Միշտ ձեր մտքին մէջ պահեցէք Եհովայի օրը
Գլուխ 23
Միշտ ձեր մտքին մէջ պահեցէք Եհովայի օրը
1. (ա) Երբ առաջին անգամ սորվեցաք որ այս հին դրութեան վիշտերուն վախճանը մօտ է, ի՞նչ հակազդեցութիւն ունեցաք։ (բ) Ասոր նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ լրջօրէն նկատի պէտք է առնենք։
ԱՆԿԱՍԿԱԾ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն ձեր սորված առաջին բաներէն մէկն էր, թէ իրերու ներկայ դրութեան բոլոր ցաւերուն վախճանը մօտ է։ (Ղուկաս 21։28) Գիտցաք որ Աստուծոյ նպատակն է որ ամբողջ երկիրը Դրախտ մը ըլլայ։ Ոճիրը, պատերազմը, հիւանդութիւնը եւ մահը ալ պիտի չըլլան եւ նոյնիսկ մեր կորսնցուցած սիրելիները ետ կեանքի պիտի գան։ Ի՜նչ սրտապնդիչ ակնկալութիւն մը։ Այս բոլոր բաներուն մօտ ըլլալը շեշտուած է այդ իրողութեամբ որ Հ.Դ. 1914–ին, որպէս Թագաւոր՝ Քրիստոսի անտեսանելի ներկայութիւնը արդէն տեղի ունեցած է եւ թէ անկէ ի վեր այս ամբարիշտ աշխարհին վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Այս գիտութիւնը փոփոխութիւններ մտցուցա՞ծ է ձեր կեանքին մէջ։ Ձեր ապրելակերպով կը յայտնաբերէ՞ք ձեր համոզումը թէ ‘Եհովայի օր’ը մօտ է։
2. (ա) ‘Եհովայի օր’ը ե՞րբ պիտի գայ։ (բ) Եհովայի այդ «օր»ը «եւ ժամ»ը չյայտնելուն օգուտը ի՞նչ եղած է։
2 Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Քրիստոսի ներկայութեան ականատես եղող ‘սերունդը’, պիտի տեսնէ նաեւ «Եհովայի մեծ օր»ը, որու ընթացքին ան դատաստան ի գործ պիտի դնէ բոլոր անարդարութիւն գործողներուն դէմ։ (Մատթէոս 24։34. Սոփոնիա 1։14-2։3) Այդ ‘սերունդը’ հիմա շատ յառաջացած տարիք մը ունի։ Սակայն Աստուածաշունչը ճիշդ թուականը չի տար, թէ ե՛րբ Յիսուս Քրիստոս՝ որպէս Եհովայի դահիճը՝ պիտի գայ Սատանայի երկրային դրութեան դէմ։ «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը», ըսաւ Յիսուս։ (Մարկոս 13։32) Ասիկա շատ օգտակար եղած է։ Ի՞նչ կերպով։ Ան պատճառ եղած է որ մարդոց սրտին մէջինը յայտնաբերուի։ Եթէ մէկը իրապէս Եհովան չի սիրեր, ան իր մտքին մէջ ‘Եհովայի օր’ը պիտի յետաձգէ եւ իր սիրտը աշխարհային բաներ պիտի հետապնդէ։ Եհովա, որպէս ծառայ կ’ընդունի միայն անոնք որոնք իրապէս կը սիրեն զինք եւ ասիկա ցոյց կու տան ամբողջ սրտով ծառայելով իրեն, առանց նկատի ունենալու ամբարիշտ դրութեան վրայ գալիք վախճանին ժամանակը։ Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն հաճութիւնը չեն կրնար վայելել բոլոր անոնք որոնք գաղջ կամ երկմիտ են։—Յայտնութիւն 3։16. Սաղմոս 37։4. Ա. Յովհաննու 5։3
3. Այս նիւթին մասին մեզ զգուշացնելով Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։
3 Յիսուս՝ զգուշացնելով Եհովան սիրողները, ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք ..., վասնզի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է»։ (Մարկոս 13։33–37) Ան մեզ կը յորդորէ որ ուտելը ու խմելը եւ «աշխարհային զբաղմունքներ»ը մեր ուշադրութիւնը այնպէս մը չգրաւեն, որ ժամանակին լրջութիւնը անտեսենք։—Ղուկաս 21։34–36. Մատթէոս 24։37–42
4. Ըստ Պետրոսի բացատրութեան, ‘Եհովայի օր’ը ի՞նչ պիտի բերէ։
4 Հետագային, Պետրոս առաքեալ խրատեց բոլոր ճշմարիտ հաւատացեալները որ սպասեն «Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին»։ ‘Եհովայի օրուան’ մօտ ըլլալը իրողութիւն մըն է, զոր ոչ մէկս պէտք է նսեմացնէ։ Տեսանելի կառավարական երկինքը եւ ամբարիշտ մարդկային ընկերութիւնը շուտով պիտի փոխարինուին Աստուծոյ կողմէ շինուած ‘նոր երկինք’ով ‘ու նոր երկիր’ով եւ բոլոր «տարրերը», որ ներկայ աշխարհին սերտօրէն կապուած են, այսինքն՝ անոր Բ. Պետրոս 3։10–13) Պէտք է շարունակենք արթուն մնալ, գիտնալով որ այս աշխարհացունց դէպքերը կրնան սկսիլ որեւէ ատեն։—Մատթէոս 24։44
անկախ կեցուածքը, անբարոյ եւ նիւթապաշտ ապրելակերպը՝ իրենց վախճանին պիտի հասնին ‘Եհովայի օրուան’ կործանարար տաքութեամբ։ (ՆՇԱՆԻՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ ԵՂՈՂ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱՐԹՈՒՆ ԵՂԷՔ
5. (ա) Մատթէոս 24։3–ի մէջ Յիսուսի տուած պատասխանը ի՞նչ տարողութեամբ կը կիրարկուի Հրէական դրութեան վախճանին։ (բ) Իր պատասխանին ո՞ր մասը կիրարկելի է Հ.Դ. 1914–էն ետք։
5 Մասնաւորաբար մեր ապրած ժամանակը նկատի ունենալով, «վերջին օրեր»ը կամ «իրերու դրութեան վախճան»ը բնորոշող բաղադրեալ նշանին մանրամասնութեանց քաջածանօթ պէտք է ըլլանք։ Եթէ կ’ուզենք շիտակ կերպով բացատրել նշանը, ի մտի պէտք է ունենանք որ երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հարցումին կը պատասխանէր (Մատթէոս 24։3), իր ըսած բաներէն մաս մը կը կիրարկուէր առաջին դարու Հրէական դրութեան վախճանին, բայց անոր գլխաւոր կատարումը, անկէ շատ աւելի մեծ էր։ 4–էն մինչեւ 22–րդ համարներուն մէջ իր տուած նկարագրութիւնը պզտիկ չափով մը կատարուեցաւ Հ.Դ. 33–70 թուականներուն։ Բայց այս մարգարէութիւնը իր գլխաւոր կատարումը կ’ունենայ մեր օրերուն եւ կ’ապացուցանէ որ Հ.Դ. 1914–էն ի վեր, Քրիստոսի «ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճան»ի ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք։ (Նաեւ Մարկոս 13։5–20 եւ Ղուկաս 21։8–24)։ Մատթէոս 24։23–28–ը կ’ըսէ թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենար Հ.Դ. 70–էն ետք, մինչեւ Քրիստոսի ներկայութեան ատենը։ (Նաեւ Մարկոս 13։21–23)։ Իսկ Մատթէոս 24։29–էն մինչեւ 25–րդ գլուխին վերջաւորութեան նկարագրուած դէպքերը, Հ.Դ. 1914–էն ի վեր պատահածներուն կ’ակնարկեն։—Նաեւ Մարկոս 13։24–37 եւ Ղուկաս 21։25–36։
6. (ա) Անհատապէս ինչպէ՞ս արթուն պէտք է ըլլանք, ընթացիկ դէպքերուն ունեցած կապը տեսնելով «նշան»ին հետ։ (բ) Այս պարբերութեան վերջաւորութեան տրուած հարցումներուն պատասխանեցէք, ցոյց տալու համար թէ «նշանը» ինչպէ՞ս կատարուած է Հ.Դ. 1914–էն ի վեր։
Եսայեայ 61։1, 2) Այս նպատակակէտերը ի մտի ունենալով, «նշան»ին հետեւեալ երեսակները վերաքաղ ըրէք.
6 Մենք անհատապէս ընթացիկ դէպքերուն մէջ պէտք է տեսնենք «նշան»ին կատարումը։ Այս դէպքերը Աստուածաշունչի մարգարէութեանց հետ կապելը պիտի օգնէ մեզի որ Եհովայի օրը ‘միշտ ի մտի ունենանք’։ Անիկա նաեւ մեզի աւելի համոզիչ պիտի դարձնէ, երբ ուրիշները կը զգուշացնենք, որ «մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը» մօտ է։ (Նախագուշակուած ‘ազգ ազգի դէմ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան դէմ’ դէպքը, ի՞նչ հոյակապ կերպով կատարուեցաւ Հ.Դ. 1914–ին։ Ի՞նչ պատահած է նոյնիսկ այս վերջին ամիսներուն, որոնք կ’երկրորդեն այս խօսքին կատարումը։
Հակառակ Ի. դարու գիտական յառաջդիմութեան, ուտելիքի պակասը ո՞ր տարողութեամբ ազդած է երկրին։
Հ.Դ. 1914–էն ի վեր, տեղ–տեղ եղած երկրաշարժներու յաճախականութիւնը իրապէս տարբե՞ր է։
1918–ին ո՞ր համաճառակը շատ աւելի մարդ խլեց քան Ա. Աշխարհամարտը։ Հակառակ բժշկական գիտութեան, ի՞նչ հիւանդութիւններ տակաւին համաճառակի համեմատութիւն ստացած են։
Ղուկաս 21։26–ի մէջ ըսուածին նման, մարդոց սրտերը նուաղելու ի՞նչ ապացոյցներ ունինք։
Ի՞նչ համոզումներ ունինք որ Բ. Տիմոթէոս 3։1–5–ի մէջ տրուած նկարագրութիւնը միշտ ապրող մարդոց վարքը եղած չէ եւ թէ անոնք երթալով աւելի ահռելի կերպով կը սաստկանան, մինչ կը յառաջանանք դէպի վերջին օրերու վախճանը։
ՄԱՐԴՈՑ ԶԱՏՈՒՄԸ
7. (ա) Ուրիշ ի՞նչ դէպք Յիսուս կապեց իրերու դրութեան վախճանին հետ, որ նկարագրուած է Մատթէոս 13։36–43–ի մէջ։ (բ) Այդ առակը ի՞նչ կը նշանակէ։
7 Տակաւին կան ուրիշ յատկանշական դէպքեր որոնք Յիսուս կապեց իրերու դրութեան վախճանին հետ։ Մատթէոս 13։36–43) Ասիկա իրապէս տեղի ունեցա՞ծ է։
Անոնցմէ մէկն է «թագաւորութեան որդիներ»ուն զատումը՝ «չարին որդիներ»էն։ Յիսուս այս մասին խօսեցաւ իր առակներէն մէկուն մէջ, ուր ցորենի դաշտի մը մէջ թշնամի մը որոմ կը ցանէ։ Իր առակին մէջ «բարի սերմը» կը ներկայացնէ ճշմարիտ օծեալ Քրիստոնեաները։ Իսկ «որոմը»՝ կեղծ Քրիստոնեաները։ Իրերու դրութեան վախճանին, «որոմը»՝ այսինքն, անոնք որոնք Քրիստոնեայ ըլլալ կը դաւանին եւ սակայն Բանսարկուին կառավարած աշխարհին կառչած մնալով «չարին որդիներ»ը ըլլալ կը փաստեն, կը զատուին «[Աստուծոյ] թագաւորութեան որդիներ»էն եւ կործանումի համար կ’որոշուին։ (8. (ա) Ա. Աշխարհամարտէն ետք, Քրիստոնէութիւն դաւանողներու ի՞նչ հսկայ զատում մը տեղի ունեցած է։ (բ) Ճշմարիտ, օծեալ Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ապացուցանած են որ իրենք արդարեւ «թագաւորութեան որդիներ»ն են։
8 Ա. Աշխարհամարտէն ետք, արդարեւ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողները երկու խումբի բաժնուեցան, (1) Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները եւ անոնց հետեւորդները որոնք զօրաւոր կերպով թիկունք կանգնեցան Ազգերու Դաշնակցութեան [հիմա՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն], միեւնոյն ատեն զօրաւոր կերպով կառչած մնալով իրենց ազգութեան։ (2) Ճշմարիտ օծեալ Քրիստոնեաներու յարաբերաբար աւելի քիչ թիւ մը, որոնք բոլոր սրտով թիկունք կանգնեցան Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան։ Աշխարհի կառավարութեանց բացայայտօրէն թիկունք կանգնելով, որպէս խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերողներ, առաջին խումբը յստակօրէն փաստեց որ իրենք ճշմարիտ Քրիստոնեաներ չէին։ (Յովհաննու 17։16) Ասոր հակառակը, Եհովայի ծառաները, Ազգերու Դաշնակցութեան ինքնութիւնը երեւան հանեցին որպէս Մատթէոս 24։15–ի մէջ նկարագրուած արդի «աւերմունքին պղծութիւնը»։ Ապացուցանելով որ իրենք ճշմարտապէս «[Աստուծոյ] թագաւորութեան որդիներ»ն են, անոնք ստանձնեցին «թագաւորութեան այս բարի լուր»ին քարոզչութիւնը «բովանդակ աշխարհի մէջ»։ (Մատթէոս 24։14) Ի՞նչ արդիւնքով։
9. Թագաւորութիւնը քարոզելու գործունէութեան առաջին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
9 Նախ հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներուն՝ «ընտրեալներ»ուն՝ մնացորդը հաւաքուեցաւ։ Թէեւ բոլոր ազգերուն՝ որպէս թէ «չորս հովեր»ուն մէջ ցրուած էին, սակայն անոնք հրեշտակներու հովանաւորութեամբ կազմակերպչական միութեան մէջ բերուեցան։—10. (ա) Յաւելեալ զատումի ի՞նչ գործ կատարուած է, եւ ո՞ր մարգարէութեան հետ ներդաշնակ։ (բ) Այս մարգարէութիւններուն կատարումը ի՞նչ կը նշանակէ։
10 Յետոյ, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, ան սկսաւ բոլոր ազգերը զատել, «ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ»։ Այս գործը որ Քրիստոս կ’առաջնորդէ իր երկնային գահէն, մինչեւ հիմա կը շարունակուի եւ դուք անհատապէս անկէ ազդուած էք։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կ’արհամարհէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու անոր հոգիէն օծուած «որդիներ»ը։ Հետեւաբար անոնք մահուան՝ ‘յաւիտենական բնաջնջում’ի պիտի ենթարկուին։ Իսկ միւսներուն, Տէրը հրաւէր կու տայ իր Թագաւորութեան երկրային ծիրը ժառանգելու, յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ Այսպիսի ոչխարանման անհատներ ընկերակցած են «թագաւորութեան» օծեալ «որդիներ»ուն, հակառակ անոր որ անոնք բուռն հալածանքի առարկայ եղած են։ (Մատթէոս 25։31–46) Անոնք հաւատարմօրէն կ’օգնեն անոնց, որպէսզի Թագաւորութեան կենսական պատգամը ծանուցանեն։ Միլիոնաւորներու հասնող մեծ բազմութիւն մը կը մասնակցի այս գործին։ Թագաւորութեան պատգամը կը լսուի մինչեւ երկրին հեռաւոր ծայրերը։ Այդ դէպքերը ի՞նչ կը նշանակեն։ Կը նշանակեն թէ մենք «վերջին օրեր»ուն ճիշդ վերջաւորութեան հասած ենք եւ թէ ‘Եհովայի օր’ը շատ մօտ է։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՄԵԶԻ
11. ‘Եհովայի օր’ը գալէ առաջ, յաւելեալ քարոզչութեան գործ մը պէ՞տք է ըլլայ։
11 Տակաւին կա՞ն մարգարէութիւններ որոնք պիտի կատարուին Եհովայի մեծ եւ ահեղ օրը սկսելէն առաջ։ Մատթէոս 24։14
Այո՛։ Թագաւորութեան հարցով մարդիկը զատելը տակաւին վերջացած չէ։ Կարգ մը շրջաններու մէջ ուր երկար տարիներ բուռն հակառակութիւն կար, հիմա նոր աշակերտներու առատ հունձք մը կայ։ Նոյնիսկ հոն ուր մարդիկ բարի լուրը կը մերժեն, Եհովայի արդարութիւնը եւ ողորմութիւնը կը ջատագովուի մեր վկայութեամբ։ Ուստի, շարունակենք գործը։ Յիսուս մեզ կը վստահեցնէ թէ երբ մեր գործը ամբողջացնենք, այն ատեն «վերջը պիտի գայ»։—12. (ա) Ինչպէս ցոյց տրուած է Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3–ի մէջ, տակաւին յատկանշական ի՞նչ դէպք տեղի պէտք է ունենայ։ (բ) Անիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ մեզի համար։
12 Ուրիշ շատ յատկանշական Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը կը նախագուշակէ. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը [կործանումը] յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3) Ժամանակը պիտի ըսէ մեզի թէ ‘խաղաղութեան ու ապահովութեան’ այդ ծանուցումը ի՞նչ ձեւ պիտի առնէ։ Բայց անիկա պիտի չնշանակէ որ աշխարհի առաջնորդները իրապէս կրցած են լուծել մարդկութեան խնդիրները։ Անոնք որոնք միշտ ի մտի ունին ‘Եհովայի օր’ը այդ ծանուցումէն պիտի չմոլորին։ Անոնք գիտեն թէ անկէ անմիջապէս ետք ‘յանկարծակի կործանում’ը պիտի գայ։
13. Ի՞նչ դէպքեր պիտի պատահին «խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն» կոչէն անմիջապէս ետք, եւ ի՞նչ յաջորդականութեամբ։
13 Նախ, ինչպէս Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, քաղաքական իշխանները, համայն աշխարհի մէջ, Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ դէմ պիտի ելլեն եւ զայն կործանեն։ (Յայտնութիւն 17։15, 16) Արդարեւ, նկատողութեան արժանի է որ մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն դէմ թշնամական կեցուածք մը արդէն հիմա իսկ զգալի է։ Միացեալ Ազգերու մէջ գտնուող հակակրօն քաղաքականութիւն վարող կառավարութիւններ արդէն զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնեն եւ աւանդականօրէն կրօնասէր երկիրներու մէջ մեծ թիւով մարդիկ իրենց նախահայրերուն կրօնքը կը լքեն։ Այս ամէնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ որ բոլոր սուտ կրօնքներու կործանումը մօտ է։ Անկէ ետք, երբ ազգերը սպառնան Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովողներուն, այն ատեն աստուածային բարկութիւնը պիտի թափուի քաղաքական կառավարութիւններու եւ անոնց թիկունք կանգնողներուն վրայ, բոլորն ալ կատարելապէս բնաջնջելով։ Վերջապէս, Սատանան եւ իր դեւերն ալ անդունդը պիտի ձգուին, մարդոց վրայ ազդեցութիւն բանեցնելէն ամբողջովին արգիլուելով։ Ասիկա արդարեւ ‘Եհովայի օր’ը պիտի ըլլայ, օր մը որու ընթացքին իր անունը շատ պիտի պանծացուի։—Եզեկիէլ 38։18, 22, 23. Յայտնութիւն 19։11–20։3
14. Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ տրամաբանել որ Եհովայի օրը տակաւին շատ հեռու է։
14 Անիկա իրապէս որոշուած ժամանակին պիտի գայ, ըստ Աստուծոյ յայտագրին։ Ան պիտի չուշանայ։ (Ամբակումայ 2։3) Յիշեցէք որ Հ.Դ. 70–ին, Երուսաղէմի կործանումը շուտով եկաւ, երբ Հրեաները չէին սպասեր զայն եւ երբ կը խորհէին որ վտանգը անցած էր։ Իսկ վաղեմի Բաբելո՞նը։ Ան զօրաւոր, ինքնավստահ, հսկայական պարիսպներով ամրացուած էր։ Բայց մէ՛կ գիշերուան մէջ ինկաւ։ Նոյնպէս, ‘յանկարծակի կործանում’ը պիտի գայ ներկայ ամբարիշտ դրութեան վրայ։ Երբ անիկա պատահի, թող մեզ գտնէ մաքուր պաշտամունքին մէջ միացած, միշտ մեր մտքին մէջ պահած ըլլալով ‘Եհովայի օր’ը։
ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ
● Ինչո՞ւ կենսական է միշտ ի մտի ունենալ ‘Եհովայի օր’ը։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։
● Անհատապէս ինչպէ՞ս կ’ազդուինք այսօր տեղի ունեցող մարդոց զատումէն։
● Եհովայի օրը սկսելէ առաջ, տակաւին ի՞նչ բաներ տեղի պիտի ունենան։ Ուստի, անհատապէս ի՞նչ պէտք է ընենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]