաքեալի տրուած տեսիլքի մը, մեծ բազմութիւն մը գոյութիւն պիտի ունենար որ պիտի վերապրէր «մեծ նեղութենէն» եւ առանց մեռնելու յաւիտեան ապրելու ակնկալութիւնը պիտի ունենար։—Յայտնութիւն 7։9–17

‘ՄԵԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ’ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵԼ

2. Ի՞նչ բան օգնեց, Յայտնութիւն 7։9–ի ‘մեծ բազմութեան’ ինքնութիւնը հասկնալու։

2 Երկար ժամանակ, այս ‘մեծ բազմութեան’ ինքնութիւնը չէր հասկցուած։ Բայց անոր հետ կապ ունեցող կարգ մը մարգարէութիւններու հասկացողութիւնը լոյս սփռեց անոր վրայ։ 1923–ին, հասկցուեցաւ որ Մատթէոս 25։31–46–ի «ոչխարներ»ը եւ Յովհաննու 10։16–ի մէջ յիշուած «ուրիշ ոչխարներ»ը, հիմա ապրողներուն կ’ակնարկէին, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը կրնային ունենալ։ 1931–ին, հասկցուեցաւ որ Եզեկիէլ 9։1–11–ի մէջ գրագիրի կաղամար ունեցող մարդուն կողմէ իրենց ճակատներուն վրայ նշան ստացողները, Մատթէոս 25–րդ գլուխին մէջ յիշուած «ոչխարներ»ն են։ Յետոյ, 1935–ին, տեսնուեցաւ որ Յայտնութիւն 7։9–17–ի «մեծ բազմութիւն»ը եւ Յիսուսի այծերու եւ ոչխարներու առակին մէջի «ոչխարներ»ը, նոյնն էին։ Թէեւ, անոնք արդէն 1923–էն ի վեր երեւան եկած էին, սակայն բուն 1935–ին էր որ անոնց թիւը սկսաւ արագօրէն աճիլ։ Ներկայիս անոնք բառացիօրէն միլիոններու կը հասնին, որոնք կը ջանան ճանչցուիլ որպէս «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն մը»։

3. Անոնց «աթոռին առջեւ» կեցած ըլլալը ինչո՞ւ չի նշանակեր որ անոնք երկնային դասակարգ մըն են։

3 ‘Մեծ բազմութեան’ անդամները տարբեր են հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամներէն, որոնց մասին Յայտնութիւն գիրքին նոյն գլուխին մէջ յիշուած է։ Յովհաննէս իր տեսիլքին մէջ այս «մեծ բազմութիւն»ը երկինքին մէջ չտեսաւ։ Անոնց Աստուծոյ «աթոռին առջեւ» (Յունարէն՝ էնոբիոն թու թրոնու, «գահին աչքին առջեւ») կեցած ըլլալը պայման չէ որ անոնք երկինք եղած ըլլան։ Անոնք պարզապէս Աստուծոյ «աչքին առջեւ» են, ինչպէս ինք կ’ըսէ, թէ երկինքէն կը դիտէ մարդոց որդիները։ (Յայտնութիւն 7։9. Սաղմոս 11։4. բաղդատել Սաղմոս 100։1, 2. նաեւ Ղուկաս 1։74, 75 եւ Գործք 10։33–ի հետ, Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ Թարգմանութիւն)։ Նմանապէս, «բոլոր ազգերը» երկինքի մէջ ըլլալու պէտք չունին, Քրիստոսի գահին առջեւ ըլլալու համար («անոր առջեւ») ինչպէս որ նկարագրուած է Մատթէոս 25։31, 32–ի մէջ։ Ասկէ զատ, մեծ բազմութիւնը «որ մէ՛կը չէր կրնար համրել», երկնային դասակարգ մը չըլլալը ցոյց տրուած է, երբ բաղդատուած է Յայտնութիւն 7։4–8 եւ 14։1–4 համարներուն հետ, որոնց մէջ երկինքի մէջ ըլլալու համար, երկրէն առնուողներուն որոշ թիւը տրուած է։

4. (ա) Անոնց վերապրած ‘մեծ նեղութիւնը’ ի՞նչ է։ (բ) Ըստ Յայտնութիւն 7։11, 12–ին, որո՞նք կը դիտեն «մեծ բազմութիւն»ը եւ պաշտամունքին մէջ անոր կը միանան։

4 ‘Մեծ բազմութեան’ ինքնութիւնը երեւան հանելու ատեն, Յովհաննէս գրեց. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները»։ Արդարեւ, անոնք երկրի վրայ տեղի ունեցող մեծագոյն նեղութենէն պիտի վերապրին։ (Յայտնութիւն 7։13, 14. Մատթէոս 24։21) Եհովայի այդ ահաւոր օրուընէ վերապրողները, իրենց ազատարարին ո՛վ ըլլալուն մասին կասկած պիտի չունենան։ Երբ անոնք երախտապարտօրէն իրենց փրկութիւնը կը վերագրեն Աստուծոյ եւ իր Գառնուկին, ինչպէս Յովհաննէս տեսիլքին մէջ տեսաւ, երկնքի բոլոր հաւատարիմ արարածները իրենց ձայները պիտի միացնեն անոնց, միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտելու համար, ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։—Յայտնութիւն 7։11, 12

ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ ԱՐԺԱՆԻ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՓՈՐՁՈՒԱԾ

5. (ա) Ինչպէ՞ս կրնանք որոշել թէ վերապրելու արժանի եղող ‘մեծ բազմութեան’ մէկ անդամը ըլլալու համար ի՛նչ պահանջուած է։ (բ) Այս պարբերութեան վերջաւորութեան դրուած հարցումներուն պատասխանելով, բացատրեցէք թէ ի՛նչ պահանջուած է «մեծ նեղութենէն» վերապրելու համար։

5 ‘Մեծ բազմութեան’ փրկութիւնը տեղի կ’ունենայ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն։ Անոնց վերագրուած Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն մէջ, այս ազատագրուողներուն յատկանիշներուն ինչ ըլլալը յստակօրէն պարզուած է։ Ուստի, արդարութիւն սիրողներուն համար, արդէն հիմա կարելի է աշխատիլ իրենց փրկութիւնը ապահովելու համար։ Հոս տրուած համարները արդէն յիշած ենք։ Բայց հիմա աւելի ուշադրութեամբ վերլուծեցէք, յիշուած յաւելեալ համարներուն լոյսով եւ նայեցէք թէ ի՛նչ կրնաք ընել այս մարգարէական նկարագրութիւններուն յարմարելու համար։

Յովհաննու 10։16–ի մէջ ակնարկուած «ուրիշ ոչխարներ»ը.

Անհատի մը համար իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի ձայնին մտիկ ընել։ (Յովհաննու 10։27. Մատթէոս 9։9. Եփեսացիս 4։17–24)

Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ Քրիստոսը կ’ընդունինք որպէս մեր «մէկ հովիւ»ը։ (Մատթէոս 23։10, 11)

Յիսուսի այծերու եւ ոչխարներու առակին մէջի «ոչխարներ»ը. (Մատթէոս 25։31–46)

Որո՞նք են Քրիստոսի «եղբայրներ»ը, որոնց բարիք կ’ընեն անոնք։ (Եբրայեցիս 2։10, 11. 3։1)

Ո՞ր դժուար պայմաններու ներքեւ անոնք երկրի վրայ գտնուող Քրիստոսի եղբայրներուն հետ ըլլալնին պիտի գիտցնէին։ Անոնք ներկայիս ո՞ր գործին հաւատարմօրէն կ’օգնեն։ (Յայտնութիւն 12։12, 17. Մատթէոս 24։14. 28։19, 20)

Գրագիրի կաղամար ունեցող մարդուն կողմէ իրենց ճակատները նշան ստացողները. (Եզեկիէլ 9։1–11)

Անոնք ինչպէ՞ս ցոյց կու տան որ հակատիպ Երուսաղէմի կամ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ կատարուած զզուելի բաներուն հետ համաձայն չեն։ (Յայտնութիւն 18։4, 5)

Ի՞նչ կը պարփակէ «նշան»ը, որու պատճառով անոնք կը զատորոշուին այդպէս կոչուած Քրիստոնեաներէն, դասուելով վերապրելու արժանի եղողներուն մէջ։ (Ա. Պետրոս 3։21. Մատթէոս 7։21–27. Յովհաննու 13։35)

6. ‘Մեծ բազմութեան’ մասին Յովհաննէսի տուած նկարագրութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի հասկնալու, անոնց պահպանման պատճառը։

6 Յայտնութիւն 7։9–15–ի մէջ գտնուող ‘մեծ բազմութեան’ նկարագրութիւնը, յաւելեալ կարեւոր մանրամասնութիւններ կու տայ։ «Մեծ նեղութենէն» ետք երեւցող այս ‘մեծ բազմութեան’ մասին խօսելէ ետք, Աստուածաշունչը մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ նաեւ այն ազդակներուն վրայ որոնք պատճառ եղան որ անոնք ազատագրուին։

7. Անոնք ի՞նչ կ’ընեն «մեծ նեղութենէն» առաջ, եւ ի՞նչ բանը կը ցուցնէ ասիկա։

7 Բոլոր ազգերէն, ցեղերէն, ժողովուրդներէն եւ լեզուներէն գալով հանդերձ, մեծ բազմութեան անդամները նկարագրուած են միակամօրէն ‘կանգնած աթոռին առջեւ’, եւ գահին վրայ Նստողը՝ Եհովան, կ’ողջունեն որպէս իրենց Տիեզերական Գերիշխանը։ Անոնք իրենց վարքով ցոյց տուած են որ Իր իշխանութեան հաւատարմօրէն նեցուկ կը կանգնին։ Իսկ իրենց ‘հանդերձները լուալով ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցնելով’, անոնք փաստած են որ որպէս Աստուծոյ Գառին՝ Յիսուսի զոհագործութեան մեղք–քաւող արժանիքին կարիք ունենալը ընդունած են։ (Յովհաննու 1։29. Ա. Յովհաննու 2։2) Հաւատքով, անոնք իրենց անձերը Աստուծոյ նուիրած են այս զոհագործութեան հիման վրայ, զայն խորհրդանշած են ջուրի մկրտութեամբ եւ հիմա Աստուծոյ առջեւ մաքուր խղճմտանք կը վայելեն, որ պատկերացուած է իրենց ճերմակ հանդերձներով։ Անոնք Աստուծոյ Որդւոյն վրայ իրենց հաւատքը յայտարարելէն ետ չեն կեցած։ (Մատթէոս 10։32, 33) Այս բոլորին հետ ներդաշնակ ըլլալով, տեսիլքին մէջ անոնք կը գտնուին Աստուծոյ տաճարին կամ պաշտամունքի տիեզերական տաճարին մէջ, որպէս Աստուծոյ ‘ցորեկ ու գիշեր սրբազան ծառայութիւն’ մատուցանողներ։ Այս կերպով, անոնք ճանչցուած են որպէս մաքուր պաշտամունքին հաւատարիմ նեցուկներ եւ իր Թագաւորութիւնը յայտարարողներ։—Եսայեայ 2։2, 3

8. Որպէսզի այս տեղեկութիւնը մեզի օգուտ մը ունենայ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

8 Մարգարէական այս պատկերներուն մէջի մանրամասնութիւններն ալ կը յարմարի՞ն ձեզի։ Արդեօք պէտք ունի՞ք կարգ մը մարզերու մէջ ձեր կեանքը փոխելու որպէսզի ան աւելի ներդաշնակ ըլլայ այդ նկարագրութեանց հետ։ Եթէ այո, հի՛մա է ժամանակը ասիկա ընելու։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԴՐԱԽՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼ

9. Յովհաննէս ինչպէ՞ս կը նկարագրէ ‘մեծ բազմութեան’ հիմակուընէ իսկ վայելած հոգեւոր օրհնութիւնները։

9 Կը յուսա՞ք դուք ալ այս ‘մեծ բազմութեան’ ազատագրուողներէն մէկը ըլլալ։ Եթէ արդէն սկսած էք Եհովայի արդար ճամբաներուն համաձայն քալել, հիմակուընէ իսկ կրնաք ճաշակել այն բոլոր խոստումները, որոնք ճանչցուած են որպէս հոգեւոր դրախտ։ Յովհաննէս առաքեալի ըսուեցաւ. «Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ. վասնզի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ (Յայտնութիւն 7։16, 17) Ասիկա ինչպէ՞ս կը փաստուի ձեր պարագային։

10. (ա) Հոգեւոր առումով, «մեծ բազմութիւն»ը ի՞նչպէս ‘ոչ կ’անօթենայ եւ ոչ կը ծարաւի’։ (բ) Ասոր փորձառութիւնը ունեցա՞ծ էք։

10 Բարի Հովիւին սիրալիր հոգածութեան ներքեւ գալէ առաջ, դուք արդարութեան համար անօթի ու ծարա՞ւ էիք։ (Բաղդատել Մատթէոս 5։6)։ Եթէ այս էր պարագան, դուք կը տենչայիք բանի մը որ միայն Եհովան կրնար հայթայթել իր Որդւոյն միջոցաւ։ Երբ ամբարիշտը բնաջնջելու եւ սակայն իր ողորմութեան միջոցաւ Ադամի սերունդին ազատագրութիւն հայթայթելու Եհովայի արդար ճամբաները սորվեցաք, այն ատեն անկասկած ձեր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, գոհունակութիւն զգացիք։ Աստուծոյ Խօսքէն հոգեւոր կերակուրը եւ խմելիքը՝ որոնք ձեզի կը մատակարարուին իր կազմակերպութեան միջոցաւ, շարունակած են ձեր գոհունակութիւնը աւելցնել։ (Եսայեայ 65։13, 14) Իսկ եթէ դուք ձեզ Աստուծոյ նուիրած էք Քրիստոսի միջոցաւ, հիմա ձեր կեանքը նոր նպատակ մը ունեցած է։ (Յովհաննու 4։32–34) Ձեր դիմաց կը գտնուի երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտենական կեանքի ցնծալի ակնկալութիւնը, քանի որ Գառնուկը «կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ [մեծ բազմութիւնը]»։

11. (ա) Ի՞նչ իմաստով կը կատարուի այս խօսքը թէ ‘ոչ արեւը եւ ոչ ալ տաքութիւն մը կը զարնէ’ անոնց։ (բ) Ասիկա որքա՞ն կարեւոր է ձեզի համար։

11 Վստահութիւն ունեցող «ոչխարներ»ու պէս, ‘մեծ բազմութենէն’ եղողներն ալ պաշտպանուած են եւ Բարի Հովիւին կողմէ ապահով կերպով առաջնորդուած են։ Անոր համար է որ այլաբանօրէն խօսելով, ‘ո՛չ արեւը եւ ոչ ալ տաքութիւն մը պիտի զարնէ’ անոնց այլեւս։ Ասիկա չի նշանակեր որ որպէս ‘մեծ բազմութեան’ անդամ մը, այս աշխարհի կողմէ ոչ մէկ հալածանք պիտի ունենաք։ Այլ, ան կը նշանակէ որ դուք Աստուծոյ տհաճութեան սաստիկ տաքութենէն պաշտպանուած էք։ Իսկ երբ ամբարիշտին վրայ ‘տեղայ’ աստուածային կործանումը, անիկա ոչ մէկ կերպով պիտի վնասէ ձեզի։ Այս առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնը կրնայ յաւիտեան շարունակուիլ։—Եզեկիէլ 38։22, 23. բաղդատել Սաղմոս 11։6. 85։3, 4։

12. Ինչպէ՞ս նոյնիսկ հիմա ձեր աչքերէն արցունքները սրբուած են։

12 Ուրախութեան ի՜նչ հոյակապ պատճառ մը ունիք եթէ դուք ալ իրապէս այդ ‘մեծ բազմութեան’ անդամներէն մէկն էք։ Դուք հոյակապ յոյս մը ունիք, ամբարիշտին ամբողջական կործանումը տեսնելու եւ ձեր մտքին ու մարմնին մեղքի բոլոր ազդեցութիւններէն ազատագրուիլը զգալու։ Բայց նոյնիսկ հիմա, Աստուած չճանչցող մարդոց ունեցած վիշտը չունիք։ Դուք սկսած էք ճանչնալ այն ուրախութիւնը որ միայն Եհովա Աստուծոյ պատկանող ժողովուրդին յատկանիշն է։ (Սաղմոս 144։15բ) Այս կերպով արդէն հիմակուընէ փորձառութիւնը կ’ունենաք հետեւեալ խոստումին կատարման որ կ’ըսէ. «Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։

13. Մինչ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը կը գոյատեւէ, հոգեւոր դրախտին ուրախութեան աւելնալուն ի՞նչ բաներ պիտի նպաստեն։

13 ‘Մեծ բազմութեան’ նման հոգեւոր դրախտն ալ պիտի վերապրի իրերու այս դրութեան վախճանէն։ Եթէ դուք ալ անոնցմէ մէկն էք, ուրեմն պիտի շարունակէք վայելել հոգեւոր ճոխ կոչունքը, Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան բոլոր տեւողութեան։ Աստուծոյ մասին ձեր գիտութիւնն ալ աւելի պիտի խորանայ, երբ տեսնէք անոր հոյակապ նպատակին իրականացումը։ Ձեր ուրախութիւնըն ալ պիտի կրկնապատկուի, երբ սկսիք բարի գալուստ մաղթել մեռելներէն յարուցուողներուն, որոնք երթալով աւելի մեծ թիւերով ձեզի պիտի միանան ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ։ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն համար մասնաւորաբար թանկագին պիտի ըլլայ այն ֆիզիքական օրհնութիւնները, զորս անոնք պիտի զգան իրենց մարմիններուն մէջ եւ որոնք իրենց հանդէպ Եհովայի ունեցած սիրոյն մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլան։—Եսայեայ 25։6–9. Յակոբու 1։17

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Աստուածաշունչը ո՞ր հոյակապ դէպքին հետ կը կապէ «մեծ բազմութիւն»ը եւ ինչպէ՞ս։

Եթէ իրապէս կ’ուզենք աստուածային հաճութիւնը ունեցող մեծ բազմութեան’ մէջ գտնուիլ, հիմա ի՞նչ պէտք է ընենք։

Հոգեւոր դրախտին օրհնութիւնները որքա՞ն կարեւոր են ձեզի համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]